ԱՆԱՐՈՒԵՍՏ ԱՐՈՒԵՍՏԱԳԷՏՆԵՐ
Տուն վերադարձայ երկար օրուայ մը աշխատանքէ ետք: Յոգնած էի: Զովացուցիչ մը առնելով պատշգամը սովորական բազկաթոռիս վրայ նստայ, ձայնասփիւռը միացուցի եւ երկինքի աստղերը դիտելով փորձեցի հանգստանալ: Բայց իմ հանգիստս խանգարեց լիբանանահայ «ականաւոր» երգիչի մը ձայնն ու երգը: Անոր ձայնի որակին համար կրնամ ըսել, որ երաժշտական սանդղակի առաջին մի քանի ձայնանիշերը բաւական էին զայն խեղդելու: Սակայն ոչ միայն այս, երգը իր ամբողջական կառոյցով սխալ էր: Յունական երաժշտութիւն մը, որ մեր արուեստագէտին յօրինած հայերէն բառեր հագած, կը փորձէր հայ ականջն ու ճաշակը քերել: Մեր ար-ւեստագէտը անշուշտ իսկութեան մէջ արհեստաւոր մըն է, որ իր ազատ ժամերուն «հայ արուեստը զարգացնելով» կը զբաղի: Արեւելահայերէնը արեւմտահայերէնի հետ խառնած՝ հայոց լեզուի անհամ ապուր մը պատրաստելով հանրութեան կը հրամցնէ: Տող մը արեւելահայերէն եւ ուրիշ մը արեւմտահայերէն, եւ բոլորը «սէր», «սիրեցի», «անուշիկ» եւ այլ թեթեւ բառերով շարահիւսուած: Լիբանանցի արուեստի քննադատուհի Նիտալ Ալ Ահմատիա, լիբանանցի երգիչ-երգչուհիներու համար ըսած է՝ «կը խնդրեմ իրենցմէ, որ չխօսին, միայն, թող միայն երգեն: Որովհետեւ երբոր խօսին, իրենց տգիտութիւնը կը բացայայտեն»: Ճիշդ նկատառում: Ես ալ վերոյիշեալ մեր երգիչներուն կ՚ըսեմ՝ «խնդրեմ մի՛ երգէք. ձեր երգը ձեր տգիտութիւնը կը յայտնէ»: Արաբերէն արածը կ՚ըսէ. «Եթէ երգիչ կ՚ուզես ըլլալ, բեմերու վրայէն երգէ»: Ես նման երգիչներու կ՚ըսեմ. «Եթէ երգել կ՚ուզես բաւարարուէ ճաշարաններով, առանց ձայնասփիւռէն ձայնդ սփռելով՝ շատերու արուեստի ճաշակը խանգարելու»:
Այս «արուեստագէտներու» երաժըշ-տութիւնն ու երգերը նոյն աւերիչ ազդեցութիւնը ունին: Անշուք եւ թեթեւ բառեր քով-քովի դրուած, երաժշտութեան ալիքներու վրայ կու գան եւ միտքերու վրայ իրենց բնակութիւնը կը հիմնեն: Մանուկներու երգեր, ազգային երգեր, կրօնական երգեր, բոլորին մէջ կրնանք գտնել այս երեւոյթը: Փոքրեր իրենց լսած սխալ երգերը կրկնելով, անգիտակցաբար սխալ հայերէն կը սորվին: Ազգայինն ու կրօնականը կարելի չէ քննադատել, այլապէս ազգն ու կրօնը քննադատած կ՚ըլլանք: Կրօնականը ըսենք նեղ շրջանակներու մէջ կը սփռուի, սակայն ազգայինները...։ Ոմանք կը փափաքին ազգը «նոր» երգերով գովաբանել, որովհետեւ իրենց հայերէն լեզուն նախակրթարանի մակարդակի է, յանկարծ հանդէս կու գան անշուք եւ թեթեւ բառերով կազմուած անհրապոյր երգերով: Կարելի՞ է ազգ մը գովաբանել, նոյն ազգին լեզուն աղաւաղելով:
Երգը կարեւոր ազդակներէն մէկն է՝ հայ լեզուն պահելու եւ սերունդներուն փոխանցելու: Երբոր լսենք մեր հայրենի վաստակաւոր երգիչները, անոնց արուեստի ու բանաստեղծութեան բարձրորակ մակարդակը, բոլոր մեր բոլոր զգացումները կը զարգանան: Այո, արուեստը հաճոյքի եւ զբաղումի համար է, սակայն լաւ արուեստը ճաշակ ու նկարագիր կը կրթէ:
Սփիւռքի մէջ վաստակաւոր արուեստագէտներ (խօսքս երգիչներու մասին է) հազուաթիւ են: Բայց աժան երգիչներ՝ շատ: Սունկի նման կը բուսնին, առանց երաժշտական պատրաստութեան, համեստ կրթական ենթահողով բեմ կը բարձրանան, նոյնիսկ շնորհակալական խօսք մը իսկ անկարող են արտասանելու: Բայց եւ այնպէս «հայ երաժշտութիւն քաջալերելու համար», ձայնասփիւռը անոնց երգերը կը հնչէ: «Առանց անոնց երգերուն, ոչ ոք մտիկ կ՚ընէ մեզ», ըսաւ հայ հաղորդավար մը: Եթէ անոնց երգերը հայու արուեստի ճաշակը կը գրաւեն, ըսել է, թէ արուեստի ընկալման լուրջ հարց մը կ՚ապրինք:
ԱԼԵՔՍ ԱՇՃԵԱՆ
«Զարթօնք»