ԸՆՏՐԷ

(4) Յի­մա­րին իր յի­մա­րու­թեա­նը հա­մե­մատ պա­տաս­խան մի՛ տար, չըլ­լայ որ դուն ալ ա­նոր նման ըլ­լաս:

(5) Յի­մա­րին իր յի­մա­րու­թեա­նը հա­մե­մատ պա­տաս­խան տո՛ւր, չըլ­լայ որ ա­նի­կա զինք ի­մաս­տուն կար­ծէ:

Ա­ռա­կաց (26)

Ա­ռա­ջի­նի պա­րա­գա­յին (4), ես կը նա­խընտ­րեմ պա­տաս­խա­նել ըստ ան­ձին, տե­ղին եւ նիւ­թին, ա­պա՝ քա­շուիլ նե­րաշ­խար­հիս մէջ ու խո­կու­մի պա­հեր ապ­րիլ, ինք­նա­նո­րոգ­ման եւ «յի­մար»ին ը­սա­ծին ինչ­պէս նաեւ իմ պա­տաս­խա­նիս, վերջ ի վեր­ջոյ մեր ա­ղօթք­նե­րէն մէ­կուն՝ եզ­րա­կա­ցու­թիւ­նը ար­տա­սա­նե­լու. «Եւ ո­ղոր­մեա՛ քու ա­րա­րա­ծոց եւ ինձ բազ­մա­մե­ղիս»:

Իսկ երկ­րոր­դի (5) պա­րա­գա­յին, անձ­նա­պէս, լա­ւա­գոյնն է նման­նե­րու հետ գործ չու­նե­նալ… բայց երբ «կա­խուին վի­զէդ» կ՚ը­սես- bye bye ու վերջ: Բայց ե­կուր տես, որ կը պլլուին, կը կրկնես bye bye-դ: Կը շա­րու­նա­կես, կը տես­նես որ ա­նօ­գուտ է ա­մէն մի­ջոց, խօսք, հաս­կա­ցո­ղու­թիւն, քան­զի յի­մար­նե­րը ա­մե­նա­գէտ­ներ են, պէտք չու­նին այ­լոց խե­լա­պա­տի­կէն ար­ձա­կուած­նե­րուն, այլ՝ ի­րե՛նք է որ պի­տի հաս­տա­տեն ի­րենք զի­րենք: Թող այդ­պէս ըլ­լայ, բայց bye bye-ը ըն­դու­նին:

Ա­մե­նայն­դէպս, լա­ւա­գոյն պա­տաս­խա­նը կ՚ըլ­լայ եր­բեմն՝ չպա­տաս­խա­նել, լռու­թիւն: Եր­բեմն պա­տաս­խա­նել ժպի­տով՝ նա­յած նիւ­թին եւ տե­ղին, յար­մա­րու­թեան վեր­ջա­պէս, եր­բեմն ալ կ՚եր­կա­րի… իբ­րեւ ա­ւար­տա­ճառ:

Ա­ռի­թով մը, ծա­նօթ մը հար­ցուց ին­ծի. «Ի՞նչ կը սի­րես ա­մե­նէն ա­ւե­լի», ը­սի «չեմ հասկ­նար­կոր», կրկնեց հար­ցու­մը, ա­ւելց­նե­լով՝ «Ես խու­մա­րը (բախ­տա­խաղ) կը սի­րեմ, ո­րուն ի՞նչ». ը­սի. «Հասկ­ցայ՛ ես վի­ճիլ կը սի­րեմ, բայց ոչ թէ վի­ճե­լու սի­րոյն, այլ՝ հաս­կա­ցո­ղու­թեան գա­լու, ինչ­պէս ե­լեկտ­րա­կան հո­սանք­նե­րու եր­կու թե­լե­րը. տաք եւ պաղ ի­րա­րու հետ ե­թէ հաշտ ըն­թա­նան, լոյս կը ծա­գի: Ա­ռանց եր­կա­րա­պա­տում ար­տա­յայ­տու­թիւն­ներ ալ սի­րած եմ. կարճ, կտրուկ. ինչ­պէս. «Ե­կայ, տե­սայ, յաղ­թե­ցի» Ի­լիոս կե­սար, երբ փոքր Ա­սիան գրա­ւեց կայ­ծակ­նա­յին ա­րա­գու­թեամբ: Ա­ռա­ւել՝ Յի­սու­սի մէկ խօս­քը. «Քու բեր­նէդ քեզ դա­տե­ցի, այ­սինքն՝ շար­ժու­մի մը կամ կու­սակ­ցու­թեան մա­սին է որ պի­տի խօ­սիմ, կամ անդ­րա­դառ­նամ, նոյն ա՛յդ կու­սակ­ցու­թեան է­ջե­րէն պրպտե­լով կ՚ու­զեմ ե­րե­ւան հա­նել թաք­նուած կամ տար­բեր պատ­ճառ­նե­րով չհրա­պա­րա­կուած կամ նոյ­նիսկ հրա­պա­րա­կուե­լէն ետք՝ հա­ւա­քուած գիր­քե­րով:

Թէ ի՞նչ կը սի­րեմ…

Հին հար­ցու­մի նո՛ր պա­տաս­խան. Հա­մա­ցան­ցի մէջ բա­ժին մը կայ, որ հա­յե­րէ­նով «դի­մա­տետր» ա­նու­նը կը տրուի: Լոն­տո­նի «Հայտ փար­քը» յի­շեց­նող, որ խօս­քի ա­զա­տու­թիւ­նը ա­ռանց սահ­մա­նի կը թռչկո­տի հոս ու հոն, քա­նի որ մար­դիկ ի­րենք զի­րենք շատ ա­զատ կը զգան: Այդ ցոյց կու տայ խօսք առ­նող­նե­րու ո­րոշ ուղ­ղու­թիւ­նը. (ե­թէ ո­րոշ է). եր­գի­ծանք­ներ, հայ­հո­յանք­ներ, ա­ծա­կան­ներ, փուն­ջեր կը յոր­դի՜ն… մա­նա­ւանդ՝ մեղ­ձա­ւոր­նե­րու կող­մէ, այս՝ կը շեշ­տուի մա­նա­ւանդ «դի­մա­տետր»ի անձ­նա­կան բա­ժնին մէջ, ձե­ւով մը հե­ռա­կայ «Հայտ փարք»: Ի­րա­պէս լաւ միտք է, որ­պէս­զի մար­դիկ քիչ մը ի­րենք զի­րենք բա­ւա­կա­նա­ցած զգան: Հուսկ՝ թե­թեւ­ցած, ա­պա գու­ցէ վե­րա­դառ­նան ի­րենց բոյ­նե­րը, կամ խու­ցե­րը: Ֆրէք Քրէյ­նի «Դուր­սը» գրու­թե­նէն. «Բան­տի խցի­կէն ա­րե­ւա­լոյ­սը հա­նել կը նշա­նա­կէ մարդ­կա­յին աղ­բա­դէ­զը տա­նիլ ա­պա­կա­նու­թե­նէն դէ­պի վե­րա­շի­նու­թիւն: Մտա­գար­ներ շատ կա­տա­ղի են երբ կ՚ար­գե­լա­փա­կուին, կը խե­լօք­նան՝ երբ դուրս հա­նուին»:

Ա­հա գտանք ճիւղ մը, ո­րով կրնանք նե­րո­ղա­միտ գտնուիլ սան­ձար­ձակ թէ սնանկ, պատ­շաճ թէ ան­պատ­շաճ, չափ ու կշիռ կո­րան­ցուած գրու­թիւն­նե­րու հե­ղի­նա­կին(նե­րուն) հան­դէպ:

Ա­րաբ մը պի­տի ը­սէր. «Ալ­լա Եըհ­տիք»:

ՍԱՐԳԻՍ ՓՈՇՕՂԼԵԱՆ

«Զարթօնք», Լիբանան

Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 8, 2016