ՊԱՏԱՍԽԱՆԸ. Ե՞ՐԲ
Երբեմն միտքեր կը խուժեն ու ես կը յետաձգեմ… ապա՝ կը փնտռեմ ու չեմ գտներ: Ուրեմն՝ ըսի, հիմա նստիմ գրի առնեմ ինչ որ կը մտածեմ, քանի որ հովու հոսանքի ատեն է, որ ջաղացքին պտուտակը պիտի դառնայ:
Խօսք մը կարեւորութիւն կը զգենու մանաւանդ խօսողի մակարդակէն։ Դիրքէն պիտի գրէի, սակայն միտքիս մէկ սլաքը ըսաւ շատե՜ր դիրքերու հասած են եւ սակայն՝ պատճառները յայտնի թէ անյայտ են, եղած են անմակարդակ եւ… գուցէ այդ ալ պատճառներէն մին կրնայ ըլլալ. ո՜վ գիտէ:
Ուրեմն նիւթը.- Իտալիոյ մէջ իսլամիստներ Կաղանդի ծառ մը տապալեր են եւ հարցումը՝ «Ո՞ւր են իտալացիները» (հարցադրողը վարը տեղադրողն է) ես ալ պիտի աւելցնէի. «Ո՞ւր են աշխարհի քրիստոնեաները»:
Յիշեցի Յիսուսի մէկ խօսքն ու արարքը, երբ տաճարին բակը մտաւ ու սեղանաւորները վտարեց ըսելով. «Իմ Հօրս Տունը»… աղօթքի տունը ըլլայ, առուծախի՞ տուն…
Առիթով մը, տակաւին նոր ծանօթացած էի գործի ընկերոջ մը հետ, որ արդէն ինքզինք բացայայտած էր… ըսաւ. «Օր մը տիկինս կ՚առնեմ ձեզի կու գամ», «Մենք հիւր չենք ընդունիր», ըսի: Իսկ երբ «գաղթականներու» հոսքը սկսաւ Եւրոպա, կար Տրովատայի ձիու նկարը, Եւրոպայի դրան մուտքին եւ հարցում մը. «Պիտի մտնէ՞ Եւրոպա», այսինքն իսլամիստներ հոն մուտք պիտի գործե՞ն: Ես ալ գրեցի. «Արդէն ներսն են»: Բարի յարաբերութիւն կ՚ըլլայ բարի մարդոց հետ, իրերանման հաւաքականութիւններու միջեւ. «Նման զնման գտանէ» շատ բարի: Ծննդոցի «Աճեցէք եւ շատցէք»ը կարծէք գրուած է իսլամիստներու համար: Մի քանի ամիս առաջ հայաստանեան կայանէ մը կը խօսուէր Վրաստանի շրջանային բաժանումներու մասին, բացատրականը եղաւ, թէ հայեր մէկ կեդրոն ունին, իսկ ազէրիներ՝ երեք եւ «դեռ՝ շատանում են»:
Մէկ Աստուածաշունչ ունինք եւ սակայն անթիւ, անհաշուելի մեկնաբանութիւններ. օրինակ, Ուղբէնսկի կ՚ըսէ. «Մա-նուկ բառը 40 մեկնութիւններ ունի…»
Ո՞վ չէ լսած Յիսուսի այն խօսքը թէ. «Մէկ երեսիդ զարնողին, միւսն ալ դարձուր», իսկ երբ Յիսուսը քահանայապետին պատասխանեց. «Սպասաւորներէն մէկը, որ հոն կայներ էր, Յիսուսին ապտակ մը զարկաւ ըսելով. Այդպէ՞ս պատասխան կու տաս քահանայապետին, Յիսուս անոր պատասխանեց. Եթէ սխալ խօսեցայ, վկայէ սխալին համար, իսկ եթէ ճիշդ խօսեցայ, ինչո՞ւ կը զարնես ինծի»:
Այլ խօսք մը՝ թէ Յիսուսի վարդապետութիւնը Սէր է, հակառակը չենք կըր-նար ըսել, սակայն, քանի որ կեանքը հաստատուն իրավիճակ մը չէ, ուստի հաստատուն օրէնքներ ալ չեն կրնար ըլլալ: Ուստի, կարդանք Ղուկասու 23։35-էն. «Բայց հիմա ան որ քսակ ունի, թող իրեն հետ առնէ, նոյնպէս ալ պարկը, եւ ան որ թուր չունի, թող իր հանդերձը ծախէ ու իրեն թուր մը ծախու առնէ»:
Բացատրութեան կը կարօտի՞ն.
Ասկէ վերցուցէ՛ք ասոնք, իմ հօրս տունը առեւտուրի տուն մի՛ ընէք: (Առաջին պարագային) (Յովհ. 2:17-17)
Ինչո՞ւ ինծի կը զարնես: (Երկրորդ պարագային) (Յովհ. 18:22-23)
Թող իր հանդերձը ծախէ եւ իրեն թուր մը ծախու առնէ։ (Երրորդ պարագային) (Ղուկասու 22:35)
Սակայն կարեւոր է գիտնալ, թէ խօսք մը ե՞րբ, որո՞ւ, (որոնց), ինչպէ՞ս, ինչո՞ւ ըսուած է եւ…ո՞ւր:
Սակայն մեծ կրօններու բացատրութիւնները… ծալքեր ունին, ծալք ծալքի վրայ…
Եւ ո՞ւր է ամբողջական ճշմարտութիւնը, ե՞րբ եւ ո՞ւր եւ որո՞նց կողմէ պիտի բացայայտուին:
Պէ՞տք է բացայայտուին անպատրաստից մարդկային հաւաքականութիւններու… պատասխանը պիտի գա՞յ:
Պատասխանը պիտի գայ ինքնիրեն…Օր մը, մի գուցէ դարեր ետք…
ՍԱՐԳԻՍ ՓՈՇՕՂԼԵԱՆ
«Զարթօնք», Լիբանան