Տ. ԳՈՒՍԱՆ ՎՐԴ. ԱԼՃԱՆԵԱՆ. «ԱՅՍՕՐ ԶՈՒԻՑԵՐԻՈՅ ՀԱՄԱՅՆՔԷՆ ՆԵՐՍ ԼԱՐՈՒԱԾՈՒԹԻՒՆՆԵՐ ՉԿԱՆ»
Պատահական համարուած հանդիպումները յաճախ կը դառնան մշտական բարեկամութեան մը նախասկիզբ: Այս խօսքը ամենէն շատ կը համընկնի Տ. Գուսան Վրդ. Ալճանեանին հետ ունեցած հանդիպումիս, որ սկիզբ առաւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի լուսաշող յարկին տակ եւ ցայսօր ալ կը շարունակուի անխափան կերպով ու հաստատուն հիմքերու վրայ: Վարդապետին հետ մեր խօսակցութեան մէջ կային մտերմութիւն մը կառուցող բազում դիտականկիւններ, որոնցմէ հարկ է նշել Միջին Արեւելքի ընդհանուր իրավիճակը, Երուսաղէմի եւ Պոլսոյ պատրիարքութիւնները յուզող հարցերը, հուսկ՝ մեր եկեղեցւոյ ընդհանուր պատկերը, ու Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի այսօր-ւան ծաղկուն վիճակն ու ապագայի մարտահրաւէրները:
Հայր Սուրբը ծնած ըլլալով հայոց պատմական բնակավայրերէն մէկուն՝ Սասունի մէջ, ինքզինք միշտ ալ մօտիկ զգացած է թրքահայութեան: Ու ակներեւ է նաեւ, որ Թուրքիոյ մէջ ապրող մեր պատմական համայնքի ընդհանուր պատկերն ու համայնքին առջեւ ցցուած խնդիրները նոյնպէս կը յուզեն զինք:
Հարկ է նշեմ, որ Տ. Գուսան Մայր Աթոռ կը գտնուէր մասնակցնելու համար Եկեղեցական-ներկայացուցչական ժողովին, որու ընթացքին կը ներկայանար որպէս Զուեցերիոյ Հայոց Թեմի առաջնորդական տեղապահ:
Ո՞Վ Է ԳՈՒՍԱՆ ՎԱՐԴԱՊԵՏ
Տ. Գուսան Վրդ. Ալճանեան: Աւազանի անունով Արամ, ծնած է 1964 թուականի Դեկտեմբերին, Թուրքիոյ Պաթման քաղաքին մէջ (պատմական անուանումը՝ Սասուն): Ծնունդէն տարի մը անց ընտանիքին հետ տեղափոխուած է Պոլիս:
Նախնական կրթութիւնը ստացած է Պոլսոյ մէջ, նախ՝ Էսայեան նախակրթարանէն եա ապա Գարակէօզեան վարժարանէն:
1975 թուականի Հոկտեմբերին հայր սուրբը տասն տարեկանին կը ղրկուի Երուսաղէմ, ուր մաս կը կազմէ Ժառանգաւորաց վարժարանին։ Իսկ տարի մը առաջ ալ Ժառանգաւորաց ուղարկուած էր նաեւ իր եղբայրը՝ յետագային Պոսթընի հոգեւոր հովիւ Տ. Առաքել Քհնյ. Ալճանեանը:
Երուսաղէմի Ժառանգաւորաց վարժարանը յաջողութեամբ աւարտած է 1983 թուականին՝ ճանչցուելով որպէս եօթ տարիներու ընթացքին նախակրթարանի եւ ապա ընծայարանի իր դասարանի լաւագոյն աշակերտը:
1983 թուականի Վարդավառի տօնին ձեռնադրուած է կուսակրօն քահանայ: Ձեռնադրութեան առաջին կոչումը շնորհած է երանաշնորհ Եղիշէ Պատրիարք Տէրտէրեան, ապա՝ Պոլսոյ Պատրիարք Գարեգին Բ. Գազանճեան, որ այդ օրերուն Երուսաղէմի Աթոռի լուսարարապետն էր: Գուսան անուամբ օծուած է ի յիշատակ Պոլսոյ մէջ Կոմիտաս Վարդապետի հիմնած առաջին երգչախումբին, որ կը կոչուէր «Գուսան», նկատի ունենալով, որ ան փոքր տարիքէն եղած է լաւ երգող երաժշտասէր ու յատուկ սէր տածած ու հմտութիւն ցուցաբերած է շարականներու կատարման մէջ, ինչպէս նաեւ սարկաւագութեան օրերէն մինչեւ 2013 թուականին Ժընեւ մեկնիլը զբաղած է հոգեւոր երգերու դասաւանդմամբ :
1984-1986 թուականներուն նշանակուած է Հայֆայի, Եաֆայի եւ Ռամլայի համայնքներու հոգեւոր հովիւ: Այդ ընթացքին Եղիշէ Պատրիարքի կողմէ 1985 թուականէն մինչեւ 1987 թուականի ամառը նշանակուած է Ժառանգաւորաց վարժարանի եւ Ընծայարանի տեսուչ: 1987-1988 թուականներուն՝ տարի մը յատուկ գրաբարի դասեր ստացած է երջանկայիշատակ եւ մեծ բանասէր ու մատենագիր Նորայր Արք. Պողարեանէն:
Եղած է Պատրիարքարանի Մայր տաճարի երաժշտական բաժնի գլխաւոր պատասխանատուն, այնուհետեւ, գլխաւոր դպրապետի՝ Սահակ Գալայճեանի մահէն ետք նշանակուած է Պատրիարքարանի Մայր տաճարի եւ սրբատեղեաց երաժշտութեան ու երգեցողութեան բաժնի ընդհանուր պատասխանատու: Լուսահոգին, որ յիսուն երկար տարիներ եղած է Ս. Յակոբեանց Մայր տաճարին երաժշտապետը եւ ուսուցիչը, միշտ հպարտութեամբ արտայայտուած է ըսելով՝ Գուսան Վարդապետը շարականագիտութեամբ ու բացառիկ կատարմամբ եղած է իր լաւագոյն աշակերտը հոգեւորականներու մէջ:
Ժառանգաւորաց վարժարանէն ներս դասաւանդած է նաեւ Հայ Եկեղեցւոյ պատմութիւն, ծիսագիտութիւն ու քրիստոնէական:
1990 թուականի Մարտին, Թորգոմ Պատրիարքի ընտրութենէն ետք, ընտրուած է Տնօրէն ժողովի անդամ եւ այդ պաշտօնին վրայ մնացած է մինչեւ 1994 թուականը: Իսկ 1991-1993 թուականներու միջեւ կրկին անգամ նշանակուած է Ժառանգաւորաց վարժարանի եւ Ընծայարանի տեսուչ, Թորգոմ Պատրիարքի կողմէ: 1994-1996 թուականներուն հետեւած է Ամերիկեան համալսարանի Սրբատեղեաց աստուածաշնչեան դասընթացքներուն:
1996 թուականին ընդունուած է Երուսաղէմի հրէական «Ռուպին» երաժշտութեան ակադեմիա, զոր յաջողութեամբ աւարտած է 2002 թուականին:
Երկրորդ անգամ Տնօրէն ժողովի անդամ ընտրուած է 2010 թուականին՝ որպէս ատենադպիր, այդ պաշտօնին վրայ մնալով մինչեւ Զուիցերիա մեկնումը:
2002 թուականի Յունիսին Տնօրէն ժողովի եւ Պատրիարքի կողմէ նշանակուած է Երուսաղէմի Առաքելական Աթոռի աւագ թարգման: Այս պաշտօնը հայր սուրբը մեծ նուիրումով շարունակած է մինչեւ իր մեկնումը Զուիցերիա, 2013 թուականի Հոկտեմբեր 10-ը:
Աւագ թարգմանը վանքի եւ արտաքին յարաբերութեանց՝ ոստիկանութեան, պետութեան եւ այլ հաստատութիւններու միջեւ կապի ընդհանուր պատասխանատուն կը հանդիսանայ, ինչպէս նաեւ մշտական ներկայութիւն է պաշտօնական կապերու եւ հանդիպումներու ընթացքին: Այդ օրերուն մշտական կապի մէջ եղած է նաեւ միւս յարանուանութիւններուն հետ, վայելելով բոլորին յարգանքն ու սէրը:
2002-2004 թուականներուն հետեւած է Հրէական համալսարանի երաժշտական գիտութիւններու բաժինը:
Ձեռնադրութենէն տարիներ առաջ սկսած հոգեւոր երաշժտութեան դասաւանդման աշխատանքը կատարած է ամենայն բծախնդրութեամբ, միաժամանակ աշակերտներուն մէջ սերմանելով սէր՝ հոգեւոր երաժշտութեան հանդէպ: Անոր ղեկավարած հոգեւոր երգչախումբը շատ հրաւէրներ ստացած ու մեծ յաջողութեամբ մասնակցած է տարբեր համերգներու եւ փառատօններու, որոնց մասին տեղւոյն մամուլը յաճախ արձագանգած է ըսելով. Հայ վանականը որ վանքէն դուրս կը բերէ հոգեւոր երաժշտութիւնը:
2013 թուականի Հոկտեմբերէն սկսեալ կը գտնուի Ժընեւ, նախ՝ որպէս հոգեւոր հովիւ, ապա՝ 2014 թուականի սկիզբէն որպէս առաջնորդական տեղապահ, մեծ նուիրումով կատարելով այդ պարտականութունը մինչեւ օրս:
*
-Հայր Սուրբ, այսօր կը վարէք Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ Զուիցերիոյ Թեմի առաջնորդական տեղապահի պաշտօնը: Պիտի խնդրէինք, որ մեր ընթերցողներուն լրացուցիչ տուեալներ տաք այդ մասին:
-10 Հոկտեմբեր, 2013 թուականին թէ՛ Ժընեւի Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւի եւ թէ Զուիցերիոյ Հայոց Թեմի առաջնորդական տեղապահի պաշտօնը ստացայ:
Հանգուցեալ Պրն. Ալլէն Ուկնաթ, որ Նէօշաթելի համայնքի եւ Ծխական խորհուրդի ատենապետն էր, Երուսաղէմ եկաւ եւ զիս համոզեց ու հրաւիրեց, որպէսզի գամ Զուիցերիայ եւ ընդունիմ հոգեւոր առաջնորդի պաշտօնը: Նախքան պաշտօնիս ստանձնումը, Օգոստոս ամսուն Վերափոխման տօնին շաբաթը, նոր տոմարով, 4 օրով հիւրը եղայ Զուիցերիոյ մէջ գործող երեք ծխական խորհուրդներուն, որոնք զիս հրաւիրած էին հարցազրոյցի Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետի օրհնութեամբ, որուն նոյնպէս տեղեակ էր Ամեն. Նուրհան Պատրիարքը: Հարցազրոյցէն առաջ լուսահոգին արդէն խօսած էր Երուսաղէմի Տ. Նուրհան Պատրիարքին հետ: Ընդունեցի հրաւէրը եւ ներկայացայ հարցազրոյցի: Համաձայնութեան եկանք ծխական խորհուրդներու հետ, որոնք դիմեցին Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետին զիս նշանակելու համար: Երբ Մայր Աթոռը Երուսաղէմի պատրիարքի գրաւոր համաձայնութիւնը ստացաւ, 6 Հոկտեմբեր 2017-ին, ապա մենք Մայր Աթոռի Դիւանապետ Գերշ. Տ. Արշակ Սրբազանին թելադրութեամբ, պատրիարք հօր տեղեկացնելէ յետոյ մեկնեցանք եւ սկսանք մեր հոգեւոր ծառայութեան, 10 Հոկտեմբեր, 2017 թուականին, Զուիցերիոյ մէջ:
-Ո՞ւր կը գտնուի ձեր կեդրոնատեղին:
-Մեր կեդրոնը Ժընեւ է: Առաջնորդարանը 1992-ին հաստատուած է երջանկայիշատակ Տ.Տ. Վազգէն Ա. Վեհափառի հրամանով եւ կոնդակով, այդ օրերուն համայնքին հովիւն էր, 1981 թուականէն, Տ. Վիգէն Արք. Այգազեան: Ժողովուրդը փոխանակ սրբազանին շուրջը համախմբուելու եւ սատարելու գաղութի ազգապահպանման գործին, յուսախաբ կ՚ընեն առաջնորդ սրբազանը, որ թեմին առաջին առաջնորդն էր, եւ սրբազանը կը մեկնի, շարունակելով իր ծառայութիւնը այլ տեղ: Այսօր սրբազանը ունի մեծ ու կարեւոր պաշտօն Ամերիկայի Արեւելեան Թեմէն ներս: Անհամաձայնութիւններու հետեւանքով, Վիգէն Սրբազանի մեկնումէն յետոյ թեմի հարցը անորոշութեան մէջ կը մնայ: 1995-ին, Ապրիլին, թեմի ատենապետը, Տ Աբէլ Քհյն. Մանուկեանը (աւելի ուշ կարգալոյծ յայտարարուած) կը հրաւիրէ, որպէս ծխատէր քահանայ ծառայելու եկեղեցւոյ մէջ: Սակայն այս բոլորը առանց Էջմիածնի հետ խորհրդակցելու:
Երջանկայիշատակ Տ.Տ. Գարեգին Ա. Կաթողիկոսը չեղեալ համարած է այդ կարգադրութիւնը, եւ իր նամակներէն մէկուն մէջ ըսած է՝ «… ընդունելի չէ: Առանց մեր գիտակցութեան ինչպէ՞ս կը դիմէք այս քայլին»: Սակայն յետոյ Գարեգին Ա. Վեհափառը իր հայրական օրհնութիւնը կու տայ: Տ. Աբել, ապա կարգալոյծ կը հռչակուի, որովհետեւ չհնազանդեցաւ Մայր Աթոռին: Հակառակ այս բոլորին, ան մինչեւ 2010 թուականը կը շարունակէ մնալ որպէս եկեղեցւոյ հովիւ:
Եկեղեցւոյ կից հայկական կեդրոն եւ Ս. Գիրգոր Լուսաւորիչ հիմնարկը կայ, ինչպէս նաեւ Բարեգործականի մասնաճիւը, այլ միութիւներ եւ հիմնադրամներ: Տարիներ առաջ երբ այսօրուան մեր հայկական եկեղեցին չկար, ամիսը մէկ անգամ Փարիզէն քահանայ մը կ՚երթար հոն պատարագ մատուցելու, հայրապետական պատուիրակի կարգադրութեամբ: իսկ 1969-ին կը կառուցուի Ս. Յակոբ եկեղեցին, բարերարութեամբ ազգասէր Յակոբ Թոփալեանի եւ համայնքի մասնակցութեամբ: 70-ականներու սկիզբը, Պր. Մկրտիչ Շելլէֆեան եւ այլ ազգայիներ կ՚որոշեն UAS-ը, որ զուիցերահայ միութիւնն է հիմնուած կանուխէն եւ եկեղեցական գործերը իրարմէ զատել: Իմ կարծիքով, ճիշդ որոշում է, որովհետեւ UAS-ը ամէն ինչով կը զբաղի՝ գաղութային, մշակութային, քաղաքական, ընկերային եւ այլ գործունէութեամբ: Եկեղեցին սկսաւ զբաղիլ կրօնական դաստիարակութեամբ ու ծիսակատարութեամբ: Եկեղեցւոյ Ծխական խորհուրդի կողքին ունինք Տիկնանց յանձնախումբ մը, բոլորն ալ նուիրեալ եւ եկեղեցասէր անձեր, որոնք կը ծառայեն եկեղեցւոյ պատրաստելով զանազան ձեռնարկներ՝ Մայրերու օր, Ծննդեան, Միջինքի ճաշկերոյթներ, Վարդավառի եւ Վերափոխման տաղաւար տօներուն սիրոյ սեղաններ եւ ամենէն կարեւորը, մեծ քէրմէսին՝ որ կը կազմակերպուի ամէն տարի եւ որուն միջոցով ալ եկեղեցին կ՚ապահովէ իր ամէնամեայ ծախսերուն գրեթէ կէսը: Այս բոլորը կը կատարուին եկեղեցւոյ նուիրուած Ծխական խորհուրդի զոհողութեան շնորհիւ:
Այսօր, առաջնորդարանը քաղաքի կեդրոնը կը գտնուի: Յաճախ հոն հանդիպումներ, ժողովները կ՚ունենանք, հայերէն լեզուի դասաւանդութիւներն ալ նոյնպէս երէց սերունդին կողմէ այնտեղ կը կատարուին:
Ամբողջ Զուիցերիոյ մէջ 8-10 հազար հայութիւն կայ: Հիմնականը տարածուած են Ժընեւի, Լոզանի, Ցիւրիխի եւ Լուկանոյի եւ իրենց շրջաններուն մէջ: Գաղութը կազմուած է մեծ մասամբ պոլսեցիներէ, պարսկահայերէ, եգիպտահայերէ եւ Մեծ եղեռնէն վերապրած որբերու զաւակներէն ու թոռներէն: Այսօր բաւական թիւով հայաստանցիներ կան Զուիցերիոյ մէջ: Լոզանի մէջ ունինք բաւական թիւով գաղթականներ, ինչպէս Եւրոպայի ամէն տեղ, այս իսկ պատճառով կը մտածեմ տարին երկու անգամ հոն երթալ պատարագելու: Նաեւ Վեւէի կողմը ցրուած հայութիւն կայ: Որոշած ենք այդ հեռաւոր շրջաններն ալ այցելել: Մարդիկ դժուարութիւն ունին Ժընեւ, ապա Ս. Յակոբ եկեղեցի հասնելու, յատկապէս Լոզանէն եկածներու համար եկեղեցւոյ գտնուած վայրը հասնիլը խնդիր է, որովհետեւ ամէն մարդ անձնական ինքնաշարժ չունի, իսկ հանրակառքը, մանաւանդ Կիրակի օրերը, միայն ժամը անգամ մը կ՚աշխատի:
Սակայն կ՚ուզեմ նշել, որ երբ նոր հաստատուեցայ, եկեղեցի յաճախող հա-ւատացեալներուն թիւը շատ սակաւ էր: Փառք Աստուծոյ, հիմա բարեբախտաբար, կամաց-կամաց հաւատացեալներուն թիւը կ՚աւելնայ: Վստահ եմ, որ ժամանակի ընթացքին աւելի լաւ պիտի ելլայ, Աստուծոյ կամքով ու օգնութեամբ:
-Ուրիշ քահանաներ կա՞ն:
-Այո, ես եւ Ցիւրիխի քահանան՝ Տ. Շնորհք Չեքիճեանը։ Երկուքս կանք Զուիցերիոյ մէջ։ Ան կը հոգայ Զուիցերիոյ գերմանախօս շրջանի եւ Նէօշաթելի համայնքները, ուր տարբեր տեղեր ամէն Կիրակի Ս. Պատարագ կը մատուցուի, իսկ մենք ամէն Կիրակի կը պատարագենք ու կը քարոզենք Ժընեւի մայր եկեղեցիին մէջ, որ միակ հայկական ոճով շինուած եկեղեցին է Զուիցերիոյ մէջ: Նաեւ տարին երեք առիթներով կ՚երթամ Լուկանօ, Շաբաթ օրեր, ինչ որ 5 ժամուան ճամբորդութիւն է, շոգեկառքով երթալը Ժընեւէն եւ 5 ժամ ալ վերադարձը, պատարագելու եւ նոյն իրիկուն կը վերադառնամ, որպէսզի յաջորդ օր՝ Կիրակի պատարագեմ Ժընեւի մայր եկեղեցիին մէջ: Ամենայն Հայոց Հայրապետին փափաքն է, որ առաջնորդ մը ըլլայ Ժընեւի մէջ եւ իր հետ ունենայ քահանայ մը: Սակայն այս բոլորը նիւթականի հետ կապ-ւած հարցեր են: Տարեկան կտրուածքով առնուազն 50 հազար եւրօ պէտք է, երկրորդ հոգեւորական մը պահելու համար, իսկ եկեղեցին մնայուն եկամուտ չունի: Սակայն վըս-տահ եմ, որ ժամանակի ընթացքին այս բոլոր խնդիրները կը լուծուին:
-Տ. Աբէլը մինչեւ այսօր կը շարունակէ՞ իր գործունէութիւնը:
-Մէկ-երկու անկանոն քայլեր կատարած է: Երկու տարի առաջ ծանօթի մը մօտ թաղման արարողութիւն կատարած է: Վերջերս մահացած անձին կինը, եկեղեցի յաճախ կու գայ եւ կը մասնակցի պատարագին իր թոռնիկներով: Իսկ քառասունքը եւ տարելիցն ալ ես կատարած եմ: Հանգուցեալի այրի տիկինը օր մը ըսաւ. «Հայր սուրբ, որքան պիտի ուրախանար ամուսինս, երբ նախքան մահանալը ձեզի հետ աւելի մօտիկէն ծանօթացած ըլլար»:
Միշտ կը փորձեմ քաղաքավարութեամբ եւ յարգանքով մօտենալ մարդոց, նպատակ ունենալով զիրենք ներգրաւել եւ կապել եկեղեցիին: Վստահ եմ, ժամանակի ընթացքին ամէն ինչ դէպի լաւը պիտի ընթանայ: Ու պարտիմ ըսել, որ այսօր մեր համայնքին մէջ նախկին լարուածութիւնը չկայ:
-Հայր Սուրբ համայնքը հայկական դպրոց ունի՞:
-Միօրեայ Թոփալեան դպրոցը ունինք: 5 տարեկանէն մինչեւ 14 տարեկան աշակերտներ այս դպրոցը կը յաճախեն եւ կը սորվին հայերէն լեզու եւ հայոց պատմութիւն: Ես ալ յաճախ կ՚երթամ եւ Սուրբ Գիրքէն հատուածներ կը բացատրեմ աշակերտներուն: Դպրոցը 30-40 աշակերտ ունի:
Ես լաւատես եմ: Յոյս ունիմ եւ կը զգամ, որ ժամանակի ընթացքին աւելի լաւ պիտի ըլլայ իրավիճակը, եթէ Աստուած մեզի տայ ուժը եւ կարողութիւնը:
-Այս ժողովին պիտի խօսի՞ք թեմի մասին:
-Չեմ կարծեր: Մայր Աթոռը տեղեակ է իրավիճակին եւ թեմի ներքին խնդիրներուն մասին: Հիմա երեք գործող ծուխերը պէտք է համաձայնութեան գան եւ կանոնադրութեան բոլոր կէտերը որոշեն: Այսօր մենք այս փուլին մէջ ենք: Կանոնադրութիւնը վաւերացնելէ ետք, երեք ամսուան ընթացքին ընտրութիւն տեղի կ՚ունենայ եւ համայնքը կ՚ընտրէ իր առաջնորդը:
Եթէ առաջնորդ ընտրուի կամ նշանակուի, կը խորհիմ ժամանակի ընթացքին օտարներու՝ յոյներու եւ կաթողիկէներու քով մեր եկեղեցւոյ հանգամանքը աւելիով կ՚ամրապնդուի: Ու վստահ եմ, որ առաջնորդ ունենալու պարագային, համայնքի կեանքէն ներս դրական տեղաշարժ պիտի արձանագրուի:
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Երեւան