ՀԱՅԱՍՏԱՆ-ՍՓԻՒՌՔ ՀԱՄԱՀԱՅԿԱԿԱՆ 6-ՐԴ ՀԱՄԱԺՈՂՈՎԻ ՆԱԽՕՐԷԻՆ

Հայաստան-Սփիւռք համահայկական 6-րդ համաժողովին ուսումնասիրուելիք գլխաւոր նիւթերն են «Փոխադարձ վստահութիւն, միասնականութիւն եւ պատասխանատուութիւն»:

Մանաւանդ սփիւռքի մէջ, քիչ չէ թիւը այն անհատներուն, որոնք անիմաստ կը նկատեն այս «համաժողով»ներու կազմակերպութիւնը: «Կ՚երթան, կ՚ուտեն կը խմեն, նախագահին, սփիւռքի նախարարուհիին, կաթողիկոսին եւ այլ պետական մարդոց հետ կը նկարուին, որպէս «թուրիստ» հոս-հոն կը պտըտին, լաւ ժամանակ կ՚անցընեն, կու գան: Մինչեւ հիմա դրական արդիւնք մը տեսա՞ք այդ ժողովներէն: Պարապ բաներ են...»:

Զարմանալին հոն է սակայն, որ այսպէս խօսող «մտաւորականներ» մէկէ աւելի անգամներ ներկայ գտնուած են այդ ժողովներուն…: Եթէ իրապէ՛ս անիմաստ են այս համաժողովները, ինչո՞ւ քանի մը անգամ դուք ներկայ եղած էք այդ ժողովներուն: Նկարուելու եւ ձեր նկարները թերթերուն մէջ տպելո՞ւ համար...:

Ես կը կարծեմ, թէ որքան որ «մեծ յաջողութիւններ» չեն արձանագրած այս համաժողովները, իրենց տեսանելի թէ անտեսանելի օգտակարութիւնը ունեցած են հայրենիք-սփիւռք փոխյարաբերութիւններուն մէջ, ինչպէս նաեւ հայրենիքէն եւ սփիւռքէն ներս մտայնութիւններու եւ փորձառութիւններու բախումներէն ծնած բարիքներէն:

Եթէ անկեղծօրէն վերլուծենք այս համաժողովներուն արդիւնքները, հաւանաբար շօշափելի օգուտներ դժուար թէ արձանագրուած ըլլան: Սակայն, պարզ այն փաստը, որ սփիւռքի զանազան գաղութներէն հարիւրաւոր մտաւորականներ, խմբագիրներ, միութիւններու եւ կուսակցութիւններու պատասխանատուներ, կրթական մշակներ, ազգային գործիչներ եւ գործարարներ հայաստանցի իրենց գործակիցներուն եւ պաշտօնակիցներուն հետ քով քովի գալով կը ծանօթանան, գաղափարներու փոխանակումներ կ՚ունենան, որոշ նիւթերու մասին կը խորհրդակցին, զիրար գովելով հանդերձ զիրար կը քննադատեն, պետական եւ եկեղեցական պատասխանատու անձնաւորութիւններու հետ կը տեսնուին, ինքնին անտեսանելի, բարոյական օգտակարութիւնը կ՚ունենան երկուստեք:

Նկատի ունենալով որ ազգային քաղաքական ոլորտներուն մէջ տակաւին մեր ազգը հազիւ քսանհինգ տարուան փորձառութիւն ունի, պէտք է համբերատար ըլլալ նման համագումարներէն անմիջական արդիւնքներ ակնկալելու: Չմոռնանք նաեւ որ որպէս «քաղաքագէտներ, դիւանագէտներ», տակաւին շատ ճամբայ ունինք կտրելիք: Քաղաքական ասպարէզին մէջ մենք տակաւին նոր սկսած ենք մեր ոտքերը թրջել: Ճիշդ է որ հոս-հոն քանի մը հատ իրաւ դիւանագէտ-քաղաքագէտներ ունինք, սակայն մեր հայ մասսան ... ամենագէտ է:

Հայաստան-Սփիւռք 6-րդ համաժողովին գլխաւոր նիւթերը փոխադարձ վստահութեան, միասնականութեան եւ պատասխանատուութեան մասին են:

Կը կարծեմ, որ նիւթերու ընտրութեան շարքն անգամ ճիշդ դասաւորուած է: Առանց փոխադարձ վստահութեան կարելի չէ միասնականութիւն հաստատել, եւ հետեւաբար ամէն մարդ զերծ կը կացուցուի պատասխանատուութեան զգացումներէն:

Սակայն, փոխադարձ վստահութիւնը միայն անուշ խօսքերով կարելի չէ հաստատել:

Այս պարագային, պէտք է ըսել որ սփիւռքը մինչեւ ասկէ քսան-քսանհինգ տարիներ առաջ, կոյր վստահութիւն ունէր Հայաստանի իր ազգակիցներուն վրայ: Եղած շեղումները կարելի էր համայնավար վարչակարգին վերագրել եւ զանոնք ամբաստանելով հարցը լուծել: Վերջապէս, «մրրկաւ բաժնուած» եղբայրներ էինք ամէնքս ալ:

Հայաստանի անկախացումէն վերջ, սփիւռքահայ գործարարներու հոսք մըն է որ սկսաւ Հայաստանին օգնելու, նիւթապէս, առեւտրական յարաբերութիւններով, գործարաններ բանալով եւ այլապէս: Անխառն հայրենասէրներ էին անոնք, որոնք կ՚ուզէին Հայաստանի մէջ «պիզնես» բանալով, թէ՛ օգտակար ըլլալ Հայաստանին, եւ թէ ալ, ինչու՞ չէ, օգտուիլ անկէ:

Կը յիշեմ, երբ ԹՄՄ Արշակ Տիգրանեան վարժարանի տնօրէնն էի, անկախութենէն անմիջապէս ետք, բազմաթիւ ծնողներ սկսան գործարքներ ունենալ Հայաստանի հետ:

Գործարար ծնողք մը «նէյլոն» տոպրակի գործարան բացաւ: Ուրիշ մը, որ Լոս Անճելըս աղբահաւաք ընկերութիւն ունէր, աղբահաւաքութեան մեծ «թրաք»ներ տանելով այդ գործին սկսաւ: Կօշիկի վաճառական ծնողք մը, որ կոյր հայրենասէր էր, կօշիկի երկու խանութներ բացաւ Երեւանի մէջ եւ Իտալիայէն եւ Պրազիլէն սկսաւ կօշիկ ներածել եւ ծախել: Ընտանիքով ասոնք Երեւան փոխադրուեցան, հոս ամէն բան ծախելով:

Ուրիշ դեղագործ մեծահարուստ ծնողք մը ծրագրած էր Հայաստանի մէջ դեղ արտադրելու գործարան հաստատել: Գերմանիայէն գործարանը, հում նիւթերը եւ մասնագէտները պիտի ներածէր, Հայաստանի մէջ դեղերը պատրաստէր, եւ նախկին Սովետական Միութեան երկիրները արտածէր: Հայաստանի հիւանդներուն համար դեղերը գրեթէ անվճար պիտի ըլլային: «Երբ իմ դրամական ներդրումս վերստանամ, անկէ ետք եկած շահին մէկ մասով նոր գործատեղեր պիտի բանամ, մնացածն ալ պիտի նուիրեմ հիւանդանոցներուն, դպրոցներուն, համալսարաններուն, մանկատուներուն, ծերանոցներուն եւ այլ բարեսիրական հաստատութիւններուն», ըսաւ ան:

Այս ծրագիրը չյաջողեցաւ: «Ինծի հասկցուցին, որ ես գործարանը բանամ, արտադրութիւններու սկսիմ եւ ապա գործարանը իրենց նուիրեմ, որպէսզի իրենք շահագործեն եւ իբր թէ իմ ծրագիրներս իրագործեն:» Այսինքն, դուն դրամդ տուր, մենք գիտենք ինչպէս ծախսել: Այս բարերարը իր անմիջական բարեկամներուն դրամական որոշ նուէրներ տալէն ետք, վերադարձաւ Լոս Անճելըս, եւ տակաւին մինչեւ հիմա Հայաստան չէ գացած, նոյնիսկ այցելութեան:

Արդիւնքը՞… Այդ հաստատուծ ձեռնարկութիւններուն մեծ մասը հայաստանեան մութ ուժերուն կողմէ կողոպտուեցան: Աւելի ցաւալին այն է, որ այդ ձեռներէց մարդոց վստահութիւնն ալ կորսուեցաւ: Եթէ, կ՚ըսեն, պատիւդ կորսնցնես, ալ ետ չես կրնար գտնել: Նոյնպէս, երբ հայաստանցիները իրենց հանդէպ վս-տահութիւնը կորսնցուցին, ալ շատ դժուար էր այդ կորսուած անգին գանձը գտնելը:

Տակաւին, երբ իրենց հաստատութիւնները կողոպտուած սփիւռքահայերը Հայաստանի դատարանները դիմեցին արդարութիւն ակնկալելով, վճիռները ընդհանրապէս միշտ… կողոպտողներուն ի նպաստ եղան:

Գիտէ՞ք, սփիւռքահայերը կրնան կոյր հայրենասէրներ ըլլալ, բայց այդքան ալ ապուշ չեն:

Հայաստանի տնտեսական ներկայ կացութեան, գլխաւորաբար անգործութեան պատճառաւ, աւելի քան մէկ միլիոն մարդ, հայ, մեծ մասը երիտասարդներ, արտագաղթեցին Հայաստանէն: Այս արտագաղթը, ոչ միայն Հայաստանը պարպեց իր երիտասարդութենէն, այլեւ անոնց արտասահման մեկնումով, Հայաստանի ապագային հանդէպ սփիւռքի վստահութիւնն ալ վիրաւորեց:

Այդ արտագաղթողները, դժբախտաբար, լաւ բաներ չունէին Հայաստանի մասին խօսելու: Այս ի՞նչ երկիր է, որուն բնակչութեան աւելի քան մէկ երրորդը կը լքէ իր երկիրը եւ դուրս կ՚երթայ պատառ մը հաց ճարելու:

Երիտասարդութիւնը Հայաստանի ապագայի մասի՛ն ալ շատ յոյս չունի: Այս «անյուսութիւն»ը մեծապէս վարակած է նաեւ սփիւռքը: Երբ բողոքի որոշ ցոյցեր տեղի ունեցան Երեւանի փողոցներուն մէջ, շատ բիրտ ուժով զսպուեցան անոնք:

Քաղաքական կեանքին մէջ, երբ երկրի մը երիտասարդութիւնը փողոց կ՚իջնէ ցոյցի եւ արդար պահանջներ կ՚ունենայ, իշխանութիւններուն պարտականութիւնն է լսել այդ բողոքներն ու պահանջները եւ լուծումներ գտնել, նուազագոյն պարագային տրամաբանական «պատրուակներ» տալով առժամապէս հանդարտեցնել մթնոլոտը եւ մանաւանդ երիտասարդութեան առիթը տալ, որ միասնաբար լուծումներ գտնելու գործընթացին մասնակցի:

Երբ Հայաստանի իրավիճակը այդ էր, անգործութիւն, բիրտ ուժ, յուսալքութիւն, անապահով ապագայ, ընտանեկան նիւթական ծանր պայմաններ, բնականաբար երիտասարդները պիտի արտագաղթէին: Ցաւալին այն է նաեւ, որ երբ ժամանակի վարչապետ Պրն. Տիգրան Սարգիսեանին ազնիւ ուշադրութեան կը յանձնեն արտագաղթի այս տխուր պարագան, «ի՞նչ է, ուզում էք որ չհեռանան որ ըմբոստանա՞ն, որ պայթո՞ւմ տեղի ունենայ», կը պատասխանէ:

Ահաւոր են այս պատասխանին ետին կեցող ոգին, տրամաբանութիւնը, քաղաքական հասունութիւնն ու հասկացողութիւնը:

Հայաստանի պետական այրերու գլխաւոր պարտականութիւններուն մէջ պէտք է իյնայ նաեւ սփիւռքահայերուն վստահութիւնը վերաշահիլ:

Հայաստանի մէջ պէտք է ստեղծուի այնպիսի դրական մթնոլորտ, որ սփիւռքահայը ի՛նքը ուզէ Հայաստան երթալ, այնտեղ ապրիլ եւ ստեղծագործել, այնտեղ աշխատիլ, հոն իր գործատեղերը բանալ եւ հայաստանցիին հետ միասնաբար կերտել Հայաստանի եւ հայ ժողովուրդին ապագան:

Հայաստանի այժմու վարչապետ Պրն. Կարէն Կարապետեանի սփիւռքահայերու կոչին՝ որ Հայաստան գան եւ շօշափելի ներդրումներ կատարեն, կարծեմ ակնկալուած արձագանգը չգտաւ: Կարգ մը անհատներ եւ խմբակցութիւններ աժան խօսքերով շնորհաւորեցին վարչապետին այս հրաւէրը, սակայն… ոչ մէկ ներդրում կատարեցին այնտեղ, որքան տեղեակ եմ:

Բաց գաղտնիք է, որ Հայաստանի պետական ղեկավարներէն շատեր (անցեալի եւ ներկայի), ինչպէս նաեւ բազմաթիւ գործարարներ, հարիւրաւոր միլիոն տոլարներ օտար երկիրներու մէջ շահարկութեան դրած են, գործատեղիներ, առեւտրական եւ այլ հաստատութիւններ հիմնած են:

Ինչո՞ւ այդ մարդիկը իրենց դրամը Հայաստանի մէջ չեն շահագործեր, գործատեղիներ չեն բանար եւ հազարաւոր երիտասարդներ աշխատցներ:

Եթէ այդ մարդիկը քանի մը հարիւր միլիոն տոլար վերադարձնեն Հայաստան եւ այնտեղ շահարկութեան դնեն, այդ մասամբ կը խրախուսէ սփիւռքահայը:

Եթէ Հայաստանի դատաւորները սփիւռքահայերու ընդդէմ հայաստանցիներու դատերը արդարօրէն սկսին դատել եւ օրէնքի վրայ հիմնուած արդար վճիռներ արձակեն, վստահութեան նոր խաւ մը եւս աւելցուցած կ՚ըլլան սփիւռքահայերու հոգիներուն մէջ:

Ինչո՞ւ Հայաստանի խանութները լեցուն են թրքական ապրանքներով: Կարելի չէ՞ այդ նոյն ապրանքները Հայաստանի մէջ արտադրել եւ դրամը Հայաստանի մէջ շրջագայեցնել, հազարաւոր գործատեղեր ստեղծել:

Ինչո՞ւ Ատրպէյճանէն ապրանք պիտի ներածուի..., եւ ներածող մաքսանենգները անպարտ պիտի արձակուին: Կարելի չէ՞ որ պետութիւնը կամ իշխանութիւնները միջամտեն եւ այդ նոյն ապրանքները Հայաստանի մէջ արտադրեն եւ հայերը ըլլան շահողները, քան թէ մեր ոխերիմ թշնամիները:

Հարստացնենք Ատրպէյճանը մեր դրամով, որպէսզի անոնք զէնք ու փամփուշտ գնեն մեր դրամով եւ այդ փամփուշտներով մեր զաւակները սպաննեն: Եթէ այս դաւաճանութիւն չէ, ի՞նչն է դաւաճանութիւնը: Եւ շատ մը բանիմաց հայեր կը գանգատին որ Ռուսաստան Ատրպէյճանին զէնք կը ծախէ… Բարեկամ, նախքան Ռուսաստանը դատապարտելդ, նայէ որ դուն Ատրպէյճանին դրամ չտաս որ ան ալ Ռուսաստանէն զէնք գնէ:

Երբ հայաստանցի բարեկամի մը հարցուցի, որ ինչո՞ւ պետութիւնը արգելք չի դներ այս օտար ապրանքներու ներածումին վրայ, «բարեկամ», ըսաւ, «ներածողերը իրենք են: Պետութեան բարձրագոյն պաշտօնները զբաղեցնող մարդիկն են գլխաւոր ներածողները, ո՞վ որուն պիտի արգիլէ»: Այդ ներածող «մեծ»երուն անուններն ալ տուաւ, սակայն մինչեւ որ անվերապահօրէն չստուգեմ իրականութիւնը, չեմ ուզեր անուններով խօսիլ:

Տակաւին սփիւռքահայերուն վստահութիւնը վերաշահելու միջոցներ շատ կան, սակայն յօդուածի մը սահմանները չեն արտօներ որ շատ խորանանք: Մեր ընթերցողները կրնան միանալ այս բանավէճին եւ իրենց ներդրումն ալ բերել այս հարցի լուծման:

Բնականաբար երբ Հայաստան-Սփիւռք վստահութիւնը երկուստեք վերաշահուի, միասնական ուժերով կարելի կ՚ըլլայ վերականգնել Հայաստանի նախկին բարգաւաճ վիճակը:

Սփիւռքի կազմակերպութիւնները, միութիւնները, կուսակցութիւնները, գործարարները, եկեղեցիները եւ մանաւանդ պարզ, համեստ սփիւռքահայը միացեալ ուժերով, իրենց կարողականութիւններն ու կարողութիւնները ի սպաս պիտի դնեն Հայաստանի վերելքին: Բազմահազար գործատեղեր պիտի բացուին եւ երիտասարդութիւնը, հայ մարդը պէտք պիտի չունենայ արտագաղթելու: Վստահաբար, արտագաղթած հայերէն շատեր պիտի վերադառնան իրենց պապենական օճախները վերաշինելու եւ շէնցնելու:

Եւ քանի որ սփիւռքահայուն վստահութիւնը վերաշահուած է, գործատեղերը բարձրացած, միասնականութիւնը հաստատուած, ուրեմն ամէն մարդ պատասխանատուութեամբ պիտի վերաբերի իրեն վստահուած հոգեկան թէ նիւթական պարտականութիւններուն հանդէպ:

Վստահ եմ, որ Սփիւռքը պատրաստ է գործակցելու, եթէ Հայաստանը ստանձնէ իր պատասխանատուութիւնը:

ՎԱՐԴԳԷՍ ԳՈՒՐՈՒԵԱՆ

«Պայքար», Պոսթոն

Ուրբաթ, Սեպտեմբեր 8, 2017