ՍՈՒՐԲ ԳՐԻԳՈՐ ԼՈՒՍԱՒՈՐԻՉԻ ՆՇԽԱՐՆԵՐՈՒ ԳԻՒՏԸ
Հայաստանեայց Առաքելական Սուրբ Եկեղեցին տարուան ընթացքին երեք անգամ կը տօնախմբէ ու կը նշէ Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչի յիշատակը: Այսպէս, մեր եկեղեցին ունի իր Վիրապ մուտքի, Վիրապէն ելքին եւ Նշխարներու գիւտին նուիրուած երեք տօներ:
Համայն քրիստոնէական եկեղեցւոյ պատմութեան մէջ ունինք բազմաթիւ տօներ, որոնք կը ծառայեն՝ յիշեցնելու մեզմէ իւրաքանչիւրին, որ ժամանակին ապրած է սուրբ մը, ճգնաւոր մը, նահատակ մը կամ վկայ մը, որ իր ամբողջ կեանքը նուիրած ու ընծայաբերած է Քրիստոսի Աւետարանի քարոզչութեան: Այո՛, մեր եկեղեցին հաստատած է զանազան տօներ՝ յիշելու համար քրիստոնէական եկեղեցւոյ ամրապնդման համար նահատակուած ու գործած բոլոր սուրբերը, որպէսզի անոնց յիշատակը միշտ ու միշտ վառ մնայ մեր հաւատացեալ ժողովուրդի զաւակներուն յիշողութեան մէջ:
Շնորհիւ Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչի ջանքերուն՝ կամաց-կամաց Հայաստանի մէջ կազմակերպուեցան կրօնական աշխատանքները, հայրապետանոցը, եկեղեցին, քրիստոնէական ուսուցումն ու կրօնական կեանքը: 325 թուականին Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ, յոգնած ու ծանրաբեռնուած, քաշուեցաւ Սեպուհ լերան Մանեայ այրը, ուր իր մահկանացուն կնքեց: Ամբողջ ժողովուրդի մը պատմութիւնը յեղաշրջող անձ մը կը մահանայ թաքուն պայմաններու մէջ:
Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ հայրապետը իր կեանքի վերջին տարիները անցուցած է առանձնութեան մէջ, սակայն՝ առանց լքելու իր առաքելական սուրբ ու նուիրական պաշտօնը: Ծերունի հայրապետը երբեք ու երբեք չհեռացաւ իր ճգնարանէն՝ Մանեայ այրէն, որ կը գտնուէր Սեպուհ լերան վրայ, Երիզայի մօտ. իր չարչարանաց վայրը: Այս խաղաղ ու լուռ քարայրին մէջ, որուն շուրջ կը դեգերէին պարզամիտ ու համեստ հովիւներ իրենց հօտերով, Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչը աւանդեց իր հոգին: Անշուշտ ո՛չ ոք գիտցաւ իր մահը՝ բացի հովիւներէն, որոնք պատահմամբ մտնելով իր քարայրը՝ յանկարծ զայն գտան իր յաւիտենական հանգիստին մէջ: Անմիջապէս ծածկեցին անշնչացած մարմինը քարակոյտի մը տակ ու հեռացան: Երկա՜ր ու երկա՜ր լռութենէ մը ետք հետաքրքրութիւն մը արթնցաւ մասնաւորապէս իր աշակերտներուն մէջ, որոնք միայն տեղեակ էին Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչի առանձնանալուն: Իր աշակերտներէն Բասենցի Գառնիկ երկար հարցուփորձեց հովիւները եւ ի վերջոյ տեղեկացաւ անոնցմէ տխուր իրողութիւնը: Ուստի, ան սուրբին նշխարներն ու աճիւնները կը գտնէ Մանեայ այրին մէջ եւ զանոնք կը փոխադրէ Թորդան գիւղ՝ շատ յուզիչ անշուքութեամբ ու լռութեամբ, Յովհան Մանդակունի հայրապետին ձեռամբ: Ահաւասիկ ամփոփ դրուագը՝ Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչի նշխարներու գիւտին:
Սակայն եթէ լաւապէս թերթատենք կամ ուսումնասիրենք մեր պատմագիրներն ու մատենագիրները, այդտեղ եւս որոշ մտածումներու կը հանդիպինք. այսպէս, օրինակ, Մովսէս Խորենացի կը յիշատակէ, որ Լուսաւորիչ «յետ լուսաւորելոյ զամենայն հայս լուսով աստուածգիտութեան, եւ ջնջելոյ զխաւար կռապաշտութեանն եւ լնելոյ զամենայն կողմանս եպիսկոպոսօք եւ վարդապետօք, սիրեցեալ զլերինս եւ զամայութիւն եւ զհանդարտութեամբ մտաց ինքեան կեալ, որպէսզի խօսեսցի ընդ Աստուծոյ անզբաղապէս»: Ագաթանգեղոս եւ Բիւզանդ լուռ կը մնան այս հարցին մասին: Ասոնցմէ դուրս՝ ունինք յետագայ դարերէն եկող աւանդութիւններ, որոնք կ՚ուզեն ցոյց տալ, որ Լուսաւորիչին լեռ քաշուիլը եւ ծածուկ կերպով մահը աստուածային կամքն էր, որով Աստուած ընտրեց լուսաւորելու հայ ժողովուրդը եւ ապա իր ուզած ձեւով ալ ետ առաւ զայն: Ո՞ր թուականին պատահեցաւ այս վերջին դէպքը՝ չենք գիտեր: Սակայն Օրմանեան սրբազանին համաձայն, «Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչի մահը եւ թաղումը մարդկային ընկերութեան անսովոր պայմաններու մէջ տեղի ունեցած են եւ այս մասին մեզի հասած բոլոր տեղեկութիւնները, իրենց հակասութիւններով, աւանդական արժէք մը կը ներկայացնեն միայն, անշուշտ թանկագին՝ եւ սիրելի արժէք մը»: Իսկ նշխարներու մասին մեզի հասած տեղեկութիւնները կը հասնին մինչեւ 876 թուական՝ ըստ երկու ձեռագիրներու, առաջին՝ 696 թուական, իսկ երկրորդ՝ 750 թուական:
Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչի նշխարները անշուշտ չմնացին Թորդան, այլ վայելեցին ջերմ յարգանք ու երկիւղածութիւն, որով արդէն սովորութիւն դարձած էր այդ ժամանակ, սուրբին նշխարները վերցնել եւ իբրեւ սրբութիւն պահել սպասի մը մէջ եւ անով օրհնել ժողովուրդը: Սակայն ի՞նչ ձեւով բաժնուեցան սուրբին նշխարները կամ՝ ե՞րբ, որո՞ւ կողմէ, յայտնի չէ:
***
Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչի նշխարները քրիստոնէական եկեղեցիներու մեծագոյն սրբութիւններէն են: Հայոց հայրապետին նշխարները գտնուելէն ետք, անոնցմէ մէկ մասը, իբրեւ սրբազան մասունք, տարուած են՝ Սիս, Վաղարշապատ, Բիւզանդիա եւ Իտալիա:
Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչի նշխարներու գիւտի տօնը կը նշուի Հոգեգալուստին երրորդ շաբաթ օրը, ու նաեւ Հայաստանեայց Առաքելական Սուրբ Եկեղեցին, տօնին առիթով սահմանած է շաբաթապահք:
Ուրեմն, սիրելի՛ ընթերցող, Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ կը ներկայանայ իբր լուսաւորիչ հայր, իբրեւ երկրորդ Մովսէս մարգարէն եւ իբրեւ հայր՝ այն բոլոր սուրբերուն, որոնք նահատակուեցան եւ իրենց կրօնին համար արիւն թափեցին:
Հայ Եկեղեցին ու հայ ժողովուրդը շատ բան կը պարտին Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչին: Այսպէս, եթէ մենք կ՚ուրախանանք ու կը պարծենանք, որ ընդունած ենք ճշմարտութեան վարդապետութիւնը ու հեռացած չենք մեր Եկեղեցւոյ սկզբունքներէն ու աւանդութիւններէն եւ կը հպարտանանք, որ մեր եկեղեցին ուղղափառ է, մոլորութիւններէն ի սպառ հեռու մնացած է եւ առաքելական դարու կերպարանքն ու գոյնը պահած է, չմոռնանք երբեք, որ այդ բոլորը ազգովին կը պարտինք Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչին: Ահա թէ ինչո՛ւ մեծապէս իմաստալից կը նկատենք Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչին նշխարներու գիւտին տօնը:
Եւ վերջապէս, Ո՛Վ ԵՐԱՆԵԼԻ ՍՈՒՐԲ Վկայ,
Եւ վերջապէս, Ո՛Վ ԵՐԱՆԵԼԻ ՍՈՒՐԲ Վկայ.-
Դո՛ւն, որ աստուածային օրէնքներով սնանեցար ու զանոնք սերտեցիր գիշեր ու ցերեկ, տուր, որ մենք եւս հասկնանք մեր Տիրոջ՝ Յիսուս Քրիստոսին արդարութիւնը:
Դո՛ւն որ աշխարհիկ բոլոր տեսակի փորձութիւնները աղօթքով ու սաղմոսերգութեամբ յաղթահարեցիր, տուր որ մենք ալ կարենանք Քրիստոսի Խաչով ու Ս. Աւետարանով համբերենք ու հասնինք կենաց պսակին:
Դո՛ւն որ լոյսի մանուկ դարձար խաւարին մէջ, տուր որ մենք եւս արժանի ըլլանք «Լոյսի Որդիներ» դառնալու այս աշխարհին:
Դո՛ւն որ մարմնաւոր կեանքը անտեսեցիր Քրիստոսի փառքին արժանանալու համար, տուր որ մենք ալ քեզմէ սորվինք, որովհետեւ չկայ աւելի թանկագին բան՝ քան արժանանալը Փրկիչին յաւիտենական սիրոյն:
Դո՛ւն որ աշխարհիկ դատաւորին դիմաց քու ինքնութիւնդ, հակառակ բազում տանջանքներու, չծածկեցիր, տուր որ մենք եւս մարդոց առջեւ քաջաբար Յիսուսը Տէր եւ Աստուած դաւանինք:
Ուրեմն միասնաբար աղօթենք ու հայցենք մեր սուրբին բարեխօսութիւնը՝ մեր ազգին ու եկեղեցւոյ համար, մեր նմանին, ընկերոջ ու հարազատներու համար: Այս առիթով մեր սրտագին փափաքն ու մաղթանքն է, որ իւրաքանչիւր հայ մարդ ինքզինք հպարտ զգայ՝ ըլլալով զաւակ Լուսաւորիչի նման իմաստուն ու խոհեմ: Եւ նաեւ իւրաքանչիւր հայ քրիստոնեայ պէտք է պահակն ու պահապանը դառնայ անոնց սրբութեանց եւ անոնցմով պայծառանայ մեր Հայաստանեայց Առաքելական Սուրբ Եկեղեցին:
ԶԱՒԷՆ ԱԲՂ. ՆԱՃԱՐԵԱՆ