ՀԲԸՄ 110-ԱՄԵԱԿ. ԲԱՐՁՐԱՁԱՅՆ ՀԱՐՑԱԴՐՈՒՄՆԵՐ

Եր­կար տա­րի­նե­րու ըն­թաց­քին սփիւռ­քի մէջ կրթա­կան նա­խա­րա­րու­թեան դեր ստանձ­նած Հայ բա­րե­գոր­ծա­կան ընդ­հա­նուր միու­թիւ­նը (ՀԲԸՄ) օ­րերս կը տօ­նախմ­բէ իր հիմ­նադ­րու­թեան 110-ա­մեա­կը: Յա­ւուր պատ­շա­ճի խօս­քե­րէն ան­դին միու­թիւ­նը նաեւ հե­տա­մուտ է իր ծննդեան տա­րե­դար­ձը նշել լուրջ հար­ցադ­րում­ներ տա­լով իր ա­պա­գայ ը­նե­լիք­նե­րուն եւ ծրա­գր­­ե­րուն մա­սին:

Միու­թեան նա­խա­գա­հը՝ Պերճ Սեդ­րա­կեան լրագ­րող­նե­րուն հետ հան­դի­պում մը ու­նե­նա­լով ա­ռանց վա­րա­նու­մի կը յայ­տա­րա­րէր, թէ սփիւռ­քի մէջ հա­յա­պահ­պա­նու­մը բա­ւա­կա­նին բարդ փու­լի մը մէջ է եւ հա­զա­րա­ւոր ե­րի­տա­սարդ­ներ կը հե­ռա­նան ի­րենց ար­մատ­նե­րէն:

Ան­դին միու­թիւ­նը, որ­պէս նոր ձե­ւա­չափ կը փնտռէ ար­դիա­կան ո­ճով գոր­ծող գոր­ծըն­կեր­ներ եւ ա­տոնց մէջ ա­մե­նէն ե­րե­ւե­լին IDeA հիմ­նադ­րամն ու գոր­ծա­րար Ռու­բէն Վար­դա­նեանն են, ո­րոնք ի­րենց կար­գին ա­մե­րի­կեան թեր­թե­րուն մէջ լոյս տե­սած հա­ղոր­դագ­րու­թեամբ մը կար­կի­նը լայն բա­նա­լով կը խօ­սին «Կլո­պըլ հա­յ» մօ­տե­ցու­մին մա­սին, ո­րուն հիմ­քով հա­յու­թիւ­նը իր պայ­ծառ դէմ­քով կեդ­րո­նա­կան դեր պի­տի ու­նե­նայ յա­ռա­ջի­կայ յի­սուն տա­րի­նե­րուն:

Ա­ւե­լի՛ն. մրցա­նա­կի ձե­ւա­չա­փով ի­րա­կա­նա­ցուած նա­խա­ձեռ­նու­թիւն­նե­րով (գա­ղա­փա­րը միշտ ի­րենցն է) հա­յու­թիւ­նը դուրս պի­տի գայ «սուգ ու շի­ւա­ն»էն եւ մտնէ մի­ջազ­գա­յին թա­տե­րա­բեմ, որ­պէս ցե­ղաս­պա­նու­թիւն­նե­րու կան­խար­գիլ­ման հա­մար պայ­քա­րող գոր­ծիք-հա­ւա­քա­կա­նու­թիւն:

Շատ փայ­լուն ա­ռա­ջարկ, ո­րուն նա­խա­շա­ւի­ղը ե­րեւ­ցաւ ան­ցեալ տա­րի Ե­րե­ւա­նի մէջ ի­րա­կան դար­ձած «Աւ­րո­րա 100 lives» մրցա­նա­կա­բաշ­խու­թեամբ, որ ինք­նին հպար­տու­թեան ա­ռիթ­ներ տուաւ մե­զի՝ բո­լո­րիս:

Խնդի­րը այդ չէ:

Խնդի­րը այդ «Կլո­պըլ հա­յ­»ու կեր­պա­րը հա­մալ­րելն է:

Հի­մա հարց պի­տի տանք. ո՞վ է ի վեր­ջոյ այն հա­յը, որ «Կլո­պըլ հա­յ» դառ­նա­լու հիմ­նա­կան հի­մունք­նե­րը ու­նի:

Կամ ՀԲԸՄ-ի ընդ­հա­նուր «խո­հա­նո­ց»ին եւ «ո­րոշ­ման կէ­տե­րու­ն» մէջ պա­տաս­խա­նա­տու մար­դիկ եր­բե­ւէ մտա­ծա՞ծ են այս մա­սին:

Հար­ցին պա­տաս­խան չու­նինք, բայց յստակ է նաեւ, որ փոքր, ի­րա­կա­նաց­նե­լի եւ խիստ անհ­րա­ժեշ­տու­թիւն հան­դի­սա­ցող ծրա­գր­­ե­րը այ­սօր տեղ չու­նին ՀԲԸՄ-ի ո­րոշ­ման սե­ղան­նե­րուն վրայ:

Երբ կը խօ­սինք շուրջ 25 հա­զար փախս­տա­կան դար­ձած սու­րիա­հա­յե­րու եւ ա­նոնց մէջ ե­ղող շուրջ 7 հա­զար հայ ա­շա­կերտ­նե­րու ճա­կա­տագ­րին մա­սին, նոյն միու­թիւ­նը փո­խա­նակ մտա­ծէ Ե­րե­ւա­նի մէջ ա­րեւմ­տա­հա­յե­րէն լե­զուով գոր­ծող մէկ հա­տիկ դպրոց մը հիմ­նել, կը հան­դի­պինք հա­մա­տա­րած լռու­թեան:

Երբ կը խօ­սինք Մի­ջին Ա­րե­ւել­քի գա­ղութ­նե­րու վտան­գուած ա­պա­գա­յին մա­սին, նոյն միու­թեան ղե­կա­վար­նե­րը, ո­րոնք ի­րենք եւս մղոն­ներ հե­ռու են Մի­ջին Ա­րե­ւել­քէն ու լա­ւա­պէս կը զգան գա­լիք վտանգ­նե­րուն ի­րա­ւա­ցիու­թիւ­նը, դար­ձեալ կը հան­դի­պինք ա­նո­րոշ պա­տաս­խան­նե­րու:

Երբ կը խօ­սինք ա­րեւմ­տա­հա­յե­րէն լե­զուի վտան­գուած ըլ­լա­լուն մա­սին, ու նուրբ եւ կիրթ լե­զուով կը յի­շենք Կիպ­րո­սի Մել­գո­նեան կրթա­կան հաս­տա­տու­թիւ­նը, դար­ձեալ կը հան­դի­պինք ան­տար­բեր հա­յեացք­նե­րու կամ լա­ւա­գոյն պա­րա­գա­յին «փող եւ ծրա­գիր տուէ­ք­»ի դի­տարկ­ման մը, ա­պա այ­լա­պէս Մել­գո­նեանն ալ պի­տի դառ­նայ Վ. Տէ­րեա­նի բա­ռե­րով «փո­շի դար­ձող ե­գիպ­տա­կան բուր­գ»:

Այս բո­լո­րը կ՚ար­ձա­նագ­րենք մէկ մտա­հո­գու­թեամբ:

Ար­դեօք ի՞նչ տուեալ­նե­րով պի­տի ապ­րի ու ապ­րեց­նէ «Կլո­պըլ հա­յ­»ը:

Ի վեր­ջոյ ո՞վ է «Կլո­պըլ հա­յ­»ը եւ ի՞նչ դի­մագ­ծով պի­տի ներ­կա­յա­նայ աշ­խար­հին, երբ նոյ­նիսկ ան­տե­ղեակ է իր պատ­մու­թեան, իր լե­զուին, իր ան­ցեա­լին եւ չի կրեր իր մշա­կոյ­թի հիմ­նա­կան «գաղտ­նագ­րե­ր­»ը:

Ու այդ «գաղտ­նագ­րե­ր­»ու բա­ցա­կա­յու­թեան պատ­ճա­ռով է նաեւ, որ մենք յի­սուն-վաթ­սուն տա­րի ետք պի­տի չկա­րո­ղա­նանք «մեր լե­զուո­վ» լսել ա­նոր ձայ­նը:

Եւ պա­րո­նայք խնդրեմ ը­սէք, ո­րու է պէտք այդ «Կլո­պըլ հա­յ­»ը, կամ «նոր հա­յ­»ը (կամ խնդրեմ կո­չե­ցէք զայն ինչ որ կ՚ու­զէք), որ ճամ­բայ պի­տի իյ­նայ մեր հին-նոր ե­րազ­նե­րը ի­րա­կա­նաց­նե­լու հա­մար:

ՀԲԸՄ-ը, ինչ­պէս շատ մը կազ­մա­կեր­պու­թիւն­ներ, այ­սօր ի­րենց տօ­նա­կան զգեստ­նե­րուն մէջ, ի­մաս­տի, ը­նե­լի­քի, ե­րա­զի, ծրագ­րի լուրջ տագ­նապ մը կ՚ապ­րին:

Ու ի­րենց պատ­մա­կան դե­րին առ­ջեւ եւ 110 տա­րուան շատ մը հպար­տա­ռիթ նուա­ճում­նե­րու շղար­շէն ան­դին ա­նոնք կո­չուած են այս հար­ցադ­րու­մը ը­նել՝ ի՞նչ են մեր վա­ղուան ը­նե­լիք­նե­րը:

Տրուած ըլ­լա­լով, որ ան­ցեալ տաս-քսան տա­րուան ըն­թաց­քին ի­րա­կա­նա­ցուած մի­ջո­ցա­ռում­նե­րով, դպրոց­նե­րու փա­կու­մով եւ 24 Ապ­րիլ նշե­լով ա­նոնք եւ մենք չենք կրնար ա­րեւմ­տա­հա­յու­թեան կա­րե­ւոր մէկ մա­սը դէ­պի ա­պա­հով ափ հաս­ց­­նել:

Ան­շուշտ, ե­թէ ի­րենց եւ մեր օ­րա­կար­գին մէջ կայ ա­րեւմ­տա­հա­յաս­տա­նի դա­տին ա­ռանց­քը, ո­րուն ա­ռա­ջին խա­րիսխ­նե­րը նե­տե­լու կո­չուած է հա­յաշ­խար­հի ա­մե­նէն հզօր մշա­կու­թա­յին գոր­ծօն­նե­րէն հա­մա­րուող՝ Հայ բա­րե­գոր­ծա­կան ընդ­հա­նուր միու­թիւ­նը:

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Երեւան

Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 8, 2016