ԴԵՐԱՍԱՆ ՄԱՅՔ ԳԱՆԸՐԶ ԿԱՄ ԳՐԻԳՈՐ ՕՀԱՆԵԱՆ

Յու­նուար 26-ին, կը մա­հա­նայ ա­մե­րի­կա­հա­յու­թեան ար­ժէ­քա­ւոր դէմ­քե­րէն՝ Գրի­գոր Օ­հա­նեան, Կրտսեր, ֆիլ­մա­րուես­տի աշ­խար­հին ծա­նօթ իբ­րեւ Մայք Գա­նըրզ ա­նու­նով: Կար ժա­մա­նակ մը, երբ աշ­խար­հաս­փիւռ հա­յեր, ի մաս­նա­ւո­րի ա­մե­րի­կա­հայ նոր սե­րուն­դը կը հպար­տա­նար իր հայ­րե­նա­կից աստ­ղե­րով, ո­րոնք ա­րուես­տի զա­նա­զան բնա­գա­ւառ­նե­րուն մէջ դար­ձած էին փնտըռ-ւած ա­նուն­ներ: Լի­լի Չու­քաս­զեան, Լու­սին Ա­մա­րա, Ա­րա Պէր­պէ­րեան... դէմ­քեր՝ ո­րոնք Նիւ Եոր­քի Մեթ­րո­փո­լի­թըն օ­փե­րա­յի դա­սա­կան բե­մին վրայ կը պար­տադ­րէին ի­րենց տա­ղան­դը: Ա­հա՛ նման հայ­րե­նա­կից մըն էր Մայք Գա­նըրզ, որ կորսն­ցու­ցինք վեր­ջերս: Ա­նոր ա­նու­նին ծա­նօթ էին ն­­աեւ սփիւռ­քա­հա­յե­րը, երբ ան CBS հե­ռուս­տաըն­կե­րու­թեան «Մա­նիքս» յայ­տագ­րով ա­մէն շա­բաթ կը ներ­կա­յա­նար ունկն­դիր­նե­րուն: Մեր սե­րուն­դը՝ գո­նէ Պէյ­րու­թի մէջ գա­մուած հե­ռուս­տա­տե­սի­լին առ­ջեւ կը սպա­սէր Մայք Գա­նըր­զին՝ հե­ռա­ւոր Հո­լի­վու­տէն:

Մա­հուան տ­­խուր առ­թիւ, մեր մտա­ծում­նե­րը կ՚եր­թան այս պա­հուն Մայ­քի հօր՝ Ռամ­կա­վար Ա­զա­տա­կան Կու­սակ­ցու­թեան Գա­լի­ֆոր­նիոյ շրջա­նա­կին ա­ռաջ­նոր­դող դէմ­քե­րէն ըն­կեր Գրի­գոր Օ­հա­նեա­նին, որ ծնած էր 1882 թուականի Օ­գոս­տո­սին, Խար­բեր­դի մէջ: Պա­տա­նի տա­րի­քին, խար­բերդ­ցի շատ մը պա­տա­նի­նե­րու եւ ե­րի­տա­սարդ­նե­րու նման կու գայ Ա­մե­րի­կա իր բարձ­րա­գոյն կրթու­թիւ­նը ստա­նա­լու: Կը մտնէ Ին­տիա­նա հա­մալ­սա­րա­նի ի­րա­ւա­բա­նա­կան դպրո­ցը. կ՚ա­ւար­տէ զայն եւ կը վկա­յուի իբ­րեւ փաս­տա­բան:

Ա­րեւմ­տեան Ա­մե­րի­կա­յի մէջ ան­ցեալ դա­րու սկիզ­բին Ֆրեզ­նոն հա­յա­շատ ա­ւանն էր եւ ան կ՚եր­թայ միա­նա­լու իր հայ­րե­նա­կից­նե­րուն: Ան ե­րի­տա­սարդ հա­սա­կին կ՚ան­դա­մակ­ցի ՌԱ­Կ­-ի շար­քե­րուն եւ շու­տով կը ստանձ­նէ պա­տաս­խա­նա­տու պաշ­տօն­ներ կու­սակ­ցու­թե­նէն ներս: Եր­կար տա­րի­ներ կ՚աշ­խա­տակ­ցի «Նոր Օր» պաշ­տօ­նա­թեր­թին, ազ­գա­յին ու քա­ղա­քա­կան յօ­դուած­նե­րով: Հա­ւա­տա­ւոր կու­սակ­ցա­կան, ըն­կեր Գրի­գոր Օ­հա­նեան մին­չեւ իր մա­հը՝ Օ­գոս­տոս 23, 1944-ը, թեր­թին եւ կու­սակ­ցու­թեան բո­լոր օ­րի­նա­կան գոր­ծե­րը կը կա­տա­րէ սի­րա­յօ­ժար:

Օ­հա­նեան օ­րէնս­գի­տա­կան իր փոր­ձա­ռու­թեամբ կը նպաս­տէ Հա­յոց Քա­ղա­քա­ցիա­կան Փոր­ձա­դա­տին (Թա­դոս Քար­թո­զեա­նի դա­տին) յա­ջո­ղու­թեան պսա­կու­մին, 1925 թուականին, անհ­րա­ժեշտ փաս­տա­թուղ­թեր եւ խոր­հուրդ­ներ ըն­ծա­յե­լով պաշտ­պան փաս­տա­բա­նին եւ յանձ­նա­խում­բին:

Ըն­կեր Օ­հա­նեան ան­դամ էր Ֆրեզ­նո­յի ի­րա­ւա­բան­նե­րու կա­ճա­ռին եւ գոր­ծօն մաս­նակ­ցու­թիւն կը բե­րէր հայ­րե­նա­շի­նա­կան ձեռ­նարկ­նե­րուն, խո­րա­պէս կը հա­ւա­տար հայ ժո­ղո­վուր­դի վե­րած­նուն­դին եւ Խորհր­դա­յին Հա­յաս­տա­նի կա­տա­րած հայ­րե­նա­սի­րա­կան մեծ գոր­ծին:
­

Ու­րեմն ըն­կեր Օ­հա­նեա­նի որ­դին՝ Մայք Գա­նըրզ հա­սակ կ՚առ­նէր նման հայ­րե­նա­սի­րա­կան ըն­տա­նի­քի մը յար­կէն ներս: Հայ­րը՝ Գրի­գոր ա­մուս­նա­ցած էր Ա­լի­սին հետ 1920 թուականին (1898-1978) եւ բախ­տա­ւո­րուած էին ե­րեք զա­ւակ­նե­րով՝ Տո­րո­թի, Ար­փես­րի եւ Գրի­գոր Կրտսեր, որ ծնաւ Ֆրեզ­նօ, Օ­գոս­տոս 15, 1925 թուականին:

Կրտսեր Գրի­գոր կը սի­րէր պաս­քեթ­պո­լը եւ մար­զա­սէր­նե­րը զինք կը կո­չէին Touch Connors: Երկ­րորդ Հա­մաշ­խար­հա­յին պա­տե­րազ­մին կը մտնէ բա­նա­կի օ­դա­յին ծա­ռա­յու­թեան: Բա­նակ­էն վե­րա­դար­ձին կը յա­ճա­խէ Լոս Ան­ճել­ըս­ի Գալ­ի­ֆոր­նիա հա­մալ­սա­րա­նը հետ­եւ­ելու ի­րա­ւա­բա­նա­կան բա­ժն­ին: Սա­կայն 1950 թուականի սկիզբ­ներ­ը, որպ­էս իր կեան­քի աս­պար­էզ կ՚­­ընտր­է շար­ժանը-կարն ու հե­ռա­տես­իլ­ը ու կը դառ­նայ Միա­ցեալ Նա­հանգն­ե­րու ա­մեն­էն տա­ղան­դա­ւոր դե­րա­սանն­եր­էն մէկ­ը, որ­ուն հռչակ­ը կը տա­րա­ծու­ի մինչ­եւ հե­ռա­ւոր եր­կիրն­եր:

Սկզբնա­կան տա­րին­եր­ուն ան կ­­ը ներ­կա­յա­նայ հե­տեւ­եալ ժա­պաւ­էնն­եր­ու մէջ Sudden Fear (1952), Island in the Sky (1953) Ճոն Ու­էյն­ի հետ, Swamp Women, Five Guns West (1955), The Day the World Ended (1955) Shake, Rattle and Rock (1956), եւ Flesh and the Spur (1957) որպ­էս՝ NBC-էն Touch Connors. Ան մաս կ­­ը կազմ­է շարք մը հեռ­ուս­տա­տես­իլ­ի յայ­տա­գիրն­եր­ուն ինչ­պէս՝ 1955 թուականին Tomas and the Widow եւ այս­պէս շա­րու­նա­կա­բար՝ գլխաւ­որ դէր­եր­ով Tightrope! (1959-1960), Նշա­նա­ւոր Mannix (1967-1975) սկիզ­բը՝ Desilu Productions եւ ա­պա՝ Paramount Television ընկ­եր­ութ­եամբ: Այ­նուհ­ետ­եւ՝ Today’s F.B.I (1981-1982): Կարճ ժա­մա­նակ մըն ալ մ­­իա­ցաւ Lucille Ball-ի Herþs Lucy շարք­ին, 1971 թուականին: Գան­ըրզ­ի վերջ­ին եր­եւ­ում­ը կ՚­­ըլ­լայ Two and a Half Men յայ­տա­գիր­ը: 1969 թուականին կը պար­գե­ւատ­րուի «Կոլտ­ըն Կլոպ»ի կողմ­է իր Ճօ Մա­նիքս­ի մարմ­նաւ­որ­ում­ին հա­մար:

Ան ա­մուս­նա­ցած էր Մար­ի Լու Ու­իլլ­ի հետ 1949 թուականին եւ հայրն էր Մաթ­իու Կանն­ըր Օ­հա­նեա­նի եւ Տա­նա Լու Գան­ըրզ­ի:

Մայք Գան­ըրզ­ի մէջ շեշտ­ուած էր սէր­ը հայ ժո­ղո­վուր­դի հան­դէպ եւ այդ ներշնչ­ում­ով իր Մայք Գան­ըրզ ա­նուն­ը վե­րա­ծեց Գրիգ­որ Օ­հա­նեա­նի:

Ան կ­­ը մա­հա­նայ 91 տար­ե­կա­նին Թար­զա­նայ­ի մէջ (Գալ­իֆ­որն­իա), շա­բաթ մ­­ը անց լ­­իւք­իմ­իա­յի հի­ւան­դութ­եան եր­եւ­ում­էն:

ՅԱԿՈԲ ՎԱՐԴԻՎԱՌԵԱՆ

«Պայքար», Պոսթոն

Հինգշաբթի, Փետրուար 9, 2017