ՊԱՄ, ԵՐԵՒԱՆ, ՊԱՄ (3)

Եւ այսպէս, 26 դեկտեմբեր 2003-ին, լուսաբացէն քիչ առաջ, երկրաշարժը գլուխը վեր էր ցցեր Զանայենց քաղաք Պամի տակէն։ Աւերի մատներ էր զայն ու շրջակայ ամբողջ Գերման նահանգը հարաւային Իրանի։

Կարմիր շալովն արցունքները սրբելով, երկնքին պիտի նայէր յաջորդ օրը տիկին մը պամեցի, արեւմտեան հեռատեսիլային կայանի տեսախցիկին առջեւ հարց պիտի տար Ալլահին՝

Չերա՞ Խոտա, չերա՜...

Ինչո՞ւ, Աստուած, ինչո՞ւ։

Վեց ամբողջ վեց ուժգնութեամբ երկրաշարժը, մի քանի օր ետք հաշուէին պիտի, աւելի քան քսանվեց հազար մարդու կեանք էր տարեր Պամէն։ Լոյսէն առաջ այդքան աւելի շունչ ունէր հին միջնաբերդը իր շուրջ։ Լոյսէն յետոյ կարծես իրմէ ալ տարած ըլլային այդքան, եթէ ոչ աւելի։ Իր ու շրջակայ բնակավայրերու ցեխախառն կառուցուածքը ուռճացուցած էր տարողութիւնը աւերին։

Գրեթէ ամբողջովին փուլ եկած էր Արկ է Պամը, հնագոյն հողակերտ միջնաբերդը աշխարհի։ Քրիստոսէ առաջ չորս-հինգ դար հնութիւն ունեցող կառոյցը, Աքամենեան իշխանութեան օրերէն սերող ու բազմաթիւ ասպատակումներ վերապրած, կքած էր այդ գիշեր ինքն իր վրայ, սուզուած ինքն իր մէջ, տեղի տալով երկրային ուժին, անոր կայծակնային հարուածին։ Ու գրեթէ չկար այլեւս, ոչ եւս էր արդէն Մետաքսի Ճանապարհը հսկող այդ կառոյցը վաղեմի։

Պարսիկ դիւցազներգակ, տասներորդ դարու բանաստեղծ Ֆերտաուսին իր Շահնամէին մէջ կը պատմէր, որ բամպակ մանող աղջիկն իր խնձորին մէջ շերամ մըն էր գտեր։ Շերամը խնձորը կերեր, կերեր, աճեր ու մեծցեր էր. սկսեր էր ազնուական մետաքս արտադրել։ Աղջկան հայրը՝ Հաֆթվատ, շերամին մետաքսով հարստացեր էր։ Երախտապարտ՝ որոշեր էր քաղաքը ամրակալել, պարսպել ու հզօրացնել, կախարդական շերամը պաշտպանել։ Գոյացեր էր միջնաբերդը այդպիսով։ Տասներեքերորդ դարու պատմաբան Համտոլլահ Մոսթոուֆին դրեր էր վերջին աղիւսը առասպելին։ Երբ թշնամեաց զօրքեր յարձակեր էին միջնաբերդին վրայ, պատմեր էր ան, մետաղեայ նիզակ մը խրուեր էր պատէն ներս, զարկեր շերամը։ Հաֆթվատի շերամը պայթեր էր՝ «Պամ»... միջնաբերդը՝ Արկ է Պամ։

Շերամն երեւի վերջին խօսքը չէր ըսեր։ Նեղացած մարդոցմէ, չարացած անոնց դէմ, իջեր էր վար,  նախ ստորոտը բլուրին, յետոյ հասեր աւելի խորունկ տեղ մը պահուըտեր, ցաւը մէջը պահեր էր, պահեր, մինչեւ որ, այդ գիշեր, աչքերը փակեր էր Զանան։ Զուգադիպեր էր այնպէս, որ ա՛լ չէր դիմացեր շերամը. պայթեր էր նորէն։

Ու փլեր էր Արկ է Պամը վերջնականապէս, խորտակուեր էր Պամն ամբողջովին։ Ալ նոյնը չէր քաղաքը, ուրիշ էր ան բոլորովին։

Ուրիշ Պամի մը մէջ աչքերը պիտի բանար Զանան շուտով։

ԵՐԱՄ

•շարունակելի

Չորեքշաբթի, Ապրիլ 8, 2020