ՄԵԿՆՈՒԹԻՒՆ՝ ՅՈՎՀԱՆՆԷՍԻ ԱՒԵՏԱՐԱՆԻՆ

ԳԼՈՒԽ Թ.

ՍԵԼՈՎԱՄԻ ՄԱՍԻՆ

Խօսք. «Դրացիները եւ անոնք որոնք նախապէս տեսած էին» (Յհ 9.8):

Մեկնութիւն. ժողովուրդը այստեղ երեք բան կը հարցնէ: Առաջին՝ անձը լուսաւորուելուն: Երկրորդ՝ լուսաւորուելու կերպի մասին: Երրորդ՝ Լուսաւորիչը:

Առաջինին համար կ՚ըսէ.

Ոմանք կ՚ըսեն, որոնք Քրիստոսի բարեկամներն էին, թէ ասիկա ան է, իսկ հակառակողները կ՚ըսէին՝ անիկա չէ՛:

Ասոնք կը հակառակէին երեք պատճառով. նախ՝ քանի որ ժխտողներ էին, երկրորդ՝ որովհետեւ զարմացած էին, երրորդ՝ քանի որ չէին ճանչնար զինք, որովհետեւ մարդը երեսէն կը ճանչցուի, իսկ անոր երեսը փոխուած էր:

Իսկ մուրացիկ կ՚ըսէին երեք պատճառով. նախ՝ քանի որ բազմաթիւ անգամներ տեսած էին, երկրորդ՝ որպէսզի սքանչելիքին մեծութիւնը յայտնի ըլլայ, երրորդ՝ քանի որ գթութեան արժանի էր, որովհետեւ կոյր էր եւ տնանկ:

Խօսք. «Ես այդ կոյրն եմ» (Յհ 9.9):

Մեկնութիւն. նախ՝ անոնց տարակուսանքը կը վերցնէ: Երկրորդ՝ գոհութեամբ Աստուծոյ բարերարութիւնը կը պատմէ:

Երկրորդ՝ լուսաւորուելուն [սկսիլ տեսնելուն] կերպի մասին կը հարցնեն, երբ կ՚ըսեն.

Խօսք. «Ինչպէ՞ս եղաւ, որ աչքերդ բացուեցան» (Յհ 9.10):

Մեկնութիւն. Այսինքն՝ ինչպէ՞ս լուսաւորուեցար:

Ան պատասխանեց.

Խօսք. «Յիսուս անունով մէկը» (Յհ 9.11):

Մեկնութիւն. ինչպէս այնտեղ «մէկը», այստեղ՝ «մարդ մը» կ՚ըսէ չորս պատճառով. նախ՝ քանի որ միայն Ա՛ն էր մարդացեալ Աստուած, երկրորդ՝ Ան միայն անապական Կոյսէն էր, երրորդ՝ միայն Ան անմեղ էր, չորրորդ՝ միայն Ան էր մարդոց Փրկիչ:

Խօսք. «Յիսուս անունով» (Յհ 9.11):

Մեկնութիւն. թէեւ չէր տեսած, այլ՝ նախապէս անունը լսած էր, երկրորդ՝ ձայնէն ճանչցաւ:

Խօսք. «Ցեխ շինեց, ծեփեց աչքերս» (Յհ 9.11):

Մեկնութիւն. այս կոյրը ստուգութեամբ կը պատմէ ինչ որ գիտէ, քանի որ գիտցաւ երբ կաւը շօշափելով իր աչքերուն վրայ դրաւ, եւ որովհետեւ այդ վայրը ցամաք [չոր] էր, այդ պատճառով գիտցաւ, թէ Քրիստոսն է որ զայն կաւ [ցեխ] ըրաւ, սակայն չգիտցաւ, թուքո՞վ էր,  թէ՞ ջուրով, ատոր համար չըսաւ՝ թուքով կաւ շինեց: Ապա հնազանդութեամբ երթալն ու լուսաւորուիլը կ՚ըսէ, իսկ անոնք կատղած էին, իրենց լսածնուն ու տեսածնուն համար: Կոյրին կը հարցնէին ո՛չ թէ հաւատալու համար, այլ՝ հրաշքը արհամարհելու համար:

Երրորդ՝ լուսաւորիչին մասին կը հարցնեն:

Խօսք. «Ո՞ւր է Ան» (Յհ 9.12):

Մեկնութիւն. ոմանք արհամարհելով կը հարցնէին, իսկ ոմանք՝ ոչ:

Խօսք. «Չեմ գիտեր» (Յհ 9.12):

Մեկնութիւն. որովհետեւ երբ Սելովամ իջաւ ու վերադարձաւ, Քրիստոսը այնտեղ չգտաւ: Այսպէս անդամալոյծին հետ ալ ըրաւ երբ բժշկեց զինք, չորս պատճառով. նախ՝ որպէսզի չգովուի: Երկրորդ՝ որպէսզի հրաշքը յայտնի դառնայ: Երրորդ՝ որպէսզի հակառակորդներուն չարութիւնը մեղմանայ: Չորրորդ՝ որպէսզի մեզի սորվեցնէ նոյնը ընել: Ոմանք այլաբանութեամբ կ՚ըսեն. այս կոյրը կը նշանակէ ընտրեալներուն դասերը, որոնք սկիզբէն՝ իրենց ծնունդէն սկած կոյրեր են աստւածային բաներէն, եւ թշուառութեամբ ու աղքատութեամբ են այս աշխարհին մէջ, իսկ Քրիստոս անցնելոց այս կեանքի ճանապարհէն գթութեամբ նայեցաւ անոնց եւ անոնք Քրիստոսէն փրկական տեսութիւնը ընդունեցին:

Խօսք. «Զինք տարին փարիսեցիներուն» (Յհ 9.13):

Մեկնութիւն. նախ՝ քննելու համար, որովհետեւ դպիրներ էին: Երկրորդ՝ որպէսզի լուսաւորուածը ուրանայ ճշմարտութիւնը: Երրորդ՝ որպէսզի Քրիստոսին օրէնքներուն դէմ մեղանչող ցոյց տան, ինչպէս կ՚ըսէ.

Խօսք. «Օրը Շաբաթ էր, երբ Յիսուս ցեխ շինած էր» (Յհ 9.14):

Մեկնութիւն. երբ անդամալոյծը բժշկեց, դարձեալ Շաբաթ օր էր, իսկ մնացածները յայտնի են Մեկնիչէդ:

Խօսք. «Այդ մարդը չի կրնար Աստուծմէ ըլլալ, քանի Շաբաթ օրը չի պահեր» (Յհ 9.16):

Մեկնութիւն. ասոնք կը ստէին. նախ՝ քանի որ մարմնաւոր գործը, որ Աստուծոյ փառքին համար էր, կարելի էր Շաբաթ օրով: Երկրորդ՝ որովհետեւ քահանաները Շաբաթ օրով կը թլփատէին եւ անմեղներ էին, ինչպէս վերը՝ հինգերորդ գլուխին մէջ ցոյց տրուեցաւ:

Խօսք. «Ինչպէ՞ս կրնայ մեղաւոր մարդ մը այսպիսի հրաշքներ կատարել» (Յհ 9.16):

Մեկնութիւն. ասոնք կը կամենային մեծացուցանել զՔրիստոս, իբրեւ թէ ըսել. «Հնարաւոր չէ, որ մեղաւոր մը այսպիսի հրաշք մը գործէ», իսկ Քրիստոսի բարեկամներուն հակառակ կ՚առարկէ, ինչպէս Մատթէոսը կ՚ըսէ. «Տէր, Քու անունովդ դեւեր հանեցինք եւ մեծամեծ բաներ գործեցինք, իսկ Քրիստոս պիտի պատասխանէ. “Չեմ ճանչնար ձեզ, հեռացէ՛ք, դուք որ անօրէնութիւն կը գործէք”» (հմմտ. Մտ 7.21-23):

Վարդապետները կ՚ըսեն, թէ հրաշքը բնութենէն գերիվեր գործ մըն է, ատոր համար միայն Աստուծմէ կը կատարուին հրաշքներ, վկայելու համար, թէ մարդու ճանաչումէն գերիվեր է: Հրաշքը կրկին է, քանի որ երբեմն կը կատարուի վարդապետութեան մը ճշմարտութիւնը վկայելու համար, որ մեր իմացումէն գերիվեր է: Եւ պարտ է, թէ այդ վարդապետութիւնը ճշմարիտ ըլլայ, քանի որ Աստուած չի կրնար ստութեան վկայ ըլլալ, այլեւ պարտ չէ, թէ զայն ուսուցանողը բարի ըլլայ, քանի որ այդ հրաշքը վարդապետին բարութեան մասին չի վկայեր, այլ՝ վարդապետութեան ճշմարտութեան, եւ այսպէս ալ կարգ մը չար քարոզիչներ ուղղափառ վարդապետութեան հրաշքներ կատարեցին ուղղափառ հաւատքի հաստատութեան համար, եւ այսպէս կը հասկցուի խօսքը, որ Մատթէոսի մօտ գրուած է: Երկրորդ կերպով հրաշքը կը կատարուի վկայելու եւ ցոյց տալու համար վարդապետին բարութիւնը, եւ այդ ատեն պարտ է, որ այդ վարդապետը բարութիւն ունենայ, քանի որ Աստուած չի կրնար ստութեան մասին վկայել, եւ այսպէս կը կատարուէին Քրիստոսի հրաշքները, ինչպէս կ՚ըսէր. «Այն գործերը, որ Հօրս անունով կը կատարեմ, անոնք իսկ կը վկայեն՝ թէ ով եմ Ես» (Յհ 10.25), քանի որ Աստուծոյ Որդի եմ: Եւ այդպէս ալ այստեղ կ՚ըսէ. «Ինչպէ՞ս կրնայ մեղաւոր մարդ մը այսպիսի հրաշքներ կատարել», իբրեւ թէ ըսել՝ Աստուած հրաշքներով մեզի կը վկայէ բարութիւնն ու վարդապետութեան ճշմարտութիւնը, այդ պատճառով հնարաւոր չէ, որ Ան մեղաւոր ըլլայ:

Խօսք. «Անգամ մը եւս հարցուցին մարդուն.

-Դուն ի՞նչ կ՚ըսես այդ մարդուն համար, որ քու աչքերդ բացաւ» (Յհ 9.17):

Մեկնութիւն. ասիկա Քրիստոսի հակառակորդները չհարցուցին, քանի որ ստուգապէս կը կարծէին, որ լուսաւորիչին մասին ճշմարտութիւնը կը պատասխանէր, ինչպէս կ՚ըսէ.

Խօսք. «Մարգարէ մըն է» (Յհ 9.17):

Մեկնութիւն. իբրեւ հասարակ մարգարէ չխոստովանեցաւ, ինչպէս Եսային, Երեմիան, եւ այլն, այլ՝ եզական մարգարէ կը կոչէ, ինչպէս Մովսէս Երկրորդ Օրինացին մէջ կ՚ըսէ. «Տէրը ձեր եղբայրներէն ձեզի մարգարէ մը պիտի հանէ» (տե՛ս Բ. Օր 18.15), սակայն տակաւին չէր հաւատար Անոր որպէս Աստուծոյ Որդի:

Հարցում. ինչո՞ւ համար Աւետարանիչը մանրամասնութեամբ եւ ստուգութեամբ կը պահէ բոլոր խօսքերը:

Պատասխան. երեք դէմքերու օգուտ է. նախ՝ ի դէմս Փրկիչին, որ կը ցուցնէ անոնց բարերարելը: Երկրորդ՝ թշնամիներուն ներել:

Երկրորդ՝ ի դէմս հրեաներուն. նախ՝ կը ցուցնէ անոնց անհաւատութիւնը: Երկրորդ՝ չարիք հատուցանելը:

Երրորդ՝ մեզի հանդէպ. նախ՝ որպէսզի Քրիստոսէ սորվինք: Երկրորդ՝ հրեաներու չարութեան չնմանինք:

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

•շար. 89

Վաղարշապատ

Երեքշաբթի, Փետրուար 9, 2021