ՍՈՒՐԻԱՑԻ ՓԱԽՍՏԱԿԱՆՆԵՐՈՒ ԽՆԴԻՐԸ «ԼԱՐՈՒԱԾ ՈՒԺԱՆԱԿ» ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՀԱՄԱՐ

ԱՐՍԷԼԻ ԳՈՐԾՈՂՈՒԹԻՒՆԸ

30 Յունիսի երեկոյեան, լիբանանեան բանակի յատուկ ստորաբաժանումներ նախայարձակ գործողութիւն մը կը կատարէին Արսէլ աւանի սուրիական գաղթականներուն ուղղութեամբ: Գործողութեան արդիւնքով կը ձերբակալուին 300-է աւելի սուրիացիներ, որոնց կարեւոր մէկ տոկոսը կը մեղադրուէր ԻՇԻՊ-ի («Իրաք-Շամի իսլամական պետութիւն» ահաբեկչական խմբաւորում) եւ «Ալ Նուսրա ճակատ»ի անդամակցութեամբ:

Գործողութենէն ժամեր անց լրատուական ծառայութիւններ աւելի մանրամասն տեղեկութիւններ կը փոխանցէին դէպքին շուրջ՝ նշելով, որ բանակը այդ գործողութեամբ կը կանխէր ահաբեկիչներու կարգ մը վտանգաւոր ծրագիրները: Բանակի գործողութեան հետեւանքով կը սպաննուէր «Ալ Նուր» գաղթակայանին մէջ ապրող սուրիացի երախայ մը, իսկ հինգ ահաբեկիչ զինեալներ իրենց կրած ուժանակներով անձնասպանական գործողութիւններ կը կատարէին:

Բանակը կորուստներ չէր ունենար, ու ամենակարեւորը նման գործողութեամբ ահաբեկչութեան դէմ անդուլ պայքար մղող այդ կառոյցը կը յաջողէր կանխել աղէտալի գործողութիւններ: Արսէլի մասին առաջին անգամ չէ, որ կը գրուի: Լիբանանեան եւ շրջանային լրատուամիջոցներու փոխանցմամբ՝ Լիբանան-Սուրիա սահմանային հատուածին մերձակայ այդ լեռնային շրջանը ցայսօր ալ կը շարունակէ համարուիլ Սուրիոյ պատերազմին մասնակից երկու գլխաւոր ահաբեկչական խմբաւորումներուն՝ ԻՇԻՊ-ի, ինչպէս նաեւ «Ալ Նուսրա»ի գլխաւոր «կեդրոնատեղին»: Կեդրոնատեղի բառը չակերտի մէջ առնելուս պատճառը այն է, որ ահաբեկիչներ կեդրոններ չունին Արսէլի մէջ, այլ անոնք կը գտնուին աւանի լեռնային հատուած-ներուն վրայ, որոնք շրջանի աշխարհագրական դիրքին պատճառով կը հանդիսանան անվերահսկելի գօտիներ: Ու զինեալները օգտուելով շրջանի պայմաններէն եւ անվերահսկելիութենէն, «հանգիստ» ձեւով ելք ու մուտք ընելով առնուազն վերջին երեք տարիներուն յաջողած են այդ շրջանները վերածել ահաբեկչական գործունէութեան «հնոց»ներու:

Լիբանանեան բանակին համար այդ թաքստոցները հարուածելու խնդիրը նոր օրակարգ մը չէ: Ու գաղտնիք ալ չէ, որ այդ որոշումը մինչեւ այս պահը չի գտնուիր Լիբանանի քաղաքական ղեկավարութեան մօտ: Սակայն վերջին ամիսներուն հերթական դարձած սպառնալիքները եւ յատկապէս մայրաքաղաք Պէյրութը թիրախ դարձնելու մասին ահաբեկիչներուն կողմէ լսելի դարձած սպառնալիքները հարցը տարած են այլ հարթութիւն: Ու այս տուեալները հաշուի առնելէ ետք է, որ բանակը որոշեց եւ գործադրեց նախայարձակ գործողութիւններու շարան մը, որոնց վերջինը բայց ոչ վերջնագոյնը՝ Արսէլի Յունիսի 30-ի գործողութիւնն է:

ՊԷՅՐՈՒԹԻ ՕԴԱԿԱՅԱՆԻ ԴԷՄ ՀՆՉԵՑՈՒԱԾ ՍՊԱՌՆԱԼԻՔՆԵՐԸ

Հազարաւոր ուղեւորներու «բոյն» համարուող Պէյրութի «Ռաֆիք Հարիր»ի անուան միջազգային օդակայանը կը հանդիսանայ Միջին Արեւելքի օդային ճանապարհները իրար ագուցող կարեւոր կէտ մը: Լիբանանի ապահովական մարմիններու յատուկ ուշադրութեան կեդրոնին է այս օդակայանը, որ Սուրիոյ պատերազմի շղթայազերծումէն ի վեր դարձաւ նաեւ այս վերջինը արտաքին աշխարհին կապող հիմնական ճանապարհներէն մին: Հոնկէ է նաեւ, որ ցամաքային ճանապարհներով Սուրիոյ մեծագոյն քաղաքներէն՝ Դամասկոսէն եւ Հալէպէն Պէյրութ հասնող հազարաւոր սուրիացիներ կը ճամբորդէին դէպի մօտ ու հեռու ափեր: Ստեղ-ծըւած այս դրութեան մէջ լիբանանեան լրատուամիջոցները տարբեր առիթներով տեղեկութիւններ կը փոխանցէին այն մասին, թէ Պէյրութի օդակայանը կը հանդիսանայ ահաբեկչական խմբաւորումներու ամենէն «սիրելի» թիրախներէն մին: Այս սպառնալիքներուն մասին կարեւոր տեղեկութիւններ կը հրապարակէր լիբանանեան «Ալ Ժումհուրիյա» պարբերականը, որ Արսէլի հակաահաբեկչական գործողութենէն քիչ վերջ օդակայանի «հաւանական» թիրախ ըլլալուն մասին կարեւոր տուեալներ լոյսին կու տար: Ըստ թերթին, ահաբեկիչները մտադիր էին օդանաւերու իջման վայրին մէջ հրդեհ յառաջացնել, որու ծուխին ապաւինելով քաոսային վիճակ ստեղծել օդակայանին մէջ: Հրդեհներու ծուխը պատճառ պիտի հանդիսանար, որ օդանաւերը չկարողանան բնական վայրէջք կատարել: Նոյնը պիտի ըլլար Պէյրութէն թռչող օդանաւերուն համար: Ու այս բոլորը պիտի տեւէին երկու ժամ: Այդ երկու ժամուան ընթացքին էր նաեւ, որ օդակայանի սրահը թռիչքներու յետաձգման պատճառով հաւաքուած ուղեւորներուն թիւը պիտի բազմապատկուէր: Ապա ահաբեկիչ զինեալները իրենց բեմագրութիւնը գործադրելով մուտք պիտի գործէին սպասման սրահ ու իրենք զիրենք պայթեցնելով՝ ահաբեկչական մեծ գործողութիւն մը կատարէին:

Action ֆիլմերը յիշեցնող այս դիպաշարը կրնար իրականութեան վերածուիլ, եթէ երկրի ապահովական մարմինները աբալուրջ կերպով հետեւած ու ապա նախայարձակ քայլեր կատարած չըլլային: Այս առումով ու հակառակ անոր, որ Պէյրութը փրկուեցաւ ծանրագոյն ահաբեկչութենէ մը, սակայն ոչ ոք կրնայ կանխել, թէ վաղը ի՛նչ կրնայ կատարուիլ երկրի մը մէջ, որ ինչպէս երէկ, այսօր ալ կը շարունակէ հանդիսանալ միջինարեւելեան «մեծ խաղերու» կամ նոյնիսկ խաղացողներու միջեւ տեղի ունեցող «փոխանակութիւններ»ու կարեւորագոյն գետիններէն մին:

Այստեղ հարկ է նշել, որ բացի Պէյրութի օդակայանէն, ահաբեկիչներուն համար կարեւոր թիրախ կը համարուի «Հիզպուլլահ»ի հիմնական կեդրոնատեղի հանդիսացող Պէյրութի արեւմտեան արուարձանը՝ «Տահիէ» կամ «Տահիյէ ալ ճանուպիյէ» յայտնի անունով: Լրատուական դաշտին մէջ այդ շրջանին մասին շատ տեղեկութիւններ չկան, սակայն յստակ է, որ Սուրիոյ պատերազմին մասնակից եւ սիւննի աշխարհի արմատական ուժերուն համար «Հիզպուլլահ»ն ու անոր ենթակայութեան տակ եղող բոլոր կեդրոնները կը համարուին կարեւոր թիրախներ: Յիշեցնելու կարգով պէտք է նշել, որ նոյն այդ շրջանին մէջ տեղի ունեցած են տասնեակ ահաբեկչական գործողութիւններ, որոնց զոհ գացած են մեծ թիւով անմեղ ու անզէն (մեծաւ մասամբ՝ շիի) լիբանանցի քաղաքացիներ:

ՍՈՒՐԻԱՑԻ ՓԱԽՍՏԱԿԱՆՆԵՐՆ ՈՒ ԶԻՆԵԱԼ ԽՄԲԱՒՈՐՈՒՄՆԵՐԸ

Արսէլի լեռնային հատուածներուն մէջ «տեղակայուած» զինեալներու գլխաւոր խնդիրը «Հիզպուլլահ»ին ծանր հարուածներ տալն է: Այդ ատելութեան հիմնական շարժառիթը լիբանանեան շիի այդ կուսակցութեան Սուրիոյ պատերազմին մասնակցութեան եւ երկրի նախագահ Պեշար Էսատին ամբողջական զօրակցութիւն ցոյց տալու խնդիրն է:

Անշուշտ գոյութիւն ունի սուրիացի մեծաթիւ փախստականներու հարցը, որ տարբեր առիթներով կը շահարկուի Սուրիոյ ընդդիմադիր կարգ մը շրջանակներու կողմէ: Այս բոլորին մէջ կայ լիբանանեան բանակի ահաբեկչական խմբաւորումներու դէմ պայքարելու որոշումը, որուն հետեւանքով բանակը տարբեր առիթներով թիրախ կը դառնայ Արսէլ աւանի ահաբեկիչներուն:

Իրականութեան մէջ այս մէկը միայն քաղաքական խորք ունեցող խնդիր մը չէ, որովհետեւ այսօր Սուրիոյ մէջ պայքար մղող եւ ինքնորոշման շրջաններ ունեցող ընդդիմադիր շրջանակները «միագլխանի» չեն: Այսինքն անոնք ունին բազում հովանաւորներ։ Այս միջավայրին մէջ է նաեւ, որ Լիբանանի կառավարական շրջանակներուն համար այդ ընդդիմադիրներուն կամ նոյնիսկ գաղթականներուն հետ լեզու գտնելու հարցը կը դառնայ անկարելիութիւն:

Լիբանան ապրող շուրջ երկու միլիոն փախստականները վերահսկելը նոյնպէս դարձած է անկարելի, որովհետեւ անոնց կարեւոր մէկ մասը տարբեր՝ արենակցական, ազգականական եւ նոյնիսկ տեղայնական հանգամանքներով այս կամ այն ձեւով կապ մ՚ունին ԻՇԻՊ-ի կամ նոյնիսկ «Ալ Նուսրա» ճակատին հետ:

Ու այս տեսարանին վրայ լիբանանեան բանակը կը շարունակէ հանդիսանալ ահաբեկիչներու հիմնական թիրախը։ Պարզ այն պատճառով, որ «Հիզպուլլահ» կը շարունակէ պատերազմիլ Սուրիոյ մէջ։ Այս հանգամանքի կողքին ան կը շարունակէ խիստ ապահովական միջոցներու դիմելով՝ ապահով պահել իր «ուրոյն» շրջանները:

Թէ որքանով կրնայ երկարաձգուիլ այս իրավիճակը… դեռ պարզ չէ։ Սակայն կը յստակենայ, որ Լիբանանի կառավարութիւնը սկսած է լրջօրէն մտածել Արսէլի գաղթականները ետ, իրենց երկիրը ուղարկելու հնարաւորութիւններուն մասին: Այս ուղղութիւնը կրնայ ըլլալ դէպի ընդդիմադիր շրջաններ, կամ իշխանութեան տակ եղող գօտիներ, ցարդ պարզ չէ։ Սակայն յստակ է, որ Լիբանանի համար «լարուած ուժանակ»ի ազդեցութիւն ունեցող այդ գերագոյն հարցը՝ սուրիացի փախստականներու հարցը սկսած է բաւական լուրջ ահազանգ դառնալ երկրի մը համար, ուր կան ներհամայնքային բախումներու տասնեակ վտանգներ:

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Երեւան

Շաբաթ, Յուլիս 8, 2017