ԱԿՆԱՐԿ - 78 - ՃԻ՞ՇԴ, ԹԷ՞ ՍԽԱԼ
Վերջերս Ֆրանսայի մայրաքաղաքը Փարիզի մէջ, տեղի ունեցաւ ամառնային Ողիմպիական խաղերուն պաշտօանական բացումը: Բացումի ընթացքին տեղի ունեցած գեղարուեստական յայտագիրի ընթացքին, բացայայտօրէն ծաղրուեցան եւ անարգուեցան կրօնական խորհրդանիշներ, յատկապէս քրիստոնէական, որով բացման հանդիսութեան կազամակերպիչները մարմնացուցած էին Տէր Յիսուսի Իր աշակերտներուն հետ ունեցած Վերջին Ընթրիքը, բայց ծայրայեղ սանձարձակ կերպով, միաժամանակ քրիստոնեայ հաւատացեալներուն զգացումները վիրաւորող եւ ընդվզումը յառաջացնող:
Բացումին յաջորդն օրն իսկ, աշխարհով մէկ ձայներ սկսան բարձրանալ այդ ուղղութեամբ: Ձայներուն մէկ մասը կը քննադատէր եւ անթոյլատրելի կը համարէր նման վարքագիծը, եւ զայն կ՚որակէր անբարոյականութեան քարոզ, բոլոր սահմաններ հատելու փորձ, եւ այլն: Քննադատողներու շարքին էին երկրի նախագահներ, կրօնապետեր, անհատ հոգեւորականներ, քաղաքական ու մշակութային գործիչներ, հաստատութիւններ եւ կազմակերութիւններ, որոնք ո՛չ միայն իրենց ընդվզումը եւ բողոքը կը յայտնէին, այլեւ առաջարկներ կը լսուէին միասնականութեամբ՝ առանց կրօնական խտրութեանց, պայքարիլ այս երեւոյթին դէմ եւ մարդկութեան մէջ արթնցնել խիղճի եւ մարդկայնութեան ձայնը:
Ձայներուն միւս մասը, սակայն, կու գար ըսելու, թէ կատարուածին այդքան ալ լուրջ պէտք չէ մօտենալ, պէտք չէ անպայման ժտական բաներ փնտռել կատարուածի ետին: Ոմանք ալ շա՜տ աւելի անդին անցնելով, նոյնիսկ համարձակեցան արդարացնելու կատարուածը, ըսելով, թէ մարդ ազատ է, արդարեւ կրնայ իր զգացածները հանգիստ կերպով արտայայտել ու համայն աշխարհին ներկայացնել:
Կ՚ապրինք ժամանակաշրջան մը, ուր դժբախտաբար ամէն ինչի ընկալումը վերածուած է յարաբերականի: Մարդ սկսած է զինք շրջապատող բոլոր իրողութիւններուն եւ երեւոյթներուն հետ վերաբերիլ քմահաճ կերպով, առանց նկատի ունենալու մարդկային բարձր արժէքները (որոնց անբաժան մասնիկն են կրօնական, հոգեւոր ու բարոյական արժէքները): Մէկ խօսքով, այսօրուան մարդը ամէն ինչին կը նայի իր անձնական դիտանկիւնէն, ինչ իրեն համար ճիշդ կը համարէ, ուրեմն այդպէս պէտք է ըլլայ, այդպէս կարելի է վարուիլ, այդպիսի կեցուածք կարելի է որդեգրել, որովհետեւ իմ ընկալումներուս եւ համոզումներուս դէմ չէ: Իսկ այդ անձնական ընկալումներն ու համոզումները կառուցուած են մարդու ԵՍին վրայ, որ նկատի չ՚ունենար իր շրջապատը:
Բնականաբար նման մօտեցումը հիւանդագին է եւ կործանիչ: Այսօրուան մարդը ամէն ժամանակէ աւելի այսօր բարոյական արժէքներէ դատարկուած կեանք մը կ՚ապրի: Այսօրուան երկոտանի մարդը գրեթէ տարբերութիւն չունի չորքոտանի արարածներէն, որոնք բնազդով կ՚ապրին: Այսօրուան մարդուն ԵՍը վերածուած է բնազդի, եւ իր ապրելակերպն ու ընկալումները վերածած է անասնական ապրելակերպի ու ընկալումներու: Մէկ նուրբ տարբերութեամբ. երբեմն չորքոտանիներուն մօտ խիղճը կը խօսի, իսկ մարդուն մօտ խիղճը շատոնց անզգայացած վիճակի մէջ է…
Այս գրութեանս նպատակը քննադատել կամ չքննադատել չէ Փարիզի մէջ կատարուածը, որովհետեւ պատահածը արդիւնքն է երկար տարիներու վրայ տարածուած մարդու բարոյական անկումին: Պարզապէս, կատարուածը անբարոյականութեան համարձակութեան նոր աստիճանի մը բարձրացումն էր եւ մեր կարծիքով այս մէկը վերջինը պիտի չըլլայ, այլ՝ ասկէ աւելի ծանր պատահարներ պիտի յաջորդեն փարիզեան խայտառակութեան:
Այսօր շա՜տ յստակ է, որ մարդկութիւնը կ՚ապրի ապաբորայական ժամանակաշրջան մը: Մարդը շատ յաճախ սկսած է անգիտանալ, որ ինք արարուած մըն է եւ ո՛չ թէ արարիչ: Այսօրուան մարդը ինքզինք արարիչի տեղ դրած է եւ իրմէ անդին, կամ իրմէ այն կողմ ո՛չինչ կը տեսնէ: Ինքզինք դարձուցած է աշխարհի կեդրոնը, եւ ամէն ինչին իր ակնոցներով կը նայի եւ ըստ այնմ կը շարժի: Փարիզի մէջ կատարուածը, արդարեւ, մարդուն այս աստիճանին հասնելուն արդիւնքն ու հետեւանքն է:
Ինչ ալ ըլլան մարդուն ընկալումներն ու մօտեցումները զինք շրջապատող իրերուն նկատմամբ, անդին, մարդ ինչքան ալ անբարոյական դառնայ, մէկ բան յստակ է, որ մարդէն վեր ու զինք շրջապատող ճշմարտութիւն մը (ճշմարտութիւններ) եւ բարոյական մը (բարոյական արժէքներ) կան, որ մարդ չի՛ կրնար անդրանցնիլ, չնայած այն բոլոր փորձերուն, որոնք այսօր ան կը կատարէ: Ճշմարտութիւնն ու բարոյականը կը մնան ճշմարտութիւն ու բարոյական, ինչքան ալ մարդ փորձէ ծաղրել, անտեսել, անարգել, մերժել, ուրանալ զանոնք:
Աւարտենք, Ս. Մքտաուըլի հետեւեալ մտածումով.
* Մենք օրէնքներ կը ստեղծենք, ինչպէս օրինակ՝ քշելու կապուած օրէնքներ (ճանապարհի աջէն, ուրիշ երկիրներ ալ՝ ձախէն), բայց երբեք չենք կրնար ստեղծել ո՛չ ճշմարտութիւնը եւ ոչ ալ՝ բարոյականը: Մենք չենք կրնար ստախօսութիւնը ճշմարտութիւն եւ ոճիրն ալ բարի ընել: Մենք ո՛չ ազատ ենք մեր սեփական արժէքները ստեղծել եւ ոչ ալ ազատ ենք մեր սեփական ճշմարտութիւնները ստեղծել: Մենք ազատ ենք ընդունելու կամ մերժելու ճշմարտութիւնը, այնպէս՝ ինչպէս ազատ ենք հնազանդելու կամ չհնազանդելու բարոյական օրէնքներուն: Նոյնպէս ալ, մենք չենք հնարեր ձգողութեան կամ քաշողականութեան օրէնքը, բայց ազատ ենք անտեսելու զայն եւ կամ բարձր շէնքի մը տանիքէն ցատկելու՝ հաւատալով, որ կրնանք թռչիլ:
Բայց մեր կողմէ ճշմարտութեան բացայայտ անտեսումը ոչինչով կրնայ փոխել ճշմարտութիւնը: Արդ, մենք չենք ստեղծեր ճշմարտութիւնը, այլ պարզապէս կը յայտնաբերենք զայն («Բարոյագիտութիւն - համարձակ ըլլալ բոլոր պարագաներուն մէջ», Ս. Մքտաուըլ, հայացուց՝ Մակար Եպսկ. Ազգարեան, Հալէպ 2024, էջ 52-53):
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
3 օգոստոս 2024, Վաղարշապատ