ԱՏՐՊԷՅՃԱՆԻ ԿՈՂՄԷ ՎԱՐՁԱՏՐՈՒՈՂ ԳՈՐԾԱԿԱԼՆԵՐԸ ԻՆՉՊԷ՞Ս ԿԸ ՉԱՐԱՇԱՀԵՆ ԱՄԵՐԻԿԵԱՆ ԼՐԱՏՈՒԱԿԱՆ ՄԻՋՈՑՆԵՐԸ
Վերջին քանի մը տարիներուն տասնեակ յօդուածներ յայտնուած են Միացեալ Նահանգներու, Իսրայէլի եւ Եւրոպայի թերթերուն մէջ՝ շռայլօրէն փառաբանելով Ատրպէյճանը եւ խստօրէն քննադատելով Հայաստանը: Այս յօդուածներուն մեծ մասը գրած են ոչ ատրպէյճանցիներ, որոնք առատօրէն կը վարձատրուին Ատրպէյճանի իշխանութիւններուն կողմէ:
Քէյսի Միշէլ անունով ամերիկացի մը քաջութիւնը ունեցած է բացայայտելու այս կեղծիքը՝ «Ատրպէյճանի կողմէ ամերիկեան լրատուական միջոցներու չարաշահումը» խորագիրը կրող ծաւալուն յօդուածի մը մէջ: Ան ընդարձակ հետազօտութիւն իրականացուցած է՝ ատրպէյճանամէտ հեղինակներէն մէկ քանին առընչելով Ատրպէյճանի լաւ ֆինանսաւորուող լոպիիստական գործունէութեան:
Փորձելով «մաքրուիլ բռնապետի կերպարէն՝ Իլհամ Ալիեւի բռնակալական կառավարութիւնը ասպարէզ հանած է իրականութիւնը չարափոխող մասնագէտներ, խաբուած լրագրողներ, աւելի քան որեւէ այլ կառավարութիւն, փորձելով խախտել ամերիկեան լոպիիստական օրէնքները», գրած է Միշէլ:
Նշեալ՝ պատուէրով գրողներէն քանի մը հոգին կը փառաբանէ Ատրպէյճանը եւ կը մոլորեցնէ հանրութիւնը՝ հանդէս գալով իբրեւ երրորդ անաչառ կողմ, որ առարկայականօրէն կը գնահատէ Ատրպէյճանին մէջ տիրող իրավիճակը: Մինչդեռ, իրականութեան մէջ այս գրողները կը գտնուին ատրպէյճանական վարչակարգին կամ անոր պետական քարիւղի ընկերութեան՝ ՍՈՔԱՐ-ի վճարման ցուցակին մէջ: Ահա՝ կարգ մը յստակ օրինակներ.
Նախկին գոնկրէսական Տեն Պերթըն, որ կը վարձատրուէր Ատրպէյճանի ամերիկեան դաշինքը ղեկավարելուն համար, առնուազն երեք սիւնակ գրած է «Ուաշինկթըն Փոսթ», «Ուաշինկթըն Թայմզ» եւ «Տէյլի Քոլըր» թերթերուն մէջ այն մասին, թէ ի՛նչ հրաշալի երկիր է Ատրպէյճանը՝ առանց սակայն բացայայտելու, որ ինք Պաքուի վճարման ցուցակին մէջ է…: Բարեբախտաբար գոնկրէսական Պերթըն հրաժարած է իր աշխատանքէն, երբ Ատրպէյճան դադրած է իրեն վճարելէ…
Այնուհետեւ Միշէլ կը յիշատակէ ատրպէյճանամէտ քարոզչութեան առաւել բեղմնաւոր քարոզիչ Ճէյսըն Քացը՝ Ատրպէյճանի վարձած ամերիկեան լոպիիստական ընկերութեան՝ «Թուլ Շետ» խումբի հիմնադիրը: Քաց յօդուածներու ամբողջ շարք մը գրած է «Հաֆինկթըն Փոսթ»ի մէջ՝ փառաբանելով Ատրպէյճանի «ժողովրդավարութիւնը»՝ պնդելով, որ այդ երկիրը «յառաջադէմ, համաշխարհային, բաց, աշխարհիկ եւ արեւմտեան կողմնորոշում ունեցող հասարակութիւն է»:
Ի պատիւ իրեն՝ Քաց սկիզբը այդ յօդուածներուն մէջ բացայայտօրէն կը ներկայանար իբրեւ «Ատրպէյճանի Հանրապետութեան աւագ խորհրդատու»: Սակայն, կարճ ժամանակ անց, ան սկսաւ թաքցնել իր յարաբերութիւնները Ատրպէյճանի կառավարութեան հետ: 2013-ի վերջերը, փառաբանելով Ալիեւի վարչակարգը, Քաց գրեց առնուազն ինն յօդուած, որոնցմէ չորսը՝ «Ռոլ Քոլ»ի, իսկ երեքը՝ «Տը Հիլ»ի համար, այդ յօդ-ւածներէն մէկուն մէջ յիմարաբար պըն-դելով, թէ՝ «Ամերիկայի Միացեալ Նահանգները կրնան շատ բան սորվիլ Ատրպէյճանի պէս պետութենէ մը», կը հաղորդէ Միշէլ: 2014-ի սկիզբը Քաց վիրաւորական յօդուած մը գրեց նաեւ «Նէյշընըլ Ռիվիու»ի մէջ՝ «Հայաստանի կառավարութիւնը հաւասարեցնելով Թալիպանին»: Նշեալ ինն յօդուածներուն մէջ Քաց չէ յիշատակած, որ իր ընկերութիւնը՝ «Թուլ Շետ» խումբը, կը վարձատրուի Ատրպէյճանի կողմէ…
Միշէլ շատ բան ըրած է բացայայտելու համար Քացը՝ կապուելով տարբեր հրատարակութիւններու հետ եւ տեղեակ պահելով զանոնք Քացի կատարողութեամբ՝ յօգուտ Ատրպէյճանի իրականացուող լոպիիստական աշխատանքներուն մասին: Այս հրատարակութիւններէն շատերը հետագային ճշդումներ աւելցուցին Քացի տպագրած յօդուածներուն մէջ՝ ընդգծելով, որ ան սերտօրէն կապուած է Ատրպէյճանի հետ:
Օրինակ, «Նէյշընըլ Ռիվիու»ն լսելէ ետք Միշէլը, նոր նշում մը կատարած է Քացի անուան տակ՝ բացայայտելով, որ Քաց օտարերկրեայ պետութիւններու, «ներառեալ Ատրպէյճանի կառավարութեան» խորհրդատուն է: «Հիլ» եւս աւելցուցած է խմբագիրին նշումը՝ Քացի անունէն ետք բացայայտելով, որ՝ «վերջինիս կը վճարեն Ատրպէյճանի ռազմավարական խորհրդատուութիւն տրամադրելուն համար: Այս նշումը աւելցուած է այն բանէն ետք, երբ «Հիլ»ի ուշադրութեան ներկայացուած է Քացի՝ իբրեւ օտարերկրեայ գործակալ արձանագրուելուն փաստը»:
Այս յօդուածները ոչ միայն Ատրպէյճանի նկատմամբ մոլորութեան մէջ կը ձգեն ամերիկեան ընթերցողները, այլեւ ատրպէյճանական մամուլին մէջ վերատպուելէ ետք լրացուցիչ վնաս կը պատճառեն՝ իբրեւ ամերիկացիներու կողմէ Ատրպէյճանի ուղղուած բարձր գնահատականի վկայութիւն…
Փոխելով մարտավարութիւնը, Քացի կինը՝ Մելորի Մոս, 2014-ի կէսերուն սկսաւ գրել նմանատիպ հակահայկական յօդուածներ՝ արցախեան հակամարտութեան մասին: Յօդուածներէն մէկը ան գրեց «Քափիթըլ Ուիքլի»ի եւ երկուքը՝ «Հիլ»ի համար՝ հիւանդապահուհիի անուան տակ: Միշէլ բացայայտեց, որ Մելորի Մոս իր իսկ անունով արձանագրած էր BakuWoman.com կայքը, որ վերստին արձանագրուած է Ճէյսըն Քացի անունով: «Մոսի անունով արձանագ-րըւած կազմակերպութիւնը եղած է «Թուլ Շետ» խումբը», կը հաղորդէ Միշէլ: Մելորի Մոսի սիւնակները պէտք է ներկայացուէին Միացեալ Նահանգներու արդարադատութեան նախարարութեան օտարերկրեայ գործակալներու արարքին ներքոյ: Երբ Միշէլ յայտնած է «Հիլ»ն, որ Մելորի Մոս կապուած է Ճէյսըն Քացի եւ «Թուլ Շետ» խումբին հետ, «Հիլ» յօդուածին տակ աւելցուցած է խմբագիրին նշումը. «Այս սիւնակը ներկայացուցած էր ընկերութիւն մը, որ Ատրպէյճանի ռազմավարական խորհրդատուութիւն տրամադրելուն համար կը վարձատրուի: Նշումը աւելցուած է տեղեկատուութիւնը «Հիլ»ի ուշադրութեան ներկայացուելէ ետք»:
Վերջապէս, Միշէլ կը նշէ փրոֆեսէօր Պրենթա Շաֆըրը, որ ատրպէյճանամէտ յօդուածներ գրած է «Նիւ Եորք Թայմզ» եւ «Ուաշինկթըն Փոսթ» թերթերուն մէջ: Երկու պարագային ալ ան չի նշեր, որ ինք եղած է Ատրպէյճանի պետական քարիւղի ՍՈՔԱՐ ընկերութեան խորհրդական: Հետագային երկու թերթերն ալ հրապարակած են խմբագիրին նշումը՝ բացայայտելով անոր ֆինանսական յարաբերութիւնները ՍՈՔԱՐ-ի հետ…
Կան նաեւ շատ ուրիշներ, զորս Ատրպէյճան վարձած է արեւմտեան լրատուական միջոցներուն մէջ քարոզչական նիւթեր հրապարակելու նպատակով՝ «Կասպեան աւազակապետութեան» օգտին, այնպէս, ինչպէս որ Միշէլ կը նկարագրէ այդ երկիրը: Ցաւօք, մենք չենք կրնար թուարկել այդ քարոզիչները՝ առանց Ատրպէյճանի կողմէ անոնց վարձատրումը բացայայտող հիմնաւոր ապացոյցներու…
ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ
Արեւելահայերէնի թարգմանեց՝ ՌՈՒԶԱՆՆԱ ԱՒԱԳԵԱՆ
Արեւմտահայերէնի վերածեց՝ ՍԵԴԱ ԳՐԻԳՈՐԵԱՆ