ԻՇԽԱՆՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ ՊԻՏԻ ՕԳՆԵ՞Ն, ՈՐ ՍՓԻՒՌՔԱՀԱՅԵՐԸ «ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՄԷՋ ՄԻՆԱԿ ԶԳԱՑԻ» ՉԸՍԵՆ
Մեծագոյն հարցը, որ կը լսեմ Հայաստան տեղափոխուող կարգ մը սփիւռքահայերէն «մինակ մնալու» խնդիրն է։ Շատ յստակ եւ ընդգծուած ձեւով յայտնի է, որ սփիւռքահայու հոգեբանութեան մէջ Հայաստանը անաղարտ եւ մաքուր հողաշերտ մըն է, որուն վրայ ո՛չ մէկ անախորժութիւն, ո՛չ մէկ յանցանք եւ ոչ մէկ սխալ կայ։
Ու երկար տարիներէ ի վեր կարծրատիպ դարձած այս մօտեցումը մեծապէս կը վնասէ, որ Հայաստան հասնող ոեւէ սփիւռքահայ (յատկապէս, եթէ անոր ընկերակցող կինը հայաստանցի չէ) ինքզինք քիչիկ մը օտար զգայ։
Օտար զգալը որոշ ժամանակի մը համար բնական երեւոյթ է, սակայն երբ այդ մօտեցումը ապրելաոճի վերածուի, ապա այն կը տանի դէպի բարդ վիճակներ, որոնց հետեւանքով ալ նոյն անձը կը փափաքի ընդմիշտ հեռանալ իր հայրենիքէն։ Ի դէպ, այս օտարացման, «մինակ զգալու» խնդիրը առհասարակ երեւան կու գայ նաեւ անոնց մօտ, որոնք Հայաստան ծնած ըլլալով հանդերձ, երկար տարիներ ապրած են հայրինքէն դուրս ու յարմար առիթի մը, իրենց ետին թողած են ամէն բան ու վերադարձած։
Մինչ երկրորդ խումբի պարագային խնդիրը աւելի հեշտ կերպով լուծելի է, իսկ առաջին խումբը կ՚ակնկալէ, որ Հայաստանի մէջ արժանի ըլլայ որոշ ուշադրութեան։
Եթէ ան ծանօթներ չունի, շատ պիտի ուզէ, որ իր բնակած թաղին, շրջանին կամ նոյնիսկ շէնքին մէջ ապրող իր հարեւանները իրմով հետաքրքրուին, իրեն հարց տան՝ «ընտեալցել է՞ք, յարմարուել է՞ք» եւ նոյնիսկ սուրճի մը հրաւիրեն ու փորձեն լսել հայաստանցիներու համար ոչ այնքան հետաքրքրական սփիւռքահայուն պատահարները...
Սակայն խնդիրն այն է, որ Հայաստանի քաղաքացիներն ու բնկաիչներն ալ ժամանակ եւ հետաքրքրութիւն չունենալու պատճառով յաճախ «անզգալաբար» երես կը թեքեն մեր հայրենակիցէն, որ իր կարգին դարձեալ կ՚իյնայ «ես Հայաստանի մէջ մինակ զգացի» անունը կրող յայտնի թակարդին մէջ։
Հոս է նաեւ, որ վերջին շրջանին երեւելի դարձած տեղաշարժերուն առընթեր օրըստօրէ աւելի մեծ անհրաժեշտութիւն կը դառնայ սփիւռքի զանազան գաղութներէն Հայաստան եկող ու հաստատուիլ փորձող հայրենակիցներու հարցերով զբաղող շատ արհեստավարժ մարմնի մը ստեղծումը։
Մարմին, որ մեծ հաշուով ոչ միայն պիտի զբաղի մեր հայրենակիցներու ընթացիկ, հոգեբանական, ընկերային եւ նոյնիսկ տնտեսական բնոյթի հարցերուն պատասխան տալով, այլեւ պիտի ստեղծէ այնպիսի դրութիւն մը, որու օգնութեամբ Հայաստան հասնող ոեւէ հայ, տարի մը, կամ երկու տարի հայրենիքի մէջ ապրելէ ետք իր հարազատներուն հետ խօսած ատեն պիտի ըսէ՝ «Հայաստան եկէք եւ մի՛ մտածէք, հոս կայ այս ինչ մարմինը, որ ձեր բոլոր հարցերուն պիտի պատասխանէ, կամ առնուազն փորձէ օգնութեան ձեռք մեկնել…»։
Ահա այսպէս պիտի կերտուի նոր Հայաստանը, որ հակառակ ամէն տեսակի քաղաքական ելեւէջներու՝ պիտի շարունակէ իր բնականոն ընթացքը եւ պիտի ստեղծէ բոլոր հայերուն համար ապրելու, ստեղծագործելու եւ արարելու հաւասար պայմաններ։
Ի դէպ, ընտելանալու մասին այսօրուան մտքերս աւելի շեշտակի եւ առանցքային դարձնող պատճառներէն մէկն ալ խօսակիցիս՝ Մուրատ Թորոսեանի արտայայտած ու պատմած իրականութիւններն են։ Ան մանրամասն ձեւով մեր աչքերուն առջեւ կը պարզէ Հայաստանի հետ իր առաջին հանդիպման պահերը, օտարանքի զգացումը ու ապա անկէ ետք նոր վիճակին յարմարուելու եւ ընտելանալու ուսանելի դրութիւնը։
Կարդացէ՛ք, եւ դուք ալ պիտի դատէք։
-Ի՞նչ պայմաններու տակ ստիպուեցաք հեռանալ ծննդավայր Հալէպէն:
-Նախքան պատերազմը, որպէս ուսանող, հաստատուած էի Հայաստան եւ տարին միայն մէկ անգամ Սուրիա կ՚երթայի, ծնողքս տեսնելու: Վերջին անգամ 2011 թուականին Սուրիա այցելեցի, որմէ ետք պատերազմը սկսաւ եւ զինուորութեան ծառայութեան խնդիր չունենալու համար, այլեւս Սուրիա չգա-ցի։ Այդպէսով ծնողքս ալ երկար ժամանակ չտեսայ, մինչեւ որ իրենք քանի մը տարի ետք, պարբերաբար, նախ՝ փոքր եղբայրս, ետքը՝ մայրս եւ վերջին անգամ հայրս, մեծ դժուարութիւններէ անցնելով, հասան Հայաստան:
-Վեց տարիէ ի վեր Հայաստան հաստատուած էք, կրցա՞ք ընտելանալ տեղւոյն կեանքին, սովորութիւններուն, մշակոյթին, հասարակութեան, ի՞նչ կրնաք ըսել այդ մասին:
-Առաջին շրջանը անշուշտ դժուար եղաւ. լեզուի հետ կապուած, կենցաղի հետ կապուած հարցեր կային, բայց ես համեմատաբար շուտ կրցայ յաղաթահարել զանոնք։ Դժուարութիւններ շատ ունեցայ, նախ՝ որովհետեւ առանձին էի, եւ տակաւին անչափահաս էի, նոր համալսարան ընդունուած եւ այլն: Մինչեւ ծնողքիս Հայաստան գալը ես թէ՛ կ՚ուսանէի եւ թէ կ՚աշխատէի, որպէսզի կարենայի իմ ծախսերը հոգալ։ Իսկ ծնողքիս գալէն ետք, նոյնպէս, սկիզբի շրջանը քիչ մը բարդ էր, որովհետեւ դժուարութիւններով հասան, առանց գումարի եւ այլն, եւ ես դարձեալ ուսումս եւ աշխատանքս կը համատեղէի, ստիպուած էի միաժամանակ աշխատիլ, որպէսզի ապրէինք, գումար ունենայինք, ապա ծնողքս ալ յարմարուեցան, մեր կեանքը կամաց-կամաց դասաւորուեցաւ:
-Ինպէ՞ս էր հայաստանցիներու վերաբերմունքը ձեզի հանդէպ, արդեօք որեւէ ձեւով խտրականութեան արժանացա՞ք:
-Ոչ, խտրութեան չարժանացայ, ոչ մէկ անգամ նման խնդրի հանդիպած եմ, փառք Աստուծոյ: Որպէս սուրիահայ ոչ մէկ հարց ունեցած եմ, սակայն լսած եմ, որ Սուրիայէն եկած որոշ մարդոց հետ նման խնդիրներ եղած են։ Իմ լսածով շատ քիչ է անոնց տոկոսը, հազիւ մի քանի դէպք պատահած է, հետեւաբար կարելի չէ ըսել, որ նման խնդիր կայ: Սուրիահայերը շատ բնական ձեւով ընդունած են հայաստանցիները:
-Ի՞նչ է ձեր կարծիքը, հալէպահայութիւնը ապագայ ունի՞ Հայաստանի մէջ:
-Ոչ միայն հալէպահայերը, այլեւ ընդհանուր սուրիահայերը հաստատօրէն կրնան ապագայ ունենալ Հայաստանի մէջ. որովհետեւ մերոնք աշխատասէր, իրենց քրտինքով աշխատող ժողովուրդ են, բայց հոս կայ այլ հարց մը, որ կապուած է ոչ թէ սուրիահայուն, այլ երկրին հետ: Հայաստանի մէջ շատ դժուար է որոշ տեղ մը հասնիլ. եթէ հօրենական, Սուրիայէն իրենց հետ բերած միջոցներ ունին, կրնան տեղ մը հասնիլ, գործ հիմնել, բայց զերոյէն սկսելու համար շատ դժուար է։ Հայաստանի մէջ ապրուստ ապահովելը նոյնիսկ դժուար է, թէեւ մարդիկ կ՚աշխատին, սակայն հազիւ իրենց ծախսերը կը հոգան: Այս է միակ հարցը, թէ ոչ, ես օրինակի համար, ունիմ շատ մը ծրագիրներու գաղափարներ, որոնք կ՚ուզէի իրականացնել, բայց գումար չունենալու պատճառով, չեմ կրնար որեւէ ծրագրի ձեռնարկել։
-Ձեզի համար Սուրիան ի՞նչ իմաստ կը ներկայացնէ, ի՞նչ խորհուրդ ունի այդ երկիրը։
-Ես, կրնամ ըսել, համարեայ կեանքիս կէսը ապրած եմ Սուրիոյ մէջ, իսկ միւս կէսը՝ Հայաստանի: Սուրիոյ մէջ շատ դրական բաներ կային, մինչեւ պատերազմի սկսիլը, ըլլայ ապրուստի մատչելիութեան, ըլլայ գործի կապակցութեամբ, դրամը արժէք ունէր հոն, չարչարանքովդ կրնայիր բանի մը հասնիլ, իսկ Հայաստանի մէջ շատ դժուար է ապրիլը, արդիւնքի մը հասնիլը, բայց անշուշտ անհնարին ալ չէ, կարեւորը երկրի խաղաղութիւնն է:
-Հալէպը, որպէս ծննդավայր, պա՞րզ քաղաք մըն է ձեզի համար, կամ աւելի՞ն է. ի՞նչ կրնաք պատմել Հալէպի մասին:
-Անշուշտ, ինծի համար պարզ քաղաք մը չէ Հալէպը, ուր ընկերներ ունէի, ակումբ կ՚երթայի, հայկական միջավայրի մէջ մեր ժամանակը կ՚անցընէինք, հայկական մշակոյթն ու անոր պահպանումը մեծ նշանակութիւն ունէին մեր կեանքին մէջ, այդ էր որ հայերը իրարու քով կը բերէր եւ շատ լաւ էր այդ ամէն ինչը:
-Կապի մէ՞ջ ես հալէպահայութեան հետ, եթէ այո, ի՞նչ տրամադրութեան մէջ են, ի՞նչ կը պատնեմ, ի՞նչ է իրենց վիճակը այսօր:
-Հալէպի հետ կապ ունիմ, այո՛, հօրաքրոջս ընտանիքը մինչեւ հիմա Հալէպ են, որովհետեւ հօրաքրոջս տղան ութ տարիէ ի վեր զինուորութիւն կ՚ընէ: Այնպէս որ, ինչ որ կը լսեմ իրենցմէ, կեանքը նախկինին նման չէ, բազմապիսի դժուարութիւններ կան, հայութեան թիւը նուազած է եւ իրենց բոլոր շփումները, ըլլայ գործի առումով կամ այլ, արաբներու հետ են։ Հայութեան թիւը նօսրացած է, այդ է հիմնական հարցը:
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Երեւան