ՊԱՏԱՆԻՆԵՐՈՒ ՀՈԳԵԿԱՆ ԵՒ ՄՏԱՅԻՆ ԱՃՈՂ ՏԱԳՆԱՊՆԵՐՈՒՆ ԱՌԱՋՔԸ ԱՌՆԵԼՈՒ ՄԻՋՈՑՆԵՐ

Ներկայ ժամանակներու մէջ հետզհետէ աւելի մտահոգիչ կը դառնայ դեռահասներու մօտ հոգեկան տագնապներու աճը: Կենսական այս հարցին լուծումով մտահոգ են դպրոցներու պատասխանատուներ, ծնողներ եւ կառավարութիւններ: Տագնապը կարելի է լուծել բոլորին համագործակցութեամբ:

Բրիտանական «Կարտիըն» թերթը այս առընչութեամբ երկու յօդուածներ հրատարակած է:

ԸՆԿՃՈՒԱԾՈՒԹԵՆԷ ԵՒ ՀՈԳԵՐԷ ՏԱՌԱՊՈՂ ԱՇԱԿԵՐՏՆԵՐՈՒ ԽՆԱՄՔ ԱՆԳԼԻՈՅ ԴՊՐՈՑՆԵՐՈՒՆ ՄԷՋ

ԸՍՏ ՔՆՆԱԴԱՏՆԵՐՈՒ, ՄՏԱՅԻՆ ԱՌՈՂՋՈՒԹԵԱՆ ԿԵՆՍԱԿԱՆ ԾՐԱԳՐԻՆ 2019-ԻՆ ՍԿՍԻԼԸ ԿԱՆՈՒԽ ՉԷ

Ընկճուածութենէ եւ հոգերէ տառապող աշակերտներու խորհրդատուութիւն պիտի յատկացուի Անգլիոյ կառավարութեան ծրագիրով, որուն նպատակն է լուծել երիտասարդներու մէջ տարածուած մտային առողջութեան տագնապները:

Անգլիոյ դպրոցներու եւ քոլէճներու մէջ աշակերտներ առիթը պիտի ունենան ներկայ գտնուելու ախտաբոյժներու պահերուն՝ փորձելով դադրեցնել հոգեբանական դժուարութիւններ, որոնք կրնան խորանալ եւ կեանքի երկարատեւ հարցերու վերածուիլ:

Ամէն դպրոցէ նոյնպէս պիտի պահանջուի նշանակել ուսուցիչ մը՝ համակարգելու համար բարելաւուած աջակցութիւն մտային հարցեր դիմագրաւող աշակերտներուն, որոնց թիւը արագ կ՚աճի: Անոնցմէ շատեր իրենք իրենց առողջութեան եւ մարմիններուն վնասներ կը պատճառեն՝ վախի, անձկութեան, քննութեան պրկումի, դժգոհութեան, մարմնի կազմուածքի, տնային բարդութիւններու եւ այլ գործօններու իբրեւ հետեւանք:

Առողջապահութեան եւ կրթութեան նախարարութիւնները անցեալ կիրակի հրապարակեցին ծրագիրները:

Աւելի բարդ խնդիրներ ունեցող երեխաներու համար նոր երաշխաւորուած առաւելագոյն չորս շաբթուան սպասման ժամանակաշրջան կը հաստատուի՝ արձագանգելով այն մտահոգութիւններուն, թէ մինչեւ 18 տարեկանէն վար այն խոցելի պատանիները, ներառեալ՝ անձնասպանութեան սեմին հասածները, ստիպուած են սպասել խնամքին, կամ անոնց զլացուած է օգնութիւնը, քանի որ Ազգային առողջապահական ընկերակցութիւնը կամ այլ ծառայութիւններ ծանրաբեռնուած են:

«Բոլոր հոգեկան-մտային հիւանդութիւններու կէսը կը սկսի 14 տարեկանէն առաջ, ուրեմն շատ կարեւոր է, որ երեխաներուն օգնութիւն ցուցաբերուի ճիշդ այն ժամանակ, երբ անոնք ատոր կարիքը ունին՝ դասարանին մէջ: Եթէ մենք հոգեկան հիւանդութիւնը կանուխ յայտնաբերենք, կրնանք բուժել եւ դադրեցնել՝ նախքան աւելի լուրջ բանի մը վերածուիլը», կ՚ըսեն մասնագէտները:

«Երիտասարդ միտքեր» բարեսիրական ընկերակցութեան գործադիր տնօրէն Սառա Պրենան կ՚ողջունէ ծրագիրները: Ան կ՚ըսէ. «Մենք դասարաններուն մէջ կը դիմագրաւենք տագնապներ, եւ բազմաթիւ աշակերտներ չեն ստանար այն օգնութիւնը, որուն կարիքը ունին: Շատ յաճախ մենք կը լսենք պատանիներու մասին, որոնք իրենք իրենց վնաս կը պատճառեն, անձնասպանական հակումներ կը դրսեւորեն կամ դպրոցէն դուրս կը դրուին ճիշդ օգնութիւնը սպասելու ատեն»:

Բարելաւումները պիտի սկսին ընթացիկ տարուան մէջ եւ պիտի վայելեն զօրակցութիւնը կառավարութեան քանի մը տարուան մէջ յատկացնելիք 300 միլիոն փաունտնոց նոր հիմնադրամին: Անգլիոյ մէջ Տնօրէններու ազգային ընկերակցութիւնը, որ կը ներկայացնէ նախակրթարաններու տնօրէններուն մեծամասնութիւնը, ողջունեց միայն չորս շաբաթ սպասելու ծրագիրը՝ ատիկա որակելով կատարեալ յառաջընթաց՝ 18 տարեկանէն վար պատանիներուն համար, որոնք այժմ մինչեւ 18 ամիս կը սպասեն:

Երեք հարիւր միլիոն փաունտնոց հիմնադրամին շուրջ 215 միլիոն փաունտը պիտի յատկացուի դպրոցներուն մէջ ստեղծելու հոգեկան-մտային առողջութեան աջակցող խումբեր: Առողջապահութեան եւ կրթութեան նախարարները կը նշեն, որ երեխաներու եւ պատանիներու առողջութեան քանի մը հազար պատասխանատուներ, ախտաբաններ գլխաւորաբար պիտի աշխատին աշակերտներուն հետ՝ անոնց մօտ հոգեկան-մտային հարցերու կանուխ բացայայտումով, դպրոցներու հիւանդապահուհիներու եւ կրթական հոգեբաններու մասնակցութեամբ:

Նախարարները կը յուսան, որ ասիկա պիտի աւելցնէ կանուխ միջամտութիւնը եւ նուազեցնէ թիւը այն երեխաներուն, որոնք երբ չափահաս ըլլան, հոգեկան-մտային տագնապներ կ՚ունենան:

Սակայն նախաձեռնութիւնները նախապէս պիտի փորձարկուին ատոնց արդիւնաւէտութիւնը գնահատելու համար, ուրեմն նախատեսուող աջակցութեան նոր ձեւերը չեն կրնար մատչելի ըլլալ Անգլիոյ մէջ մինչեւ 2020 թուականը: Կառավարութեան ձգտումը միայն այն է, որ 2022-23 թուականներուն ատոնք երկրի մէկ հինգերորդին մէջ գործեն:

Հոգեբաններու արքայական քոլէճի տնօրէն, երեխաներու հոգեբան Տքթ. Պեռնատքա Տուպիսքան դժգոհ է, որ յաւելեալ օգնութիւն մատչելի պիտի չըլլայ աւելի կանուխ:

Մինչ ան կ՚ողջունէ չորս շաբթուան բուժումի խոստումը, ան նոյնպէս կը հարցնէ, թէ ուրկէ՞ պիտի գան հոգեկան առողջութեան մասնագէտները՝ արագացնելու համար խնամքի ծրագիրը:

Պաշտօնական ցուցանիշները ցոյց կու տան, որ 2013 թուականէն ի վեր Անգլիոյ Ազգային առողջապահական ընկերակցութեան մէջ աշխատող մանկական յատուկ հոգեբոյժներուն թիւը նուազած է:

Առողջապահական խորհուրդի նախագահ, Անգլիոյ Պահպանողական կուսակցութեան անդամ երեսփոխան Սառա Ուոլսթընը ողջունեց նախարարութիւններուն յայտարարութիւնը, բայց ըսաւ, որ ինք կ՚ուզէ յաւելեալ մանրամասնութիւններ տեսնել: «Մենք պէտք է ունենանք աւելի մեծ կեդրոնացում՝ կանուխ միջամտելու եւ արգիլելու աշխատանքին մէջ: Ատոր յատկացուող որեւէ գումար լաւ բան մըն է», ըսաւ ան:

Ան նոյնպէս ողջունեց աւելի լաւ համագործակցութիւն՝ դպրոցներու եւ Ազգային առողջապահական ընկերակցութեան միջեւ, բայց ըսաւ, որ դպրոցները արդէն լաւ կ՚աշխատին առողջապահական ծառայութիւններու հետ, եւ ուրիշներ պէտք է դասեր քաղեն այս վայրերէն:

«Շատ յաճախ հարցը աղբիւրներու տրամադրումն է: Պատանիներուն մեծ մասը կը նախընտրէ, որ այդ ծառայութիւնները մատուցուին դպրոցին մէջ, քանի որ այդ ձեւով աւելի մատչելի կ՛ըլլայ: Երեխաները զգուշ են եւ չեն ուզեր հոգեբուժական ծառայութիւններու դիմելու պատճառով ուրիշներու ծաղրանքին ենթարկուիլ», ըսաւ Սառա Ուոլսթընը:

Երեխաներու հոգեկան առողջութեան բարեսիրութիւն բարեսիրական ծառայութեան գործադիր տնօրէն Քաթրին Ռոշ ըսաւ. «Մենք կ՚ողջունենք նախարարութիւններու ստանձնած յանձնառութեան նախագիծը եւ խանդավառ ենք տեսնելով, որ մարդիկ կ՚ընդունին, որ կենսական է հոգեկան առողջութեան օգնութիւն տրամադրել դպրոցներուն մէջ: Մենք կը հաւատանք, որ ամբողջական դպրոցի մօտեցումը հոգեկան առողջութեան՝ կենսական է կառուցելու համար բաց եւ հասկացողութեան մշակոյթ մը, անհրաժեշտութեան պարագային մատչելի դարձնելով հոգեկան առողջութեան համապատասխան մասնագէտները»:

Ազատական Ժողովրդավարական երեսփոխան, քոալիսիոնի առողջապահութեան նախարար Նորման Լամպ ըսաւ. «Մենք 2015 թուականի մարտին հրապարակեցինք «Ֆիւչր ին մայնտ» զեկոյցը: Ատիկա երեխաներու եւ երիտասարդներու հոգեկան առողջութեան ծառայութիւններու արդիականացման ծրագիր էր: Անոնք չկրցան այդ ծրագիրը իրականացնել: Ինչո՞ւ պէտք է ակնկալենք, որ ասիկա տարբեր պիտի ըլլայ: Անոնք պէտք է ատիկա՛ գործադրէին: Այդ ծրագիրին նպատակն էր դպրոցները աւելի սերտ առընչել առողջապահական ծառայութիւններուն: Երկու տարի ետք՝ տեժա վիւ»:

Աշխատաւորական կուսակցութեան հոգեկան առողջութեան նախարար Պարպարա Քիլի իր կարգին կ՚ըսէ. «Ծրագիրները ձգեցին բազմաթիւ անպատասխան հարցումներ, ներառեալ՝ յաւելեալ գումարներու յատկացումը, եւ թէ՝ արդեօք բոլոր դպրոցներն ալ պիտի կրնա՞ն օգնել ամէն աշակերտի, որ ատոր կարիքը կ՚ունենայ: Բազմաթիւ այդպիսի աշակերտներ շատ երկար սպասած են»:

ՔՈՒՆԷ ԶՐԿՈՒԱԾ ԱՇԱԿԵՐՏՆԵՐԸ ՅԱՒԵԼԵԱԼ ԿԱՐԻՔ ՈՒՆԻՆ ԱՆԿՈՂԻՆԻՆ

Մասնագէտները կը նշեն, որ դպրոցական օրը պէտք է ժամ մը ետ տանիլ, լուծելու համար անբաւարար արդիւնքները, անձկութիւնը եւ՝ պայքարելու գիրութեան դէմ:

Քունի մասնագէտները կը զգուշացնեն դպրոցական տարիքի երեխաները՝ քունէ զուրկ մնալու համաճարակի մասին: Կարգ մը մասնագէտներ կոչ կ՚ընեն կրթական մարմիններուն՝ փոխելու դպրոցական ժամերը, թոյլ տալով, որ դեռահասները երկար մնան անկողինին մէջ:

Համարժէք, բաւարար քնանալը դեռահասներու բարօրութեան եւ հոգեկան առողջութեան ամենէն ուժեղ գործօնն է, եւ պակասը կ՚առընչուի ուսումնական վատ արդիւնքներու, անհանգստութեան եւ գիրութեան:

Ֆրանսայի կրթութեան նախարարը վաւերացուց 15-18 տարեկան ուսանողներու դպրոցական օրուան առաւօտեան ժամը 9-ին սկսելու առաջարկը Փարիզի մէջ:

Ատիկա հետեւեցաւ դեկտեմբերին Սիեթըլի մէջ գտնուող դեռահասներու ուսումնասիրութեան մը հրատարակման: Ուսումնասիրութիւնը յայտնաբերած էր՝ դպրոցական օրուան սկսիլը գրեթէ ժամով մը յետաձգելէ ետք «զգալի բարելաւում ուսանողներու քունի տեւողութեան ժամանակ»:

«Փարիզեան որոշումը կրնայ միայն լաւ ըլլալ երեխաներու համար», կ՚ըսէ «Ինչպէս լաւ քնանալ» գիրքին հեղինակը՝ Տքթ. Նիլ Սթենլին: Ան նշած է երեխաներու եւ դեռահասներու շրջանակներուն մէջ քունի մեծցող խնդիրները: «Մեր երեխաներու շահերուն համար դպրոցական օրոուան սկսելու ժամը պէտք է տեղափոխել ժամ մը ուշ՝ զանոնք նոյն գիծին վրայ դնելու համար պատանիներու կենսաբանական կշռոյթներուն հետ»:

Միլփոնտ երեխաներու քունի բուժարանի հիմնադիր Մանտի Կառնի կը նշէ, որ վերջին 12 ամիսներու ընթացքին դպրոցական երեխաներու շրջանակին մէջ քնանալու աճ եղած է 30 առ հարիւրով:

Դպրոցական օրուան փոփոխութիւնը օգտակար կ՚ըլլայ անչափահասներուն, սակայն ատիկա յաջողցնելու համար զանգուածային մեծ արշաւ անհրաժեշտ է: Դպրոցական օրը ծրագրուած է աշխատանքային դասական օրուան մը պատշաճելու համար: Դպրոցի ղեկավարները աւելի շատ մտահոգութիւն կը յայտնեն գերյոգնած երեխաներու մասին՝ նախակրթարանի, միջնակարգի եւ երկրորդականի մէջ: Այս մասին կը հաստատեն թէ՛ ուսուցիչներ, թէ՛ մասնագէտներ:

Բայց ցարդ չկան բաւարար «ծանր փաստեր»՝ արդարացնելու համար դպրոցներու ժամերը փոխելու «կտրուկ քայլը»:

Ըստ մասնագէտներու, հիմնական հարցը այն է, որ դպրոցներու պատասխանատուները շատ հետաքրքրուած են որեւէ մօտեցումով, որ կրնայ դրական ազդեցութիւն ունենալ աշակերտներու սորվելու հոլովոյթին վրայ, բայց կան լուրջ թեքնիկ դժուարութիւններ՝ դպրոցական օրը փոփոխութեան ենթարկելու հարցին մէջ, մանաւանդ՝ աշխատող ընտանիքներուն համար:

Պատանիներու քունի մասնագիտական խումբը Անգլիոյ մէջ ուզած է ճշդել դպրոցական օրուան աւելի ուշ սկսելու ազդեցութիւնը երեխաներուն վրայ, բայց բաւարար թիւով դպրոցներ չեն արձանագրուած այդ փորձին: Այժմ խումբը կը քննարկէ «քունի կրթութեան» հետեւանքները դպրոցներուն մէջ: Արդիւնքները պիտի հրապարակուին գարնան:

Անցեալ ամիս ուսուցիչներուն տրամադրուեցան 7-16 տարեկան աշակերտներու համար քնանալու դասընթացքներու ուղեցոյց:

Գիտնականները կը նշեն, որ մարդոց մարմնի ժամացոյցը, որ կը ղեկավարէ քնանալու եւ արթուն մնալու ծիրը, կը փոխուի պատանեկութեան ատեն: Անոնք կ՚ուզեն քնանալ եւ աւելի ուշ արթննալ: «Անոնք կարծես թէ ուրիշ ժամանակի գօտիի մը մէջն են: Մենք իրենցմէ կը պահանջենք արթննալ՝ իրենց մարմնի ժամացոյցին պատրաստ ըլլալէն առաջ, որովհետեւ անչափահասներու աշխարհը այդպէս կը գործէ: Այնպէս որ, պատանիներու մեծ մասը քունէ զրկուած կ՚ըլլան», կ՚ընեն մասնագէտները:

«Քունը ամենէն ուժեղ նախատեսողն է պատանիներու առողջութեան», կ՚ըսէ Լոնտոնի քոլէճ համալսարանի պատանիներու եւ երեխաներու առողջապահութեան դասախօս Շարլ Ուայնըր: Ան համահեղինակն է «Բրիտանական Առողջապահական Ամսաթերթ»ին մէջ նոյեմբերին լոյս տեսած յօդուածի մը, որ հիմնուած է 15 տարեկան աւելի քան 120 պատանիներու ուսումնասիրութեան մը վրայ, որ կը նշէ աճող փաստերը անբաւարար քունի վտանգներուն:

«Երբ մենք կը մտածենք բոլոր այն բաներուն մասին, որոնք մտահոգութիւն կը պատճառեն ծնողներուն, քունի ազդեցութիւնը շուրջ չորս անգամ աւելի է, քան՝ սմարթֆոնի օգտագործումի ազդեցութիւնը: Արբունքի շրջանին ուղեղի մեծ զարգացում կայ: Մենք պէտք է վերադառնանք հիմնականին, աւելի շատ ուշադրութիւն դարձնենք քունին, ֆիզիքական գործունէութեան եւ սննդականոնին», ըսաւ ան:

Այլ մասնագէտ մը՝ Ա. Ֆարքուհար ըսաւ. «Եթէ մենք աշխարհը վերադասաւորենք պատանիներուն յարմարելու համար, մենք պիտի տեսնենք օգուտները: Բայց ատիկա ընելու համար գործնական դժուարութիւններ կան: Ուրեմն, որպէս սկիզբ, դպրոցները պէտք է թուաբանութեան դասը առաջին պահերուն ծրագրեն եւ թերեւս օրը սկսին մարզանքի պահով»:

ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ

Շաբաթ, Փետրուար 9, 2019