ՔՐԻՍՏՈՍՈՎ՝ ՄԱՐԴԿՈՒԹԵԱՆ ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ՆՈՐ ՇՐՋԱՆԸ
«Երբ Քրիստոս ծնաւ, երկինքը երկրին միացաւ եւ մարդկութեան պատմութեան մէջ նոր շրջան մը սկսաւ»
(Գարեգին Ա. Ամենայն Հայոց Հայրապետ)
Դարձեալ նշեցինք մեր Տէր ու Փրկիչ Յիսուս Քրիստոսի սքանչելի Սուրբ Ծնունդը: Աշխարհը, այլ խօսքով՝ մարդկութիւնը այս օրերուն դարձեալ վերյիշեց աշխարհի Արարիչին ու մեր՝ մարդոց փրկութեան Պատճառին, պարզ բայց միաժամանակ խորախորհուրդ ծնունդը: Ծնունդ մը, որ տարբեր էր միւս բոլոր ծնունդներէն, սակայն արդիւնքը այդ ծնունդին նոյն եւ նման էր միւս բոլոր ծնունդներուն՝ անմեղունակ մանուկի մը լոյս աշխարհ գալը: Անմեղունակ Մանուկ մը, որ պիտի փոխէր մարդկութեան կեանքը: Մարդը, որ իր սխալներուն ու մեղքերուն պատճառով հեռացած էր Աստուծմէ, մսուրի մը մէջ ծնած Աստուածամանուկին միջոցով մաքրուեցաւ, հաշտուեցաւ Աստուծոյ հետ, վերստին արժանանալով որդեգրութեան շնորհին:
Այդ պարզ ու խնորհ պայմաններու մէջ կատարուած ծնունդը սկիզբը պիտի ըլլայ Աստուածորդիին երկրային առաքելութեան, որ եկեղեցական բառապաշարով՝ փրկագործութեան խորհուրդ կը կոչենք: Փրկագործութիւն մը, որ փրկութիւն ըլլալէ աւելի կեանքի նոր իմաստ ու երանգ մը պիտի բերէր մարդուն, որով մարդ պիտի վերափոխուէր միտքով ու հոգիով, պիտի վերանորոգուէր նոր գաղափարաբանութեամբ ու փիլիսոփայութեամբ կեանքին ու Աստուծոյ նկատմամբ:
Արդարեւ, Աւետարանական պատումներէն բոլորիս ալ ծանօթ են այդ պարզ ծնունդին պարագաները (տե՛ս Մտ 1.18-2.23: Ղկ 2.1-40): Համատեսական Աւետարանները մեզի կը ներկայացնեն այդ Մանուկին ֆիզիքական ծնունդը՝ որպէս մարդ սկզբնաւորութիւնը, մինչ Յովհաննէս Աւետարանիչը իր Աւետարանին սկիզբը այսպէս կը ներկայացնէ աշխարհի մէջ ծնած Աստուածամանուկը. «Աշխարհի ստեղծագործութենէն առաջ գոյութիւն ունէր Բանը [ծնած Աստուածամանուկը]: Բանը Աստուծոյ հետ էր եւ Բանը Աստուած էր: Անիկա սկիզբէն Աստուծոյ հետ էր: Անով էր, որ Աստուած ամէն ինչ ստեղծեց. առանց Անոր ո՛չ մէկ բան ստեղծեց: Կեանքը Անով սկիզբ առաւ: Եւ կեանքը մարդոց համար լոյսն է՝ որ խաւարին մէջ կը փայլի. բայց խաւարը չկրցաւ հասկնալ զԱյն» (Յհ 1.1-5): Նոյն այդ խաւարը տակաւին կը շարունակէ չհասկնալ աւելի քան 2000 տարի առաջ աշխարհի խուլ անկիւնի մը՝ մսուրի մը մէջ ծագած աստուածային Լոյսը, որ շատերու կեանքը լուսաւորելով զանոնք վերածեց Աստուծոյ որդիներու՝ անոնց ցոյց տալով Հօր Աստուծոյ երթալու ուղիղ ճանապարհը: Աւետարանիչին խօսքերէն կը հասկնանք նաեւ, որ Բանը՝ ծնած Աստուածամանուկը սկիզբէն իսկ գոյութիւն ունէր, Աստուծոյ հետ էր եւ Աստուած Անոր միջոցով էր, որ ամէն ինչ արարեց, մէջտեղ բերաւ: Իսկ հիմա, դարձեալ Բանին միջոցով, Անոր երկրային ծնունդով եկած էր հաշտութիւն կնքելու Իր իսկ ձեռքով ստեղծած մարդուն հետ, Անոր պարգեւելով յաւիտենական երանութեան հասնելու գաղտնիքն ու ճանապարհը:
Յիսուս Մանուկին ծնունդով Աստուած վերստին Ինքզինք բացաւ մարդուն դիմաց: Բացաւ Իր ձեռքերը դիմաւորելու համար կորուսեալ ու անառակ Իր ձեռագործները (տե՛ս Ղկ 15.11-32): Բացաւ Իր սիրտը, որովհետեւ Իր սիրոյն չափ ու սահման չկայ, այնքան որ նոյնիսկ Իր Միածինը տուաւ՝ մարդոց փրկութեան համար (տե՛ս Յհ 3.16):
Տակաւին, այս պարզ ու խոնարհ ծնունդով մարդ արարածին մտայնութիւնը փոխուեցաւ, որովհետեւ անցեալի՝
- «Մի՛ սպաններ, որովհետեւ ան որ կը սպաննէ՝ պիտի դատապարտուի» պատուէրը, Քրիստոսով յստակացաւ, որով «ով որ առանց պատճառի իր եղբօր դէմ բարկանայ, դատարան պիտի յանձնուի: Ով որ իր եղբայրը յիմար կը կոչէ, ատեան պիտի բերուի. եւ ով որ իր եղբայրը անմիտ կոչէ, դժոխքի կրակին պիտի դտապարտուի» (Մտ 5.21-22):
- «Մի՛ շնար»ը, Քրիստոսով հետեւեալ իմաստը ստացաւ. «Ո՛վ որ ցանկութեամբ նայի ոեւէ կնոջ՝ արդէն իսկ իր սիրտին մէջ շնութիւն ըրած կ՚ըլլայ անոր հետ: Եթէ աջ աչքդ քեզ կը գայթակղեցնէ, հանէ եւ նետէ՛ զայն, որովհետեւ նախըտնրելի է որ անդամներէդ մէկը կորսնցնես, քան թէ ամբողջ մարմինով դժոխք նետուիս: Եթէ աջ ձեռքդ քեզ կը գայթակղեցնէ, կտրէ եւ նետէ՛ զայն, որովհետեւ նախընտրելի է որ անդամներէդ մէկը կորսնցնես, քան թէ ամբողջ մարմինով դժոխք նետուիս» (Մտ 5.27-30):
- «Ով որ իր կինը կ՚արձակէ, անոր արձակման թուղթ թող տայ»: Իսկ Քրիստոսով ամուսնութեան կապ սրբացաւ, որով՝ «ան որ առանց պոռնկութեան պատճառի իր կինը կ՚արձակէ, ինք պատճառ կը դառնայ անոր շնութիւն ընելուն: Նոյնպէս, շնութիւն ըրած կ՚ըլլայ ան՝ որ կ՚ամուսնանայ արձակուած կնոջ հետ» (Մտ 5.31-32):
- «Երդմնազանց մի՛ ըլլար, այլ կատարէ ինչ որ երդուած էիր Տիրոջ», Քրիստոսով ստացաւ հետեւեալ իմաստը. «Բնաւ երդում մի՛ ընէք, ո՛չ երկինքի վրայ՝ որովհետեւ Աստուծոյ գահն է, ո՛չ երկրի վրայ՝ որովհետեւ անոր ոտքին պատուանդանն է, ո՛չ Երուսաղէմի վրայ՝ որովհետեւ Մեծ Թագաւորին՝ Աստուծոյ քաղաքն է, եւ ո՛չ ալ քու գլխուդ վրայ երդում ըրէ, որովետեւ չես կրնար մայ մը իսկ ճերմկցնել կամ սեւցնել։ Պարզապէս ձեր այոն այո թող ըլլայ եւ ոչը՝ ոչ։ Անկէ աւելին չարէն կու գայ» (Մտ 5.33-37):
- «Աչքի դէմ աչք պիտի հատուցանես եւ ակռայի դէմ՝ ակռայ». Քրիստոսով՝ «մի՛ հակառակիր քեզի չարիք ընողին։ Եթէ մէկը երեսիդ ապտակ զարնէ՝ միւս երեսդ ալ դարձուր անոր։ Եւ եթէ մէկը ուզէ քեզ դատի կանչել՝ շապիկդ առնելու համար, բաճկոնդ ալ տուր անոր։ Եթէ մէկը քեզ բռնադատէ մէկ մղոն միասին երթալ՝ իր բեռը շալկելու համար, անոր հետ երկու մղոն ալ գնա՛։ Եթէ մէկը քեզմէ բան մը խնդրէ՝ տուր, եւ եթէ մէկը քեզմէ բան մը փոխ առնել ուզէ՝ երես մի՛ դարձներ» (Մտ 5.38-42)
- «Սիրէ՛ ընկերդ եւ ատէ՛ թշնամիդ». իսկ Քրիստոսով՝ «Սիրեցէ՛ք ձեր թշնամիները, օրհնեցէ՛ք ձեզ անիծողները, բարիք ըրէք ձեզ ատողներուն եւ աղօթեցէք անոնց համար, որոնք ձեզ կը չարչարեն ու կը հալածեն։ Այսպիսով դուք ձեր երկնաւոր Հօր զաւակները պիտի դառնաք, որովհետեւ ան իր արեւը կը ծագեցնէ թէ՛ չարերուն եւ թէ՛ բարիներուն վրայ եւ անձրեւ կը տեղացնէ թէ՛ արդարներուն եւ թէ՛ մեղաւորներուն վրայ։ Եթէ միայն ձեզ սիրողները սիրէք, Աստուծմէ ի՞նչ վարձատրութիւն կրնաք սպասել։ Մաքսաւորներն ալ նոյնը չե՞ն ըներ։ Նմանապէս, եթէ միայն ձեզ ազգակիցներուն հետ բարեկամութիւն ընէք, հեթանոսներէն աւելի ի՞նչ ըրած կ՚ըլլաք։ Անոնք ալ նոնը չե՞ն ըներ։ Արդ, դուք կատարեալ եղէք, ինչպէս որ ձեր երկնաւոր հայրը կատարեալ է» (Մտ 5.43-48):
Քրիստոսով մարդուն մտածելակերպը քարացած եւ բառին կառչած ուսմունքներուն հետեւելէն դարձաւ մաքրուած, ազնուացած ու սրբուած գաղափարներու հետեւորդ ու այդ ոգիով առաջնորդուող: Այլ խօսքով, ինչ որ Հին կտակարանին մէջ մարդուն մտապէս տհաս ըլլալու պատճառով գաղտնի կերպով կամ խիստ կերպով ըսուած ու արտայայտուած ուսմունքները Քրիստոսի լոյսով լուսաւորուելով ստացան իրենց ճշգրիտ իմաստն ու նշանակութիւնը: Մարդը դադրեցաւ օրէնքին գերի ըլլալէ, եւ սկսաւ օրէնքով դէպի յաւիտենականն ու կատարեալը առաջնորդուիլ:
Այս բոլորը իրականութիւն դարձան Քրիստոսի՝ մեր Աստուծոյն մեզի բացուելովը, դէպի մեզ խոնարհումովը: Սակայն, մեր Աստուծոյն մեզի բացուիլն ու խոնարհումը բաւարար չէ, մենք եւս պէտք է բացուինք մեր Տիրոջ, նորոգուինք Անոր բերած նորոգութեամբ, թօթափենք մեզմէ հինն ու զազրելին՝ հագուելով նորն ու սրբացածը: Որովհետեւ «Աստուածայայտնութեան տօն է այսօր: Աստուած վերստին կը յայտնուի, կը բացուի մեզի, Իր մարդեղութեան մարդասէր արարքին մէջէն: Բայց ի՞նչ կ՚արժէ Իր բացուիլը, եթէ մենք չբացուինք Իրեն: Իրեն բացուելու համար՝ հարկ է ներքին հոգեկան մղումով ձգտիլ Իրեն, զգալ զԻնքը մեր մէջ, դառնալ հաղորդ Իր սիրոյն մեր ինքնութեան մէջ Իր պատկերին վերակենդանացումովը: Իր յայտնութիւնը պէտք է դառնայ մեզի համար ինքնութեան հարազատութեան, աստուածանմանութեան վերայայտնումը մեր գիտակցութեան եւ կեանքին ու գործին մէջ»: Միայն այսպիսով է, որ կը կարողանանք Յիսուս Մանուկը մեր սիրտերուն ու հոգիներուն մէջ ծնցնել, որպէս Փրկիչ, Ստեղծիչ, Նորոգող ու Գթասիրտ Աստուած:
Ի վերջոյ, գիտակցինք մեր սխալ ու մեղաւոր ընթացքին, աշխատինք նորոգուիլ Քրիստոսի բերած նորոգութեամբ, ու Սուրբ Յովհան Ոսկեբերան Հայրապետին հետ սիրտի ու հոգիի խոնարհութեամբ դիմենք Մանկացեալ Յիսուս Փրկիչին՝ ըսելով.
«Տէ՜ր, Տէ՜ր, արժանի չեմ, որ կեղտոտ հոգիիս տանիքէն ներս մտնես, սակայն ինչպէս խոնարհեցար եւ մսուրի մը մէջ հանգստացար ու անբաններու քարայրին մէջ, եւ բորոտ Սիմոնին տունը, այդպէս ալ շնո՛րհք ըրէ եւ պիղծ հոգիիս ու մարմինիս մսուրը մտիր»:
ՔՐԻՍՏՈՍ ԾՆԱՒ ԵՒ ՅԱՅՏՆԵՑԱՒ
ՁԵԶԻ ՄԵԶԻ ՄԵԾ ԱՒԵՏԻՍ
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
7 յունուար 2020, Վաղարշապատ