ԱՅՍՕՐՈՒԱՆ ՀԱԼԷՊԸ… ՊԷՅՐՈՒԹԱՀԱՅՈՒ ՄԸ ԱՉՔԵՐՈՎ
Լաւ կը յիշեմ, որ նախապատերազմեան շրջանին մեզի՝ պէյրութցիներուս համար Հալէպը յատուկ հմայք մը ունէր։ Ոչ միայն այն պատճառով, որ Լիբանան ապրող հայութեան կարեւոր մէկ տոկոսին արմատները կու գային Հալէպէն, այլ անոր համար, որ այդ քաղաքը զանազան առումներով ալ տեսարժան քաղաք մըն էր։
Անշուշտ կային ազգականական կապերը, որոնք մեծ դեր կը խաղային, որ պէյրութցիներու կարեւոր մէկ տոկոսը, յատկապէս ամրան շրջանին, Հալէպ երթար։ Հոն էր, որ անոնք կը հանդիպէին իրենց ազգականներուն, կ՚ապրէին Հալէպի կախարդանքն ու անոր արեւելեան շուկաներուն ամբողջ հմայքը։ Ճիշդ է, որ Պէյրութը նոյնպէս Արեւելքէն «կտոր» մըն էր, սակայն Հալէպի «երազայնութիւն»ը, անոր եկեղեցիներուն եւ մզկիթներուն «սիրահետում»ը, անոր հին ու խորտուբորտ թաղերուն խորհրդաւորութիւնը, համերը, ուտեստներն ու բուրմունքը այդ քաղաքը գերազանցօրէն կը դարձնէին Արեւելքի «ամենախոր» եւ «ամենաթանձր» ծալքեր պարունակող բնօրրանը։
Ի դէպ, անուրանալի փաստ է, որ քիչ չէր թիւը այն պէյրութցիներուն, որոնք Հալէպին եւ հալէպցիներուն կը նայէին որոշ խորթութեամբ։ Եւ այդ խորթութիւնը անշուշտ կապ ունէր Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի օրերուն սուրիական զօրքերուն Լիբանան մուտք գործելու, այնտեղ տեղակայուելու եւ ապագային ալ այդ զօրքերուն ունեցած ոչ այնքան փայլուն դերակատարութեան հետ։
Յանուն ճշմարտութեան ալ պէտք է անպայման արձանագրել, որ ընդհանուր կտրուածքով ցայսօր լիբանանցիք չեն կարողացած իրենց պատմութեան ընդհանուր եւ արդար գնահատականը կատարել։ Այս առումով գոյութիւն ունին մէկէ աւելի «սպիտակ բիծեր», որոնց շուրջ լիբանանցիք կը շարունակեն մնալ տարակարծիք եւ այդ առումով ամենէն վիճելի եւ խնդրայարոյց հարցերէն մին է Լիբանանի մէջ սուրիական զօրքերուն ունեցած գործունէութեան ճիշդ գնահատական տալը։
Հետեւաբար ինչպէս համալիբանանեան, այնպէս ալ հայկական առումով Սուրիոյ եւ անոր իշխանութիւններուն հանդէպ գոյութիւն ունեցող մեծ հարցադրումները, որ շատ յաճախ ալ կը դրսեւորուին դժգոհութեան եւ քամահրանքի շեշտերով, կը սնուին լիբանանեան պատերազմի ընթացքին տեղի ունեցած դէպքերէն ու այդ ժամանակ սուրիական բանակին ու մարմիններուն ծաւալած գործունէութենէն։
Այս բոլորէն անդին սակայն, ինչպէս երէկ, այսօր եւս Պէյրութի մէջ կ՚ապրի խաւ մը, որուն համար Հալէպը կը շարունակէ մնալ «փարոս» քաղաք։ Այդ քաղաքի անցեալը, անոր ունեցած հայկական շունչը, անոր ապագայի մասին առկայ մտահոգութիւնները կը շարունակեն մնալ այդ սերունդի մտահոգութիւններէն եւ ինչպէս այսօրուան յօդուածին «հերոս»ը՝ Գէորգ Տաղլեան կը յուշէ՝ «Հալէպահայը տակաւին կառչած մնացած է իր սկզբունքներուն, իր հաւատքին եւ սուրիական հայրենիքին»։
Ամէն պարագայի կը հաւատամ, որ իմ ընթերցողներուն համար բաւական հետաքրքրական պիտի ըլլայ, թէ վերջերս Հալէպ մեկնած պէյրութահայը՝ ի՛նչ տեսած է եւ առհասարակ ինչ կը մտածէ Հալէպի մասին։
-Պր. Տաղլեան, վերջերս այցելեցիք Հալէպ, պատերազմէն ի վեր այս ձեր քանիերո՞րդ այցն էր։
-Վերջին երեք տարիներուն այս իմ չորրորդ այցն էր:
-Ինչպէ՞ս գտաք Հալէպը այս շրջանին:
-Կրնամ ըսել, որ բաւականին լաւ էր Հալէպը, անշուշտ գաղութի թիւը զգալիօրէն նուազած է, սակայն ժողովուրդը համախմբուած է հայկական եկեղեցիներուն, կառոյցներուն շուրջ։ Միութիւնները բաւական աշխոյժ են, յաջող միջոցառումներ կ՚իրականացնեն: Ուրախալի էր տեսնել, որ այս ամբողջ տառապանքէն ետք հալէպահայը տակաւին կառչած մնացած է իր սկզբունքներուն, իր հաւատքին եւ սուրիական հայրենիքին: Անշուշտ մեծամասնութիւնը նաեւ կը փափաքին հաստատուիլ հայրենիք, սակայն, դժբախտաբար, այսօր Հալէպի մէջ գտնուող հատուածը հիմնականին նիւթական համեստ պայմաններ ունեցող ընտանիքներն են, որոնք իրենց արդար աշխատանքով հազիւ իրենց օրուան ապրուստը կը փորձեն ապահովել։
-Գիտենք, որ Հալէպի մէջ ռազմական գործողութիւնները բաւական ատենէ ի վեր դադրած են, բայց այսօր եւս կան դժուարութիւններ: Ի՞նչ են հալէպահայը մտահոգող հիմնախնդիրները:
-Այո՛, ճիշդ է, ռազմական գործողութիւնները բաւականին նուազած են, դադրած են, բայց Իտլիպի շրջանի իրադարձութիւնները տակաւին ազդեցութիւն կ՚ունենան, ընդհանուր առմամբ, Սուրիոյ եւ յատկապէս՝ Հալէպ քաղաքին վրայ:
Այսօրուայ դրութեամբ ժողովուրդին ապրած տագնապներէն հիմնականը՝ սուրիական թղթոսկիի հետզհետէ արժեզրկումն է, որ բաւական կը մտահոգէ ժողովուրդը, ինչպէս նաեւ սղութիւնն ու անգործութիւնը: Իսկ վերջին ամիսներուն ապրուած կարեւոր տագնապներէն մէկն ալ վառելանիւթի բարդ հարցն է։ Կառավարութիւնը կանխելու համար այս հարցը, քաղաքէն դուրս բերուելու դէպքերը, նոր եղանակ որդեգրած է եւ սկսած է քարտերու միջոցաւ եւ սահմանուած չափաքանակով վառելանիւթ տրամադրել քաղաքացիներուն: Թէեւ կառավարութեան տեսակէտէ այս մէկը հարցին լուծում կը համարուի, սակայն հետզհետէ կը բարդացնէ ժողովուրդին ապրելաձեւը:
-Ընդհանրապէս հալէպահայերու հետ շփումներու ընթացքին ի՞նչ տպաւորութիւն ունեցաք. լաւատեսութիւն մը զգացի՞ք իրենց մօտ:
-Հալէպ իմ այցելութիւնները, դժբախտաբար, միշտ կարճ կ՚ըլլան, 24 ժամը չեն անցնիր։ Անշուշտ, ես կը փորձեմ այդ մէկ օրուայ ընթացքին տեսնել իմ ծանօթները, բարեկամները, գաղափարակիցները։ Իմ այս շփումներէն ստացած տպաւորութիւնս այն է, որ բոլոր հալէպահայերը համոզուած են, որ պատերազմի ծանր հանգրուանը անցած է եւ Սուրիան կամաց-կամաց պիտի վերագտնէ իր նախկին օրերը. իրենք եւս պատրաստակամութիւն ունին մասնակից դառնալու երկրի վերականգնման աշխատանքին:
Նման իրավիճակ ապրած էր նաեւ լիբանանահայութիւնը։ Լիբանանի օրինակը ունենալով՝ կրնամ ըսել, որ պատերազմական այդ դաժան օրերու տառապանքէն, հայութեան մեծ թիւով գաղթէն ու ռազմական գործողութիւններու աւարտէն ետք ալ համայնքին համար, մինչեւ այսօր, ամենադժուարը կը մնայ տնտեսական վիճակը, որովհետեւ երբ երկիրը պարտքի տակ կը մտնէ, ժողովուրդը ծանր օրերու կը մատնուի։ Սակայն, բարեբախտաբար Սուրիոյ պարագային կարելի է աւելի լաւատես ըլլալ, նկատի ունենալով, որ երկրի իշխանութիւնները մինչեւ այսօր կը փորձեն ամէն գնով ապահովել Սուրիոյ ժողովուրդին կարիքները։ Օրինակ՝ իշխանութիւնները կը փորձեն նախկին հին ձեւերով՝ կտրօններով՝ շաքար, բրինձ, կաթ եւ անհրաժեշտ կարիքները ապահովել։ Հակառակ դժուար վիճակին, տակաւին կը նկատենք, թէ ինչպէս Սուրիոյ մէջ շրջան առ շրջան բարեկարգումներ կը կատարուին ի նպաստ ժողովուրդին:
-Դամասկոսէն Հալէպ եւ Հալէպէն Դամասկոս ճանապարհին որեւէ ապահովական մտավախութիւն կա՞ր:
-Դամասկոս-Հալէպ ճանապարհին ոչ մէկ ապահովական մտահոգութիւն կար, ընդհակառակն, պետութեան զին-ւորականները շրջանները եւ սահմանները ապահոված են։ Ոչ մէկ բախում տեղի կ՚ունենայ, թէ՛ Լիբանանէն՝ Թրիփոլիէն դէպի Հոմս եւ Հալէպ հասնող ճանապարհին, թէ Պէյրութէն՝ Այնճար, Այնճարէն Դամասկոս ճանապարհին. սահմանները ապահովական խիստ միջոցառումներու տակ են եւ բոլոր փոխադրամիջոցները շատ հանգիստ կերպով Լիբանանէն Սուրիա կ՚անցնին:
-Լիբանան-Սուրիա սահմանը ի՞նչ վիճակի մէջ էր. ի՞նչ կրնաք պատմել այդ մասին:
-Ձեր այս հարցման, ես որպէս լիբանանցի, դժբախտաբար, պիտի պատասխանեմ, որ Լիբանանի սահմանի ապահովական ուժերուն կողմէ, միշտ, անկազմակերպ վիճակ եւ անարգալից վերաբերմունք մը կայ, յատկապէս Սուրիոյ քաղաքացիներուն հանդէպ։ Սուրիացին Լիբանանի սահմանը հատելու ժամանակ շատ կոշտ վարուելակերպի կ՚արժանանայ։ Սակայն երբ Սուրիոյ սահմանը կը մտնենք, անմիջապէս նկատելի կը դառնայ կարգապահութիւնը։ Հակառակ այն ընդունուած կարծիքին, թէ սուրիացի զինուորը խիստ է լիբանանցիի մը հանդէպ, սակայն իրականութեան մէջ շատ աւելի յարգալից են։ Բացի այդ, տարածքը ընդարձակ է եւ առիթ կու տայ, որ դիւրութեամբ սահմանը անցնիս: Սահմանի խճողուածութեան հարցը նկատելի կը դառնայ յատկապէս շաբաթավերջերուն. երբ առաւօտեան ժամը 5-6-ի շուրջ Լիբանանի սահմանին աներեւակայելի թիւով ներկայութիւն կ՚ըլլայ։ Լիբանանէն շիի համայնքի անդամներ Դամասկոս կը մեկնին «Սըթ Զայնապ»ի կամ այլ իսլամական ուխտավայրեր այցելելու, սակայն երբ անոնք կը հասնին Սուրիոյ սահմանի բաժինը, կը տեսնենք, որ շատ կարգաւորուած, աւելի օրինաւոր ձեւով եւ կարճ ժամանակի մէջ կը կազմակերպուի այդ բոլորը:
-Ձեր անձնական տպաւորութիւնները ի՞նչ են, հալէպահայութիւնը պիտի կարենա՞յ շարունակել ապրիլ այդ երկրին մէջ:
-Իմ անձնական տպաւորութեամբ, ոչ միայն հալէպահայութիւնը, այլեւ ամբողջ սուրիահայութիւնը այս դժուար վիճակէն դուրս պիտի գայ, ժամանակաւոր է այս հանգրուանը իրենց համար, որովհետեւ հայ ժողովուրդը եւ սփիւռքահայը միշտ ալ կառչած մնացած է իր կամքին: Հայ ժողովուրդի իւրաքանչիւր զաւակ, ուր որ ալ ապրած է, իր կարողութեան առաւելագոյն չափով կրցած է իր ապրած քաղաքին մէջ պահել իր ընտանիքը: Նաեւ կան ընտանիքներ, սակայն ոչ մեծ թիւով, որոնք Գանատա եւ այլուր հասնելէ ետք, վերադարձած են Հալէպ, որովհետեւ սուրիահայուն համար իր ապրած այդ գեղեցիկ օրերը, գաղութային կեանքը միշտ աւելի գոհունակութիւն պարգեւած է:
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Երեւան