ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՄԷՋ. «ՔՈՎԻՏ»Ը ԵՒ ՊԱՏՈՒԱՍՏԻ «ՎԱԽ»Ը ՀԱՄԱՏԱՐԱԾ

Հայաստանի հասարակութեան լայն շերտերուն համար «Քովիտ-19»ի դէմ պատուաստուելու հարցը կը շարունակէ մնալ կարեւոր օրակարգի նիւթ։

Ճիշդ է, որ երկրին մէջ համավարակի տարածումը կը շարունակուի, սակայն այն առաջուան նման վախի մթնոլորտ տարածելու «ունակութիւնը» չունի։

Գուցէ սարսափելի պատերազմի հետեւանքներն էին ու այդ հետեւանքներէն առաջ ծանրագոյն վիշտը, որոնք ստիպեցին հասարակութեան կարեւոր խաւերուն պահու մը համար մոռնալ կամ աւելի ճիշդը՝ անտեսել քորոնաժահրի ահը։ Բայց եւ այնպէս, չարաղէտ հիւանդութիւնը շարունակեց Հայաստանի համար «մեծ» համարուող նոր կորուստներու պատճառը դառնալ։

Այս բոլորէն ետք աւելի քան յայտնի ու պարզ դարձաւ, որ Հայաստանի հասարկութիւնը շատ հեռու է «Քովիտ»ին դէմ պատուաստի կարեւորութիւնը հասկցած ըլլալու հիմունքէն։ Այդ մօտեցումը շատ հաւանաբար կ՚ամրացուէր ու շրջան կ՚ընէր յառաջ քշելով հազարումէկ տեսակ անտեղի վարկածներ, շատ յաճախ ալ սնոտիապաշտական մօտեցումներով ագուցուած անհիմն պատճառաբանութիւններ։

Մինչ այդ, այսօր զարմանալին այն է, որ ըստ առողջապահութեան նախարարութեան կողմէ հրապարակուած տուեալներուն, Հայաստանի մէջ կայ պատուաստանիւթերու առատութիւն միայն այն պատճառով, որ մարդիկ չեն նախաձեռներ, նոյնիսկ չեն ընդառաջեր իրենց բնակած վայրերու բուժկէտերու յորդորներուն այն մասին, թէ ամէն  կերպով ճիշդ է ու տեղին՝ պատուաստուիլ եւ ի վերջոյ «կոտրել» քորոնաժահրի մահաբեր շղթան։

Ամէն պարագայի, իմ այս օրուան յօդուածով ընթերցողներուս հետ պիտի բաժնեմ բաւականին այժմէական վկայութիւն մը, թէ ինչպէ՞ս անցուցի «Քովիտ»ի դէմ ստացած պատուաստումիս յաջորդող ժամերը։

Իսկ այս պահուն, երբ պատուաստումէն անցած է շաբաթ մը եւ երկու օր եւ ամէն ինչ բնականոն հունի մէջ է (բացի լրագրական գերբեռնուած առաօրեայի յոգնատանջութենէն), պարտիմ անկեղծ ըլլալ ու բոլորին ալ խորհուրդ տալ, որ յարմար առիթը գտնեն ու անպայման պատուաստուին։

ՊԱՏՈՒԱՍՏԷՆ ԵՏՔ 48-ԺԱՄԵԱՅ «ՕՐԱԳՐՈՒԹԻՒՆ»

Առաւօտեան սուրճին հետ արագ վերյուշ մը. շրջանիս բուժարանը, ուր երեւելի էր աշխուժութիւնը։

Շատ խոցելի էր պատկերը, գետինները ահաւոր, իսկ իմ սիրելի բժիշկս, որ տարի մը առաջ քորոնաժահրի օրերուն օգտակար խորհուրդներ տուած էր, մէկ ժամ թուղթերու վրայ տեղեկութիւններ արձանագրեց ու լուռ գլուխը կախ աշխատեցաւ ինծի համար։

Ըսի քիչ մը կատակեմ.

-Բժի՛շկ ջան, համակարգիչ չունէ՞ք էստեղ, արագ գրէիք-աւարտէինք, նստել էք Խորենացու նման, ոնց որ Հայոց պատմութիւնն էք գրում։

Բժիշկը քիչ մը նեղսրտեցաւ, բայց ամէն պարագայի շատ լաւ գիտէի, որ պիտի չնեղանայ... յետոյ ձեռքս երկարեց տետրակի նմանող բան մը եւ զիս առաջնորդեց դէպի պատուաստման սենեակ։

Պատուաստումի սենեակը բացառիկ լուսաւոր էր, մաքուր եւ կարգին։ Կարծէք մասնաւոր հիմնարկի մը յատուկ բուժասենեակն ըլլար։ Արագ-արագ նկարեցի ընդհանուր պատկերը, երեք հիւանդապահներ ներկայ էին, խօսեցայ, ծանօթացանք, եւ տեղս նստայ։ Այդ պահուն էր, որ մտածեցի երկու տեսակի Հայաստաններու գոյութեան մասին։ Առաջինը՝ մասնաւոր կամ սեփական Հայաստանն էր, մաքուր, սպիտակ, տեղը-տեղին եւ արդիական, իսկ երկրորդը՝ հանրային Հայաստանն էր, կեղտի մէջ կորսուած, թափթփած, հին եւ քիչ մըն ալ սովետական։

Ի դէպ, սովետականէն դէպի մասնաւոր Հայաստանի ժամանակաշրջանը կայ ահագին տարածութիւն մըն ալ, որ առաւելաբար կը լեցուի հին կահ-կարասիներով, պատին փակցուած չինական (հաւանաբար նուէր տրուած) օրացոյցներով ու ամենավատը՝ գետնի մետլախ-գաֆէլով, որ ամրան տապին շատ հաւանաբար թաքստոց կը դառնայ սեւ խաւարասէրներու։

Արդիական Հայաստանը բոլորը կը սիրեն, սակայն բոլորը ճիգ չեն ըներ, որ անցեալի փոշիներուն մէջ ապրող Հայաստանի բոլոր ապակիները մաքրուին ու տեսարանը մնայ միայն նորին ու փայլունին։

Հինի ու նորի մասին խօսակցութիւնը կը շարունակուի, մինչ բուժքոյրը կ՚ահազանգէ, որ տեսէք, հալեցաւ ձեր պատուաստը, հետեւաբար եկած էր պատուաստը ստանալու իմ հերթը։ Ան նաեւ կը բացատրէ պատուաստին ճիշդ անուանումը, զայն ստանալու միջոցները, տեղաւորումը ու ապա ասեղին կցուիլն ու ներարկումի երջանիկ պահը։

Անկախ բոլոր տեսակի շատախօսութիւններէ՝ շատ յաճախ անմտութեան հասնող գրառումներէ, պատուաստը մեր օրը լաւացնելու միտուած «գործիք» է։ Անշուշտ, պատուաստուիլը մինչեւ հիմա անհատական որոշում է, իսկ յետագային չեմ բացառեր, որ աշխարհի ազդեցիկ երկիրներ պատուաստը դարձնեն պարտադիր եւ առ այդ մշակեն յատուկ օրէնքներ։ Այս առումով ինծի համար երբեք պատահական չէ, որ մարդիկ չուզեն հաւատալ պատուաստի կարեւորութեան, ձեւով մը վախ ապրին, «Քովիտ»էն վարակուած օրերերու «տանջանքներ»ը յիշեն… Այս բոլորը աւելի կը շեշտադրուին, երբ խօսքը հայ ժողովուրդին մասին է, որ ամիսներէ ի վեր «Ֆէյսպուք»ի իր աշխարհին մէջ նիւթեր կը հնարէ՝ պատմելով վարակին «շինծու» ըլլալուն ու հետեւաբար պատուաստին «մութ ձեռքեր»ով եւ «մութ նպատակներ»ով պատրաստուած ըլլալուն եւ անոր միջոցաւ «աշխարհը կառավարելու» մասին։

Պատուաստը արեանս մէջ է, փոքր ցաւ մը, եւ արդէն բուժքոյրը առողջութիւն կը մաղթէ եւ կը խնդրէ, որ առնուազն կէս ժամ նստիմ, մինչեւ որ վստահ ըլլան, որ «լաւ եմ զգում» ու ձեռքս յաջորդ պատուաստի թուականին «տոմսակը» տալով դարձեալ առողջութիւն մաղթեն։

Դուրս կու գամ բուժկէտէն, շատ աշխոյժ կը հասնիմ տուն, պատառ մը կ՚ուտեմ ու կ՚երթամ աշխատանքիս։ Թեթեւ ջերմութիւն մը ունիմ, բայց խանգարող չէ։ Թեթեւ ջերմութիւնը ոչ մէկ կերպ կ՚ազդէ քաղաքական դիրքորոշումներուս վրայ, անուններու շփոթ չունիմ, չեմ փոխած նախասիրութիւններս, գիտեմ գրասեղանիս վրայ եղած գիրքերուն դասաւորութիւնը ու ամենակարեւորը՝ շատ լաւ գիտեմ, որ ոչ ոք կրնայ ազդել իմ սեփական կարծիքներուս վրայ։

Կը հասնիմ «Շանթ»ի տաղաւար, հիւրիս հետ կը խօսիմ, մեր զրոյցը աւելի հանրային դարձնելով՝ միասնաբար կը խօսինք Իրանի զարգացումներուն՝ մանաւանդ Իրանի Արտաքին գործոց նախարար Ճեւատ Զարիֆի կատարած կարգ մը յայտարարութիւններուն մասին, որոնց արտահոսքը ձեւով մը վերջ պիտի տար ինծի համար այդքան ախորժալի եւ իմաստուն գործիչի քաղաքական կեանքին։

Ցտեսութիւն կը մաղթեմ Գարիկ Միսաքեանին, կը բարձրանամ գրասենեակ, կիսատ գործերս կ՚ընեմ ու ամենակարեւորը՝ բժիշիկիս կը զանգեմ հարցնելու համար, թէ «բժիշկ ջան, կարող ե՞մ էսօր գարեջուր խմել»։

Բժիշկն է պատասխանողը. «Պարոն Արեան, ուզում էք կոնեաք էլ կարաք խմէք, բայց ոչ այսօր...»։

Բժիշկս նաեւ համբերութեամբ կը բացատրէ, որ այսօր լոգնալը բացառուած է, սակայն ես «վրայ տալով» կ՚ըսեմ, որ «անկարելի է, չեմ կարող հանգիստ քնել, եթէ գիշերը չլողանամ...»։

Ու ըսածիս պէս ալ կ՚ընեմ, լաւ լոգանք մը կը ստանամ ու քունի կ՚անցնիմ։

Սուտ չխօսիմ, շաբաթ առաւօտուն կ՚արթննամ բաւական ուշ, գլուխս ծանր, սակայն քորոնաժահրով վարակուած օրերէս անհամեմատ լաւ։ Սուրճս կը խմեմ, ի դէպ «Քովիտ»ի առաջին երեք օրերուն ոչ մէկ անգամ սուրճ խմելու փափաք ունեցած եմ, իսկ ինծի համար սուրճ խմել-չխմելու իրավիճակը կերպով մը ազդանշան է լաւ զգալու հետ։

Եթէ լաւ եմ, պարտադիր առաւօտեան սուրճս պիտի վայելեմ, յաճախ Ֆայրուզիս ձայնին հետ, երբեմն ալ կարգ մը ընկերներու աւելի վաղ գրուած հաղորդագրութիւններուս պատասխանը լսելու կամ կարդալու հետ։

Դժկամութեամբ հագուստներս կը հագնիմ, իսկ տնեցիք կը խնդրեն, որ գէթ այսօր տունը մնամ։

Կ՚ընդդիմանամ՝ ըսելով, որ տունը մնալս աւելի պիտի վատթարացնէ վիճակս։

Գրասենեակ կը հասնիմ, գործերս մեծ դժուարութեամբ կը կատարեմ, ու օրը բաւական կ՚երկարի։

Ժամը հինգի կողմերը «Իմպիր»ի թէյս կը պատրաստեմ, «Սաութ Լուպնան»ի լուրերը կ՚առնեմ ու քիչ մըն ալ «Շանթ»ի խմբագրիս հետ զրուցելէ ետք դուրս կու գամ ամէնօրեայ քալելուս։

Գլուխս ծանր է, սակայն նեղացուցիչ չէ վիճակը, կը շարունակեմ պտոյտը սովորականէն քիչ մը նուազ, քամի կայ, լաւ հագուած եմ, բայց ինչ-որ բան այն չէ։

Վերադարձիս կը մտածեմ, որ այս գլխու ծանրութիւնը վերացնելու մէկ ճար ունիմ, եւ այդ՝ «Ատվիլ» մը առնելն է, քանի դեռ երեք հատիկ ունիմ սրուակին մէջ...։ Կը հեռաձայնեմ պէյրութցի բժիշկ ընկերոջս, կը համաձայնինք, որ կրնամ «Ատվիլ»ը հանգիստ առնել ու հանգիստ մըն ալ քնանալ։

Օրուան տարբեր ժամերուն մէջս երգելու մեծ փափաք ալ կը յառաջանայ, քանի մը ընկերներու հետ կը խօսիմ, «հալ-քէֆ» կը հարցնեմ, մի քանի լուր կը շարադրեմ, գրասենեակս կարգի կը բերեմ ու տուն երթալու կը պատրաստուիմ։

Մինչ վարորդը,- որ Վարդենիսէն է ու տակաւին չի գիտեր «Շանթ» հեռուստակայանի հասցէն, այդ պատճառով ալ զիս մինչեւ երեք հարիւր մեթր մը քալել կու տայ,- կը հարցնէ, թէ «ի՛նչ էր զգացումդ», կամ «ոնց ես զգում քեզ պատուաստումից յետոյ»: Կը մտածեմ պատկերաւոր բացատրել, թէ ինչպիսին էին զգացումներս պատուաստին յաջորդող քանի մը ժամերուն։

Առաջին օրը,- կ՚ըսեմ,- նման էր «Քովիտ»ի վարակման առաջին ժամերուն, երբ կը զգաս, որ անբնական վիճակ մը ունիս, սակայն դեռ չես գիտեր, թէ վարակուած ես, իսկ պատուաստի պարագային շատ լաւ գիտես, որ պատուաստը մէջդ է, սակայն չես գիտեր, թէ ինչպէս կրնայ ան վրադ ազդել։

Իսկ երկրորդ օրը, որ իմ պարագայիս յատկանշուեցաւ գլխու ծանրութեամբ, նման է ինքնաշարժով երկար ու յոգնեցուցիչ ճանապարհորդութեան մը, որու աւարտին շատ լաւ գիտես, թէ առիթ պիտի ունենաս լաւ թէյ մը առնելու, ու տաք լոգանքէն յետոյ ալ երկար ու առողջ քուն մը քաշելու։

Այդպէս էր պատուաստի առօրեան ու ամենալաւը այն էր, որ պատուաստէն ետք իմ զգացումները այնպէս մը հասունցան մէջս, որ «Քովիտ»ին հետ ապրած փորձառութիւնս դարձաւ միայն յիշատակ։ Յիշատակ՝ որուն մէջ կան ժպիտը մեզմէ առյաւէտ բաժնուած եւ յաճախ շատ սիրեի ընկերներուն, որոնք նոյն «Քովիտ»ին զոհը եղան ու առանց անոր ալ Արցախի մեծ պատերազմին առթած ցաւին հետ մեր կեանքը աւելի դառն դարձուցին։

Պատուաստը, եթէ կ՚ուզէք, խորքային բան մըն ալ ունի. ան յուշակոթող է կեանքին անունով, որ մեր մէջ կը ծլի ու կ՚ապրեցնէ աւելի կանաչ գարուններ ապրելու եւ ապրեցնելու յոյսը։

Իմ պարզ խորհուրդս է, որ բոլոր այն ընկերները, բոլոր մարդիկ, որոնք մեծ զգայնոտութիւններ չունին, որոնք ծանր ու թեթեւ ապրած են «Քովիտ»ի դժուար կամ հեշտ օրերը, բոլորն ալ պատուաստուին։

Կեանքին համար, որ դժուար է, բայց քաղցր՝ թո՛ղ պատուաստուին։

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Երեւան

Շաբաթ, Մայիս 8, 2021