ՏԻԿԻՆ ՀԱՅԿԱՆ

Առ­տուան ժա­մը տասն­մէկն է, վա­րէն կան­չող մը չկայ, ի՞նչ կայ ար­դեօք, ի՞նչ պա­տա­հած կրնայ ըլ­լալ: Վատ բա­ներ չան­ցը­նեմ մտքէս ու սրճեփ մը սուրճ ե­փեմ ու ի­ջեց­նեմ դրա­ցի­նե­րուս:

Ա­մէն ա­ռա­ւօտ վա­րի հա­լէ­պա­հայ դրա­ցու­հիիս աղ­ջի­կը կը կան­չէ զիս, ցուր­տին, բու­քին դուր­սը կը կե­նայ ու կը պո­ռայ, ի՞նչ ալ կ՚եր­ջան­կա­նայ խեղ­ճը՝ «Ա­նօ՛, Ա­նօ­՛» կան­չե­լով: Պահ մը կը մտա­ծէի, թէ ար­դեօք ե՞ս սխալ ծա­նօ­թա­ցու­ցած եմ ինք­զինքս, որ Ա­նօ կը կան­չէ, սա­կայն յե­տոյ անդ­րա­դար­ձայ, որ յի­ս­­նա­մեայ այս աղ­ջի­կը ու­ղե­ղա­յին թե­րա­հա­սու­թիւն մը ու­նի, ու սկսայ իր խել­քին հա­մե­մատ վա­րուիլ. հոգ չէ, Ա­նի չէ ե­ղած, Ա­նօ թող ըլ­լայ: Ու­րիշ­ներ ալ Ա­նա­հիտ կը կո­չեն զիս, նաեւ կը սրբա­դա­սուի ա­նունս, երբ Սուրբ Ան­նա­յի տօ­նին կը շնոր­հա­ւո­րեն բո­լոր Ա­նի­նե­րուն ա­նուա­նա­կո­չու­թիւ­նը: Մինչ­դեռ հա­յաս­տան­ցիք այս բո­լոր ա­նուն­նե­րու տէ­րե­րուն կը դի­մեն «Ան ճա­ն­»ով մը:

Տաք սրճե­փը բռնած դրա­ցիիս դրան սե­մին եմ: Կ՚ու­շա­նան ա­նոնք դու­ռը բա­նա­լու: Տու­նը չե՞ն ար­դեօք: Բայց չեմ կար­ծեր, որ տեղ մը գա­ցած ըլ­լան: Սի­րուկն ու Տի­կին Հայ­կա­նը՝ մայր ու աղ­ջիկ տու­նէն դուրս չեն ել­լեր: Վաթ­սուն­հին­գա­մեայ Տի­կին Հայ­կան շատ կը մսի, վարժ չէ այս­տե­ղի կլի­մա­յին: Ա­յո, վաթ­սուն­հին­գա­մեայ ը­սի, ան ա­մուս­նա­ցած է տասն­չորս տա­րե­կա­նին ու մէկ տա­րիէն ծնած է Սի­րու­կը: Տե­սակ-տե­սակ հի­ւան­դու­թիւն­ներ ու­նի Տի­կին Հայ­կան ու միայն շա­բա­թը մէյ մը դուրս կ­­՚ել­լէ  տան անհ­րա­ժեշտ գնում­նե­րը կա­տա­րե­լու հա­մար: Կ­­՚ե­րե­ւի այ­սօր գա­ցած են, կը խոր­հիմ ու հա­զիւ թէ պի­տի վե­րա­դառ­նամ՝ կը լսուին ոտ­նա­ձայ­ներ, ո­րոնք կա­մաց-կա­մաց կը մօ­տե­նան ու ա­հա դու­ռը կը բա­ցուի:

-Ա­նօ՛, դո՞ւն ես, ես ալ հի­մա պի­տի կան­չէի քեզ: Սո՞ւրճ ալ բե­րեր ես: Չէ՞ որ կ՚ը­սես իմ շի­նած սուրճս հա­մով է:

Ի՞նչ­պէս մոռ­ցայ, որ կրնայ Սի­րու­կը նե­ղա­նալ եւ կար­ծել որ իր սուր­ճը չեմ ու­զեր խմել, խեղ­ճը միայն սուրճ մը ե­փել գի­տէ.

-Ա­սի­կա կը խմենք, թէեւ գի­տեմ քուկդ ա­ւե­լի հա­մով է, քիչ ետք ալ դուն կը շի­նես՝ նո­րէն կը խմենք,- կ՚ը­սեմ մեղ­մե­լու հա­մար Սի­րու­կին նե­ղու­թիւ­նը:

Վա­ռա­րա­նին նոր կայծ տրուած է կար­ծես, ծած­կոց­ներն ալ հա­ւա­քուած են ի­րա­րու վրայ, տու­նը պաղ է, նստած ըլ­լա­լու էին ա­նոնք ծած­կոց­նե­րուն տակ, ա­ռանց ջեր­մու­թեան, խնա­յո­ղու­թիւն ը­նե­լու հա­մար:

Ու կ­­՚անց­նինք այ­սօ­րուան ճա­շի բա­ղադ­րու­թեան ման­րա­մաս­նու­թիւն­նե­րուն: Ա­մէն օր ճա­շի մը մա­սին տե­ղե­կու­թիւն­ներ կը հա­ղոր­դէ մե­զի Տի­կին Հայ­կան: Ա­մու­սի­նը պարս­կա­հայ ըլ­լա­լուն պատ­ճա­ռով բո­լոր պարս­կա­կան ճա­շա­տե­սակ­նե­րը իւ­րա­ցու­ցած է, որ ա­մուս­նոյն քիմ­քին գո­հա­ցում պար­գե­ւէ: Իւ­րա­յա­տուկ պատ­մե­լա­ձեւ մը ու­նի ան:

Տի­կին Հայ­կա­նին ժպի­տին կ­­՚ըն­կե­րա­նան սո­խը, սխտո­րը, տե­սա­կա­ւոր հա­մեմ­ներ, մի­սեր, սա­կայն հե­տաքրք­րա­կա­նը հոն է, որ ան ա­մէն օր բա­ղադ­րա­տոմ­սի մը հետ կ՚ար­տա­բե­րէ իր կեան­քէն ցա­ւոտ պա­տա­ռիկ­ներ, ո­րոնք կը շե­ղեց­նեն մտիկ ը­նո­ղին ու­շադ­րու­թիւ­նը ճա­շի բա­ղադ­րու­թե­նէն ու կը կեդ­րո­նաց­նեն կեան­քի այդ դրուագ­նե­րուն վրայ:

«Ա­մու­սինս շատ կը սի­րէր այս ճա­շը»,- կ՚ը­սէ ան ու ժպի­տը կար­ծես կեղծ դի­մա­գիծ մը կը հա­գուի, ինչ­պէս դի­մա­տետ­րի եր­բեմ­նի ժպտե­րես ան­ձանց լու­սան­կար­նե­րը, ու կը շա­րու­նա­կէ,- «Աս­կէ ե­րե­սուն տա­րի­ներ ա­ռաջ, ա­միս մը տա­ռա­պե­լէ ետք մա­հա­ցաւ ան ու­ղե­ղա­յին կա­թուա­ծի պատ­ճա­ռո­վ»,- կ՚անդ­րա­դառ­նայ յան­կարծ, որ նիւ­թէն շե­ղած է ու դար­ձեալ ժպի­տով կը շա­րու­նա­կէ ճա­շին բա­ղադ­րա­տոմ­սերն ու պատ­րաս­տու­թեան ձե­ւե­րը հա­ղոր­դել ու այս ան­գամ մէջ­բե­րու­մը կ­­՚ըլ­լայ կեան­քին ա­ւե­լի վաղ ժա­մա­նակ­նե­րէն՝ «Ըն­դա­մէ­նը տասն­չորս տա­րե­կան էի, երբ ա­մուս­նա­ցայ, որ­քա՜ն կը փա­փա­քէի ու­սա­նիլ, գիրք կար­դալ շատ կը սի­րէի, բայց ա­մուս­նու­թե­նէս ետք ո­րո­շե­ցի սոր­վիլ բո­լոր այս ճա­շե­րը, ու շատ հա­մով կը պատ­րաս­տեմ ե­ս»:

Յօդս ցնդած փա­փաք­ներ ու իղ­ձեր կը սկսին թե­ւա­ծել սե­նեա­կին մէջ ու այս­պէս իր կեան­քի հանգ­րուան­ներն ու ճա­շե­րը ի­րա­րու հետ միա­ձու­լուած կը մա­տու­ցէ ա­մէն օր: Աչ­քե­րը կը փայ­լին, յատ­կա­պէս, երբ կը խօ­սի իր փոքր տղուն մա­սին՝ «Ժիլ­պէրթս իմ փա­փա­քովս աշ­խարհ ե­կաւ, երբ նկա­տե­ցի եր­կու աղ­ջիկ­նե­րուս կող­քին միակ տղաս, ու­զե­ցի զինք եւս զոյ­գել ու այդ գի­շեր ա­մուս­նոյս հետ խորհր­դակ­ցե­ցանք ու... յղա­ցայ Ժիլ­պէր­թով. լաւ որ ծնած է, քսան­հինգ տա­րիէ ինք կը հո­գայ մե­զ»: Աչ­քե­րուն փայլ­քը ու­րա­խու­թե­նէ՞ն է, թէ՝ նե­ղու­թե­նէն, եր­կուքն ալ նշմա­րե­լի են դէմ­քին վրայ, ա­մուս­նոյն հետ յա­րա­բե­րու­թիւ­նը ո­րո­շու­մի մը ար­դի՞ւնք է, այս հնչիւն­ներն իսկ ընկ­ճուա­ծու­թիւն կը բու­րեն, կաշ­կան­դուա­ծու­թիւն, սի­րոյ բա­ցա­կա­յու­թիւն, իսկ ինչ­պէ՞ս սէ­րը գո­յու­թիւն ու­նե­նար, երբ ան նե­րո­ջը հետ կը բնա­կէր նոյն տան մէջ, այն նե­րը, ո­րուն պա­տա­նի տա­րի­քէն են­թար­կուած էր ան, իսկ տագ­րը, ա­յո տագ­րը, ո­րուն մտադ­րու­թիւ­նը յստա­կա­ցած էր ա­մուս­նոյն մա­հէն ան­մի­ջա­պէս ետք, որ տի­րա­ցած էր լու­սա­հո­գիին ամ­բողջ կա­լուած­նե­րուն ու որ­բե­րուն ի­րա­ւուն­քը խլե­լով գա­ցած, հաս­տա­տուած Միա­ցեալ Նա­հանգ­ներ ու հի­մա շատ բար­ւօք կեանք մը կ­­՚ապ­րի.

-Աս­տուծ­մէ թող գտնէ,- կ՚ը­սէ Տի­կին Հայ­կան զայ­րա­ցած, կար­ծես ներ­սի հրդե­հին այ­րուց­քէն կը ժայթ­քին այս բա­ռե­րը, այս հնչիւն­նե­րը, ան այս­պի­սով ժա­մա­նա­կը ետ տա­նիլ կ՚ու­զէ, ընդվ­զիլ տագ­րո­ջը հետ, դէմ կե­նալ ա­նոր այս ան­մարդ­կա­յին ա­րար­քին, հի­մա է որ ու­նի այդ կա­րո­ղու­թիւ­նը, հա­սու­նու­թիւ­նը ճա­կա­տագ­րի դա­ժան հա­րուած­նե­րէն գո­յա­ցած, բայց դար­ձեալ կ­­՚ա­պա­ւի­նի իր Ա­րա­րի­չին ու կը շա­րու­նա­կէ,- Ան որ­բե­րուս պա­տա­ռը խլեց, գո­նէ միայն խա­նու­թը մնար, հի­մա կը ծա­խէինք ու ա­նով կ՚ապ­րէինք, զաւ­կիս նե­ղու­թիւն չէի տար: Աս­տուծ­մէ գտնէ կ՚ը­սենք, բայց մի­թէ Աս­տուած կը տես­նէ՞, կամ կը պատ­ժէ՞ զինք, շատ ալ հան­գիստ կեանք մը կ՚ապ­րի ան, մէ­կի փո­խա­րէն չորս տուն ու­նի, զա­ւակ­նե­րը չէ՛, թոռ­ներն ալ կը կշտա­նան...:

Հնչիւն­ներ, վան­կեր են ը­սուած­նե­րը, ո­րոնք փո­խան­ցե­լիք պատ­գամ մը կը կրեն ի­րենց մէջ: Մեր­ժում մը ան­ցեա­լի ա­րարք­նե­րուն ու գա­լիք սե­րունդ­նե­րուն ա­ւե­լի խո­րի­մաց ու սթափ մօ­տե­ցում մըն է, որ կը թե­լադ­րէ Տի­կին Հայ­կան, մօ­տե­ցում՝ հա­մե­րաշ­խու­թեան, փոխ­զի­ջո­ղա­կա­նու­թեան, ըն­տա­նե­կան սրբու­թեան, ըն­տա­նիք հաս­կա­ցո­ղու­թեան, ո­րոնց հիմ­քը, կո­րի­զը սէրն է ան­կաս­կած:

-Ա­հա, իմ հա­մով սուրճս խմե­լու պահն է,- սուր­ճի բա­ժակ­նե­րով կը մօ­տե­նայ Սի­րուկ ու Տի­կին Հայ­կա­նին դէմ­քը կը պայ­ծա­ռա­նայ յստակ ժպի­տով մը:

Ա­ՆԻ ԲՐԴՈ­ՅԵԱՆ-ՂԱ­ԶԱ­ՐԵԱՆ

Հինգշաբթի, Փետրուար 9, 2017