Ե­կաւ, Տե­սաւ… Եւ Մեզ Հմա­յեց

Միտքս պար­զեմ: Քա­ջա­տե­ղեակ էք, շատ հա­ւա­նա­բար՝ ա­յո՛, թէ Յու­նիս 24-ին, ե­ռօ­րեայ իր այ­ցե­լու­թեամբ, Հա­յաս­տան ե­կաւ Կա­թո­լիկ ե­կե­ղեց­ւոյ քա­հա­նա­յա­պետ, հո­գե­ւոր ա­ռաջ­նորդ եւ Վա­տի­կան պե­տու­թեան ղե­կա­վար Ֆրան­սիս­քոս Պա­պը:

Հո­վուա­պե­տա­կան այս ան­նա­խըն­թաց այ­ցե­լու­թեան ե­րեք օ­րե­րու ըն­թաց­քին հա­ւա­նա­բար ին­ծի նման շա­տեր ալ կա­պուած ու նոյ­նիսկ գա­մուած մնա­ցին հայ­կա­կան եւ քիչ մըն ալ տե­ղա­կան հե­ռա­տե­սի­լի կա­յան­նե­րուն դի­մաց, որ­պէս­զի ա­ւե­լի մօ­տէն հե­տե­ւէին Հա­յաս­տան՝ «Ա­ռա­ջին քրիս­տո­նեայ եր­կիր» խո­րագ­րով մեր հայ­րե­նի­քը այ­ցե­լող եւ կամ ուխ­տագ­նա­ցու­թեան ե­կող պա­պի իւ­րա­քան­չիւր քայ­լին, խօս­քե­րուն, պատ­գամ­նե­րուն, մաղ­թանք­նե­րուն, օրհ­նու­թիւն­նե­րուն եւ կո­չե­րուն:

Պէտք է հպար­տօ­րէն շեշ­տել, թէ մե­զի պէս ամ­բողջ աշ­խարհն ալ հե­տե­ւե­ցաւ այս մէ­կուն: Ու մենք, իբ­րեւ ե­կե­ղե­ցի եւ պե­տու­թիւն, եւ հա­մայն հա­յու­թեամբ ու ար­ժա­նա­վա­յել կեր­պով ու հա­յու յա­տուկ հիւ­րըն­կա­լու­թեամբ, թէ՛ կեն­ցա­ղով, թէ՛ նկա­րագ­րով, գրկա­բաց ըն­դու­նե­ցինք զինք:

Պա­պը ե­կաւ մեր եր­կի­րը, եւ իր այս գա­լուս­տով մեր ար­դի պատ­մու­թեան մէջ մե­զի հա­մար  նոր ու լու­սա­ւոր էջ մը բա­ցաւ:

Ապ­րի՛: Կա­րե­ւոր էջ մը:

Այս­պէս, ան մե­զի եւ աշ­խար­հի խա­ղա­ղու­թեան հա­մար միշտ ա­ղօ­թեց: Ա­ղօ­թեց նաեւ դա­րե­րու կեանք ու­նե­ցող մեր Սուրբ Էջ­միած­նի կա­մար­նե­րուն տակ: Ա­պա Կիւմ­րիի Վար­դա­նանց հրա­պա­րա­կին վրայ կա­տա­րեց «է­քիւ­մե­նիք» ա­րա­րո­ղու­թիւն, իսկ Ե­րե­ւա­նի «Հան­րա­պե­տու­թեան» հրա­պա­րա­կին վրայ տպա­ւո­րիչ մաղ­թանք­ներ ը­րաւ:

Իբ­րեւ հո­գե­ւոր մեծ հո­վիւ՝ ան մեզ միշտ օրհ­նեց: Օրհ­նեց բո­լորս՝ հո­գե­ւո­րա­կա­նէն մին­չեւ ե­րա­խա­նե­րը: Իր հրա­պա­րա­կա­յին խօս­քե­րուն մէջ յոր­դո­րեց մե­ծին եւ պզտի­կին: Յար­գան­քով մօ­տե­ցաւ հաշ­ման­դամ­նե­րուն եւ իւ­րա­քան­չիւ­րը մէկ առ մէկ համ­բու­րեց: Հիա­ցաւ մեր պատ­մու­թեան եւ մեր դա­րա­ւոր հայ­րե­նի­քին ու յատ­կա­պէս ա­մէն ա­ռի­թով աչ­քե­րը յա­ռեց պիպ­լիա­կան մեր սուրբ լե­րան՝ Ա­րա­րա­տին: Ու վեր­ջին՝ բա­րի յի­շա­տակ­նե­րով ու յու­շա­նուէր­նե­րով իր ա­թո­ռը վե­րա­դար­ձաւ:

Յի­շեց­ման կար­գով ը­սեմ նաեւ, իբ­րեւ ա­ռա­ջին մեծ նա­խա­ձեռ­նո­ղի, պա­տիւ ի­րեն, Հռո­մի նոյն այս Սրբա­զան Պա­պը 2015-ի Ապ­րիլ 12-ին, Վա­տի­կա­նի Սուրբ Պետ­րոս տա­ճա­րին մէջ ոչ միայն պատ­մա­կան պա­տա­րագ մա­տու­ցեց, այ­լեւ իբ­րեւ Կա­թո­լիկ ե­կե­ղեց­ւոյ քա­հա­նա­յա­պետ՝ իր քա­րոզ-ու­ղեր­ձին մէջ յստա­կօ­րէն յի­շեց 20-րդ դա­րու ա­ռա­ջին ցե­ղաս­պա­նու­թիւ­նը, զայն ո­րա­կե­լով իբ­րեւ այդ դա­րու ա­ռա­ջին ան­նա­խա­դէպ ող­բեր­գու­թիւ­նը: Ա­ւե­լի՛ն. դար­ձեա՛լ պա­տիւ, այս մեր հիւր Սրբա­զան Քա­հա­նա­յա­պե­տը նոյն տա­րին մեր սուր­բե­րէն Սուրբ Գրի­գոր Նա­րե­կա­ցին հռչա­կեց Տիե­զե­րա­կան ե­կե­ղեց­ւոյ վար­դա­պետ:

Այ­սինքն, ար­դէն մեծ եւ կա­րե­ւոր նշա­նա­կու­թեան գոր­ծօն է մեր ժո­ղո­վուր­դի մղած պայ­քա­րի դաշ­տին վրայ: Իսկ իր այս այ­ցե­լու­թեան ան քա­նի մը ան­գամ­ներ հրա­պա­րա­կա­յին կեր­պով յի­շեց «ցե­ղաս­պա­նու­թիւն» բա­ռը:

Իբ­րեւ հայ եւ պարզ ան­հատ՝ անձ­նա­պէս հիա­ցած եմ Ֆրան­սիս­քոս Պա­պով: Ան ին­ծի հա­մար ի­րա­պէս գի­տա­կից հո­գե­ւո­րա­կան մըն է, ճշմա­րիտ ղե­կա­վար մը եւ իր կո­չու­մին տէր անձ­նա­ւո­րու­թիւն մը, ինչ­պէս նաեւ՝ Աս­տու­ծոյ հա­ւա­տա­րիմ ծա­ռայ մը եւ մեծ փի­լի­սո­փայ, որ մեր եր­կի­րը հիւր ե­կաւ կի­սե­լու հա­մար մե­զի հետ, մեր յոյ­սերն ու մտա­հո­գու­թիւն­նե­րը:

Մէկ խօս­քով, այս հա­մեստ ու ան­շա­հախն­դիր ուխ­տա­ւո­րին այ­ցե­լու­թիւ­նը պատ­մա­կան դար­ձա­կէտ մը նկա­տուե­ցաւ բո­լո­րին կող­մէ:

Եւ տա­կա­ւին, իր կե­ցու­թեան ե­րեք օ­րե­րուն ան մե­զի սէր եւ հա­ւատք քա­րո­զեց: Քա­րո­զեց մեղմ ու հա­մո­զիչ ձայ­նով: Հան­դարտ եւ նոյն­քան ալ՝ տպա­ւո­րիչ: Խրա­տեց ի­րա­րու հան­դէպ նե­րո­ղա­միտ ըլ­լալ: Զի­րար սի­րել: Հո­գե­ւոր միու­թիւ­նը  փա­ռա­բա­նեց ու իր պատ­գամ­նե­րուն մէջ գի­տակ­ցօ­րէն մեր մե­ծա­նուն բա­նաս­տեղծ Չա­րեն­ցէն գե­ղե­ցիկ տո­ղե­րէն յի­շեց: Նաեւ իբ­րեւ մեծ ու բա­րի օ­րի­նակ՝ ան յի­շեց մեր սուր­բե­րէն Ներ­սէս Շնոր­հա­լի հայ­րա­պետն ու  Գրի­գոր Նա­րե­կա­ցին: Ա­պա կրկին ու կրկին ան­գամ­ներ օրհ­նեց մեզ ու մեր եր­կի­րը չմոռ­նա­լով նաեւ մեր ա­պա­գան: Խա­ղա­ղու­թիւն մաղ­թեց մեր ա­զատ ու ան­կախ հայ­րե­նի­քին ու ա­նոր կից՝ մեր Ղա­րա­բա­ղին:

Եւ վեր­ջա­պէս…  Պա­պը ե­կաւ ու ի­րեն հետ բե­րաւ ամ­բողջ բա­րի եւ օ­րի­նա­կե­լի աշ­խարհ մը:

Ան նաեւ չմոռ­ցաւ մե­զի յի­շեց­նե­լու՝ յար­գել օ­րէն­քի գե­րա­կա­յու­թիւ­նը: Խրա­տեց մեզ­մէ հե­ռաց­նել ա­մէն ա­տե­լու­թիւն ու նա­խանձ, ա­մէն կա­շա­ռա­կե­րու­թիւն եւ զրպար­տու­թիւն: Շեշ­տեց նաեւ, որ դրա­մը պէտք չէ, որ մեզ կա­ռա­վա­րէ: Ծա­ռա­յա­սի­րու­թիւն քա­րո­զեց ու եր­կա­րօ­րէն յոր­դո­րեց ըլ­լալ հա­մեստ ու բա­րի: Յի­շե­ցուց նաեւ, որ այն Աս­տուա­ծը, զոր մենք կը պաշ­տենք, խա­ղա­ղու­թեան Աս­տուածն է: Եւ վեր­ջա­պէս, չմոռ­ցաւ իր հա­մակ­րան­քը, յար­գանքն ու սէ­րը հրա­պա­րա­կե­լու Հայ­կա­կան հար­ցին եւ մեր ժո­ղո­վուր­դին եւ մեր պատ­մու­թեան: Ու այս բո­լո­րին յի­շա­տա­կու­մով ան ե­կաւ հաս­տա­տե­լու, թէ հայ ժո­ղո­վուրդն ալ իր դա­րա­ւոր կեան­քով մաս կը կազ­մէր աշ­խար­հի մեծ մշա­կոյ­թին:

Ը­սի ու կրկնե­ցի, օրհ­նեց մեզ եւ մեր ա­պա­գան:

Իսկ հի­մա… ի՞նչ սոր­վե­ցանք իր­մէ: Ին­չո՞ւ ե­կաւ Պա­պը: Ար­դեօք ե­կաւ այս բո­լո­րը մե­զի յի­շեց­նե­լո՞ւ: Ի՞նչ դա­սեր, կը կար­ծէք, կրցանք քա­ղել իր «հրամ­ցու­ցած­նե­րէն»: Ար­դեօք իս­կա­պէս այս բո­լո­րին կա­րի­քը ու­նէի՞նք: Ար­դեօք մոռ­ցա՞ծ էինք, թէ մենք իբ­րեւ հո­գե­ւո­րա­կան, իշ­խա­նա­ւոր եւ կամ պարզ քա­ղա­քա­ցի՝ ով­քեր ենք, եւ թէ ի՛նչ կամ ին­չե՞ր կ՚ը­նենք, եւ կամ մեր ներ­կայ ըն­թաց­քով ազ­գո­վին ո՞ւր հա­սած ենք, ո՞ւր «կ՚եր­թանք» եւ կամ՝ ո՞ւր հաս­ցու­ցած ենք մեր եր­կի­րը:

Կը կար­ծեմ, որ ինք մե­զի «դա­սեր» տուաւ՝ միա­ժա­մա­նակ լռե­լեայն ը­սե­լով «հասկ­ցո­ղին շատ բա­րեւ»: Բայց ին­չո՞ւ եւ ան ալ մե­զի՝ ժո­ղո­վուր­դի մը: Ը­սէ՛ք, ին­չո՞ւ: Չէ՞ որ մենք աշ­խար­հի ա­ռա­ջին քրիս­տո­նեայ երկ­րի ժո­ղո­վուր­դը ըլ­լա­լով՝ այս բո­լո­րը «ար­դէն գի­տենք»: Ար­դեօք այս բո­լո­րին կա­րի­քը ու­նէի՞նք: Ար­դեօք ներ­կա­յիս աշ­խար­հի ա­մե­նէն հա­ւա­տա­ցեալ ժո­ղո­վուրդ­նե­րէ՞ն ենք: Ար­դեօք պէտք ու­նէի՞նք այս բո­լոր բա­րի եւ օգ­տա­շատ թե­լադ­րանք­նե­րուն:

Իմ կար­ծի­քով… ան­կաս­կա՛ծ:

Ու վեր­ջա­պէս. ի՞նչ սոր­վե­ցանք այս բա­նի­մաց եւ ուխ­տագ­նաց մեծ հա­ւա­տա­ցեա­լէն, ա­նոր թե­լադ­րանք­նե­րէն: Շատ հա­ւա­նա­բար բո­լո­րիս մտքին եւ հո­գիին մէջ իր բո­լոր պար­զած­նե­րը ու­նե­ցան ի­րենց ո­րոշ կամ յստակ ար­ձա­գանգ­նե­րը: Սա­կայն որ­քա­նո՞վ իս­կա­պէս մենք զմեզ ճանչ­ցանք, եւ թէ ինչ­պէ՞ս մենք զմեզ պի­տի կա­րե­նանք սրբագ­րել: Ար­դեօք տե­սա­նե­լի՞ էր, թէ մենք ծուռ եւ կամ ոչ շի­տակ ճամ­բա­նե­րու վրայ կը գտնուէինք, որ նման թե­լադ­րանք­ներ ստա­ցանք:

Եւ ե­թէ այդ­պէս է, այս բո­լո­րէն ետք ար­դեօք քա­ջու­թիւ­նը ու­նի՞նք կամ պի­տի ու­նե­նանք մենք զմեզ սրբագ­րե­լու:

Չեմ գի­տեր:

Իւ­րա­քան­չիւր հայ, ըլ­լայ ան հո­գե­ւո­րա­կան կամ աշ­խար­հիկ, մե­ծա­հա­րուստ կամ իշ­խա­նա­ւոր կամ պե­տա­կան դէմք եւ կամ պարզ հայ քա­ղա­քա­ցի,  ինքն իր ան­ձին թող հարց տայ:

Ես միայն իմ «ար­դեօ՞ք»իս պա­տաս­խա­նը ու­նիմ:

Ճիշդ ա­սոր հա­մար է, որ մե­ծա­պէս շնոր­հա­կալ ու միա­ժա­մա­նակ ե­րախ­տա­պարտ եմ Վա­տի­կա­նի գա­հա­կա­լէն, իր այ­ցե­լու­թեան առ­թիւ կա­տա­րած յոր­դոր­նե­րուն եւ էա­կան, ազ­դե­ցիկ ու կա­րե­ւոր յի­շե­ցում­նե­րուն հա­մար:

Ե­րա­նի՜ նման հիւր այ­ցե­լու­ներ միշտ ու­նե­նանք:

ԳԷՈՐԳ ՊԵ­ՏԻ­ԿԵԱՆ

Ուրբաթ, Յուլիս 8, 2016