ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉԻ ՄԱՍԻՆ
Նախորդ գրութեամբ հիմնականին մէջ հաւաքածոյ մը կազմած էինք տարբեր մտածողներու կողմէ Աստուածաշունչի մասին հնչեցուցած կարծիքներէն: Այս գրութեամբ դարձեալ հաւաքածոյ մը պիտի կազմենք, այս անգամ առաւելաբար Հայ Առաքելական Սուրբ Եկեղեցւոյ եւ Ընդհանրական Եկեղեցւոյ Հայրերու մտածումներէն Աստուածաշունչին մասին: Այսպէս.
- «Դուն քեզ յոգնեցո՛ւր Սուրբ Գիրք կարդալով, որովհետեւ ան կ՚ազատէ քեզ պղծութիւններէ» (Սուրբ Անտոն Անապատական)։
- «Աւետարանի կրթութիւնը միշտ անհրաժեշտութիւն է, որ կը սորվեցնէ մեզի դէպի լաւը [երթալու] կարգերը» (Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ):
- «Աստուածաշունչ Գիրքին գիտութեան լոյսը, բարիք գործողներուն՝ բարի հատուցումը, իսկ անիրաւներուն՝ բարկութեան զրկանքները կը յայտնէ» (Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ)։
- «Մեզի միշտ անհրաժեշտ է Աւետարանին դաստիարակութիւնը, մեզ լուսաւոր կարգերուն հրահանգելու համար, որպէսզի ճշմարտութեան Ս. Հոգիին խնամքին յանձնուինք, որ Կտակարաններէն կու գայ։ Հետեւաբար դադրինք դատարկ եւ զուր քըն-նութենէն, եւ հետամուտ ըլլանք Սուրբ Գիրքերու խրատներուն, թէ՛ Հինին եւ թէ՛ Նորին» (Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ)։
- «Ան է հոգեւոր ճարտարապետ, ով որ Սուրբ Գիրքի սուսուցումներէն կոթող մը կը կառուցէ եւ կը բարձրացնէ, որ իր ականջներուն համար պատսպարան կը դառնայ՝ զինք մոլութիւններէն զերծ պահելով» (Սուրբ Եփրեմ Ասորի)։
- «Ճշմարտութեան հասնելու ամենէն յուսալի ճանապարհը՝ Սուրբ Գիրքի ընթերցանութիւնն է, որովհետեւ այդտեղէն կ՚իմանանք, թէ ի՛նչ պէտք է ընենք եւ ի՛նչ պէտք չէ ընենք։ Այդտեղ, կարծես շատոնց մահացած մարդիկ յարութիւն կ՚առնեն իրենց վեհ կեանքով ու ճանապարհ ցոյց կու տան անոնց, որոնք կ՚ուզեն հետեւիլ իրենց բարի օրինակին։ Ահաւասիկ ինչու իւրաքանչիւր մարդ, որ կը տկարանայ իր պարտականութիւնները կատարելուն մէջ, Սուրբ Գիրք ընթերցելով կրնայ զօրանալ։ Միայն թէ խորհուրդ կու տամ, որ այդ ընթերցանութիւնը առաջնորդուի աղօթքով ու երկիւղածութեամբ» (Սուրբ Բարսեղ Կեսարացի)։
- «Աւետարաններուն բոլոր խօսքերը աւելի մեծաշնորհ են հոգիին համար, քան մնացած միւս վարդապետութիւնները, որովհետեւ ասոնց մէջ (վարդապետութիւններուն) Տէրը մեզի հետ մարգարէ ծառաներու միջոցաւ խօսեցաւ, իսկ Աւետարաններուն մէջ՝ անձամբ խօսեցաւ մեզի հետ» (Սուրբ Բարսեղ Կեսարացի)։
- «Ըսել, որ անիմաստ նախադասութիւն մը կայ Սուրբ Գիրքին մէջ, այդ բանը ահաւոր հայհոյանք է» (Սուրբ Բարսեղ Մեծ):
- «Սուրբ Գիրքին մէջ Աստուած կը յայտնուի՝ կարծես քալելով ու խօսելով, ուստի մարդը Սուրբ Գիրք կարդացած ատեն Աստուծոյ ձայնը կը լսէ։ Մենք Քրիստոսի հետ կը խօսինք, երբ աղօթքի կը կենանք, մենք կը լսենք զԻնք երբ Սուրբ Գիրք կը կարդանք» (Սուրբ Ամպրոսիոս)։
- «Իւրաքանչիւր քրիստոնեայ պէտք է Ս. Գիրքին դիմէ, որովհետեւ ներկայ այս ժամանակներուն հերետիկոսութիւնը ապականեր է եկեղեցիները, եւ միայն աստուածային մատեաններն են, որոնք կրնան ապաստան ըլլալ անոնց՝ որոնք կը փափաքին ճշմարիտ հաւատքը ունենալ։ Անցեալին այլեւայլ կերպերով կ՚որոշուէր՝ թէ ո՛րն է ճշմարիտ եկեղեցին, իսկ հիմա՝ երբ [Սուրբ] Գիրքերը կանոնագրուած են, չկա՛յ ուրիշ ճամբայ, եթէ ոչ՝ նոյնինքն Սուրբ Գիրքը ձեռք առնել եւ անով ստուգել ջանալ։ …Ի՛նչ որ ալ ըլլայ՝ Սուրբ Գիրքին հարցուցէք, ինչ որ պէտք է փրկութեան համար՝ ամբողջապէս կայ Սուրբ Գիրքին մէջ» (Սուրբ Յովհան Ոսկեբերան)։
- «Ըսէք ինծի, ձեզմէ ո՞վ է, որ քրիստոնէական Գիրքը տան մէջ ձեռքը առնելով՝ ուշադրութեամբ կը կարդայ եւ կը ջանայ ճանչնալ Աստուածաշունչը։ Ոչ ոք չի կրնար այդ բանը ըսել իր մասին։ Շաշկի եւ զառեր շատերու մօտ կը գտնեմ, իսկ Աստուածաշունչ ոչ ոք ունի, բացառաբար՝ քիչերը միայն ունին։ Վերջիներն ալ նման են Գիրքը չունեցողներուն, անոնք պահարանին մէջ կը պահեն զայն եւ հոգ չեն տանիր զայն կարդալու մասին։ Ի՞նչն է ատոր օգուտը, ըսէ՛ք ինծի։ Աստուածաշունչը մեզի չէ շնորհուած այն բանին համար, որպէսզի զայն լոկ որպէս գիրք ունենանք, այլ՝ որպէսզի դրոշմենք զայն մեր սիրտերուն մէջ» (Սուրբ Յովհան Ոսկեբերան)։
- «Հոգիդ սնուցէ՛ Աստուածաշունչի ընթերցանութեամբ։ Այդ մէկը քեզի համար հոգեւոր խնջոյք կը պատրաստէ» (Սուրբ Օգոստինոս)։
- «Կանգնէ՛, սիրելիս, կայտառ եղիր, ջանա՛ մշտապէս Աստուածային գիրքեր կարդալ, որոպէսզի անոնցմէ սորվիս, թէ ինչ պէտք է ընել, որպէսզի խուսափիս թշնամական ցանցերէն եւ յաւիտենական կեանք ստանաս» (Սուրբ Եւագր Պոնտացի)։
- «Ամբողջ Աստուածաշունչը գաղտնիքներով պարուրուած է։ Անիկա խորութիւն ունի։ Անոր իմաստը անսպառ է։ Անկարելի է ամբողջը հասկնալ։ Ինչպէս սոխին կեղեւները մէկը միւսին ետեւէն կարելի է հանել, այդպէս է պարագան Սուրբ Գիրքին ալ. մարդը մէկ իմաստ կը հասկնայ, որուն տակ մէկ ուրիշը թաղուած է, ուրիշ մը՝ աւելի խորը, երկրորդին կը յաջորդէ երրորդը եւ այդպէս շարունակ» (Անապատական Ծերերէն)։
- «Աստուածաշունչ Մատեանի իւրաքանչիւր խօսք, շատ զարմանալի է մեր հողեղէն բնութեան համար» (Սուրբ Եղիշէ Վարդապետ):
- «Աստուածաշունչ ունեցող սակայն չկարդացող մարդը անլոյս ճրագի, կոյր աչքի, ցամաք աղբիւրի, չորցած ծառի նման է, որոնք անուն միայն ունին, սակայն ո՛չ՝ օգտակարութիւն» (Սուրբ Յովհան Մանդակունի)։
- «Ով որ իսկապէս ճանչցած է Սուրբ Գիրքին գիտութիւնը, գիտէ, որ Գիրքին ամենէն պարզ եւ ամենէն իմաստուն խօսքին զօրութիւնը միեւնոյն նպատակը կը հետապնդէ՝ մարդուն փրկութիւնը, իսկ այս գիտութեան անհաղորդ եղողը յաճախ կը գայթակղի» (Սուրբ Պետրոս Դամասկացի)։
- «Եւ դարձեալ, չորս կենդանիները, չորս աւետարանիչները կը նշանակեն:
Մարդը՝ Մատթէոսը, որովհետեւ Քրիստոսի մարդկային ծնունդով սկսաւ եւ պատմեց:
Առիւծը՝ Մարկոսը, որովհետեւ արիաբար եւ համառօտ կերպով գրեց Աւետարանը:
Եզը՝ Ղուկասը, որ երկար աշխատութեամբ գրեց Աւետարանը:
Իսկ արծիւը՝ Յովհաննէսը, որ Սուրբ Հոգիին թեւերով՝ իմացումով սլացաւ աւելի վեր քան բոլոր երկնային զօրութիւնները եւ այնտեղէն պատմեց Աստուծոյ Բանին անմարմին ծնունդը յաւիտեաններէն եւ ժամանակներէն իսկ առաջ» (Սուրբ Գրիգոր Տաթեւացի):
- «Սուրբ Հոգիով շարադրուած բոլոր սուրբ գիրքերը խորհուրդ եւ դիտաւորութիւն ունին եւ երբե՛ք զուր տեղ չեն գրուած, այլ՝ գրուած են մեզի օգտակար ըլլալու եւ սորվեցնելու համար, որպէսզի անոնց միջոցով ճանչնանք Աստուծոյ ամբողջ կամքը եւ չշեղուինք ուղիղ ճանապարհէն, որը մեզ դէպի վեր՝ Աստուծոյ մօտ կը տանի։ Այս մասին Պօղոս Առաքեալն ալ կը վկայէ. “Աստուծոյ ներշնչումով գրուած բոլոր Սուրբ գիրքերը օգտակար են՝ թէ՛ ճշմարտութիւնը ուսուցանելու եւ թէ սխալը հերքելու, մարդս ճիշդ ճամբուն մէջ դնելու եւ արդար կեանքի մը դաստիարակութիւնը տալու համար” (Բ.Տմ 3.16)» (Սարգիս Շնորհալի)։
- «Հաւատքի մէջ մեր մանուկ հոգիներուն համար, Աստուծոյ խօսքին կաթը խմենք Սուրբ Գիրքէն, ուր կը պատմուին ամէն ինչի պատճառ՝ Հօր, Անկէ ծնած՝ Որդիին՝ որ մեզ աւազանով ծնաւ եւ Հօր ընծայեց, ինչպէս նաեւ Հօրմէն բխող Սուրբ Հոգիին՝ Մխիթարիչին, եւ Հօր ու Որդիին փառակիցի մասին։ Սուրբ Գիրքի ընթերցումը համարենք մեր ամէնօրեայ զբաղումն ու հոգը, հանգիստն ու փառքը, կերակուրը եւ ուրախութեան գինին։ Ինչպէս որ ջուրը պտղաւէտ ու տերեւաշատ կը դարձնէ ծառը, այդպէս ալ աստուածային Գիրքերու ընթերցումը աստուածասէրներուն միտքն ու հոգին կ՚աճեցնեն եւ առաքինութեան պտուղներով կը զարդարեն» (Սարգիս Շնորհալի)։
- «Սուրբ Գիրքը շատ կարդա՛, յատկապէս Աւետարանը։ Այնտեղ Աստուծոյ Հոգին է որ կը շարժի՝ աստուածամարտ եւ գարշելի ոգիները վռնտելով» (Թէոփիլոս Ճգնաւոր)։
- «ՍՈՒՐԲ ԳԻՐՔԻՆ ԴԵՂԱՐԱՆԸ ԴԵՂԵՐ՝ ՀԻՒԱՆԴՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ ԲՈՒԺԵԼՈՒ ՀԱՄԱՐ
Յանցանքը բուժելու համար (Սղ 32։ Հռ 1.2-8)։
Տրտմութիւնը բուժելու համար (Սղ 42։ Բ.Կր 4.7-14)։
Մտահոգութիւնը բուժելու համար (Սղ 23։ Մտ 6.24-34)։
Վախը բուժելու համար (Սղ 27։ Փլպ 1.27-30)։
Տկարութիւնը բուժելու համար (Սղ 145.8-21։ Ա.Կր 1.26-31)։
Անապահովութիւնը բուժելու համար (Ես 43.1-5։ Ղկ 12.1-12)։
Չարչարանքը (տանջանք) բուժելու համար (Սղ 142։ Բ.Տմ 3.10-14)։
Ցաւերը բուժելու համար (Յոբ 5.17-19։ Ա.Պտ 2.18-25)։
Նեղութիւնը բուժելու համար (Սղ 116։ Ա.Թս 4.13-18)։
Բարկութիւնը բուժելու համար (Սղ 4.1-4։ Եփ 4.26-32)։
Ատելութիւնը բուժելու համար (Սղ 109.1-5։ Մտ 5.38-48)։
Կարիքը բուժելու համար (Սղ 63։ Ղկ 12.22-31)։
Մենակութիւնը (մենութիւնը) բուժելու համար (Սղ 25.15-21։ Յհ 14.15-31)։
Յուսահատութիւնը բուժելու համար (Սղ 118։ Մր 9.21-24)։
Ձախողութիւնը բուժելու համար (Սղ 31։ Բ.Կր 4.13-18)։
Վտանգը բուժելու համար (Սղ 91։ Հռ 8.35-39)։
Նախանձը բուժելու համար (Սղ 73։ Յկ 3.3-18)։
Յոգնութիւնը բուժելու համար (Ես 40.27-31։ Մտ 11.25-30)։
Անկարութիւնը բուժելու համար (Սղ 38։ Հռ 5.6-11)։
Լքուածութիւնը բուժելու համար (Սղ 43։ Մտ 5.10-12)։
Ստորնութիւնը բուժելու համար (Եր 1.4-10։ Ա.Պտ 2.4-10)։
Յուսախաբութիւնը բուժելու համար (Սղ 13։ Յհ 3.14-17)։
Մտացրութիւնը բուժելու համար (Սղ 55։ Ա.Կր 2.15-16)։
Նեղութիւնը (նեղ պարագայ) բուժելու համար (Սղ 18։ Յհ 16.33)։
Հպրատութիւնը բուժելու համար (Սղ 131։ Յկ 4.6-10)։
Խառնաշփոթութիւնը բուժելու համար (Սղ 46։ Յհ 14.27)։
Ամբարտաւանութիւնը բուժելու համար (Սղ 139։ Հռ 3.9-12)։
Յուսալքութիւնը բուժելու համար (Սղ 88։ Փլպ 4.4-7)։
Անարդարութիւնը բուժելու համար (Սղ 35։ Բ.Կր 4.7-18)։
Նախանձը բուժելու համար (Սղ 37։ Կղ 5.25-26)։
ԵՍ ԵՄ ՔԵԶ ԲԺՇԿՈՂ ՏԷՐԸ (Ելք 15.26)» (Արաբերէնէ թարգմանուած)։
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
•շար. 2
Վաղարշապատ