ՆԱԽԱԲԱ՞Ն, ԹԷ՞ ԳԻՐՔՍ ՏՊԵԼՈՒ ՊԱՏՃԱՌԱԲԱՆՈՒԹԵԱՆ ՓՈՐՁ ՄԸ

«Զի քու խոր­քիդ մէջ անձ­կաւ
Յու­սա­հատ մը նա­յե­ցաւ»։
­Պետ­րոս Դու­րեան, «Լճակ»

Ժամանակակից սփիւռքահայ գրող Վահրամ Մավեան լուրջ խորհրդածութիւններու տեղի տուող ակնարկ-պատմուածք մը ունի, զոր տարիներով որպէս հայերէնի դաս անցած եմ Կիպրոսի Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան (ՀԲԸՄ) Մելգոնեան կրթական հաստատութեան եւ Գալիֆորնիոյ Մանուկեան-Տեմիրճեան վարժարանի միջին եւ բարձրագոյն դասարաններու մէջ։

«What՚s Hayeren, Daddy» կը կոչուի այդ պատմուածքը, որուն գլխաւոր կերպարը Գալիֆորնիոյ նահանգի հռչակուած Պըրքլի համալսարանի դասախօս մըն է, արտագաղթած է Պաղեստինէն։ Ամուսնացած է հայուհիի մը հետ, բայց, այս «բայց»ը շատ հետաքրքրական է, որուն մասին որպէս մեկնաբանութիւն յաւելեալ տեղեկութիւն կու տայ պատմուածքին գլխաւոր կերպարը՝ Գուրգէն ամուսնացած օրերուն, եւ կը գրէ իր ետեւ մնացած ու իր առած որոշումով ուրախացած ընկերոջ, թէ ազգային զգացումներէ մղուելով չէ որ ամուսնացած էր հայու մը հետ, այլ պարզապէս որովհետեւ պատահած էր որ սիրած աղջիկը հայ եղած ըլլայ։ Գուրգէն դեռ քիչ մը աւելի առաջ երթալով կ՚ամբողջացնէր իր «արդիական մօտեցումը» ու կը գրէր, թէ՝ ինք ազգայնամոլութեան դէմ էր, թէ պէտք էր այլեւս դուրս գայինք ընկերային մեր նեղ ըմբռնումներէն, պատեաններէն եւ այլն, եւ այլն։ Այս պատասխանին վրայ, ինչպէս մեզմէ շատեր, ես առաւել եւս կապերս պիտի խզէի այսպիսի ընկերոջ մը հետ, մինչեւ որ կեանքը իր դաստիարակիչ դերը կատարէր Գուրգէնին մէջ։ Եւ այդպէս ալ տնօրինեց նախախնամութիւնը։

Տարիներ սահեցան, «պըրքլիական» ազատամտութիւնը իր տեղը զիջեց ծնողական, հա՛յ ծնողքի պատասխանատուութեան, երբ Գուրգէն նկատեց, թէ ինչպէս իր միակ դուստրը եւ իր նմանները սկսան ձեռքի տակէն սահիլ, եւ որոշեց «բան մը ընել»։

Գուրգէն երբ իմացաւ, որ նոյն Մայրավանքին պատերուն մէջ հասակ առած իր վաղեմի մտերիմ ընկերը իր կողմերը կը գտնուէր, անպայման փափաքեցաւ հանդիպիլ հետը, խորհրդակցիլ հայ կեանքի մէջ մեծ փորձառութիւն ունեցող ու համայնքներու կողմէ սիրուած ընկերոջ հետ, որպէսզի վերաբացուի համալսարանի հայերէն դասընթացքի դասարանը, որուն համար հիմա ինք պատրաստ էր մասնակցելու բարոյապէս եւ նիւթապէս օգտուելով համալսարանի ու մասնագիտական աշխարհի մէջ վաստակած իր դիրքէն։ Այժմ Գուրգէն կը մտածէր, թէ համալսարանին մէջ իր ատենապետութեամբ հաստատուած հայերէնի դասընթացքը «գոնէ առանցք մը կ՚ըլլայ մեր զաւակները շուրջը հաւաքելու։ Այլապէս կորսուած են թէ՛ մեզի եւ թէ՛ ազգին համար»։

***

Այս եւ նման փորձառութիւններ,- անձնական թէ ուրիշներու,- բռնած էին ձեռքերս ու ոտքերս եւ կաշկանդած էին միտքս՝ իր աւարտին հասցնելու «Փիւնիկեան ափերէն»ի ակնարկներու եւ պատմուածքներու շարքս։

Ո՜վ պիտի կարդար, որո՞ւն հոգն էր։ Նոր սերունդը նկատի ունէի՝ 18-35-40 տարեկան երիտասարդութիւնը, որ այն չէր այլեւս, ինչ էր տասնամեակներ առաջ, երբ այդ տարիներուն նշուած տարիքի սերունդներ գիրք ու թերթ կարդալով (հայերէն եւ այլ լեզուներով) իրենց միտքն ու հոգին կը զարգացնէին՝ առանց ի հարկէ մոռնալու, թէ իրենք յաջորդ օրը գործի պիտի վազէին, դըպ-րոցի ու համալսարանի համար վարժութիւններ ու ընթերցումներ կատարէին եւ այլն։

Ու դեռ աւելին։ Այդ տարիներուն հայ աշակերտը, ուսանողն ու հասուն երիտասարդը ազգային խնդիրներով ալ պէտք է զբաղէին, ընտանիք կազմելու համար քուն պիտի փախցնէին, ծերացող ծնողքին բժշկական խնամքին նիւթական հոգսը պէտք է ապահովէին…։

Ի՞նչ եղաւ յանկարծ, երբ մեր երիտասարդները՝ մեր զաւակները գլխիվայր փոխուեցան։ Փոխուեցա՞ն, թէ նախասիրութիւնները փոխուեցան։ Ի՞նչ եղաւ որ անոնք արմատներէն սկսան շեղիլ, դարձան օտարախօս, աշխարհաքաղաքացի, նոր ինքնաշարժ, տունի վարկ, ապահովագրութեան տեսակներ, գրասենեակի հաստատում, շաբաթավերջի ժամանց եւ հաճոյքներ - եթէ կարելի է հաճոյք կոչել սա կամ նա հռչակուած թաղամասի սա ինչ կամ նա ինչ ճաշարանի կերակրատեսակները վայելելը՝ օր մըն ալ յայտարարելու համար, թէ յոգնեցան նոյն բաներէն։ Ի՞նչ եղաւ, որ արդէն 25 տարիէ ի վեր մեր երիտասարդները, մենք ալ իրենց հետ միասին, կը քալենք, կ՚ուտենք, «միասին զբօսնելո՞ւ կ՚երթանք» (ինչ ըսի՞, զբօսնելո՞ւ), իրենց զաւակներուն՝ մեր թոռնիկներուն կը հետեւինք, մինչ իրենք առանց աչքերը թարթելու եւ մատներու ճապուկ շարժումներով իրենց բջջային սարքերը կը մաղեն, մինչ քովը, իրենց սիրասուն զաւակը բաներ մը կ՚ուզէ եւ երկու-երեք անգամ «մա՛մ» կը կանչէ…

-Աննա Կարենինան քու հարցումիդ պատասխանը ատենին տուած է տը-ղաս/աղջիկս,- կ՚ըսեմ ու կը նկատեմ, թէ տակաւին ինկած կը մնայ իր iPhone-ին կամ Smartphone-ին մէջ առանց աչքերը թարթելու եւ կը փորձէ բաներ մը քաշել այդ ջրհորէն։

-Ո՛վ ըսիր, ո՞ր Աննան։ Պա՛պ, ո՞վ է ան… Եւ հետեւաբար աւելորդ կը գըտ-նես շարունակելը, որովհետեւ ստիպ-ւած պիտի ըլլաս Լեւ Տոլստոյի մասին երկու բան ըսել, Աննայի ողբերգութիւնը ներկայացնել երկու բառով…։ Արժէ՞։

Հետեւաբար, սիրելի ընթերցող, հիմա գիտցիր պատճառը, թէ ինչո՞ւ համար տասնհինգ տարի առաջ տպուելիք հատորիկիս մասին ի նորոյ կը մտածեմ լոյսին տալ (կամ մի գուցէ չտալ տակաւին)։

«Որո՞ւն համար», կ՚ըսէ ձայն մը ներսիդիէս։ Քեզի՞, որ եկեր հասեր ես տեղ մը, ուր արդէն վաթսունհինգը չես տեսնելու այլեւս, ուր «ա՜խն ու վախը», բժիշկն ու դեղը, ոսկրացաւն ու արեան ճնշումը, շաքարախտն ու քոլեսթրոլը, աչքերու եւ ակռաներու բուժումը, փրոստատն ու սա սատկելիք անքնութիւնն ու միզաթուլութիւնը գիշերները այնպիսի յարձակում մը կը գործեն, որ երբեմն ակամայ բերնէդ կը թռչի. «Ասիկա կեանք չէ՛… Աստուա՜ծ իմ, քովդ տար վերջանամ երթամ…»։

Որո՞ւն համար գրես, մանաւանդ որ յաջորդ օրը պիտի արթննաս եւ ամենայն մանրամասնութեամբ պիտի յիշես տասներկու տարեկանիդ դրացի Ֆուատին նորաշխարհի ծառէն գողցած քաղցրահամ պտուղները՝ աչքիդ տակով փնտռելով իր երկարածամ դուստրին՝ Ֆէյրուզին լուսնի պէս կլոր դէմքը։ Հապա՜, այս բաները լաւ կը յիշե՜ս, բայց երէկուան կարդացած պատմուածքիդ այսինչ կերպարին անունը միտքդ չի մնար։

Բազմաթիւ գիրքերու հեղինակ եւ անթացուպով նոր գիրքերու ներկայացման մի կերպ եկած գրող բարեկամս առիթով մը պիտի պատասխանէ ինծի.

-Պատմութեա՛ն համար գրէ, պիտի գրես այն աշխարհի մասին, ուր ապրեցանք, գրեցինք, պայքարեցանք, բազմաթիւ ժողովներու մասնակցեցանք եւ ժողովներ ղեկավարեցինք յանուն սփիւռքի գոյատեւման։

-Պիտի գրեմ, եթէ մէկ հայերէն ընթերցող ալ ունենամ,- ըսաւ միւս բարեկամս եւ իրմէ քիչ մը աւելի լաւ քալող կնոջ թեւը մտնելով գնաց ու առաջին շարքը նստաւ՝ աջ ու ձախ նայելով, թէ մարդիկ նկատեցի՞ն զինք։

-Ոչ մէկ ընթերցող ալ մնայ, ես ինծի համար պիտի գրեմ,- ըսաւ վճռակամօրէն ձախ թեւը գաճի մէջ պատած ու վիզէն կախած մէկ այլ բարեկամս։

Որո՞ւն համար գրեմ, որո՞ւն պէտք են գրածներս, Գուրգէնին Պըրքլի յաճախող ժամանակակից աղջկա՞ն, որ հայերէնին ինչ ըլլալը չի գիտեր։

Վերջապէս, գիշեր մըն ալ օգնութեան հասաւ հին յուշ մը։ Ահաւասիկ մեր համեստ տունին տափակ տանիքին վրայ նստած է պապս, իր հայրենի գիւղին մանկութեան ընկերներով։ Մէկը համրիչը կը չխչխկացնէ, միւսը երկինքի աստղերը կը համրէ։ Ասատուր աղան քիթին տակէն երգ մը կը մրմռացնէ, «գալայճի» Մինասը ծխախոտ կը փաթթէ բարակ թուղթի մը մէջ։

-Յիշեցի, յիշեցի,- աշնանային լռութիւնն ու անդորրութիւնը ընդմիջելով կը դիմէ զրուցակիցներուն «պէրպէր» Գիրգոր։

-Այդ գիշեր մուս-մութ էր, միայն Աստուած Պապան երկինքէն մեր վրան կը հսկէր հազարումէկ աչուկներով։ Մեծերը առջեւի «մեթիրեսներ»էն (պարիսպ, խրամատ) կը հետեւէին շուներուն հաչոցներուն եւ հրացանները պատրաստ կը սպասէին թշնամիին յարձակումին։

Մեր պապերը հոն չէին այլեւս։ Անոնք չէին ընկողմանած խշտեակներու վրայ Փիւնիկեան խոնաւ աստղազարդ երկինքին տակ։ Անոնք չէին լսեր դրացիներուն կողմէն եկող խօսակցութեան ձայները, այլ երբեմն-երբեմն «Օ՜ֆ» մը քաշելով կը շարունակէին կէս դար առաջ իրենց տեսածները մանրամասնօրէն պատմել իրարու արդէն քանիերորդ անգամ ըլլալով…

Երազիս մէջ, եւ երբեմն ալ իրական կեանքին մէջ, մեծերը հոն չէին, այլ գացեր էին «մէմլէքէթ» («երկիր») եւ կը պատրաստուէին դիմագրաւել յարձակումները…

***

Ահաւասի՛կ այն մարդիկը, որոնց համար պէտք է գրեմ ու գիրքին յանձնեմ սիրտս ու հոգիս ալեկոծող դէպքերը։ Իսկ ո՞վ պիտի անմահացնէ իմ փորձառութիւններս եւ ընկերներս, իմ դպրոցներս, ուսուցիչներս, աշակերտներս եւ մաքառումներով լի կեանքս։

Գրել-տպելու որոշումիս մէջ անմեղ փառասիրութիւն մըն ալ կը զգացնէր իր ներկայութիւնը՝ մեր Մեծ Ուսուցիչին՝ Մեսրոպ Մաշտոցին կողմէ նուազ խստամբեր նայուածքի մը ենթարկուելու հեռանկարը ոչ հեռու ապագային…։

ՏՔԹ. ՄԻՆԱՍ ԳՈՃԱՅԵԱՆ

Լոս Անճելըս, 2018

«Նոր օր», Լոս Անճելըս

Երեքշաբթի, Մայիս 8, 2018