«ԿԱՄ ՎԱՀԱՆՈՎԴ ԿԱՄ ՎԱՀԱՆԻԴ»

Ա­մէն տա­րիք իր վարդն ու­նի, ը­սենք. թէեւ եր­բեմն ա­նոր փու­շե­րը ա՛յն­քան հա­տու կրնան ըլ­լալ... փշա­տե­նի կո­չուե­լու չափ: Բայց ա­ռանց փուշ­ի ալ վարդ չ՚ըլ­լար. իսկ մեծհօր հա­մար ա­մե­նա­հաճ­ել­ին թոռն­երն են. փշա­տեն­ին­եր­ը վան­ել­ու, քիչ մը յոյս­ի հաշւ­ոյն, որ­ոնց մէջ կը տեսն­է նա­եւ իր ան­ցած մանկ­ութ­իւն­ը՝ ինքզ­ի՛նք, ի հար­կէ:

Ուստ­ի, եր­կա­մեայ թ­­ոռն­ուհ­իիս հետ պարտ­էզ գաց­ինք: Կը սիր­եմ զ­­ինք քիչ մը ա­­ռանձ­ին թող­ուլ այլ փ­­ոքր­ե­րու հետ, ի հարկէ միշտ հե­տա­մուտ, մա­նա­ւանդ երբ պարտ­էզն ալ հան­րայ­ին է եւ հոս՝ Լի­բա­նան...։ Մ­ի քան­ի պզտիկն­եր խմբու­ե­ցան, քիչ մը շարժ­ում... եւ յան­կարծ պզտ­­իկն­եր­էն մին թոռն­ուհ­իիս հար­ուած մ­­ը տուաւ ձեռ­քով. այս վ­­երջ­ին­ը մնաց սա­ռած, ինչպ­էս նա­եւ՝ ես. ըս­ի.- անբ­նա­կան բան մ­­ը կայ այս­տեղ, ինչ­ո՞ւ թոռն­ու­հիս չի փո­խա­դար­ձեր. բայց պահ մ­­ը ետք կա­տա­րու­ե­ցաւ սպա­սածս ու հանգս­տա­ցայ (վեր­ջա­պէս... Մու­սա լե­րան շա­ռաւիղն է...):

Բնութ­եան դրուածքն է այս. ա­մէն կեն­դա­նի ուն­ի յար­ձա­կո­ղա­կան եւ պաշտ­պա­նո­ղա­կան դրութ­իւն ի շահ գո­յա­տեւ­ում­ի: Կռուէ՛ կամ փախ­չէ...։

­Ո՞ր հայ­ը չէ լսած Մեծն Տիգ­րա­նի մաս­ին... մի՞թ­է մեր աշ­խար­հա­կալ­ը ծաղ­կեփունջ­եր­ով ըն­դար­ձակ­եց իր գրա­ւած տա­րած­ութ­իւնն­եր­ը (երկ­իրն­եր­ը): Յա­ճախ կ­­ը սիր­ենք չքմե­ղա­նալ... ու մենք մեզ ներ­կա­յացն­ել իբ­րեւ խա­ղա­ղա­րար, ո՛չ ռազ­մա­տենչ ու գե­րա­դաս, թէեւ կը կար­դանք՝ «Մենք մեզ ոչ ոք­ից չենք գե­րա­դա­սում» (Պ. Սե­ւակ), մինչ­դեռ այդ խօսքն ան­գամ ինքն­ին գե­րա­դա­սութ­եան փաստ մ­­ըն է...։

­Ի հարկէ տեղ­ի սղութ­եան պատ­ճա­ռաւ պ­­իտ­ի տամ մի քան­ի տող­եր (հե­տաքրքու­ողն­եր­ը կրնան դիմ­ել Մ. Ա­բեղ­եան, Ա. Հատ­որ, Ե­րե­ւան, 1966, էջ 194-195):

«Իսկ թա­գա­ւորն Տրդատ Զա­մե­նայն ժա­մա­նակս իւր­ոյ թա­գա­ւոր­ութ­եան
Ա­ւեր­էր, քան­դէր զ­­երկ­իրն պարս­ից թա­գա­ւոր­ութ­եանն
Եւ զաշ­խարհն Ա­սոր­ես­տա­նի,
Ա­ւեր­էր եւ հար­կա­նէր ի հար­ուածն անհ­նար­ինս:
Եւ այլն...։
Տ­ե­սա՞ք որ­քան բա­րես­իրտ ենք... եւ ոչ ոք­ի թշնամ­ի...։
«Պար­զա­պէս մեր բախտն ուր­իշ է եղ­ել»... (Պ. Սե­ւակ):

Պար­զա­պէս...։

­Պար­զա­պէս չենք կրցած մեր «Բախ­տը» ԿԵՐՏԵԼ, կամ՝ ՏՆՕ­ՐԻ­ՆԵԼ: Տա­կա­ւին արուե­ստ ը­սե­լո­վ կը հասկ­նանք գե­ղա­րուե­ստը­. իսկ գրա­կա­նու­թե­ամբ զբա­ղո­ղը կը կո­չե­նք «մտա­ւո­րա­կան»՝ մոռ­նա­լով, որ ՄԱՐ­ՏԱ­ՐՈ­ՒԵՍՏ ալ գո­յու­թիւն ու­նի­... Չի­նաս­տա­նը վկայ: Վեր­ջա­պէս բա­նաս­տե­ղծ ժո­ղո­վուրդ...։

«Քեզ ա­րուե­ստո­վ պի­տի սի­րե­մ.
Գիտ­նա­յի՜ր»:

Այս ալ ա­մու­րի, եւ ի հարկէ ան­զա­ւակ մեր Վ. Թէ­քէե­անն է.­..:

Սա­կայն այս ա­մէ­նով չենք ու­րա­նար եւ ներ­քին ճա­կա­տի «հե­րոս­ու­թիւ­ննե­րը» եւ եր­բեմն-եր­բեմն պոռթ­կա­ցող ըմ­բոս­տու­թիւ­ննե­րը ար­տա­քին ճա­կա­տի... երբ... ինչ­պէս կ՚ըս­են «դա­նա­կը ոս­կոր­ին հա­սած է»­, բայց ճշմար­տու­թիւ­ն մըն ալ կայ ան­խա­փան.- «Խա­ղա­ղու­թեա­ն շր­ջա­նին պա­տեր­ազ­մի կը պատ­րաս­տուին­»:

Վեր­ջեր­գ.-

Կեան­քը ինք­նին պա­տեր­ազմ է, գո­յակ­ռիւ:

Յի­շէ սպար­թա­ցի մօր խօս­քը.­- «Վա­հա­նո՛­վդ կամ Վա­հա­նիդ»: (Այ­լա­սեր­ում, Ռ. Սե­ւակ):

ՍԱՐ­ԳԻՍ ՓՈ­ՇՕՂ­ԼԵԱՆ

«Զար­թօնք»

Երկուշաբթի, Օգոստոս 8, 2016