ՍՈՒՐԻՈՅ ՀԱՐՑՈՎ ԱՆԳԱՐԱՅԻ ԺՈՂՈՎԸ ՇԱՐՈՒՆԱԿՈՒԹԻՒՆ ՊԻՏԻ ՈՒՆԵՆԱ՞Յ

Անցնող մէկ շաբթուան ընթացքին բաւական «խառն» իրավիճակ տիրած է Սուրիոյ հիւսիսային շրջաններուն մէջ… «ոչ-հանգիստ» վիճակ մը կը տիրէր:

Պատճառը կապ ունէր Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի օրեր առաջ կատարած յայտարարութեան մասին, որու մէջ ան իր հերթական «անկանխատեսելի» վարմունքով կը յայտնէր, թէ՝ «Ամերիկան իր զօրքերը պիտի քաշէ Սուրիայէն»: Ի դէպ, «անհանգիստ դարձող» շրջաններուն ամենակարեւորներէն մին Թել Ապեատն է, ուր կ՚ապրին շուրջ տաս-տասնհինգ ընտանիքներ: Խնդիրը այն է, որ յատկապէս Աֆրինի իրադարձութիւններէն ետք, Սուրիոյ այդ շրջաններուն մէջ ներկայութիւն հանդիսացող քրտական ջոկատներ իրաւունք ունէին անհանգստանալու: Բաց աստի, Աֆրինի մէջ կատարուածը տեղի կ՚ունենար ռուսական «բացայայտ» օրհնութեամբ եւ շրջանին մէջ ներկայութիւն եղող ռուսական զօրքեր «վերջին պահուն» կը հեռանային Աֆրինէն, թոյլ տալով, որ Անգարա «հանգիստ» քայլերով մուտք գործէ այդ քաղաքը եւ աւարտած համարէ «Ձիթենիի ճիւղ» անունը կրող գործողութեան կարեւոր մէկ փուլը: Թուրքիոյ համար ամենէն կարեւորը այդ շրջաններուն մէջ քրտական զինեալ ներկայութեան վերջ տալն էր: Ու եթէ մեր յիշողութիւնը չի դաւաճաներ, ապա ճիշդ պիտի ըլլայ մէջբերել Թուրքիոյ վարչապետ Պինալի Եըլտըրըմին կատարած յայտարարութիւնները՝ այն օրերուն, երբ ընթացք կ՚առնէր «Ձիթենիի ճիւղ»ը:

Վարչապետ Եըլտըրըմ նկատել կու տար, որ Թուրքիոյ համար ամենէն էականը ապահովական գօտիի մը ստեղծումն էր, որպէսզի վերջ տրուէին քրտական միլիսներուն հրթիռարձակումները թրքական քաղաքներու ուղղութեամբ:

Անշուշտ երբ կը խօսինք Սուրիոյ մէջ գործօնի վերածուիլ փորձող «քրտական հարց»ի ծալքերուն մասին՝ անպայման պէտք է հաշուի առնենք, որ յատկապէս «ԻՇԻՊ»ի («Իրաք-Շամի իսլամական պետութիւն» ահաբեկչական խմբաւորում» Սուրիոյ հրապարակէն «հեռանալ»էն կամ աւելի ճիշդը պիտի ըլլար ըսել այդ ահաբեկչական խմբաւորման «դեր»ին նօսրացումէն ետք գետնի վրայ կը ձեւաւորուէին երկու հիմնական օրակարգեր.

ա. Որպէս «չափաւորական» ներկայացող իսլամամէտ խմբաւորումներուն հարցը,

բ. Քրտական ջոկատներուն եւ անոնց տիրապետած շրջաններուն «ճակատագրին» հարցը:

Եւ այս առումով ալ Սուրիոյ մէջ կատարուած վերջին զինուորական իրադարձութիւնները ուղղակիօրէն, բայց անուղղակի շեշտադրումներով կապ ունին վերոնշեալ երկու օրակարգերուն հետ:

Խօսքը ո՛չ միայն Աֆրինի մասին է, այլ նաեւ՝ Դամասկոսի արեւելեան Կութա շրջանին մասին, որ անցնող չորս տարիներուն ընթացքին դարձած էր «չափաւորական» պիտակը կրող արմատական զինեալներուն կարեւոր կեդրոնատեղին:

Ու նաեւ քաղաքական շփումներու եւ Մոսկուա-Անգարա «բացուած» թէժ գիծին շնորհիւ դէպքերը այնպիսի տրամաբանութեամբ ընթացան, որ Սուրիոյ հարցերէն հեռու եղող հետեւողներն անգամ պիտի զգային, թէ Դամասկոսի մէջ Սուրիոյ բանակին ունեցած յառաջխաղացները ու ապա Կութայէ ներս բանակին տիրապետութիւնը միայն զինուորական գործողութիւններու հիմքով չեղաւ, այլ հոն կար քաղաքական համաձայնութիւններու ընդհանուր «մեքանիզմ» մը, որուն շնորհիւ ալ Դամասկոս յաջողեցաւ հեռացնել մայրաքաղաքի խաղաղ բնակչութեան «գլխուն» դամկոլեան սուրի ոճրային դեր կատարող ահաբեկիչներու վտանգը:

Ճիշդ է, որ Կութայի տարբեր աւաններուն մէջ մեծ թիւով զոհեր արձանագ-րըւեցան, բայց եւ այնպէս, եթէ այդ զինեալները չընդունէին հեռանալ իրենց դիրքերէն եւ լքել իրենց գետնափոր կեդրոնները, ապա կը նախատեսուէր, որ մարտերը շատ աւելի երկար պիտի տեւէին ու նաեւ զոհերուն թիւը պիտի գերազանցէր այդ շրջաններուն մէջ զոհուածներուն ընդհանուր քանակը:

Զոհերու մասին կը խօսինք, անոնց թիւին, տառապանքներուն եւ խաղաղ բնակչութեան ապրած ահուսարսափին մասին, պահ մը մէկդի դնելով կամ մոռնալով, որ Սուրիան արիւնագամ ըրած այս պատերազմին մէջ մարդկային կեանքի գործօնը ոչ մէկ արժէք ունի:

ԱՆԳԱՐԱՅԻ ԳԱԳԱԹԸ ԵՒ ՄՈՍԿՈՒԱՅԻ ՆԱԽԱՁԵՌՆՈՒԹԻՒՆԸ

Սուրիական տագնապին մէջ դրական տեղաշարժ մը ստեղծելու նպատակով Մոսկուա կը նախաձեռնէր տագնապին հետ առընչութիւն ունեցող մի քանի համաժողովներու, որոնց ամենէն ուշագրաւն ու նշանակալին կը դառնային Աստանայի ժողովները: Անշուշտ պէտք չէ մոռնալ, որ Մոսկուայի նախաձեռնութեամբ ժողովները առնուազն շարունակականութեան առումով կը ստանային յաւելեալ իմաստ եւ նշանակութիւն:

Շրջանին մէջ տեղի ունեցող քաղաքական «տեղաշարժեր»ուն զուգահեռ Ռուսաստան յարմար կը նկատէր իր «մտերիմ» գործընկերներուն հետ միասին Աստանայի ժողովին ոճով «շրջանային» երանգ պարունակող ժողովի մը տեղ տալ: Ու այս առումով ալ նշանակալից կը դառնար շաբաթ մը առաջ Անգարայի մէջ գումարուած եռակողմ գագաթը, որուն իրենց մասնակցութիւնը կը բերէին Թուրքիոյ Ռուսաստանի եւ Իրանի նախագահները:

Եթէ արագ ակնարկ մը նետենք սուրիական տագնապի լուծման համար եղած ժողովներուն, ապա պարզ պիտի դառնայ, որ ատոնց մեծ մասը շօշափելի արդիւնքներու չեն հասած: Պատճառը Սուրիոյ հարցերը քաղաքական ճանապարհով լուծելու ընդհանուր մօտեցում չունենալն էր, որ ոչ միայն կ՚առընչուի ընդդիմադիր հայեացք ունեցողներուն, այլ նաեւ՝ շրջանային դեր եւ ազդեցութիւն ունեցող կողմերուն:

Անգարայի ժողովն ալ կարելի է համարել «խոցելի» ժողով մը, այն իմաստով, որ այդ ժողովին բացի նախագահներ Էրտողանի, Փութինի եւ Ռուհանիի ներկայութենէն, կը բացակայէին գետնի վրայ կարեւոր «խօսք» ունեցողները: Անշուշտ այս մօտեցումը այդ գագաթին մասնակցող առաջնորդներուն դերին մասին չէ, այլ այն մասին, որ Անգարայի ժողովին կային կարեւոր բացականեր: Անշուշտ հասկնալի է, որ կը խօսինք Սուրիոյ «ընդդիմութեան» (կամ ինչ որ մնաց այդ ընդդիմութենէն) եւ Սուրիոյ կառավարութեան ու ղեկավար Պեշար Էսատի մասին:

ՓՈՒԹԻՆԻ ԱՌԱՋԱՐԿԸ ԷՍԱՏԻՆ

Լիբանանեան «Ալ Ախպար» թերթին փոխանցմամբ՝ Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութին կապ հաստատած է Սուրիոյ ղեկավար Պեշար Էսատին հետ, վերջինիս առաջարկելով իր մասնակցութիւնը Անգարայի մէջ կայացած ժողովին: Ի դէպ, սոյն տեղեկութիւնը տարածուած է ոչ միայն «Ալ Ախպար»ի, այլ տասնեակ արաբական թերթերու մէջ: Փութին Էսատին «հաւաստած» է, որ Թուրքիոյ նախագահը «անձամբ» պիտի դիմաւորէ Էսատը: Ռուաստանի նախագահը, որ ըստ երեւոյթին բաւական ուշադիր եղած է տարբեր մանրամասնութիւններու նկատմամբ, նոյնպէս առաջարկած է Էսատին, որ զինք Անգարա փոխադրելիք ինքնաթիռը «ուղեկցուի» ռուսական կործանիչներով, որպէսզի Էսատի ապահովութիւնը երաշախաւորուած ըլլայ:

Թէեւ այս տեղեկութիւններուն առընթեր պաշտօնական հաղորդագրութիւններ լոյսին չեն տրուած, սակայն երբեք չի բացառուիր, որ մասնաւորապէս ռուսական կողմը այսպիսի նախաձեռնութիւն մը գործի դնէ, անշուշտ ապահովելու համար Անգարայի ժողովին համար «աննախադէպ» օրինականութիւն մը: Բաց աստի, կայ նաեւ Էսատը «շրջանային հրապարակ» դուրս բերելու ճիգ մը, որ կրնայ յառաջացնել զանազան առումներով ալ Սուրիոյ ղեկավարին օրինականութիւն ունենալու «մտահոգութիւններ»ը:

Ըստ նոյն լրատուութեան, Էսատ մերժած է Փութինի ըրած առաջարկը, սակայն երբեք չի բացառուիր, որ իրարու դէմ ժխտական կեցուածքներ եւ նոյնիսկ անձնական մակարդակի վիրաւորանքներ հասցուցած առաջնորդները հանդիպին:

Այդ հանդիպման «հաւանականութիւն»ը բաւական մեծ է, տրուած ըլլալով, որ յատկապէս վերջին հանգրուանին տեղի կ՚ունենան այնպիսի «անսպասելի» դէպքեր, երբ անհատական մակարդակի «տարաձայնութիւններ»ը կը շրջանցուին եւ մէջտեղ կը դրուին քաղաքական-ռազմավարական ընդհանուր շահերը:

Շահերու հանդիպման մասին կարճ օրինակ մը տալով ըսեմ. վերյիշենք Թեհրան-Անգարա յարաբերութիւնները, որոնք սուրիական պատերազմի զանազան փուլերուն լարում ապրեցան: Յատկապէս այն հանգրուանին, որ Անգարա բաւականին «ջերմ» յարաբերութիւններ ունէր Ռիատի հետ։ Այդ յարաբերութեան լոյսին տակ երկու կողմերը որոշ «համագործակցութիւն» մը կ՚ունենային միջազգային հարթակներու վրայ Սուրիոյ տագնապին վերաբերեալ տեղի ունեցող քննարկումներու շրջանակներուն մէջ: Այդ փուլէն ետք էր, որ եւ յատկապէս Սուրիոյ «քրտական գործօն»ի երեւումին, նաեւ հիւսիսայի Իրաքի հատուածին մէջ տեղի ունեցող խմորումներուն լոյսին տակ Իրան-Թուրքիա յարաբերութիւնները ապրեցան նոր դրական զարգացում ու անկէ ետք ալ երկու երկիրներու առաջնորդները տարբեր առիթներով փոխայցելութիւններ տուին:

Այս «ֆորմիւլ»ը նկատի առնելէ ետք, պէտք չէ անտեսել այն հանգամանքը, որ այսօր Աֆրինի մէջ Թուրքիոյ կողմէ կատարուած ուղղակի միջամտութիւնն ալ ձեւով մը դրական միաւոր կամ նոյնիսկ «ժեստ» է Պեշար Էսատի իշխանութեան:

Սուրիոյ քիւրտերուն «պետութիւն» մը ունենալու երազանքը, որ այսօր կը գտնուի «մահուան սնար»ին մէջ, ուժը ունի իրար մօտեցնելու տարբեր պայմաններու տակ իրարու հանդէպ հակառակութիւն ունեցող երկու գլխաւոր ուժերը: Խօսքը մէկ կողմէ Պեշար Էսատին ու միւս կողմէ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողանին մասին է եւ այն պարագային, որ Թուրքիոյ ղեկավարութիւնը կը խօսի եւ կը բարձրաձայնէ Սուրիոյ տարածքային ամբողջականութեան ու կարեւորութեան մասին:

ՎԵՐՋԻՆ ԺԱՄ. ԹՐԱՄՓ «ՆՈՐ ՍՊԱՌՆԱԼԻՔՆԵՐ» Կ՚ՈՒՂՂԷ ՍՈՒՐԻՈՅ

Սուրիայէն ամերիկեան զօրքերու քաշուելու մասին խօսք ընելէ ետք ԱՄՆ-ի նախագահը ծանր մեղադրանքներ հնչեցուց Սուրիոյ ղեկավար Պեշար Էսատի հասցէին: Խնդիրը այն էր, որ Ամերիկա եւ իր դաշնակից երկիրները «վրդոված» են Տումայի մէջ եղած դէպքերէն ու նաեւ քիմիական յարձակումի «մեղք»ը կը փորձեն բարդել Էսատի կառավարութեան ուսերուն: Նախագահ Թրամփ, որ բաւական երկար ատենէ ի վեր Էսատի մասին ակնարկներ չէր կատարեր, Կիրակի օր Էսատը «անասուն» կ՚անուանէր ու «կը վստահեցնէր», որ Պեշար Էսատ «շատ սուղ» գին պիտի վճարէ եղածին համար: Ուշագրաւը այն է, որ այս սպառնալիքները կը հնչեն այն պահուն, երբ Դամասկոսի Տումա քաղաքի առընթեր կը գոյացուի կարեւոր համաձայնութիւն, որուն հիմքով ալ «Ժայշ ալ Իսլամ»ի ահաբեկիչներ շրջանէն պիտի հեռանան ու «հաստատուին» Իտլիպի մէջ:

Ամերիկեան «սպառնալիքներ»ը Դամասկոսը հարուածելու եւ Էսատը պատժելու վերաբերեալ նորութիւն մը չեն:

Նոյն սպառնալիքները լսուած են նախագահ Պարաք Օպամայի իշխանութեան օրօք: Սակայն այս օրերուն պատահած դէպքերը եւ նախագահ Թրամփի «անկանխատեսելի» ըլլալը իրադրութիւնը կը դարձնեն աւելի աղօտ եւ անյստակ:

Ամէն պարագայի տակ Մոսկուա եւ Էսատ կարեւոր տեղաշարժ ունեցած են Դամասկոսի մէջ: Ու անցնող հինգ տարիներու ընթացքին ահաբեկիչներուն համար «դրախտ» դարձած մայրաքաղաքի գիւղական հատուածները առաջին անգամ ըլլալով «պիտի վերադառնան» իշխանութեան գիրկը:

Այս քայլը շատ բան կ՚ըսէ Սուրիոյ մէջ առկայ հաւասարակշռութիւններուն առընթեր, մանաւանդ որ Ուաշինկթընի համար Ռուս-սուրիական նման յառաջխաղացք մը տանելի եւ ընդունելի դրոյթ մը չէ:

Սուրիական խաղը բաց է, մանաւանդ ամերիկեան պատուհանէն դիտուած ու չէ բացառուած, որ Սուրիոյ մէջ գրանցուող դէպքերէն բաւական հեռու գտնուող Միացեալ Նահանգներ կը փորձէ Դամասկոսի «քիմիական պատրուակ»ը շահարկելով նոր վտանգաւոր քայլ մը կատարել Սուրիոյ մէջ:

ԻՍՐԱՅԷԼԻ ԿՈՂՄԷ ՀԱՐՈՒԱԾ

Երէկ կէս գիշերը անց Իսրայէլ հարուածեց «Թայֆուր» օդակայանը: Այս մասին լուրը տրուեցաւ արաբական շարք մը լրատուամիջոցներու կողմէ: Ըստ նախնական տուեալներու, իսրայէլեան օդուժի հարուած

ըտըհեր եւ վիրաւորներ: Դէպքէն ժամեր անց «Փենթակոն»ի մէկ բանբերը յայտարարեց, որ ԱՄՆ կապ չունի այս յարձակումին հետ, մինչ իսրայէլացի մէկէ աւելի բանբեր յայտարարեցին, որ «Սուրիոյ մէջ «կարմիր գիծեր» կան եւ իրենք պարտաւոր են պահպանել այդ «կարմիր գիծեր»ը: Յիշեցնենք, որ Հոմսի «Թայֆուր» օդակայանին անունը անմիջական կերպով կապուած է անցեալ Փետրուարին իսրայէլեան F-16 տիպի կործանիչին վար առնուելու դէպքին հետ:

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Երեւան 

Երկուշաբթի, Ապրիլ 9, 2018