ՊԱՄ, ԵՐԵՒԱՆ, ՊԱՄ (29)

Սարեան-Լէօ խաչմերուկի վրայ բարձրացող շէնքի վերջնայարկի դուռը բացաւ, ելաւ դուրս։ Բանալին սողացուց կղպանքէն ներս, դարձուց երկու անգամ։ Առաւ երկու քայլ դէպի վերելակ, սեմղեց կոճակը եւ քանի մը քայլ դէպի միւս կողմ երթալով ձեռքի կապոցը նետեց աղբատար խողովակին մէջ։ Այսօր իր կարգն էր. այդպէս որոշած էին իրեն պէս վանաձորցի ուսանողուհիին հետ, որ իր հետ այդ վարձով տունը կը բաժնէր։

Վերելակը հասաւ։ Մտաւ ներս, սեղմեց զերօ ու տասն յարկանի էջքը սկսաւ։ Մինչ կ՚ իջնէր վերելակը, պատն ու յարկերու դռները կը բարձրանային։ Եւ ահա, չորրորդ յարկի պատէն սկսեալ, արագ գրուած, գրեթէ խծբծուած, երկուքական տառեր սկսան յաջորդել իրարու

«Ար»
պատ
«ամ»
պատ
«Նո»
պատ
«րա»
պատ

Հասաւ գետնայարկ։

Չորս յարկը բաւարար էր, որ թրջուէին աչքերը Նորային։ Արամը գրեր էր անիկա. միակ անգամը, դեռ աշնան սկզբին, երբ բարձրացեր էր իր մօտ, քանի այնտեղ չէր իր ուսանող ընկերուհին։ Կեանքի ամենատաք օրն էր այդ Նորային։ Ձմեռը չէր ուշացեր սակայն. եկեր ու իր սառնութեամբ կրկնակի այրեր էր վառող սիրտը իր։ Դեկտեմբերի սկզբին, փոխուեր էր Արամը մէկ անգամէն։ Սկսեր էր խօսիլ հօրեղբօր մը մասին ու Ռուսաստանի։ Ինք սկիզբը ոչինչ հասկցած էր, միամտաբար շարունակեր էր կախ-ւած մնալ աչքերէն Արամին։ Յետոյ վերջինս ըսեր էր աւելի յստակ, աւելի պարզ, որ երթալ կը մտածէր։

-«մինչե՞ւ»

Եւ իսկապէս չէր հաւատացած Նորան, որ Արամը կրնար, կարծես զարկով մը դոյլի, ջրել աւերել խոստումներն իր նախկին, ձգել զինք մինակ, հեռանալ։ Ու հեռանալ առանց իրեն, առանց իսկ մտածելու իր մասին։ Յետոյ շուարման, սպասման ու լարումի ամիս մը եւս էր անցեր, ու եկեր էր օրը վերջին։

Սեւան։ Ձիւնածածկ լճափ։ Արեւմար։ Վախուորած, մոլորած, կմկմացող Արամ լճափին։ Վերջանար պիտի. զգացեր էր Նորան այն պահուն, երբ աչքերը կտրելով հորիզոնէն՝ Արամը նայեր էր իրեն։ Եւ իրաւ ալ, ալիքներն եկեր, տարեր էին ամէն ինչ մի քանի նախադասութեան հարուածով։ Խլեր էին իրմէ ամենաջերմ տարին իր կեանքին, երազներն ու յոյսերը վերածեր խաբկանքի, խորտակուած նաւու բեկորի մը նման նետեր էին զինք ափին։

«Գնանք Երեւան, քեզ կը տանեմ տուն», եզրափակեր էր խռպոտ ձայնը անոր։

«Ինքդ գնա՛, ես եկողը չեմ», ձեւով մը յաջողեր էր ճչալ Նորան, ու ինկեր էր ծունկերուն վրայ, պայթեր էր ինքնիր ափերուն մէջ։

Ցնցում. վերելակը կանգ առաւ։ Աչքերը սրբեց Նորան, հրեց դուռը, ելաւ դուրս։ Փորձեց ծիծաղիլ ինքն իր վրայ. պէտք չէ յուզուեր, չէր արժեր, արդէն ամէն ինչ անցեր էր։ Հաշտուեր էր եղածին հետ, չէ՞։ Անցեալը անցեալ էր, չէ՞։ Այսօրն էր կարեւորը, հիման։ Իսկ հիմա՞. հիմա ու՞ր կ՚երթար։ Պահ մը մոռցեր էր։ Ի՞նչ ունէր ընելու։ Յիշեց ահա։ Քիչ մը տարօրինակ այդ պարսիկ տղուն հետ դասի առաջին հանդիպումն ունէին։ Ժպիտ մը գծուեցաւ բերնին։

Ոտքերը հասցուցեր էին զինք արդէն բակ, յետմիջօրէի արեւն առեր տուեր էին ճակատին։ Խորունկ շունչ մը առաւ, արտաշնչեց, թօթափել փորձեց լիցքը ներքին։ Կեանքը լաւ էր, կամ լաւ պիտի ըլլար։ Արեւ էր հիմա, ու վերջապէս, երկու ամսուայ ձմեռէն վերջ մեկուսի, գարնան բոյրը կար։ Շատոնց ի վեր առաջին անգամ ըլլալով՝ համալսարանէն դուրս բան մը ունէր ընելիք, մէկն ունէր տեսնելիք։ Քիչ մը տարօրինակ, բայց հետաքրքրական էր ան։ Ուրիշ էր, դուրսէն էր, տարբեր էր, նոր էր վերջապէս Զանան։ Անունն ալ ինչպէ՞ս կը յիշէր. զարմացաւ ինքն իր վրայ։

Նորութիւն էր Նորային պէտք հիմա։

ԵՐԱՄ

•շարունակելի

Չորեքշաբթի, Յուլիս 8, 2020