ԱԿՆԱՐԿ - 8 - ՊԱՅՔԱՐՈ՞Ղ, ԹԷ՞ ՅԱՐՄԱՐՈՂ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴ

Մեր պատմութեան էջերը եթէ թերթատենք, պիտի նկատենք, թէ մեր ժողովուրդի պատմութեան գերակշռող ժամանակաշրջանները եղած են պայքարի հանգրուաններ, ուր մեր ժողովուրդը արիութեամբ պայքարած է գլխաւորաբար արտաքին ուժերու դէմ, որոնք ներքին ուժերու օժանդակութեամբ, փորձած են ջլատել մեզ, փորձած են տիրանալ մեր հողերուն, փորձած են արմատախիլ ընել մեզ մարդկութեան պատմութեան տոհմածառէն, սակայն, հայու պայքարող ոգին երբեք չէ՛ տատանած եւ հակառակ իրմէ զօրաւոր ու աւելի պատրաստուած ուժերու դէմ պատերազմելուն, յաջողած է կանգուն մնալ, յաջողած է այսպէս կամ այնպէս պահել իր ինքնութիւնը, իր հողային տարածքները, իր մշակոյթը…

20-րդ դարասկիզբին սակայն, պարագաները այնպէս էին, որ մեր ժողովուրդին ճնշող մեծամասնութիւնը աքսորի ենթարկուեցաւ եւ ակամայ ու բարբարոսական միջոցներով հեռացաւ իր հայրենի հողերէն-տարածքներէն, նոր էջ մը բանալով Հայ ժողովուրդի դարաւոր պատմութեան մէջ: Էջ մը, որ այս անգամ ցաւալի ու արիւնոտ էր, որովհետեւ մեր ժողովուրդը կորսնցուց իր հողերուն մեծ մասը:

Խորհրդային իշխանութիւններուն երեւան գալով եւ անոնց վարած քաղաքականութեան շնորհիւ ալ արդէն իսկ արիւնոտած եւ յօշոտուած հայրենի մեր մարմինը ա՛լ աւելի բզկտուեցաւ, վերածուելով բուռ մը հողի…

Աւելի քան եօթ տասնամեակներ տեւող խորհրդային իշխանութիւններու փլուզումէն ետք, հայու պայքարող ոգին դարձեալ գլուխ բարձրացուց, դարձեալ ազատ օդ շնչեց, եւ սխրալի յաղթանակներ արձանագրեց վերատիրանալով Արցախին, նամանաւանդ Շուշիին:

Վրայ հասաւ 21-րդ դարուն խաղաղութեան կոչերը իրենց նշանաբան դարձուցած մանկլաւիկներու իշխանութեան տիրապետումը՝ յեղափոխութեան շղարշին տակ, եւ այն ինչ ընդամէնը շուրջ երկու տասնամեակ առաջ վերադարձուցած էինք մեր անմահ հերոսներու թափած արեան շնորհիւ, այս անգամ մեր հերոս տղաները մատաղ ընելով՝ որպէս նուէր, որպէս պարգեւ, որպէս ընծայ հակառակորդին յանձնեցինք, ի խնդիր «խաղաղութեան ժամանակաշրջանի» սին ու միակողմանի երազանքին…:

Սարսափելին, սակայն, այս բոլորը չեն, սարսափելին մեր ժողովուրդին մտածելակերպն է, որ պայքարի դրօշակէն հրաժարած է, եւ անոր տեղ բարձրացուցած է յարմարելու, ենթարկուելու դրօշակը: Արդարեւ, այսօր, մեր ժողովուրդի զաւակներուն ճնշող մեծամասնութեան մօտ կը գործէ այն տրամաբանութիւնը, որ այն ինչ որ կը կատարուի, կամ կատարուեցաւ տարիներ առաջ շատ բնական է եւ այդպէս ալ պիտի ըլլար, այսինքն՝ Արցախը հակառակորդինն էր, եւ հակառակորդը եկաւ ու իր հողերուն վերատիրացաւ…, ի՜նչ կարիք կայ այդքան աղմուկ բարձրացնելու, ձգեցէք ամէն ինչ իր հունով թող ընթանայ, որպէսզի ի վերջոյ կարենանք խաղաղ ապրիլ… Մեր ժողովուրդին զաւակները այս ու նմանատիպ արտայայտութիւններ կ՚ունենան, երբ մեր հակառակորդին արեան ծարաւը տակաւին չէ յագեցած, եւ օր օրի կ՚ահագնանայ սպառնալիքը նոր մատաղագործութեան մը, այս անգամ ո՛չ թէ Արցախի, այլ՝ հայրենի հողին վրայ, մեր դռներուն ու պատուհաններուն մօտիկ…

Եթէ պահ մը փորձենք հասկնալ, թէ մեր ժողովուրդը ե՞րբ այս աստիճանի յարմարող ու ենթարկուող դարձած է, դժուար թէ պատասխան գտնենք, կամ համարձակինք հաստատում կատարել, որովհետեւ այդպիսով անարգած կ՚ըլլանք յիշատակը մեր լուսաւոր տղաներուն, որոնք հեռու ամէն տեսակի քաղաքական պիղծ ու նանիր հաշիւներէ՝ իրենց կեանքը որպէս անուշաբոյր խունկ զոհ մատուցեցին հայրենիքի նուիրական սեղանին վրայ…

Յարմարելու եւ ենթարկուելու այս ախտը մեր մէջ շատո՜նց սկսած է բոյն դնել… Այս առումով արժէ՛ կարդալ Ռուբէն Սեւակի այս տողերը, որոնք աւելի քան հարիւր տարի առաջ գրուած են: Հատուածը վերցուցած ենք Սեւակի՝ «Այլասերում» խորագրով գրութենէն, ուր հեղինակը կը ծանրանայ երեւոյթի մը վրայ, որ մինչեւ մեր օրերը կը գործէ տակաւին, եւ ըստ իս, մեր՝ յարմարող ու ենթարկուող ժողովուրդ դառնալու ամենէն խօսուն երեւոյթներէն մէկն է: Կարդա՛նք.

«Զգո՜յշ, զգո՜յշ:

Եթէ Եւրոպան է որ կը հնչեցնէ այլասերումի ահազանգը, մի՛ մոռնաք որ այդ սարսափելի ախտը ամենէն առաջ մե՛ր ցեղին կը սպառնայ՝ իբրեւ հին ցեղի մը:

Ու մենք՝ փոխանակ արմատախիլ ընելու, տգիտօ՛րէն կ՚ընտրենք է՛ն ախտավարակ ծիլերը ու զիրե՛նք միայն կը մշակենք:

Այն բոլոր առոյգ, պայքարող, զուարթ ու աչքաբաց երիտասարդութիւնը, որ կը լեցնէ մեր վարաժարանները, կ՚առնենք օր առաջ գործի տալու համար…: Իսկ այն քանի մը ճղճիմ, տժգոյն ու տխուր տղաքները, այն պատանի ծերունիները որ արեւէն ու պայքարէն խուսափելով՝ դպրոցի մութ անկիւններուն մէջ թուղթ կը մրոտեն, անոնք դպրոցէ դպրոց, երկիրէ երկիր, համալսարանէ համալսարան կը ղրկենք» (Ռուբէն Սեւակ): 

Հետեւաբար, որպէսզի մեզմէ թօթափենք յարմարողի, ենթարկուողի պարտուողի հագուստը, կարիք ունինք զգաստանալու եւ դէմ յանդիման կանգնելու այն բոլոր խնդրիրներուն եւ դժուարութիւններուն դէմ, որոնք այսօր կը սպառնան մեր հայրենիքին, մեր պետականութեան: Իսկ այդ բոլորը կը սկսին մեր զաւակներուն ստացած դաստիարակութենէն տուներէն ներս, մեր զաւակներուն ստացած ուսումէն կրթական հաստատութիւններէն ներս, իսկ այդ գործընթացը պէտք է սկսի փոքր տարիքէն՝ առաջին դասարան՝ նոյնիսկ մանկապարտէզի սեղաններէն…

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

6 մարտ 2023, Վաղարշապատ

Հինգշաբթի, Մարտ 9, 2023