ԸՆՏԱՆԻ՞Ք, ԹԷ…
Աչքերը հորիզոնին սեւեռած, պատուհանին ետեւէն հեռուները կը դիտէ, կարծես անցնիլ կ՚ուզէ հորիզոնէն անդին, հասնիլ հոն, ուր ան է՝ երկար տարիներու իր կեանքի ընկերը, կամ կեանքի թշնամին, ամուսինն է ի վերջոյ, լաւ ու վատ յուշերու իր հերոսը: Ճիշդ է սակայն, որ վատը կը գերակշռէ, բայց երկար տարիներու գոյութիւն մ՚է, վարժութիւն մը թէկուզ, ամէնօրեայ հացին նմանող վարժութիւն մը, որ գոյատեւելէ բացի ուրիշ ոչ մէկ բանի կը ծառայէ: Այո, գոյատեւել, հոգ չէ երջանիկ ու ուրախ, նոյնիսկ ծեծով, վէրքերով ու անհատնում վէճերով գոյատեւումն էր, ամօթը լքումին, որ ստիպած էր մնալ ու տոկալ ճնշիչ ծանրութեան ու ագահութեան մէջ անհատին, որ ամուսինն էր Տիկին Յովինարին:
Ծխախոտին ծուխին հետ կ՚ուրուագծուին անոր աչքերուն առջեւ անցեալի անցուդարձերը: Կ՚ուզէ անոնց մէջ յուշ մը, ակնթարթ մը, դէպք մը գտնել, որ ատենին հաճոյքի տեսքով ժպիտ մը գոյացուցած ըլլար իր դէմքին, միայն զաւակներուն ծնունդը զուարթ յիշատակներ ըլլալ կը թուին, որոնց հասակ նետելուն զուգահեռ աճեցաւ ողբերգութիւնը ընտանեկան յարկէն ներս: «Կը տեսնե՞ս, այս մասնավճարին թուղթը, ես պիտի չվճարեմ մասնավճարդ ու դուն պիտի մնաս առանց դպրոցի» անթիւ ու անհամար կալուածներու տէր ամուսինը ըսած էր օր մը եօթամեայ մանչուկին, որ շատ կը սիրէր դպրոցը, ու այս հնչիւնները լսելէ ետք ժամերով լացած էր ձագուկը: Կարծես ընտանիքի անդամները նեղացնելով հաճոյք կը զգար, բայց միայն ընտանիքին մէջ այսպէս կը վարուէր ան. ագահութիւնը, կծծիութիւնը պարուրած էր զինք, կոպեկ մ՚իսկ չէր փափաքեր ծախսել. երբ զաւակներէն մէկը հիւանդանար, դեղէն առաջ ծեծը կ՚ուտէր:
Կարծես անձի մը մէջ երկու անհատականութիւն տեղադրուած ըլլար, անհաւատալի կը թուէր երբեմն Տիկին Յովինարին, երբ յանկարծ տունը հիւր գար ամուսնոյն զուարթ դէմքը կը տեսնէր, նոյնիսկ հիւրերը երանի կու տային իրեն այսպիսի ամուսին մը ունենալուն համար, բայց Յովինար ներքուստ կը պատասխանէր անոնց երանիներուն, թէ հիմա երբ երթաք՝ այն ատեն այս զուարթ պահերը վերջ կը գտնեն: Նոյնիսկ օր մը այս այցելութիւններէն անմիջապէս ետք, Տիկին Յովինար լաւ մը ծեծուած էր ու դուրսէն անցնող ոստիկանը նկատելով դուռը զարկած ու ներս մտնելով զանոնք հարցաքննութեան ենթարկած էր, սակայն Յովինար իսկոյն շտկելով իր արտաքին տեսքը եւ արեւի ակնոցով ծածկելով աչքին վէրքը վստահեցուցած էր ոստիկանին՝ թէ բան չէ պատահած:
Ամուսինը նոյնիսկ այնպիսի մտերմութեամբ կը խաղար բարեկամներուն զաւակներուն հետ, որ իր իսկ զաւակներուն ներսը խանդ կ՚աճեցնէր: Խա՞նդը, ատելութի՞ւնը, թէ՞ վրէժը իրենց իսկ հօր նկատմամբ պատճառ դարձան, որ անտեղեակ իր արարքէն օրին մէկը ան անակնկալի գայ արդէն պատանի իր մանչուկին մէկ պատասխանէն, երբ մօտեցաւ համբուրելու զայն, տարիներէ ի վեր կուտակուած զայրոյթը, պոռթկումի տեսքով դուրս թափեցաւ պատանիին բերնէն, մերժումին հետ հայրը ստացաւ նաեւ զայրացկոտ պատասխանը որդուն, թէ՝ ես երբեք չեմ մոռցած բարկութիւններդ, մինչ ուրիշներու զաւակներուն հետ բարձերով խաղերուդ տեսքը ու բարձրաձայն քրքիջիդ ձայնը լսողութեանս մէջ կ՚արձագանգէ, բան մը՝ որ զլացած ես քու իսկ զաւակներէդ:
Զաւակները մեծցան, մանչերը ամուսնացան, հարկաւ առանց հօր ներկայութեան, իսկ աղջիկը ուսման համար ճամբորդած է ու մօր հետ կը շարունակէ իր կեանքը, կ՚աշխատի ու կ՚ուսանի, առանց կոպեկ մ՚իսկ խնդրելու հօրմէն, քանի գիտէ ստանալիք պատասխանը: Ահա երկու տարիէ ի վեր Տիկին Յովինար ամուսինէն հեռու է, հեռու ծեծերէ, վէճերէ, անհամերաշխութենէ, հիմա է որ իր ալ ներսը խաղաղած ու ժամանակուան ջղայնութիւնը ցնդած է կարծես: Զայրոյթը պատած էր նաեւ իրեն ու յաճախ դիւրագրգիռ վիճակ մը ունէր, զաւակներն ալ նկատած էին այդ վիճակը ու այս հեռաւորութիւնը բուժում մ՚էր կարծես Յովինարին համար, ինքնազննում մը թերեւս, որ զօրութեան տեսքով ահա յայտնուեցաւ ամիս մ՚առաջ ամուսնոյն այցելութեան ընթացքին: Ամուսինը նկատեց փոփոխութիւնն անոր պատասխանելու ոճէն, հանդարտութենէն, նոյնիսկ պահ մը կարծեց, որ կրնայ կինը հիւանդացած ըլլալ ու դիմեց աղջկան՝ «Մամադ ի՞նչ ունի, հիւա՞նդ է, շատ փոխուած տեսայ զինք», ըսելով:
Տիկին Յովինարին արտասուալից աչքերը կը թափանցեն ներսը աճող գութը ամուսնոյն նկատմամբ: Գութը, այո, կը գթայ ան այն արարածին, որ տակաւին անցեալ ամիս այցելած էր իրեն ու նկատած անոր հիւանդութիւնը ու յորդորած բժիշկի մը դիմել անտանելի հազին դարման մը գտնելու համար, որուն ի պատասխան ստացած էր մերժում մը: Նիւթի պաշտամունքը կուրցուցած էր զայն ու կը մերժէր ամէն տեսակի նիւթական վատնում: Տիկին Յովինար նոյնիսկ անոր հազին միջոցին արիւն նկատած էր, որ դուրս կը թափէր բերնէն, որ կ՚անդրադարձնէր հազացողին մօտալուտ վտանգի մը մասին: Թոքերու սուր ու չբուժուած բորբոքումը սաստկացած է ահա ու ան հարկադրաբար բժիշկի գացած: Բժիշկը դեղատոմսերուն կողքին նաեւ տեղեկացուցած է, թէ պէտք է անմիջապէս թոքերուն մէջ կուտակուած ջուրը պարպելու գործողութեան սկսին:
Տիկին Յովինարին արցունքը կը նկատէ դուստրը ու կը մօտենայ անոր. «Մա՛մ, կու լա՞ս, չեմ հաւատար, դեռ կը գթա՞ս անոր, մոռցա՞ր արդեօք պատահածները, ես չեմ մոռցած ու չեմ ալ մոռնար, անկարելի է...»։
-Ոչ, աղջիկս, այդպէս մի խորհիր, ի վերջոյ ան քու հայրդ է ու իմ ամուսինս: Կ՚ըլլայ պատասխանը Տիկին Յովինարին։
ԱՆԻ ԲՐԴՈՅԵԱՆ-ՂԱԶԱՐԵԱՆ