ԱՄԵՐԻԿԵԱՆ ԲԱՐՔԵՐ

ԱՄՈՒՍՆԱԿԱՆ ԵԶԱԿԻ ԵՐԵՒՈՅԹ ՄԸ…

Ամուսնութեան աւանդական հասկացողութիւնը այն է, թէ այդ տեղի կ՚ունենայ այր մարդու մը եւ կնկայ մը միջեւ։ Սակայն 21-երորդ դարը մեծ յեղաշրջում մը յառաջացուց այդ ըմբռնումին նկատմամբ՝ երբ շարք մը երկիրներ թոյլատրեցին միասեռական ամուսնութիւնը։

Միասեռականութիւնը գոյութիւն ունեցած է դարերէ ի վեր՝ նոյնիսկ Քրիստոսէ առաջ, հին Յունաստանի եւ Հռոմէական կայսրութեան մէջ։ Սակայն ներկայիս՝ միասեռականներու ամուսնութիւնը պետականօրէն արտօնուեցաւ 2001 թուականին, Հոլանտական կառավարութեան կողմէ։

Ցարդ երեսուն երկիրներ օրինական դարձուցած են միասեռականներու միջեւ կնքուած ամուսնութիւնները։ Բայց մեր նիւթը այսօր պիտի չկեդրոնանայ միասեռական ամուսնութեան վրայ, որովհետեւ կամայ թէ ակամայ ընդունած ենք այդ երեւոյթը։ Ուրեմն ինչի՞ մասին է ամուսնական մեր եզակի երեւոյթը։ Հիմա թոյլ տուէք բացատրեմ։

Գալիֆորնիաբնակ Սքաթ Փերի եւ իր ընկերուհին (girlfriend) 2015 թուականին որդեգրած են երկու տարեկան կատու մը, Օլիվիա անունով։ Սքաթ կ՚ըսէ, որ Օլիվիան շատ ամչկոտ կատու մըն էր, սակայն տարի մը ետք՝ երբ Սքաթ եւ իր ընկերուհին կը բաժնուին իրարմէ, Օլիվիան իր ամչկոտութիւնը մէկդի դրաւ եւ հիմա երբեք չի բաժնուիր ինձմէ։

Սքաթ դիտել կու տայ, թէ այս վերջին երկու ամիսներու տնային կալանքը՝ քորոնաժահրի համաճարակին պատճառաւ, առիթ մը եղաւ, որ ես եւ Օլիվիան աւելի մօտիկութիւն ցուցաբերենք իրարու հանդէպ եւ այդ մտերմութիւնը (տես նկարը) մէջս սէր մը արթնցուց  իրեն նկատմամբ…

Եւ ահա նորափթիթ այդ հազուագիւտ սէրը զիս մղեց, որ ամուսնութիւն առաջարկեմ Օլիվիային! Սա գնահատանքի եւ երախտագիտութեան մէկ զգացումն է, որ սկսայ տածել կատուին նկատմամբ։

Աւելի՛ն, Սքաթ իր պսակադրութեան պիտի հրաւիրէ բոլոր կենդանի սիրողները եւ անոնց նուիրատուութիւններէն գոյացած հասոյթը որոշած է նուիրել՝ Լոս Անճելըսի կենդանիներու պատսպարանին։

Ոչ՝ այս մէկը մարսելի չէ այլեւս, ինչ կ՚ուզէք ըսէք ու վերջ։

ՏԱՐԻՔԸ ՊԱՐԶԱՊԷՍ ԹԻՒ ՄԸՆ Է…

Ահաւասիկ ամուսնական ուրիշ երեւոյթ մը, որ սակայն այնքան խոտոր չէ, որքան մեր առաջին դէպքը։ Այս մէկը տեղի ունեցած է Ֆիլատելֆիոյ մէջ, 2018 թուականին։

Վերոյիշեալ թուականին՝ 27 տարեկան Ռէյչըլ Չընոլթ ամուսնութեան առաջարկ ներկայացուցած է իր 72 տարեկան նախկին գործատէր Ճան Փենզերային եւ վերջինին համաձայնութեամբ, անոնք անմիջապէս նշանուած են։

Ուրեմն երեք տարի միասին ապրելէ ետք, մեր նշանուած զոյգը (տես նկարը) կ՚որոշէ ամուսնանալ եւ ընտանիք կազմել։ Ռէյչըլին նշանածը՝ թէ՛ իր հօրմէն եւ թէ ալ իր մօրմէն շատ աւելի տարիքոտ է, սակայն այդ մէկը չի խանգարեր իրենց ամուսնանալու վճռականութիւնը։

Աւելի՛ն. երբ Ռէյչըլին հարց տուած են, թէ հօրմէն աւելի տարիքոտ մէկու մը հետ ամուսնանալը երբեք չի մտահոգե՞ր զինք, ան պատասխանած է, թէ տարիքը պարզապէս թիւ մըն է…

Հալէպի մէջ՝ երբ տակաւին պատանի էի, ընդունուած սովորութիւն դարձած էր, որ հարսը պէտք է առնուազն տասն տարեկան փոքր ըլլայ փեսայէն։ Հաւանաբար այս միեւնոյն սովորութիւնը առկայ էր նաեւ միջինարեւելեան այլ երկիրներու մէջ ալ։

Ես կը կարծեմ, որ վերոյիշեալ սովորութիւնը տրամաբանական էր, քանի պէտք է տղայ մարդը նախ դպրոցը աւարտէ, ապա գործի տէր ըլլայ եւ կարենայ իր ընտանիքին ապրուստը ապահովել՝ որպէսզի ամուսնանայ։ Մինչդեռ աղջիկները այդ մտահոգութիւնը չուէին հոն։

Թերեւս այդ սովորութիւնը կու գար մեզի այդ երկիրներու տեղացի արաբ ժողովուրդէն, որոնց մօտ շատ բնական էր, որ տղամարդիկ իրենցմէ մինչեւ քսան տարեկան փոքր աղջիկներու հետ ամուսնանային…

Հիմա ես իմ կողմէ սրտանց կը շնորհաւորեմ մեր երջանիկ զոյգը եւ կը մաղթեմ իրենց յաջողութիւն՝ իրենց ամուսնական կեանքին մէջ եւ վերջ։

ԳԷՈՐԳ ՔԷՕՇԿԷՐԵԱՆ

«Զարթօնք», Լիբանան

Երկուշաբթի, Յունիս 8, 2020