ԵՐԲ ԾԱՌԵՐԸ ԿԸ ՅՕՏՈՒԻՆ…

Արեւի առաջին շողերուն հետ, Մանուկ՝ պարտէզի յատուկ լայնկեկ հագուստները հագած, գլխարկը գլխուն հազիւ երկու պատառ բերանը նետած, խաչակնքելէ ետք, ինքնավստահ քայլերով կ՚ուղղուէր դէպի պարտէզ:

-Պարտիզպան ըսածդ արեւածագին հետ պէտք է իջնէ պարտէզ, զով օդին,- կ՚ըսէր Մանուկ,- որպէսզի գործը ատենին վերջացնէ, օդը չտաքցած:

Այս գարնան առաջին օրն էր, որ պարտէզ կ՚իջնէր: Պարտէզի գործերւկի սկսաւ «գրդելով»1: Քեսապի ձմեռը շատ երկար էր այս տարի ու կարծես աւարտելու ալ միտք չունէր: Հազիւ հաւաքէր իր զաւակները՝ անձրեւը, պաղը, հովն ու մութ ամպերը հրաժեշտ կու տար, բայց բաժանումը դժուար էր, քիչ մըն ալ մնամ կ՚ըսէր, ու նորէն պաղն ու անձրեւը կը սկսէին: Գարունը այս տարի կռուելով, դժուարութեամբ յաղթած էր ձմրան, ու իր տաքուկ արեւով պարուրած էր սիրտը Մանուկին, որուն համբերութիւնը հատած էր արդէն:

Պարտէզի գործերը կուտակուած էին ու աչքին առջեւ կը տողանցէին ծառերը յօտելու, դեղելու, հողը հերկելու, դեռ փլած պատերը վերստին պատելու գործերը… սակայն եկուր տես, որ պաղն ու անձրեւը իրեն շունչ չէին տուած:

Ան տան պատուհանէն ծառերը կը դիտէր ու մտքին մէջ գործերը կը դասաւորէր, բայց այդ դասաւորումները մտքին մէջ կը մնային, քանի որ կլիման չէր օգներ իրեն: Համբերելէ զատ ուրիշ ճար չունէր, «խորհուրդ մարդկանց, կամքն Աստուծոյ» կ՚ըսէր միշտ ու ինքզինք կը համոզէր:

Աշխոյժ քայլերով, ժպիտը դէմքին մօտեցաւ պարտէզի վերջին ծառին եւ սկսաւ յօտել: Գործը դանդաղ կ՚ընթանար: Մարմինը քարացած ու ծլացած էր, ձեռքը աշխատանքի վարժութիւնը կորսնցուցած էր: Քիչ մը ժամանակի կը կարօտի, որ մարմինի ու ձեռքի ճկունութիւնը վերագտնէ ու ձմեռուան ծուլութիւնը թօթափէ, բայց տրամադրութիւնը շատ բարձր էր, կարօտցած էր իր պարտէզին, ծառերուն, հողին եւ աշնքին, հաճոյքով կ՚աշխատէր:

-Ձեռքերդ միշտ դալար թող մնան, խէրլի2 տարի մը ըլլայ, անփորձանք տարի մը: Մանուշն էր, Մանուկին կինը, այս բարեմաղթութիւնները արտասանողը:

-Լեզուիդ դալար, Մանո՛ւշ, միասնաբար, քու ալ ձեռքերդ դալար թող մնան, առողջութեամբ հասնինք բերքահաւաքին:

Մանուշ քիչ մը ուշ իջած էր պարտէզ, տան գործերն ու ճաշը դասաւորելէն ետք: Մանուշ երբ պարտէզ իջաւ, արեւը բարձրացած էր հորիզոնին վրայ ու իր հաճելի ջերմութիւնը աստիճանաբար կորսուած: Ան ծառերը յօտել չէր գիտեր, բայց յօտուած ծառերուն ոստերը կը հաւաքէր: Այդ գործն ալ կարեւոր աշխատանք մըն էր ծառերը յօտելու չափ:

Մանուկ ու Մանուշ քանի մը տասնեակ տարիներ ապրած էին յարգանքով ու սիրով, մերթ ընդ մերթ տարակարծութիւններ ունեցած էին անշուշտ, բայց մէկն ու մէկը անպայման խելքը մեծցուցած էր՝ իրենց ընտանիքի երջանկութիւնը չխաթարելու համար: Մանուկ կ՚ըսէր.

-Ի՞նչ կ՚արժէ աս կարճ կեանքը, ուրախ ապրինք, սիրով ապրինք, օրերը մեր ձեռքէն չսահած աւազի հատիկներու նման:

Իսկ Մանուշ կ՚ըսէր.

-Աս ալ կ՚անցնի, բան չկայ, որ այդքան արժէ այս կեանքին մէջ:

Ու այդպէս անոնք կեանքի բոլոր դժուարութիւնները համբերութեամբ կը շրջանցէին:

-Գիտե՞ս, Մանո՛ւկ, այս տարի մեր նստասենեակն ու խոհանոցը պատանայ3 մը կ՚ուզեն անպայմա՛ն: Անցեալ տարի պէտք էր ընէինք, կարգը չհասաւ անոնց, իսկ տիւաններու երեսներն ալ, պատռիլ-չպատռելու վիճակին մէջ են:

-Հը՜, ի՞նչ կ՚ըսես, չեմ լսեր կնի՛կ, ձայնդ քիչ մը բարձրացուր:

-Որքան բարձրացնեմ, Մանո՛ւկ, քիչ մըն ալ բարձր խօսիմ, դրացիները կը լսեն, ծառերն ալ ականջ ունին:

Մանուկ ծառին ծայրը ելած, ծառերու պիտանի եւ անպիտանի ճիւղերուն վրայ կեդրոնացուցած էր իր ուշադրութիւնը: Իսկ Մանուշ գետին ծռած մէկ կողմէ ճիւղերը կը հաւաքէր, միւս կողմէ միտքը կը սաւառնէր ճաշին, տան պէտքերուն, պզտիկներուն ու դեռ շատ ու շատ նիւթերու շուրջ, որոնք միտքը կը չարչրկէին: Այսօր Մանուշ իր խօսակցութեան նիւթին սկսաւ տան ներկով ու տիւաններով:

Մանուկ շատ լաւ կը լսէր Մանուշին բոլոր ըսածները, պարտէզին մէջ ձայն-ձիւն չկար, երբեմն թռչուններու քաղցր ճլվլոցը կը լսուէր: Մանուշին ձայնը ոչ միայն Մանուկ կը լսէր, այլեւ իրենց դրացուհին՝ Նազլին, որ միշտ պատուհանն էր, մազերը ճակատը ծածկած էին ու հետաքրքիր աչքերը հազիւ կ՚երեւէին: Սակայն Մանուկ ուզածը կը լսէր, չուզածն ալ չլսելու կու գար: Ան շատ լաւ գիտէր, որ կնոջ պահանջը արդարացի է, ինքն ալ կը փափաքէր, բայց կարգը չհասաւ անոնց: Ան շատ լաւ գիտէր, որ Մանուշ քիչ անգամ ինքն իրեն համար բան մը ուզած էր: Պզտիկներուն կարիքներն ու տունը առաջնահերթութիւն էին անոր համար:

-Մանո՜ւշ,- բարձրաձայն կանչեց Մանուկ,- Ո՞ւր ես, ձայնդ չելլէր:

-Ձեռքս եղած ճիւղերը խսիրին վրայ կը պարպէի, գործը բաւական առաջ գնաց, առաջին օրուան համար:

Ու այդպէս ժամանակը կ՚անցնէր: Մանուկ ծառէ-ծառ, իսկ Մանուշ նիւթէ-նիւթ ցատկռտելով: Քանի մը ժամ ետք Մանուկին ձեռքերն ու մկանները կը սկսէին յոգնիլ, իսկ Մանուշին կռնակն ու ոտքերուն մկանները՝ ցաւիլ: Երկուքին մարմինները աշխատանքի վարժութիւնը կորսնցուցած էին:

-Երթամ թոնիրի հացին ու սուրճին դոյլը բերեմ, քիչ մը հանգչինք,- ըսաւ Մանուշ:

-Մինչեւ հացն ու սուրճը բերես, ես ալ այս ծառը վերջացուցած կ՚ըլլամ: Սուրճ մը հիմա մեղրի պէս կ՚իջնէ:

Մանուշ ծառի մը շուքին տակ դրած էր դոյլը: Յոգնած քայլերով դէպի դոյլը կ՚ուղղուէր ու ի՞նչ տեսնէ աղէկ, հացի տոպրակին ծայրը կրծուած ու…: Դոյլը շալկած, յոգնութիւնը մոռցած, ջղայնացած կը բողոքէ Մանուկին:

-Կայ-չկայ Նազլիին կատուն է, հացին ծայրը կրծած է:

-Ինչ կը ջղայնանաս, ճանը՛մ, կատուն ալ անօթի է, բան չեղաւ:

Մանուկ կատուին կերած բաժինը կտրելով ծառին տակ նետեց կերուած կտորը:

-Հիմա կատուն կու գայ, ուտելը կը շարունակէ,- հանդարտութեամբ աւելցուց:

Մինչ Մանուշ դեռ ջղայնացած կը պրպրար, կատուին ըրածին մասին, սուրճի գաւաթները դոյլէն դուրս կը հանէր, կասկածելով, որ կատուն կրնար հոն ալ հասած ըլլալ:

Մանուկ վստահեցուց, որ հոն չի հասնիր: Գաւաթները հողին մէջ տեղաւորեց, ծառի մը շուքին տակ, իսկ Մանուկ բաճկոնը հանելով գետին դրաւ, որպէսզի Մանուշ վրան նստի: Գետինը դեռ պաղ ու խոնաւ էր, արեւէն չէր կշտացած: Մանուկին այս հոգատարութիւնը շատ կ՚ուրախացնէր Մանուշը:

-Ես ալ նախաճաշ չըրի, ախորժակս սրած էի աս հացը ուտելու, բայց ալ չեմ կրնար աս հացէն ուտել, մինչեւ տուն ալ երթալու ո՛չ սիրտ ունիմ, ոչ ալ ուժ,- ըսաւ Մանուշ:

Մանուկ, Մանուշին ձեռքէն ու դաստակէն բռնած, կ՚օգնէր որ հանգիստ նստի ու տեղաւորուի իր բաճկոնին վրայ: Մանուշ փոխանակ բաճկոնին վրայ նստելու, կռնակին վրայ ինկաւ:

-Ձեռքդ բռնած չըլլայի, կռնակդ քարին պիտի գար:

Երկուքը բարձրաձայն խնդալ սկսան: Մանուշ կատուին ըրածը մոռցած էր, ի՞նչ հոգ, ու անոնք ուրախ-զուարթ գործը առաջ տանելու մասին կը մտածէին:

ՍԵՒԱՆ Ա. ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ


1 Գրդել- ծառին աւելորդ ճիւղերը կտրել (յօտել)

2 Խէրլի- բարեբեր

3 Պատանա- ներկ

Երեքշաբթի, Սեպտեմբեր 8, 2020