ԻՏԼԻՊԻ ԽՆԴՐԻ ԼՈՒԾՈՒՄԷՆ ՎԵՐՋ, ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ԿԱՐԳԱՒՈՐՈՒՄՆԵՐՈՒ ՍԵՂԱ՞Ն

Սուրիոյ մէջ ընթացող զարգացումներուն լոյսին տակ, այս օրերուն կարեւոր տեղ կը տրամդրուի Իտլիպին։

Նահանգը, որուն մասին գուցէ առաջին անգամ միայն վերջերս լսած էր Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ, ստացած է բաւականին մեծ կարեւորութիւն, եթէ յատկապէս հաշուի առնենք, որ Իտլիպի ազատագրումէն ետք Սուրիոյ եօթ տարիներէ ի վեր ընթացող «հակամարտութիւն»ը նոր կարեւոր շրջափուլ մը պիտի թեւակոխէ։

Երբ արաբատառ մամուլի իրանամէտ թերթերէն Պէյրութի մէջ հրատարակուող «Ալ Ախպար» լոյս կ՚ըծայէր «Իտլիպ. սեպտեմբերը ճակատագրական ժամադրութիւն» խորագրով յօդուած մը, շատ հաւանաբար կը հանրայնացնէր, Սուրիոյ կառավարութեան նեցուկ կանգնած ուժերուն հիմնական փափաքը, որն է՝ Իտլիպը վերադարձնել Սուրիոյ նախագահ Պեշար Էսատի զօրքերու տիրապետութեան։ Անշուշտ այս որոշումը Սուրիա-Մոսկուա-Իրան եռակողմանի դաշինքին համար պատահական մօտեցում մը չէր ու ան երկար ամիսներու ուսումնասիրութեան, նաեւ գետնի վրայ տարուած զինուորական յաղթանակներու հանրագումարն էր։

Ըստ Bloomberg կայքին, որ հինգշաբթի օր Իտլիպի զարգացումներուն մասին կարճ վերլուծութիւն մը կը հրապարակէր, Իտլիպ նահանգի ազատագրումով Սուրիոյ 62 առ հարիւրը պիտի անցնէր կառավարական ուժերու տիրապետութեան տակ եւ այդպէսով երկրի միայն 28 առ հարիւրի պիտի շարունակէր մնալ Էսատի օրինականութենէն դուրս։ Խօսքը յատկապէս այն ուժերուն մասին է, որոնք կը համարուին ամերիկամէտ եւ ցարդ ալ կը շարունակեն ստանալ Միացեալ Նահանգներու նիւթա-բարոյական նեցուկը։

Ապա, աւելի պարզացնելու համար ընդհանուր պատկերը Bloomberg կը խօսէր Սուրիոյ հիւսիսային հատուածներուն մէջ տեղակայուած քրտական ուժերուն մասին, որոնք այսօրուան կտրուածքով կը համարուին առնուազն երեք տարի առաջ անհաւանական համարուած, բայց այսօր արդէն «միս ու ոսկոր» ստացած Թեհրան-Մոսկուա-Անգարա գործակցութեան մասին, որ չի սահմափակուիր միայն լուծելու համար Իտլիպի թնճուկը, այլ նաեւ կը փորձէ ամէն միջոցներով Սուրիոյ տագնապի լուծման համար քաղաքական հիմնաւորեալ եւ «ապահով» հարթակներ պատրաստել։

Ի դէպ, ներկայ պահու դրութեամբ Իտլիպի բնակչութեան ընդհանուր թիւը կը հասնի 2.9 միլիոնի, որոնց 1.4 միլիոնը Իտլիպ գաղթած են՝ խոյս տալու համար Սուրիոյ կառավարական ուժերու տիրապետութենէն։

Այս պատկերի լոյսին տակ յստակ կը դառնայ նաեւ, որ Իտլիպի մէջ ընթացք առած որեւէ լայնածաւալ եւ ցամաքային գործողութեան հետեւանքով մեծ պիտի ըլլայ թիւը այն փախստականներուն, որոնք այս անգամ Սուրիա-Թուրքիա սահմանը հատելով պիտի յայտնուին Թուրքիոյ մէջ, ստեղծելով մարդասիրական դժուար ուղղելի եւ գրեթէ աննախադէպ տագնապ մը։

Ու այստեղ է նաեւ, որ բացայայտ եւ բաւական կտրական մօտեցումներ ամրագրելով Անգարա կը բարձրաձայնէ իր «ոչ»ը՝ Իտլիպի մէջ զինուորական լայնածաւալ գործողութեան մը սկսելու վերաբերեալ։

Այս առումով կարեւոր է հաշուի առնել Թուրքիոյ Արտաքին գործոց նախարար Մեւլիւտ Չավուշօղլուի յայտարարութիւնը, որ Իտլիպի խնդրով ծանր քննադատութեան առարկայ կը դարձնէր Սուրիոյ կառավարութիւնը ու կ՚ըսէր. «Անոնք են, որ թոյլ տուին, որ այսքան ահաբեկիչներ Իտլիպ լեցուին»։

Չավուշօղլու, որուն յայտարարութիւնը կու գար կտրել վերջին ամիսներուն Դամասկոս-Անգարա իրար չմեղադրելու միտուած առկայ իրավիճակը, նաեւ կը խօսէր խնդրի մարդասիրական երեսակին մասին։ Ան մտահոգութիւն կը յայտնէր, որ եթէ Իտլիպի մէջ զինուորական լայնածաւալ գործողութիւններ ընթացք առնեն, ապա շատ հաւանական է, որ զարգացումներէն օրեր անց աւելի քան երկու միլիոն փախստականներ, որոնց մէջ նաեւ ահաբեկիչներ, Թուրքիա «պիտի լեցուին»։

Այս առումով է նաեւ, որ բաւականին խրթին հարց կը ծագի այն մասին, թէ արդեօք Անգարա կը կարողանա՞յ զսպել այդ մարդկային հոսքը, կամ նոյնիսկ այդ փախստականներու Թուրքիոյ հողերուն վրայ տեղաւորելէ ետք Թուրքիոյ կառավարութիւնը բաւարար ներուժ ունի՞ ապահելու ու հոգալու համար անոնց նախնական կարիքները։

Այստեղ պէտք է անպայման հաշուի առնել, որ մինչեւ այս օրը եւ բաւականին ազդեցիկ միջոցներ օգտագործելով ու Անգարայի ղեկավարութիւնը բաց պահելով Անգարա-Իտլիպ-Մոսկուա ալիքը, կը փորձէին ամէն կերպով ապահովել Իտլիպի արմատական խմբաւորումներուն նախնական համաձայնութիւնը՝ Մոսկուայի հետ ուղղակի բանակցութիւններ վարելու առումով։

Ի դէպ, այսօր Իտլիպի մէջ գլխաւոր երկու ուժերը կը համարուին «Թահրիր էլ Շամ» եւ «Էլ Նուսրա» խմբաւորումները։ Եթէ մօտիկ անցեալին յատկապէս «Թահրիր էլ Շամ»ը կը համարուէր Ռիատի անմիջական նեցուկը վայելող խմբաւորում մը, ապա իրավիճակը այսօր բաւական փոխուած է։

 Նախ եւ առաջ անոր համար, որ Ռիատ իր գործած սխալներէն ասդին առաջուան նման հետաքրքրուած չէ սուրիական տագնապով։ Հետեւաբար շատ տրամաբական է, որ դրամի նեցուկով ռազմական գործողութիւններ կատարող այդ խմբաւորումը մէկ օրէն միւսը «ծախէ» իր «պապաներ»ը ու ամէն գնով փնտռէ նոր «պապաներ»։

Այստեղ է նաեւ, որ յստակ կը դառնայ, թէ բանակցութիւններու սեղանին կարեւորութիւն ընծայող Անգարայի դերը կը բարձրանայ, յուշելով նաեւ, որ յառաջիկայ փուլերուն համար Անգարա-Դամասկոս համագործակցութիւնը միայն ենթադրական մօտեցում մը չէ։

ԱՄԵՐԻԿԵԱՆ «ՀԻՆ-ՆՈՐ» ՈՒՇԱՑԱԾ ԴԵՐԸ

Իտլիպը, որպէս Սուրիոյ կառավարութեան հիմնական թիրախ դուրս կու գար ներ-սուրիական ընդհանուր օրակարգէն եւ կը դառնար միջազգային հարթակի հետաքրքրութեան հիմնական առանցք այն պահուն, երբ Տանըլտ Թրամփ իր գլխաւոր «զէնք»ը գործածելով թուիթըրեան գրառում մը կը կատարէր Իտլիպի մասին ու կը յայտնէր, որ լրջօրէն մտահոգ է Իտլիպի ընդհանուր իրավիճակով։ Ամերիկայի նախագահը նաեւ կը յայտարարէր, թէ սպասելի է, որ Դամասկոս ծայրայեղ քայլի մը երթալով քիմիական զէնք օգտագործէ եւ պատճառ դառնայ «մարդկային աղէտ»ի մը։

Այդքանը թերեւս «զգայացունց» նորութիւն մը պիտի չըլլար, սակայն քիմիական զէնքին դէմ ամերիկեան «բռունցք»ը օգտագործելու Թրամփի մօտեցումը խնդիրը կը դարձնէր աւելի տարողունակ, նաեւ միջագային խաղացողներուն համար աւելի «հետաքրքրական»։

Բաց աստի, Սուրիոյ պատերազմի տարբեր փուլերուն ալ Միացեալ Նահանգներու կողմէ զինուորական միջամտութիւն կատարելու մասին խօսակցութիւնները նորութիւն չեն։ Նոյնը կատարած է Միացեալ Նահանգներու նախկին նախագահ Պարաք Օպամա, որ դարձեալ «պատրուակելով» քիմիական զէնքի օգտագործումը՝ սպառնացած է հարուածել Սուրիոյ նախագահ Պեշար Էսատի Դամասկոսի նստավայրը։

Այդ օրերուն սակայն իրադրութիւնը այլ էր եւ այսօր բոլորովին այլ։

Այսօր կը խօսուի այն մասին, որ Սուրիոյ տարածքին մեծամասնութիւնը անցած է արդէն բանակի տիրապետութեան տակ ու յստակ է նաեւ, որ ուշ կամ կանուխ Իտլիպն ալ պիտի անցնի Դամասկոսի տիրապետութեան տակ։

Խնդրիրն այն է, թէ ի՛նչ պայմաններով ու ինչ «գին»ով Իտլիպը պիտի դառնայ ծայրայեղական զինեալներէ զերծ շրջան մը… Այս առումով շատ կարեւոր է հասկնալ, թէ յառաջիկայ օրերուն ըլլալիք զարգացումներու աւարտին Մոսկուան, Թեհրանը եւ Անգարան ի՛նչ շահերով եւ ինչ առաջնահերթութիւններով պիտի փորձեն այս խնդրի լուծումը ապահովել։

Այս բոլորէն անկախ, պէտք է անպայման արձանագրել, որ վերջին տարիներուն Միջին Արեւելքի քաղաքական քարտէսին վրայ, որպէս արիւնոտ կէտ, Սուրիան մուտք պիտի գործէ քաղաքական լուծումներու շրջափուլ մը, որուն մէջ հիմնական դեր պիտի ունենան Մոսկուան, Թեհրանը եւ Անգարան։

ԹԵՀՐԱՆԻ ԵՌԱԿՈՂՄԱՆԻ ԳԱԳԱԹԸ. ԿԱՄ ՈՐՈՇԵՑԻՆ ՅԵՏԱՁԳԵԼ «ԼՈՒԾՈՒՄ»Ը

Մինչ երէկ կէսօրէ ետք «խելացի» հեռախօսիս պաստառին մէկ տողնոց արագ լուրերու մեծ տարափ մը կ՚երեւէր, անդին «Էլ Ճեզիրէ» կայանի Թեհրանի թղթակիցը կը յայտնէր, որ Թեհրանի մէջ ընթացք առած եռակողմ գագաթը միայն երեւելի կողմն է այն բանակցութիւններուն, որոնք ընթացք պիտի առնէին ուրբաթ ուշ երեկոյեան եւ շարունակուէին յառաջիկայ օրերուն համար։

Ճիշդ է, որ լրագրական մակարդակի վրայ առնուած երեք առաջնորդներու, հիւրընկալ՝ Հասան Ռուհանիի, Ռուսաստանի եւ Թուրքիոյ նախագահներ՝ Վլատիմիր Փութինի եւ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողանի միասին առնուած նկարը կարեւոր «պատգամ» կը փոխանցէր, սակայն յստակ էր նաեւ, որ երեք ղեկավարները կարծես թէ նախօրօք պայմանաւորուած էին, որ Թեհրանի ժողովէն «ցնցիչ» հաղորդագրութիւն մը հրապարակ պիտի չհանուէր։

Կարեւորը այն էր, որ նախագահ Էրտողանի ներկայութեան գրեթէ առաջին անգամն էր, որ խօսք կ՚երթար Սուրիոյ հողային ամբողջականութեան մասին։ Բան մը, որ ապահովաբար պիտի դառնար կարեւոր հիմքը յառաջիկայ համաձայնութիւններուն։

Բաց աստի, կար նաեւ Իտլիպի մէջ զինուորական միջամտութիւն կատարելու հիմնահարցը, որ կը «զարնուէր» Անգարայի «ոչ»ին, տրուած ըլլալով, որ այդպիսի կտրուկ քայլ մը, ինչպէս Թուրքիոյ նախագահը կ՚ըսէր, կրնար պատճառ դառնալ մարդկային աղէտի մը։ Առնուազն այս տուեալը նկատի առնելով պէտք է հաշուի առնել եւ ընդունիլ, որ Թեհրանի այս ժողովը յաջողած էր իր հեռաւոր նպատակներուն մէջ։

Այն իմաստով, որ եթէ յառաջիկայ օրերուն ռուսաստանեան կործանիչները նոյնիսկ շարունակեն հարուածել Իտլիպի մէջ տեղակայուած արմատականներուն կեդրոնատեղիները, ապա Թեհրանի մէջ ձեռք բերուած պայմանաւորութիւնը կը խօսի մեծածաւալ գործողութիւններու ներկայ փուլին յետաձգելու առաջնահերթութիւնը։

Չմոռնանք, որ Իտլիպի մէջ կան շուրջ երեք հարիւր հազար զինեալներ ու առանց անոնց հարցերու կարգաւորման, կամ անոնց մեկնելու ուղղութիւնը չճդելու, դժուար թէ Մոսկուա, կամ նոյնիսկ Թեհրան «կանաչ լոյս» տան Սուրիոյ բանակին, որպէսզի սկիզբ դնէ զինուորական «սպասուած» գործողութեան։

Ամէն պարագայի տակ, յառաջիկայ օրերը կարեւոր են Իտլիպի համար, ոչ թէ ռազմական առումով, այլ նաեւ ոտքի հանելով Անգարա-իսլամամէտներ-Մոսկուա բանակցութիւններու փուլը, որուն շնորհիւ ալ կարելի պիտի ըլլայ նոր ձեւաչափերով լուծել «իտլիպեան թնճուկ»ը։

Ի դէպ, նոյն առումով ալ դժուար չէ պատկերացնել, որ Դամասկոսի կտրուկ կեցուածքին տեղի տալով Մոսկուա եւ Թեհրան ընդունին զինուորական մեծ գործողութիւն մը իրականացնելու հարցը, սակայն այդ մէկը կրնայ խառնել Սուրիոյ մէջ առկայ հանգրուանային «սթաթիւքօ»ն, որուն հետեւանքով ալ չի բացառուիր, որ դէպի քաղաքական հարթակ տարուող սուրիական հիմնախնդիրը ետքայլ կատարէ եւ պատճառ դառնայ յաւելեալ արիւնահեղութեան։

ԶԷՆՔԵՐԸ ԹՈՂԵԼՈՒ ԿՈՉ

Թուրքիոյ, Ռուսաստանի եւ Իրանի ղեկավարներու հերթական գագաթաժողովը երէկ տեղի ունեցաւ Թեհրանի մէջ։ Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան այս առթիւ մէկտեղուեցաւ իր ռուս եւ իրանցի պաշտօնակիցներուն՝ Վլատիմիր Փութինի եւ Հասան Ռուհանիի հետ։ Երեք նախագահները շօշափեցին Սուրիոյ ճգնաժամին ընթացքը, գրեթէ բացառապէս կեդրոնանալով Իտլիպի ներկայ ծանր կացութեան վրայ։ Ղեկավարներու եզրափակիչ յայտարարութեան մէջ կոչ ուղղուեցաւ՝ որպէսզի հրատապ ձեւով հրադադար հաստատուի։ Էրտողան գագաթաժողովի ընթացքին յայտնեց, որ Իտլիպ արեան ծովու մը պէտք չէ վերածուի ու պէտք չէ թոյլ տրուի, որ Պեշար Էսատ ընէ իր ուզածը։ Ան պահանջեց, որ եզրափակիչ յայտարարութեան մէջ հրադադարի կոչ ուղղուի։ Իր կարգին, Վլատիմիր Փութին արդար նկատեց Էրտողանի դիրքորոշումը, սակայն հրադադարի արտայայտութեան դէմ վերապահութիւն դրսեւորեց՝ պատճառաբանելով Իտլիպէ ներս ԻՇԻՊ-ի եւ Էլ Նուսրայի նման ահաբեկչական կազմակերպութիւններու գոյութիւնը։ Այս պայմաններուն ներքեւ Էրտողան առաջարկեց եզրափակիչ յայտարարութեան մէջ բոլոր կողմերուն կոչ ուղղել՝ որպէսզի զէնքերը թողնեն։ Այս մօտեցումը որդեգրուեցաւ նաեւ միւս ղեկավարներուն կողմէ։

Փութին Թեհրանի գագաթաժողովին ընթացքին յայտնեց, որ Իտլիպի մէջ ահաբեկիչները կը սպառնան չափաւոր ընդդիմութեան եւ քաղաքային ժողովուրդին ու պատրաստութիւն կը տեսնեն քիմիական զէնք օգտագործելու համար։

Էրտողան յստակօրէն յայտնեց, որ Սուրիոյ վարչախումբի շահերուն համար Թուրքիա չի կրնար յօժարիլ տասնեակ հազարաւոր անմեղ մարդոց մահուան։ Անգարա նման խաղի մը մասնակիցը կամ դիտարկողը պիտի չըլլայ։ Նախագահը ընդգծեց, որ եթէ Սուրիայէն դէպի Թուրքիա գաղթականաց նոր ալիք մը յառաջանայ, ապա այդ մէկը անտանելի պիտի ըլլայ երկրին տեսակէտէ։

Հասան Ռուհանին ալ կրկնեց, որ Իրան Սուրիոյ մէջ գոյութիւնը պիտի տեւականացնէ մինչեւ ժողովրդավարութեան հաստատուիլը։ Այս մտադրութեան հիմք կը հանդիսանան Սուրիոյ ղեկավարութեան եւ Իրանի միջեւ ստորագրուած համաձայնագրերը։

Միջազգային աղբիւրները հաղորդեցին, որ երէկ ռուսական ռազմաօդային ուժերը դարձեալ ռմբակոծումներ կատարած են Իտլիպի շրջակայքին։

Էրտողան երէկուան գագաթաժողովին ընթացքին ուշադրութիւն հրաւիրեց նաեւ անջատողական ահաբեկչական ՓՔՔ կազմակերպութեան Սուրիոյ շառաւիղին՝ ՓԵՏ-ԵՓԿ-ի վրայ։ «Երբ մենք Իտլիպի վրայ կեդրոնացած ենք, Եփրատի արեւելքին անցանկալի իրադարձութիւններ տեղի կ՚ունենան», ըսաւ Էրտողան եւ բացատրութիւններ տուաւ ԱՄՆ-ի կողմէ ուղարկուած զէնք ու զինամթերքին շուրջ։ Ուստի, Թուրքիան ալ մտադիր է տարածքաշրջանի մէջ մնալ՝ մինչեւ որ Սուրիոյ քաղաքական, աշխարհագրական եւ ընկերային ամբողջականութիւնը վերահաստատուի։

Այս ձեւաչափով յաջորդ գագաթաժողովը տեղի պիտի ունենայ Ռուսաստանի մէջ։

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Երեւան

Շաբաթ, Սեպտեմբեր 8, 2018