ՁԵՌԱԳԻՐԸ ԵՒ ՀԱՄԱԿԱՐԳԻՉԸ
Նախ գրամեքենայի գիւտով եւ արագ տարածումով, իսկ այժմ համակարգիչի ամբողջական տիրապետութեան ժամանակաշրջանին մարդոց ձեռագիրի վարժութիւնը (գրել եւ ձեռագիր էջ մը կարդալ) անհետանալու վրայ է: Սակայն ձեռագիրը եւ տետրակը, մանաւանդ նոթատետրը տակաւին ունին շունչ մը, որոնցմէ զուրկ են ե՛ւ մեքենան, ե՛ւ միայն ատկէ կախեալները: Ստեղծուած որեւէ նորութիւն բնականաբար անհրաժեշտութենէ մը կը բխի եւ պէտք է գործածել, սակայն գրիչը, մատիտը եւ տետրակը տակաւին պէտք չէ անտեսել:
Անգլիական քանի մը կայքեր անդրադարձած են մանաւանդ ուսանողներու շրջանակներու մէջ պատրաստուած ուսումնասիրութիւններու, որոնցմէ ի յայտ եկած է, որ կան ուսանողներ, որոնք օգտակար կը գտնեն գրիչը եւ նոթատետրը:
*
ՄԱՏԻՏԸ ԵՒ ԹՈՒՂԹԸ ԿԸ ՅԱՂԹԵՆ ՀԱՄԱԿԱՐԳԻՉԻՆ՝ ԳԻՏԵԼԻՔՆԵՐ ՍՏԱՆԱԼՈՒ ՀԱՄԱՐ
Տասը երկիրներու մէջ ուսանողներու մասնակցութեամբ կատար-ւած ուսումնասիրութիւն մը կը նշէ, որ ձեռագիր եւ տպուած գիրքերը առաւելութիւն ունին թուայնացած նիւթերու վրայ:
Համալսարանի ուսանողներուն աւելի դիւրին կը թուի տեղեկութիւն մը ստանալու համար գործածել գիրքեր եւ ձեռագիր նոթեր: Այս մասին կը հաստատէ եւրոպացի եւ ասիացի ուսանողներու մասնակցութեամբ պատրաստուած ուսումնասիրութիւնը:
10 երկիրներէ շուրջ 650 ուսանողներ նկատած են, որ մինչ համակարգիչները յաճախ տիրապետող են համալսարաններէ ներս ուսուցման եւ սորվելու հոլովոյթներուն մէջ, ուսանողները տակաւին կը տեսնեն բարիքները, առաւելութիւնները թուղթով կարդալու եւ գրելու:
Ուսումնասիրութիւնը կը կոչուի՝ Ուսանողներ համալսարաններու մէջ, կարդալու եւ գրելու համար կը գործածեն թուղթ եւ գրիչ՝ ընդդէմ թուայնացած տեղեկատուական միջոցներու: Ուսումնասիրութեան մասնակցած են համալսարանի ուսանողներ եւ նոր շրջանաւարտներ՝ Իտալիայէն, Բրիտանիայէն, Սլովաքիայէն, Պուլկարիայէն, Հունգարիայէն, Ռուսաստանէն, Չինաստանէն, Փորթուգալէն, Ֆինլանտայէն եւ Գերմանիայէն:
Ժան Վինսընթ՝ այցելու ուսուցիչ եւ Լոնտոնի Տնտեսագիտութեան եւ քաղաքական գիտութիւններու համալսարանի տեղեկատուական միջոցներու եւ հաղորդակցութեանց բաժանմունքի դասախօս եւ ուսումնասիրութեան հեղինակ, ըսաւ, որ ուսանողները բաւական հետեւողական եղած են իրենց արձագանգներուն մէջ: «Պատճառներէն մէկը, որ որոշ ուսանողներ կը նախընտրեն ձեռագիրը, գիտելիքը սորվելու եւ միտք պահելու հոլովոյթին մէջ անոր ունեցած կարեւոր դերակատարութիւնն է», կ՚ըսէ ան եւ կ՚աւելցնէ. «Մեր ուսումնասիրութեան մասնակցած բազմաթիւ ուսանողներ նկատած են, որ ձեռագիր նոթեր առնելը, կը յանգեցնէ տուեալներու աւելի լաւ պահպանման, քան՝ համակարգիչին մէջ շարելը, տպագրելը»:
Ուսանողները նաեւ դժուարութիւններ ունեցած են ուսողութեան եւ գիտութեան բանաձեւերը եւ ցուցագիծերը (կրաֆ) արձանագրել համակարգիչներուն մէջ: Բայց անոնք նշած են, որ տեղեկութիւններ փնտռելը, տպագրուած նիւթերը սրբագրելը, ուղղագրութիւնը ստուգելը եւ ընթեռնելիութիւնը՝ բոլորն ալ համակարգիչի գործածութեան առաւելութիւններն են:
Տքթ. Ժան Վինսընթ, որ վարած է ուսումնասիրութիւնը՝ ըսաւ. «Հակառակ դիրքին եւ յոգնած աչքերու խնդիրներուն՝ առցանց գրել-կարդալը սովորաբար աւելի գործնական է համալսարանի շրջագիծին մէջ»:
Ուսումնասիրութիւնը նոյնպէս նկատի առաւ ազգային կարգ մը տարբերութիւններ, երբ հարցը կը վերաբերէր ուսանողներու նախապատուութիւններուն: Օրինակ՝ չին ուսանողները հակուած էին նախապատուութիւն տալու ձեռագիրին, որովհետեւ անոնք կը զգային, որ աւելի լաւ կրնան արտայայտուիլ գրիչի ձեռագիր հարուածներով, քան՝ համակարգիչի վրայ քոտերու տեսքով:
Իսկ իտալացի ուսանողները նշեցին թուղթին «զգայարանական» որակները: «Ես շատ կը սիրեմ վայելել գիրքի մը բոյրը՝ թուղթին ընդմէջէն», ըսաւ իտալացի ուսանող մը:
Մինչ աւելի երիտասարդ ուսանողներ Ռուսաստանի մէջ ընդհանրապէս նախընտրեցին կարդալ եւ տպագրել պաստառին վրայ, քանի որ անոնք նուազ ընտելացած են ձեռագիրի եւ տպագիր գիրքի:
Պուլկարիայէն եւ Ֆինլանտայէն ուսանողներ նոյնպէս նախընտրեցին համակարգիչը՝ թուղթէն:
Ընդհանրապէս ուսանողներուն մեծամասնութիւնը նախընտրեց թուղթի եւ համակարգիչի միացում, խառնուրդ մը:
ՈՒՍՈՒՄՆԱՍԻՐՈՒԹԵԱՆ ՀՐԱՊԱՐԱԿՈՒՄԷՆ ԵՏՔ ԱՐՏԱՅԱՅՏՈՒԱԾ ՏԵՍԱԿԷՏՆԵՐ
- «Եթէ մարդիկ կ՚ըսեն, որ այս կամ այն ձեւով աւելի լաւ կ՚աշխատին, ատիկա չի նշանակեր, որ անոնք իսկապէս լաւ կ՚աշխատին: Մարդիկ տխրահռչակ կերպով կը սխալին իրենց գործունէութիւնը ներկայացնելու ատեն, օրինակ, տպագիր՝ ընդդէմ ձեռագիր, կարդալ պաստառին՝ ընդդէմ կարդալ թուղթէն: Այս գետնի վրայ ուսումնասիրութիւնները գրեթէ անիմաստ են: Դուք պէտք է իրականութիւն մէջ ստուգէք, արդեօք կատարումը իրականութեան մէջ այս կամ այն ձեւով աւելի լա՞ւ է, քան միւսը: Երեսուն տարի առաջ, մարդիկ, որոնք ապրուստի համար կը գրէին, յաճախ կ՚ըսէին այսպիսի խօսքեր.
- «Օ՜հ, ես բնաւ չեմ կրնար շարադրել ուղղակի համակարգիչին վրայ. նախ պէտք է գրեմ թուղթին վրայ, ապա շարեմ, տպեմ համակարգիչին մէջ»: Նոյն մարդիկը այժմ վարժուած են եւ ուղղակի կը շարադրեն համակարգիչներու վրայ: Տեղեկատուութեան պահպանման փորձարկումներուն մէջ որեւէ փորձառական ուսումնասիրութիւն պէտք է ընդարձակ տեսադաշտ ունենայ: Քանի մը շաբթուան մէջ քննութեան համար անհրաժեշտ փաստերու յիշողութիւնը կրնայ աւելի լաւ ըլլալ ձեռագիր նոթերով, սակայն եթէ անձ մը քանի մը տասնամեակ ետք այդ նոթերը ուզէ գտնել, թուային բնագիրը որոշ չափով աւելի լաւ է»:
- «Ես կը հաւատամ, որ ձեռագիր նոթեր գրելու արարքը կը բարելաւէ կարճ ժամանակի համար նիւթը միտք պահելը եւ հասկնալը: Ասոր ապա պէտք է յաջորդէ նիւթը կանոնաւոր հերթականութեամբ վերաքաղ ընելը: Այս վերաքաղի առաջին փուլին կարելի է արտագրել ձեռագիր նոթերը ելեկտրոնային ձեւով: Համոզուած եմ, որ այլ նորութիւններ ալ կրնան ըլլալ»:
- «Ամբողջը սովորութիւն է, վարժութիւն: Թուղթի վրայ գրէք կամ համակարգիչի մէջ տպէք, ձեր կախուածութիւնն է խնդրոյ առարկան»:
- «Անպատեհութիւն չկայ, որ թէ՛ թուղթն ու գրիչը եւ թէ համակարգիչը գործածուին՝ առանց մէկուն կամ միւսին նախապատուութիւն տալու»:
- «Ես միշտ թերահաւատ եմ այսպիսի ուսումնասիրութիւններու եւ հարցախոյզերու արդիւնքներէն: Եթէ այլ անձերու մասնակցութեամբ ըլլար ուսումնասիրութիւնը, կրնար այլ արդիւնք տալ»:
- «Արհեստագիտութիւնը իր բոլոր կենսական գիւտերով տակաւին չէ կրցած հրապարակէն դուրս մղել թուղթն ու գրիչը»:
ԳՐԵԼՈՒ ՀՄՏՈՒԹԻՒՆ ՄԸ, ՈՐՈՒՆ ՊԷՏՔ Է ՏԻՐԱՊԵՏԵՍ
Հին գրամեքենաներուն վրայ վերջակէտը սեւ գնդիկ մըն է՝ գիրի մը չափ լայն:
Երբ համակարգիչները յայտնուեցան, անոնք տառերու տեսակներ բերին՝ համեմատական միջոցներ ձգելով, իսկ վերջակէտը ամբողջովին վերածուեցաւ փոքր կէտի մը:
Ինծի համար, որպէս գրամեքենայ նախկին գործածող մը, ազդեցութիւնը եղաւ այն, որ վերջակէտին սկսայ աւելի նուազ կարեւորութիւն տալ: Նախադասութեան ամենէն կարեւոր հատուածը դարձաւ միմիայն բիծ մը. դիւրին է առանց մտածելու ներմուծել, դիւրին է ամբողջովին կորսնցնել, վրիպիլ:
Ապա եկաւ այլ սպառնալիք մը. առցանց գրել եւ զրուցել: Խօսակցական տեսանելի լեզուն, ձեր հեռաձայններուն վրայ կարճ բնագիրներ (text) աջձախ շարժող՝ շատ քիչ կը գործածեն վերջակէտը:
Միատող հաղորդագրութիւն մը, բնագիր մը ոչ մէկ կէտադրութեան պէտք ունի ցոյց տալու համար, որ ատիկա աւարտած է: Վերջակէտի մը փոխարէն՝ մենք կը սեղմենք «ուղարկել» (send): Բնագիրի մը աւարտը այժմ աւելի յաճախ կը նշուի համբոյրի նշանով, կամ՝ emoji-ով մը, քան՝ վերջակէտով: Ուսումնասիրութիւնները նոյնիսկ ցոյց տուած են, որ մարդիկ հակուած են կարդալու այն բնագիրը, որ կը վերջանայ վերջակէտով՝ որպէս կարճ ու կտրուկ աւարտ մը:
Մենք կ՚ապրինք թուայնացման ժամանակաշրջանի մը մէջ, որ կը սիրէ ձեւացնել, թէ գրելը խօսք է: Մենք կը տեղադրենք ե-նամակներ, բնագիրներ, մեր ընկերային ցանցի էջը կը թարմացնենք խճողուած հանրակառքերու, գնացքներու, սրճարաններու եւ փողոցներու մէջ, մենք նոյնպէս կը խօսինք: Այսպիսի թուայնացած գրաւոր ձեւը արագ կը կատարուի, վայրկենական պատասխանի յոյսով:
Ասիկա խօսակցութիւն մը ունենալու քիչ մը ընդհատուած ձեւ մըն է:
«Լաւ նախադասութիւն մը կը շարժի հարթ եւ յստակ դէպի աւարտ: Ատիկա ապահովելու լաւագոյն տարբերակը էական մասը վերջաւորութեան տեղադրելն է»:
Բայց գրելը իսկապէս զրոյց չէ: Արդիւնաւէտ գրելու նպատակներէն է՝ տեղեկատուութիւնը պահպանել եւ տարածել այնպիսի ձեւով, որ ոչ ոքի մարմնական ներկայութիւնը կը պահանջէ, երբ կը գրուի:
Գրութեան հատուած մը իր փոքր կղզին է, որմէ գրողը օդանաւով հեռացած է, եւ որուն վրայ ոչ ոք այլեւս կարիք ունի ապրելու: Ուրեմն որեւէ պաշտօնական կամ կիսապաշտօնական բնագիր, որ մենք կը գրենք աշխատանքի ատեն, նոյնիսկ՝ ե-նամակ մը, վերջակէտը, եւ թէ ատիկա ո՛ւր կը տեղադրենք, շատ կարեւոր է: Նախադասութիւն մը պէտք է ենթադրէ ընթերցողի գոյութիւնը, բայց չի կրնար, ինչպէս՝ կարճ-կտրուկ բնագիրները, պատասխան պահանջել:
Վերջակէտով մը ձեր նախադասութիւնը կը դառնայ ինքնավստահ, ինքնաբաւ: Վերջակէտը ընթերցողին կու տայ թեթեւացում մը՝ թոյլ տալով փակել իմաստին շրջանակը եւ մտային դադար մը առնել: Վերջակէտները գրութեան մը նոյնպէս կու տան իր կշռոյթը: Անոնք կու գան տարբեր տեղեր՝ կտրելով կարճ եւ երկար բառերու խումբեր, զանազանելով յանգերը, որոնք կը տեղադրուին նախադասութեան մը աւարտին, նշելով, որ նախադասութիւնը, զգացողութիւնը կամ միտքը աւարտած է:
Հաղորդագրութիւններու ուսումնասիրութիւն մը բացայայտած է, որ ոմանք կը կարծեն, թէ բնագիրներուն մէջ որեւէ կէտադրական նշան կտրուկ կը դարձնէ ատիկա:
Լաւ նախադասութիւն մը կը շարժի հարթ եւ յստակ դէպի աւարտ: Այսպիսի նախադասութիւն մը աւելի խոհուն եւ յիշարժան կ՚ըլլայ այնպէս, ինչպէս երբ կը դադրիս խօսելէ, քեզ ունկնդրողին միտքին մէջ ամենէն շատ կը մնայ վերջին ըսածդ:
Նախադասութեան մը ամենէն ուժեղ շեշտը իր վերջին վանկին շեշտադրումն է, ճիշդ վերջակէտէն առաջ: Նախադասութիւնը յատուկ շառաչ մը ունի, եթէ իր վերջին ձայնաւորը շեշտուած է:
Ուժեղ աւարտով նախադասութիւն մը կ՚ըսէ, որ ատիկա գրողը հոգ տարած է, թէ ինչպէս իր խօս քերը կ՚իյնան ընթերցողի ականջին:
Եթէ կ՚ուզէք լաւ գրել, սորվեցէք սիրել վերջակէտը: Ատիկա դիտեցէք որպէս նպատակ, որուն ուղղութեամբ ձեր նախադասութեան խօսքերը բառացիօրէն կը շարժին:
Վերջակէտը գոհացնող փոքրիկ սեղմում մըն է, որ ձեր գրածը կը տեղափոխէ այնպէս մը, որ յաջորդ նախադասութիւնը կրնայ սկսիլ այն տեղէն, ուր մնացած էր:
ՃՕ ՄՈՐԱՆ
Անգլերէն լեզուի դասախօս Լիվըրփուլի Ճոն Մուրս համալսարանին մէջ
ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ