ՊՈԼԻՍ, ՊԷՅՐՈՒԹ, ԹԵՀՐԱՆ… ՄԷԿ ՍԻՐՏ, ՄԷԿ ԱԼԻՔ…

-Հոս համայնք չկայ...

Այս կ՚ըլլայ ընկալուչիս մէջէն եկող ձայնը, որ հետս կը խօսի Եւրոպայի սիրտ համարուող Փարիզէն։

Փարիզը, որ լոյսերու քաղաք էր, այսօր պահուըտած է քորոնա վարակի թանձր շղարշի ետին։

Շղարշ, որ ոչ այնքան վտանգաւոր է, որքան իր հետ բերած՝ մեզի հասցուցած անորոշութիւնը, որ այս օրերուն տարածուած է աշխարհով մէկ։

Մարդիկ կը փորձեն հաւատալ, ու յաճախ չեն ուզեր հաւատալ իրենց տեսածներուն։

Կը գիտակցին յաճախ, սակայն յաճախ ալ կ՚ուզեն պատկերացնել, որ եղածը «գէշ երազ» մըն է, որն անպայման պիտի անցնի։

Ու այս հոլովոյթներուն մէջ ալ մեր փոքրիկ ածուն՝ հայութիւնը, իր տարբեր վիճակներով, տարբեր դիմագծերով եւ տարբեր առնաձնայատկութիւններով կ՚երեւի մեր աչքերուն. կը պատմէինք իր մասին, կը տանի մեզ իր ճանապարհներուն ու կը դառնայ մեծ ծիածան մը, որուն տակէն ալ կ՚անցնինք, մտահոգ դէմքերով, սակայն յաճախ ալ դրական շեշտադրումներով։

Երբ ամիս մը առաջ, դեռ տակաւին քորոնան նոր էր մեր կողմերուն մէջ, այն օրերուն մեզմէ ոչ ոք կը մտածէր, թէ ան պիտի ունենայ այդքան մեծ ազդեցութիւն, իրերը շրջելու չափ, օրերը փոխելու չափ… ու այդ բոլորէն անդին ձեւով մը մեր կեանքն ալ փոխելու չափ։

Այս բոլորի կողքին ուշագրաւ էր անշուշտ, որ քորոնան իր հետ պիտի բերէր նոր օրակարգ, որ իր թեւերը կը պարզէր նաեւ հայկական շարք մը համայնքներու երկնակամարին ու մանաւանդ այն համայնքներուն, որոնք ունին ձիգ կեցուածք, հասարարական կարծիք, հեռատես հայեացք, երիտասարդ ներուժ, ու մանաւանդ, ուր մէկ խօսքով կայ՝ համայնքային կեանք։

Զանազան առիթներով ըսուած է, որ Մերձաւոր Արեւելքի հայկական համայնքները բռնած են կորուստի ճամբան. կան պատերազմներ, մեծ հարցադրումներ, կայ արիւն ի վերջոյ եւ կան քաղաքական այնպիսի բարդ պայմաններ, որոնք ստիպել կու տան մեզմէ շատերուն ունենալ յոռետեսական մօտեցում ի մասնաւորի այդ համայնքներուն հետ կապուած։

Սակայն եկուր տես, որ նոյն այդ համայնքները, որոնք մեզմէ շատ շատերուն կարծիքով «վերջացած» համայնքներ են, ունին մեծ ներուժ, որուն շնորհիւ ալ կը կարողանան դուրս գալ որեւէ տագնապէ, այս պարագային քորոնայի տագնապէն։

Մերձաւոր Արեւելքի հայկական մամուլի էջերը արագ թերթողներն անգամ քաջ պիտի ըլլան նկատելու, որ ի մասնաւորի Պէյրութի, Պոլսոյ եւ Թեհրանի հայկական համայնքներուն մէջ տեղւոյն հաստատութիւնները հասկցած են իրավիճակի բարդ ըլլալը, լսած են ահազանգը ու արագօրէն անցած՝ գործի...

Սա անշուշտ թերագնահատելու փորձ չէ, ինքնագովութեան միտում ալ չկայ եղածներուն ի տես, սակայն անզէն աչքով իրողութիւնները դիտարկողներուն համար, այսօր Հայաստանէն դուրս սփռուած հայութեան համար կարեւոր գործի վրայ են Մերձաւոր Արեւելքի հայաշատ կեդրոնները։

Պատմական փորձէն կու գայ այդ մէկը, կամ առկայ խնդիրներուն ճիշդ «տիակնոսթիք» մը կատարելու ունակութենէն, շատ ալ կարեւոր չէ հիմա, կարեւորն այն է, որ Պէյօղլուի, Պուրճ Համուտի եւ Սասուն թաղամասի բնակիչները ունեցան նեցուկ, ունեցան յենարան, որ հարցուց իրենց մասին, թերեւս արկղ մը ուտելիք տրամադրեց, այլ պարագայի մը հականեխիչ դեղերու սրուակներ տուաւ, իսկ երրորդ պարագային ալ բժշկական օժանդակութիւն ցուցաբերեց։

Ամենակարեւորն ու կենսականը այն է, որ այս բոլորը տեղի ունեցան ինքնահոս կերպով, մարդուս սրտէն հոսող բարի կամքով եւ չքաւորին ու անտէրին տէր կանգնելու տնօրինումով։

Չէ՞ որ մենք իրարու ենք, չէ՞ որ մեր աւագը, մեր հարուստը, մեր առատաձեռնը պարտաւոր է հասնիլ եւ հոգալ անտէրին, տկարին եւ չքաւորին բեռը։

Այս էր պատկերը անցեալ օրերուն, ու լաւ էր, շատ լաւ էր, որ ունեցանք այսպիսի պատկեր, որուն վրայ յենլով ալ մեզի հետեւողներուն ցոյց տուինք, թէ որքանով ենք միասին, որքանով ենք միակամ եւ որքանով ենք ուժեղ։

Եղան ի հարկէ ձայներ, որոնք «քթիմազ»ութիւն ըրին եւ ցորենին մէջ որոմ փնտռեցին, այդ ալ բնական է, թերեւս ինչ-որ տեղ անոնք եւս պիտի ուզէին իրենց օգնութեան բաժինը ցոյց տալ՝ ո՜վ գիտէ, սակայն կարեւորն այն է, որ բողոքող այդ ձայները մնացին ու պիտի մնան փոքրամասնութիւն։

Մենք ընդհանուրին համար կ՚ապրինք, ընդհանուրով կը շարժինք եւ կը դիտարկենք անհատէն հաւաքականը սլացող մեծ գիծը....

Այն գիծը, որ բարի է եւ այն գիծը, որուն մէջ պիտի տեղադրենք «համայնքային կեանք» եզրոյթը եւ որուն համար ու յանուն մի միայն մենք հպարտ ըլլալու ենք։

Առողջ եղէք, առողջ ըլլանք բոլորս։

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Երեւան

Հինգշաբթի, Ապրիլ 9, 2020