ԱԿՆԱՐԿ - 19 - ՄԱՆԿԱՄԿՐՏՈՒԹԻՒՆ

Մանկամկրտութիւն կամ մանուկներու մկրտութիւն: Խնդիր մը, որ շատերու համար հասկնալի է, ուրիշներու համար ո՛չ, ոմանց համար ընդունելի է, ոմանց համար ո՛չ, ոմանք իրաւունքներու ոտնահարում կը տեսնեն այդ արարքրին մէջ, մինչ ուրիշներ՝ կենսական շնորհք մը, պարգեւ մը որպէս կ՚ընկալեն:

Աղանդաւորականները յատկապէս մերժելով կը մերժեն մանուկներու մկրտութիւնը, ըսելով, աւելի ճիշդ պատճառաբանելով, թէ մարդ որպէսզի մկրտուի, պէտք է հաւատք ունենայ, պէտք է գիտակցի, եւ այլն…, արժան եւ իրաւ. այսպիսի հարցում մը տամ. Տէր Յիսուս երբ խաչին վրայ ինծի, քեզի, մեր բոլորիս համար Իր արիւնը թափեց եւ մեզի ազատագրութիւն տուաւ, մենք մկրտուա՞ծ էինք, մենք հաւատացա՞ծ էինք, մենք Սուրբ Հոգիով վերածնուա՞ծ էինք… Միւս կողմէ, ընդունինք, թէ մանուկները անգիտակից են, չե՛ն գիտակցիր իրենց ստացած շնորհքին, եւ այլն, եւ թէ մկրտուողը պէտք է գիտակից ըլլայ, բայց չէ՞ որ նոյն այդ գիտակից, չափահաս մարդոց մէջ կան շատեր, որոնք այստեղէն կը մկրտուին, այնտեղէն մեղքի գիրկը կը նետուին, հետեւաբար ի՞նչն է խանգարող հանգամանքը, որ մանուկը փոքր տարիքին մկրտուի, պէտք եղած քրիստոնէական դաստիարակութիւնը տրուի (բան մը որ մեր օրերուն հազուադէպ է, չըսելու համար գրեթէ վերացած է), որով մանուկը ստանալով այդ դաստիարակութիւնը գիտակցի իր փոքր հասակին ստացած շնորհքին, առաւել եւս փոքր տարիքէն գիտակցի ու ըմբռնէ, թէ ինք արդէն իսկ Սուրբ Հոգիին բնակարանն է, Սուրբ Հոգին իր մէջ կը կրէ:

Մանկամկրտութեան մասին շատ գրուած ու շատ խօսուած է: Այստեղ կ՚ուզեմ մէջբերում մը կատարել Մարթին Լուտերէն, ով կը գրէ. «Այն որ մանուկներու մկրտութիւնը հաճելի է Քրիստոսին, կ՚ապացուցուի Իր իսկ անձի գործողութեամբ, այսինքն՝ այն բանով որ Աստուած անոնցմէ շատեր սուրբեր կ՚ընէ եւ Սուրբ Հոգին կու տայ անոնց, որոնք այդպէս մկրտուեցան, եւ այժմ շատ են անոնք, որոնք ունին Սուրբ Հոգին ինչպէս ուսմունքով, այնպէս ալ իրենց կենցաղավարութեամբ...: Եթէ Աստուած չընդունէր մանուկներու մկրտութիւնը, ուրեմն բոլոր ժամանակներուն, մինչեւ օրս երկրի վրայ ապրող մարդոցմէ ո՛չ մէկը կրնար քրիստոնեայ ըլլալ...: Ասոր համար կ՚ըսենք, մեզի համար կարեւորագոյնը այն չէ թէ մկրտուողը կը հաւատայ կամ չի հաւատար, քանզի ասոր համար մկրտութիւնը չի դառնար ոչ-ճշմարիտ, հապա ամէն ինչ կախում ունի Աստուծոյ խօսքէն ու պատուիրանէն: Մկրտութիւնը ջուրն է եւ Աստուծոյ Խօսքը, մէկը միւսին հետ...: Իմ հաւատքս մկրտութիւն չի՛ ստեղծեր, այլ՝ կ՚ընդունի զայն»:

Իսկ հիմա մեր սիրելի ընթերցողներու ուշադրութեան կը յանձնենք արաբերէնէ թարգմանաբան Շնուտա Գ. Հայրապետին գրութիւնը՝ մանկամկրտութեան մասին:

Այնքան ատեն որ մկրտութիւնը անհրաժեշտ է փրկութեան համար, ինչպէս այս գլուխին սկիզբը բացատրեցինք, եւ որովհետեւ մկրտութեան անհրաժեշտութիւնը մարդոցմէ զրկել վտանգաւոր է, այդ պատճառով, կարեւոր էր, որ զայն չարգիլէինք նաեւ մանուկներէն, ու չզրկէինք զանոնք մկրտութեան շնորհքներէն:

Առարկութիւն.

Կ՚ըսեն, թէ հաւատքը պայման է մկրտութեան համար եւ մանուկները հաւատքի գիտութեան չեն հասած, այդ պատճառով ալ կարելի չէ զանոնք մկրտել: Այս մտածողութեան տէր մարդիկ, կտրականապէս դէմ են մանուկներու մկրտութեան:

Պատասխան.

1) Անպայման պէտք է մանուկները մկըր-տենք՝ անոնց փրկութեան համար, որովհետեւ եթէ առանց մկրտութեան եւ առանց հաւատքի ձգենք զանոնք, այդ կը նշանակէ անոնց կորուստը: Մեզմէ ո՞վ կ՚ընդունի, որ աշխարհի բոլոր մանուկները կորսուին:

2) Մեր Տէրը Յիսուս Քրիստոս յատուկ ուշադրութիւն դարձուց մանուկներուն, եւ ըսաւ. «Վստահ գիտցէք, որ եթէ չփոխուիք եւ մանուկներու պէս չըլլաք, Երկինքի Արքայութիւնը պիտի չմտնէք» (Մտ 18.3). գրկեց մանուկները, օրհնեց զանոնք ու ըսաւ. «Ձգեցէք որ մանուկները Ինծի գան, արգելք մի՛ ըլլաք անոնց, որովհետեւ այդպիսիներուն է Աստուծոյ Արքայութիւնը։ Լաւ գիտցէք, ով որ Աստուծոյ Արքայութիւնը չ՚ընդունիր փոքրիկ մանուկի մը պէս, հոն պիտի չմտնէ։ Ապա գրկեց զանոնք եւ ձեռքը դնելով անոնց վրայ օրհնեց զանոնք» (Մր 10.14-16): Հետեւաբար, անոնք Արքայութիւնը կ՚ընդունին այնպիսի ձեւով, որ մենք չենք կրնար այդ մասին խօսիլ: Ինչպէ՞ս:

3) Մանուկը, որեւէ կասկածներ չունի հաւատքի մասին, ո՛չ մէկ ընդդիմադրութիւն, եւ Աստուած անկէ չի՛ պահանջեր մեծահասակի գիտութիւն:

4) Մանուկը, եկեղեցւոյ մէջ պէտք է հաւատքով դաստիարակուի եւ աճի այդ հաւատքին մէջ: Մենք կը մկրտենք զինք, որպէսզի անոր այս առիթը տանք եւ չզրկենք զինք շնորհքի բոլոր միջոցներէն, որոնք կ՚օգնեն անոր հոգեւոր ճանապարհին մէջ, այլապէս կը նմանինք անոր, որ ինքզինքին վերջ կու տայ: Տակաւին, հաւատքին վերաբերող բոլոր հարցերը գիտութեան չափանիշին մէջ չենք դներ:

5) Մանուկը կարիք չունի իր հաւատքը յայտարարելու երբ գիտակից տարիքի հասնի կամ 12 տարեկան ըլլայ՝ ինչպէս ոմանք կ՚ըսեն, որովհետեւ մանուկը, մշտապէս իր հաւատքը կը յայտարարէ իր խօսուն մանկութեան իւրաքանչիւր հանգրուանին, համաձայն իր տարիքի կարողութեան:

Մանուկին հետ կը հաւասարին բոլոր (պարզ) մարդիկը, որոնք գիտակցութեան չեն հասած որ միտքով բազմաթիւ բաներ ընկալեն, սակայն անոնք հոգի մը ունին, որ ամէն ինչ կը քննէ, նոյնիսկ Աստուծոյ խորքերը (Ա. Կր 2.10):

6) Ինչ կը վերաբերի ճանչցուած հաւատքի կանոններուն, արդարեւ մենք զայն կը մկրտենք համաձայն իր ծնողներուն հաւատքին: Իսկ ծնողներուն ապաւինիլ զանազան հարցերու շուրջ, բնական երեւոյթ մըն է Սուրբ Գիրքին մէջ, ինչպէս օրինակ՝ թլփատութիւնը, անդրանիկներուն փրկութիւնը ոչխարի արեամբ, մանուկներուն փրկութիւնը (Կարմիր) Ծովը անցնելով, եւ այլն:

7) Իսկ այն մասին որ կ՚ըսեն, թէ մկրտութեան արդիւնքները որոշ տարիքի մը կ՚արտացոլան, մենք կ՚ըսենք. ի՞նչ են այդ արդիւնքները եւ ի՞նչ կը պահանջեն անոնք, որպէսզի որոշ տարիքի մը արտացոլան:

Նկատի ունենալով, որ մկրտութիւնը Քրիստոսի հետ մեռնիլ է եւ Անոր հետ յարութիւն առնել, հետեւաբար այս մէկը տարիքի կարիք չունի, որովհետեւ այն մկրտութեամբ եղած դրոշմ մըն է, եւ մկրտութեան արդիւնաբերութիւնը որպէս երկրորդ ծնունդ, ինչպէս նաեւ մկրտուողին լուացումը սկզբնական մեղքէն եւ նախքան մկրտութեան մեղքերէն: Այս բոլորը որոշ տարիք մը չեն պահանջեր, որպէսզի արտացոլան, որովհետեւ մկրտուողը Աստուծոյ որդի կ՚ըլլայ, անոր մեղքերը կը ներուին, արդարացում եւ վերանորոգում կը ստանայ իր մկրտութեան ընթացքին, ինչպէս նաեւ հին մարդը կը մեռնի եւ նոր մարդը կը ծնի, սակայն՝ ազատ..., եւ զՔրիստոս կը զգենու (Կղ 3.27):

Եթէ ուրիշ բան գտնուի (որու մէջ արտացոլայ մկրտութեան արդիւնքները), թերեւս մեծն ու փոքրը կը հաւասարին ատոր մէջ:

8) Իսկ այն մտածողութիւնը, որ կը խօսի մանուկներու փրկութեան մասին՝ առանց մկրտութեան, այդ մտածողութիւնը Աստուածաշունչի ուսուցումներուն հակառակ է, եւ ո՛չ ոք համաձայն կրնայ ըլլալ ատոր:

9) Սկիզբէն եկեղեցին մանուկները կը մկրտէր՝ առաքեալներուն դարէն իսկ, ինչպէս յայտնի կը դառնայ ամբողջական ընտանիքներու մկրտութեան երեւոյթէն՝ մեծեր թէ փոքրեր, ինչպէս կը տեսնենք բանտապան Փիլիպպոսի պարագան. «Եւ իր բոլոր ընտանիքը» (Գրծ 16.33), ինչպէս նաեւ ծիրանի զգեստներ ծախող Լիդիայի պարագան. «Ինք եւ իր տան անդամները» (Գրծ 16.15): Անտրամաբանական է, որ բոլոր ասոնք եւ ասոնց նման այլ ընտանիքներ, մանուկներ չունենային իրենց մէջ:

10) Աստուածաշունչին մէջ ո՛չ մէկ համար կայ, որ կը հրամայէ արգիլել մանուկներու մկրտութիւնը:

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

5 յունիս 2023, Վաղարշապատ

Հինգշաբթի, Յունիս 8, 2023