ԶՈՀԱԲԵՐՈՒՄ
Կիրակին հանգիստի միակ օրս է: Կը մնամ փակուած տան մէջ. եթէ հարկաւոր չեմ... բայց այս Կիրակին երիտասարդուհիի մը տարելիցին պարտականութիւն կատարած ըլլալու գոհունակութեան հետ, եկեղեցիի խունկի բոյրը, մեղմօրէն մաշող մոմերու խորհրդաւորութիւնը, սեւազգեստ մայրերու եւ քոյրերու ներկայութիւնը, հոգեհանգստեան շարականով ալ զիս պիտի վերացնէր կոչնակի զանգէն ետք...։
Ու դուրս կու գամ:
Կը բանամ թերթը՝ «ԱՆԿԱԽՈՒԹԵԱՆ ԶՈՀ ՄԸ»...։
Ահա քեզի անկախութիւն...։
«Մահը մերն է, մենք մահինը
Մարդու գործն է միշտ անմահ»:
(Յովհաննէս Թումանեան)
Կայ դրուածք մը, իրականութիւն մը, որմէ խուսափիլ անհնարին է. վա՜յ խուսափողին, պիտի տուժէ բազմապատիկ:
«Մեր ընդհանուր սիստեմը, ինչպէս նաեւ բոլոր սիստեմները, հաստատուած է զոհողութեան Օրէնքին վրայ, որով կառուցուած է բոլոր Տիեզերքը: Անիկա հիմն ու արմատն է բնաշրջման:
«Ու կեանքը կը քալէ իր ընթացքին կոխոտելով պատնէշները, թէկուզ անոնք ըլլան կեանքի մէկ ա՛յլ ներկայացուցիչները. ինչպէս պատերազմ կարելի է յուսալ առանց զոհերու, շահի կամ պարտութեան պարագաներուն: Այսպէս կեանքը կախում ունի շարունակական զոհողութենէն ու ցաւի տոկունութենէն: Հանքայինը կը զոհուի բուսականին, բուսականը՝ անասնոց, երկուքն ալ կը զոհուին մարդոց, ու ՄԱՐԴԻԿ՝ ՄԱՐԴՈՑ»:
Եթէ ամէն ծնունդ յաղթանակ է մահուան, հուսկ ամէն զոհ՝ երաշխիքն է զայն պահպանելու այս պատերազմ-աշխարհի մէջ ուր կ՚ապրինք:
«ՄԵ՜ԾԴ ԱՍՏՈՒԱԾ
Ահա՛ մարդերդ: Ահա՛ մարդերդ ալ, Աստուա՜ծ,
Տխուր հիւրերն այս հրաշագեղ աշխարհքին.
Թափառակա՜ն, վաղորդայնէ՜ն ընկճուած,
Ճղճի՛մ, թշուառ, հո՛ղին կառչած, ախտագի՛ն»:
(Ռուբէն Սեւակ)
Ահա մարտերդ, ահա մարտերդ ալ, մա՛րդ արարած, որ արդարութիւն կը խաղաս զէն ի ձեռին:
Չարենցի «ՏԱՆԴԷԱԿԱՆ ԱՌԱՍՊԵԼ»ը կարդացողը նախ կը խորհի, թէ գարնանային հաճելի պտոյտի կը սկսի...։
Մինչդեռ սարսռայոյզ պատկերներու շարաննե՜ր, որոնցմէ մին, որ մէջս դրոշմուած է, հետեւեալն է.-
«ԸՆԿԵՐՆԵՐԻՍ ԴԻՆ ԴԻՐՔ ԷԻՆՔ ԱՆՈՒՄ»...։
Կեանքը ամբողջութեամբ պատերազմ է եւ միշտ ալ «մեծ ձուկը պիտի կուլ տայ պզտիկ ձուկը»:
Առանձնատուներ կը կառուցուին լումայով, իրաւունքը կը խեղդուի սպանութեամբ, Հայրենիքը կը պաշտպանուի հայրենազոհ զինուորներով, որոնց փառք ու պատիւ յաւիտեան: Անոնք թաղեցին ամէն երազ կապուտաչեայ՝ կառուցելով համակրանքի առանձնատուն պատմութեան էջերուն, եւ մեր սրտերուն:
Կեանքի դաժան իրողութիւններուն ենթակայ, կեանքը կ՚ընթանայ ոչ միայն սպասելով եւ յուսալով, այլ մնալով ու պայքարելով պատնէշի վրայ արիւնոտ սահմանագիծին:
«Աստուած արդար եւ յիրաւի»...։
(Ֆրիկ)
Ո՞ւր է մարդո՛ւ արդարութիւնը...։
ՍԱՐԳԻՍ ՓՈՇՕՂԼԵԱՆ
«Զարթօնք», Լիբանան