ԻՍՐԱՅԷԼ ԸՆՏՐԱԾ Է ԴԺՈՒԱՐ ԹԻՐԱԽ ՄԸ՝ «ՀԻԶՊՈՒԼԼԱՀ»Ը

Իս­րա­յէ­լի հա­մար գլխա­ւոր թշնա­մին «Հիզ­պուլ­լա­հ»ն է: Այս եզ­րա­կա­ցու­թիւ­նը հան­րու­թեան կը ներ­կա­յա­ցուէր Իս­րա­յէ­լի Ազ­գա­յին անվ­տան­գու­թեան վեր­լու­ծա­կան կեդ­րո­նի հրա­պա­րա­կած ա­մէ­նա­մեայ տե­ղե­կագ­րին մէջ: Տե­ղե­կա­գի­րը, որ կը բաղ­կա­նայ 200 է­ջե­րէ եւ կը հրա­պա­րա­կուի իւ­րա­քան­չիւր տա­րե­վեր­ջին յստակ դա­սա­կար­գում­ներ կա­տա­րե­լով՝ յան­գած է այն եզր­կա­ցու­թեան, թէ Իս­րա­յէ­լի պե­տու­թեան գլխա­ւո­րա­գոյն թշնա­մին եւ նոյ­նիսկ սպառ­նա­լի­քը լի­բա­նա­նեան «Հիզ­պուլ­լա­հ»ն է:

Հրա­պա­րա­կուած տե­ղե­կագ­րին վրայ ա­րագ հա­յեացք մը նե­տե­լէ ետք (ո­րուն ամ­փո­փու­մը տուած է լի­բա­նա­նեան «Ալ Ախ­պա­ր­»ը), պարզ կը դառ­նայ, որ Թել Ա­ւի­ւի կող­մէ կա­տա­րուած դա­սա­կար­գում­նե­րը ուղ­ղա­կիօ­րէն կապ ու­նին Սու­րիոյ մէջ կա­տա­րուող զար­գա­ցում­նե­րուն հետ:

Այս­պէս, որ­պէս ա­ռա­ջին դիրք գրա­ւող հա­կա­ռա­կորդ կը ներ­կա­յա­ցուի «Հիզ­պուլ­լա­հ­»ը, ո­րուն կը յա­ջոր­դէ Ի­րա­նի Իս­լա­մա­կան Հան­րա­պե­տու­թիւ­նը:

Այս բո­լո­րէն ան­դին տե­ղե­կա­գի­րը կը ներ­կա­յաց­նէ չորս հիմ­նա­կան կէ­տե­րէ բաղ­կա­ցեալ հա­յե­ցա­կարգ մը, որ յա­ռա­ջի­կայ տա­րուան ըն­թաց­քին պէտք է դառ­նայ Իս­րա­յէ­լի կա­ռա­վա­րու­թեան գոր­ծու­նէու­թեան հիմ­նա­կան «ճա­նա­պար­հա­յին քար­տէ­ս­»ը:

Այդ հա­յե­ցա­կար­գի հիմ­նա­կան կէ­տե­րը հե­տե­ւեալ­ներն են.

ա.- Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րու հետ յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու ա­րագ կար­գա­ւո­րում,

բ.- «Հիզ­պուլ­լա­հ­»ի, հե­տե­ւա­բար Ի­րա­նի դէմ նոր պա­տե­րազ­մի մը պատ­րաս­տու­թիւն,

գ.- Սու­րիոյ պա­տե­րազ­մի ըն­թաց­քին ա­ռողջ եւ բո­վան­դա­կա­լից վեր­լու­ծու­թիւն,

դ.- Ծո­ցի եր­կիր­նե­րու հետ գոր­ծու­նէու­թեան նոր դաշ­տե­րու ո­րո­նում եւ հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թիւն:

Ա­ռա­ջին՝ Պա­րաք Օ­պա­մա­յի իշ­խա­նու­թեան ա­ռա­ջին օ­րէն իսկ Թել Ա­ւիւ-Ո­ւա­շինկ­թըն յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րը յայտ­նուած են բա­ւա­կան խո­ցե­լի վի­ճա­կի մը մէջ: Այդ մա­սին մենք քա­նիցս գրած են ԺԱ­ՄԱ­ՆԱԿ-ի սիւ­նակ­նե­րուն մէջ, խնդրին էու­թիւ­նը վե­րագ­րե­լով Ո­ւա­շինկ­թը­նի տէ­րե­րուն ա­րաբ-իս­րա­յէ­լեան հա­կա­մար­տու­թեան վերջ մը տա­լու վե­րա­բե­րեալ ո­րո­շումն ու «ճնշում­նե­րը»: Օ­րի­նակ, 2010-ին երբ Իս­րա­յէ­լի Վար­չա­պետ Պե­նիա­մին Նե­թա­նի­յա­հու ոտ­նա­կոխ կ՚ը­նէր Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րու Նա­խա­գահ Պարաք Օ­պա­մա­յի Իս­րա­յէ­լի մէջ վե­րաբ­նա­կեց­ման կեդ­րոն­ներ հիմ­նե­լը ան­մի­ջա­պէս դադ­րեց­նե­լու մա­սին յոր­դոր­նե­րը եւ հրա­ման կը հրա­պա­րա­կէր Ա­րե­ւե­լեան Ե­րու­սա­ղէ­մի մէջ նոր բնա­կեց­ման վայ­րեր հիմ­նե­լու վե­րա­բե­րեալ, եր­կու եր­կիր­նե­րուն մի­ջեւ յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րը կը մտնէին փա­կու­ղի: Կա­պե­րը ա­ւե­լիով կը լա­րուէին այդ օ­րե­րու Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րու ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Հի­լը­րի Քլին­թը­նի եւ Նե­թա­նի­յա­հու­ի մի­ջեւ բա­ւա­կան եր­կար տե­ւած հե­ռա­խօ­սազ­րոյ­ցէն ետք, երբ եր­կու կող­մե­րը ի­րար­մէ կը բաժ­նուէին մեծ մե­ղադրնք­ներ հնչեց­նե­լով: Փաստ է նաեւ, որ Միա­ցեալ Նա­հանգ­ներ իր ար­տա­քին գե­րա­տես­չու­թեան տար­բեր մա­կար­դա­կի գոր­ծիչ­նե­րու բեր­նով ա­մէն պա­տեհ ա­ռի­թի կը խօ­սէր իս­րա­յէ­լա-պա­ղես­տի­նեան հա­կա­մար­տու­թեան քա­ղա­քա­կան լուծ­ման կա­րե­ւո­րու­թեան մա­սին ու կը հնչեց­նէր «եր­կու տէ­րու­թեանց լու­ծու­մ» բա­նա­ձե­ւը:

Այ­սօր այդ յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րը կը գտնուին բա­ւա­կան «քրի­թի­ք» փու­լի մը մէջ: Իս­րա­յէլ լաւ հասկ­ցած է, թէ այն ինչ որ կրնայ ստա­նալ Ո­ւա­շինկ­թը­նէն՝ ան­հա­մե­մա­տե­լի է: Փե­քի­նի եւ Մոս­կուա­յի հետ վեր­ջին տա­րի­նե­րուն դրա­կան տե­ղա­շարժ ար­ձա­նագ­րած կա­պե­րը չեն կրնան ու­նե­նալ Ո­ւա­շինկ­թըն-Թել Ա­ւիւ յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րուն ար­դիւ­նա­ւէ­տու­թիւ­նը եւ ի մաս­նա­ւո­րի, ինչ կը վե­րա­բե­րի Իս­րա­յէ­լի տէ­րու­թեան հա­մար ան­սա­կար­կե­լի ա­պա­հո­վու­թեան թղթած­րա­րը: Ու­րեմն, այ­սօր Նե­թա­նի­յա­հու ա­մէն ճիգ ի գործ պի­տի դնէ Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րու նո­րըն­տիր նա­խա­գահ Տա­նըլտ Թրամ­փին հետ լե­զու գտնե­լու եւ յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րը կար­գա­ւո­րե­լու հա­մար:

Երկ­րորդ՝ Իս­րա­յէ­լի հա­մար նո­րու­թիւն չէ պա­տե­րազմ­ներ պատ­րաս­տե­լու եւ «պա­տե­րազմ­նե­րով սնուե­լու» մօ­տե­ցու­մը: Վեր­ջին ա­միս­նե­րուն յատ­կա­պէս իս­րա­յէ­լա­ցի զի­նուո­րա­կան լրագ­րող­նե­րու եւ վեր­լու­ծա­բան­նե­րու մեկ­նա­բա­նու­թեամբ՝ այս նիւ­թը դար­ձած է ա­ռաջ­նա­յին: Շա­բաթ չ՚անց­նիր, որ իս­րա­յէ­լա­ցի վեր­լու­ծա­բան­ներ (ա­ռա­ւե­լա­բար երկ­րի պաշտ­պա­նու­թեան նա­խա­րա­րու­թեան հա­մար աշ­խա­տող) կը գրեն այն մա­սին, թէ պէտք է պատ­րաս­տուիլ նոր պա­տե­րազ­մի: Նոր պա­տե­րա­զին թի­րա­խը պա­ղես­տի­նեան «Հա­մա­ս­»ը չէ, այլ լի­բա­նա­նեան «Հիզ­պուլ­լա­հ­»ը: Հե­տե­ւա­բար այս ա­ռու­մով ալ երկ­րի բա­նա­կին կամ պաշտ­պա­նու­թեան նա­խա­րա­րու­թեան դա­րակ­նե­րուն մէջ կան տաս­նեակ ծրա­գիր­ներ՝ կա­պուած Իս­րա­յէ­լի հիւ­սի­սա­յին սահ­ման­նե­րուն, ուր կան «Հիզ­պուլ­լա­հ­»ի ա­ռաջ­նա­յին, բայց «ա­նե­րե­ւե­լի» դիր­քե­րը: Այս ա­ռու­մով իս­րա­յէ­լա­ցիք ու­նին եր­կու հիմ­նա­կան մտա­վա­խու­թիւն:

ա.- Այն, որ զի­նուո­րա­կան լայ­նա­ծա­ւալ գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րու սկսման պա­րա­գա­յին «Հիզ­պուլ­լա­հ­»ի զի­նեալ­նե­րը պի­տի անց­նին իս­րա­յէ­լեան բա­նա­կի դիր­քե­րուն առ­ջեւ եւ ան պի­տի յայտ­նուի շփո­թա­հար վի­ճա­կի մը մէջ:

բ. Ո­րե­ւէ պա­տե­րազ­մի պա­րա­գա­յին Ի­րան իր ան­մի­ջա­կան նե­ցու­կը ցոյց պի­տի տայ «Հիզ­պուլ­լա­հ­»ին, հե­տե­ւա­բար Իս­րա­յէլ ստի­պուած պի­տի ըլ­լայ պա­տե­րազ­միլ եր­կու ու­ժե­րու դէմ:

Եր­րորդ կա­րե­ւոր կէ­տը՝ Սու­րիոյ պա­տե­րազ­մի զար­գա­ցում­ներն են: Իս­րա­յէլ, որ բա­ւա­կան լուռ հա­յեացք­նե­րով կը հե­տե­ւի Սու­րիոյ պա­տե­րազ­մին, ան­հան­գիստ է երկ­րի բա­նա­կին ար­ձա­նագ­րած յա­ջո­ղու­թիւն­նե­րով: Ան­շուշտ այս մօ­տե­ցու­մը կը պայ­մա­նա­ւո­րուի՝ «Սու­րիոյ մէջ որ­քան քաոս, Իս­րա­յէ­լի հա­մար այն­քան ան­դոր­ր» բա­նա­ձե­ւու­մով: Ու այս բո­լո­րէն ան­դին յստակ է նաեւ, որ Իս­րա­յէ­լի հա­մար մտա­հո­գի­չը ոչ թէ Պե­շար Է­սա­տի հա­ւա­նա­կան յաղ­թա­նակն է, այլ ո­րե­ւէ կող­մի ե­րե­ւե­լի ա­ռա­ւե­լու­թիւ­նը, որ Սու­րիան պի­տի դարձ­նէ նոր ու ա­ւե­լի կա­յուն, հե­տե­ւա­բար Թել Ա­ւի­ւի հա­մար ա­ւե­լի մտա­հո­գիչ դրու­թեան մը: Կայ նաեւ Սու­րիոյ մէջ զի­նուո­րա­կան դիր­քե­րու կամ պա­հես­տա­նոց­նե­րու դէմ տրուե­լիք հա­րուած­նե­րու ա­պա­ցոյ­ցը, որ անց­նող հինգ տա­րի­նե­րուն բա­ւա­կան «յա­ջո­ղ» կեր­պով գոր­ծի դրուե­ցաւ իս­րա­յէ­լեան օ­դու­ժին կող­մէ, նպա­տակ ու­նե­նա­լով դէ­պի Լի­բա­նան ուղ­ղուող ի­րա­նեան զէն­քե­րու ար­տա­հոս­քը դադ­րեց­նել կամ խան­գա­րել: Խա­ղա­ղու­թեան պա­րա­գա­յին ու­րեմն այս գոր­ծօ­նը կը դադ­րի գոր­ծե­լէ եւ Իս­րա­յէ­լի կող­մէ ո­րե­ւէ զի­նուո­րա­կան մեծ խախ­տում կը յանձ­նուի միջ­զա­գա­յին հան­րու­թեան ու­շադ­րու­թեան:

Իս­րա­յէ­լի հա­մար, ու­րեմն ձեռն­տու է, որ Սու­րիոյ պա­տե­րազ­մը ան­դուլ կեր­պով շա­րու­նա­կուի՝ յա­ճախ ճա­կատ­ներ եւ շրջան­ներ փո­խե­լով ու ստեղ­ծուած քաո­սի տա­րա­ծու­մով Իս­րա­յէ­լը հե­ռու պա­հե­լով Սու­րիոյ ան­մի­ջա­կան ու­շադ­րու­թե­նէն:

Չոր­րորդ կէ­տը՝ կը վե­րա­բե­րի Ա­րա­բա­կան ծո­ցի եր­կիր­նե­րուն հետ նոր յա­րա­բե­րու­թիւն­ներ մշա­կե­լու հար­ցին: Ան­ցեալ տա­րի այս ա­ռու­մով ե­րե­ւե­լի քայ­լեր կա­տա­րուե­ցան, սա­կայն յստակ է, որ տուեալ եր­կու կող­մերն ալ ի­րա­րու հան­դէպ վստա­հու­թիւն չու­նին: Մէ­կէ ա­ւե­լի Սէու­տա­կան պա­տուի­րա­կու­թիւն­ներ դէ­պի Թել Ա­ւիւ թա­քուն կամ բա­ցա­յայտ այ­ցե­լու­թիւն­ներ տուին, սա­կայն ընդ­հա­նուր գոր­ծակ­ցու­թեան աշ­խոյժ քայ­լեր տա­կա­ւին ե­րե­ւե­լի չեն: Բնա­կան է նաեւ, որ եր­կու կող­մե­րուն հա­մար հիմ­նա­կան հա­կա­ռա­կոր­դը՝ Ի­րանն է: Սիւն­նի շրջա­նակ­նե­րուն մէջ եւս սկսած է տեղ գտնել այն մօ­տե­ցու­մը, թէ ի­րա­նեան խու­սա­նա­ւում­նե­րուն եւ ընդ­լայ­նուե­լու քա­ղա­քա­կա­նու­թեան դի­մաց, ի­րենք պէտք է ձեռք եր­կա­րեն Թել Ա­ւի­ւին: Այս մօ­տե­ցու­մը որ­քան ալ խորթ հնչէ, յա­ռաջ­դի­մա­կան հա­մա­րուող «ա­րա­բա­կան փո­ղո­ցի­» հան­րու­թեան պի­տի ներ­կա­յա­ցուի որ­պէս «մե­կու­սա­ցուա­ծ» սիւն­նի­նե­րուն փրկու­թեան «վեր­ջին լաս­տ»:

Նման գոր­ծակ­ցու­թիւն մը ան­շուշտ կրնայ բա­ւա­կա­նին բարդ հե­տե­ւանք­ներ ու­նե­նալ եւ դառ­նալ «լա­րուած ու­ժա­նա­կ» մը այն եր­կիր­նե­րուն մէջ, ուր պա­ղես­տի­նեան դա­տին հան­դէպ յանձ­նա­ռու­թեան զգա­ցու­մը եւ «ա­րա­բա­կա­նու­թեան ազ­գա­յին ջի­ղ­»ը տա­կա­ւին չէ չոր­ցած: Բայց եւ այն­պէս չէ բա­ցա­ռուած, որ Ռիատ եւ Քա­թար պար­տուած ըլ­լա­լու բար­դոյ­թէն ձեր­բա­զա­տուե­լու հա­մար՝ ձեռք եր­կա­րեն բո­լոր ա­րաբ­նե­րուն «հիմ­նա­կան թշնա­մի» հա­մա­րուող՝ Իս­րա­յէ­լին: Խօ­սե­լով իս­րա­յէ­լեան կող­մին մա­սին՝ պէտք է ան­պայ­ման շեշ­տադ­րել, որ իս­րա­յէ­լա­ցի­նե­րու հա­մար ալ բա­ւա­կան դժուար է ճա­կատ կազ­մել սիւն­նի­նե­րուն հետ եւ այդ ա­ռու­մով հիմ­նա­կան ար­գել­քը՝ դէ­պի Իս­րա­յէլ ար­մա­տա­կան իս­լամ­նե­րու ներ­թա­փանց­ման մտա­վա­խու­թիւնն ու փոխվս­տա­հու­թեան բա­ցա­կա­յու­թեան հարցն է:

Այս ընդ­հա­նուր կէ­տերն են, ո­րոնց վրայ հիմ­նուե­լով է, որ Պե­նիա­մին Նե­թա­նի­յա­հու­ի կա­ռա­վա­րու­թիւ­նը պի­տի գոր­ծէ յա­ռա­ջի­կայ մէկ տա­րուան ըն­թաց­քին:

Ե­թէ մարդ­կա­յին հա­սա­րա­կու­թեան հա­մար Թել Ա­ւի­ւի կող­մէ առ­նուած քայ­լե­րը եւ պա­տե­րազմ­ներ շղթա­յա­զեր­ծե­լու վե­րա­բե­րեալ ո­րո­շում­նե­րը խորթ եւ նոյ­նիսկ դա­տա­պար­տե­լի են, ա­պա յստակ է, որ Իս­րա­յէլ կը փնտռէ եւ կը հե­տապն­դէ իր ժո­ղո­վուր­դին ու իր պե­տա­կա­նու­թեան սահ­ման­նե­րու ա­պա­հո­վու­մը:

Իս­րա­յէ­լի հա­մար նա­խա­յար­ձակ քա­ղա­քա­կա­նու­թիւն մը ի­րա­կանց­նե­լու մօ­տե­ցու­մը իր գո­յու­թեան «ռե­զոն տէթ­ր»ն է: Ու այդ ա­ռու­մով նաեւ ու­սա­նե­լի, այն­քան ա­տեն, երբ կ՚ապ­րինք բա­ւա­կան լա­րուած եւ պա­տե­րազ­մա­կան ա­խոր­ժակ­նե­րով «կա­ռա­վա­րուո­ղ» տա­րած­քաշր­ջա­նի մը մէջ:

Բա­ցի այս բո­լո­րէն եւ վե­րա­դառ­նա­լով նիւ­թի հիմ­նա­կան բնա­բա­նին՝ հարկ է ճիշդ ձե­ւա­կեր­պում մը ը­նե­լով դի­տար­կել, որ Թել Ա­ւիւ իր ընտ­րած թի­րա­խին՝ «Հիզ­պուլ­լա­հ­»ին հետ ա­ռան­ձին է: Ու բա­ցի ա­ռան­ձին ըլ­լա­լը կրնայ ապ­րիլ բա­ւա­կան «քրի­թի­ք» ցնցում­ներ, ո­րով­հե­տեւ նոյ­նիսկ իս­րա­յէ­լեան աղ­բիւր­նե­րու նշու­մով՝ գա­ղա­փա­րա­կան-կրօ­նա­կան ա­տաղձ ու­նե­ցող «Հիզ­պուլ­լա­հ­»ի զի­նեալ­նե­րը կը կռուին ոչ թէ դրա­մի կամ փառ­քի հա­մար, այլ ա­նոնք ու­նին նպա­տակ, ո­րուն ի­րա­կա­նաց­ման ճա­նա­պար­հին պատ­րաստ են զո­հա­բե­րել ա­մե­նէն թան­կը՝ ի­րենց կեան­քը:

Այս մօ­տե­ցու­մին առ­ջեւ Իս­րա­յէլ գրե­թէ ձեռ­նու­նայն է, ե­թէ ան­շուշտ հա­շուի առ­նենք իս­րա­յէ­լեան բա­նա­կին ապ­րած «գո­յու­թեան տագ­նա­պ­»ը (այս մա­սին հրա­պա­րա­կուած են տաս­նեակ տե­ղե­կա­գիր­ներ) եւ պա­տեր­զամ­նե­րուն ա­կա­մայ մաս­նակ­ցե­լու մա­սին տաս­նեակ փաս­տե­րը:

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Ե­րե­ւան

Երկուշաբթի, Յունուար 9, 2017