ՀԱՐՑՈՒՄՆԵՐՈՒ ՊԱՏԱՍԽԱՆՆԵՐ ԱՌԱԿԱՑ ԳԻՐՔԷՆ ԵՒ ԲԱՑԱՏՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

Հարցում. Հայրն ու մայրը անիծելու մասին բան գրա՞ծ է առակագիրը:

Պատասխան. Այո՛: Կը կարդանք. «Ով որ իր հայրն ու մայրը կ՚անիծէ, անոր ճրագը մութ խաւարի մէջ պիտի մարի» (Առ 20.20): Այս համարին պատասխանը Տասը պատուիրաններուն մէջ կը կարդանք. «Պատուէ՛ հայրդ ու մայրդ, որպէսզի օրերդ երկար ըլլան այն երկրի վրայ, որ քու Տէր Աստուածդ քեզի կու տայ» (Ելք 20.12):

Յարգելու պարագային՝ երկար կեանք, այսինքն՝ բարօր կեանք, հոգեւոր առումով ալ՝ յաւիտենական կեանք:

Անիծելու պարագային՝ կեանքի կորուստ այս աշխարհին մէջ, որովհետեւ եթէ մէկու մը կեանքին ճրագը մարի, ալ ի՛նչ իմաստ կեանքէն, հոգեւոր առումով ալ՝ յաւիտենական կորուստ եւ տանջանք:

Այսօր բազմաթիւ զաւակներ անուղղակիօրէն կ՚անիծեն իրենց զաւակները, զանոնք ծերանոցներ նետելով բառիս բուն եւ ամբողջական իմաստով: Ի վիճակի են զանոնք պահելու եւ խնամելու, սակայն իրենց հաճոյքներուն, կամ կողակիցներու քմահաճոյքներուն պատճառով, իրենց ծնողները ծերանոցներ կը նետեն, այդպիսով իրենց արարքը անէծքի ուժգնութիւն կը ստանայ: Որովհետեւ այս պարագային ի՞նչ տարբերութիւն կայ անիծելուն եւ անտեսելուն՝ ծերանոց նետելուն միջեւ:

Այն ինչ, երբ զաւակները յարգեն, սիրեն ու խնամեն իրենց ծնողները, մեր երկնաւոր Հայրն ալ զիրենք կը խնամէ, կ՚առաջնորդէ եւ անոնց գործը կը յաջողցնէ, պահապան ու պաշտպան ըլլալով անոնց ելք ու մուտքին, աշխատանքին, մէկ խօսքով ամէն ինչին:

Շատ յաճախ զաւակները կը պատճառաբանեն, թէ իրենց ծնողները այսպէս են, կամ այնպէս, իրենք ժամանակ չունին, եւ այլն: Այդպիսի պատճառաբանութիւններ յառաջ բերողները մէկ անգամ իրենք իրենց թող հարցնեն, թէ ինչո՞ւ իրենց ծնողները այդ վիճակին հասած են: Նախքան պատասխանելը, նախ ինքն իրեն թող նայի մէյ մը, իր անցած ճամբուն՝ մինչեւ այսօրուան կարգավիճակին հասնիլը եւ նոր միայն թող պատասխանէ…:

Անդին, անոնք որոնք իրենց ծնողները կը յարգեն ու կը պատուեն, այդպիսով ո՛չ միայն զանոնք յարգած ու պատուած կ՚ըլլան, այլեւ՝ զԱստուած, որ զանոնք խնամատար կարգած էր իրենց վրայ: Իսկ անոնք որոնք իրենց ծնողները կ՚անիծեն ու կ՚անպատուեն, այդպիսով նոյնը ըրած կ՚ըլլան Աստուծոյ, որովհետեւ մեզի համար մեր երկրաւոր ծնողները մեր երկնաւոր Հօր ներկայացուցիչներն են այս աշխարհի վրայ, հետեւաբար, շատ զգոյշ պէտք է ըլլանք անոնց հետ մեր վերաբերմունքին մէջ:

Լուսահոգի Զարեհ Արք. Ազնաւորեանը այսպէս կը բացատրէ հինգերորդ պատուիրանը, որ կը վերաբերի ծնողները յարգելուն.

* Հինգերորդ պատուիրանով կը սկսի բաժինը այն պարտաւորութիւններուն, ինչ որ ունինք մարդոց հանդէպ: Առաջինը ծնողներուն հանդէպ է: «Պատուէ՛ հայրդ ու մայրդ, որպէսզի օրերդ երկար ըլլան այն երկրին վրայ, որ քու Տէր Աստուածդ կու տայ քեզի» (Ելք 20.12): Պօղոս առաքեալ մեր ուշադրութեան կը յանձնէ հետաքրքրական նկատողութիւն մը. «Պատուէ՛ հայրդ ու մայրդ, որպէսզի քեզի աղէկ ըլլայ ու երկար կեանք ունենաս Երկրի վրայ» (Եփ 6.2-3): Միւս պատուիրաններուն մէջ կը տեսնենք խոստումներ, որոնք ուղղակիօրէն բացայայտուած չեն, մինչդեռ հոս նպատակը բացայայտուած է՝ երկարատեւ կեանքը Աստուծոյ տուած երկրին մէջ:

Ինչպէ՞ս կարելի է պատուել հայրն ու մայրը: Ասկէ առաջ խօսեցանք, թէ ոմանք իրենց ունեցածը տաճարին նուիրելով «Կորբան է» (որ ըսել է՝ ընծայ) կ՚ըսէին, եւ երբ իրենց հայրն ու մայրը օգնութիւն ուզէին, կ՚ըսէին, թէ չեն կրնար օգնել, որովհետեւ գումարը ամբողջութեամբ տաճարին նուիրած են (Մր 7.1-13): Պատուելը խօսքո՞վ կ՚ըլլայ, միայն յարգա՞նք է, միայն սիրտի մէջ զգացուած երախտագիտութի՞ւն է: Ո՛չ: Ինչ որ Աստուծոյ կը պարտինք, պէտք է արտայայտենք նաեւ մեր ծնողներուն հանդէպ: Մեր ծնողները աստուած չեն, բայց մեր դաստիարակներն ըլլալով՝ Աստուծոյ ներկայացուցիչն են կարծէք: Աստուած կ՚ուզէ մեզի դաստիարակութիւն տալ ներկայ կեանքին մէջ, կ՚ուզէ, որ մեզի պարգեւած ընտանիքին մէջ դաստիարկուինք այնպէս, որ կարենանք Աստուծոյ ընտանիքին մէջ ապրիլ: Աստուծոյ ընտանիքը Եկեղեցին է, որ խորքին մէջ ապագայի Արքայութեան պատկերացումն է («Աստուծոյ ընտանիք» բացատրութիւնը կը գտնենք եփեսացիներուն ուղղուած նամակի 2-րդ գլուխի 19-րդ համարին մէջ): Աստուած կը փափաքի, որ նախ մեր փոքր ընտանիքներուն մէջ դաստիարակուինք ու պատրաստուինք այդ Մեծ Ընտանիքին համար: Ամէն տուն իր իտէալական պատկերով կամ վիճակով պէտք է ըլլայ Աստուծոյ ընտանիքին, Աստուծոյ Արքայութեան պատկերացումը: Եւ ինչպէս որ Աստուծոյ Արքայութեան մէջ բացարձակ հնազանդութիւն կը պարտինք Աստուծոյ, Անոր ձեռքին տակ կը ստանանք մեր հոգեւոր կրթութիւնը, դաստիարակութիւնն ու առաջնորդութիւնը եւ ասոր համար երախտագիտութիւն, պատիւ ու յարգանք կը պարտինք Աստուծոյ, նոյնը մեր ընտանիքներուն մէջ՝ մեր ծնողներուն հանդէպ բացարձակ երախտագիտութիւն, բացարձակ պատիւ ու յարգանք կը պարտինք: Եւ ինչպէս Աստուծոյ հանդէպ մեր երախտագիտութիւնն ու յարգանքը միայն տեսականօրէն, զգացական գետնի վրայ չեն արտայայտուիր, այլեւ՝ գործով («առանց գործի՝ հաւատքը մեռած է»), այնպէս ալ յարգանքը առանց գործնական արտայայտութեան՝ իրական յարգանք չի կրնար ըլլալ: Աստուած կ՚ուզէ, որ մենք այդ պատիւը մեր ծնողներուն ընենք գործնականօրէն:

Վերը յիշուած օրինակը (Մր 7.1-13) հոս շատ լաւ կը պատշաճի. Յիսուս մեզի կը բացատրէ, որ եթէ հայրս ու մայրս կը պատուեմ կ՚ըսեմ, բայց իրենց տարեց հասակին, իրենց նեղութեան օրերուն զիրենք խնամելու, պահելու պարտականութիւններէս կը հրաժարիմ՝ ի՞նչ տեսակ յարգանք է: Այս՝ Աստուծոյ պատուիրանին զանցառումն է եւ ոչ թէ անոր կիրառումը: Ծնողները իսկապէ՛ս պատուելը կ՚ըլլայ անոնց տէր կանգնելով, երբ անոնք մեզի պէտք ունին եւ անոնց ամէն խնամք, հոգածութիւն ու գուրգուրանք ընծայելով, այլ խօսքով՝ երախտագիտութիւն արտայայտելով այն բոլորին համար, ինչ որ իրենք մեզի պարգեւած են՝ թէ՛ կեանքը եւ թէ ամէն տեսակի բարիքները, որոնք թափեր են մեր կեանքին մէջ:

Այս պատուիրանը կապող օղակ կը հանդիսանայ Տասը պատուիրաններու երկու բաժիններուն միջեւ, որովհետեւ եթէ ճիշդ է, որ մարդոց վերաբերող պատուիրան մըն է ծնողները պատուելը, միաժամանակ, անոր մէջ կայ պատկերը Աստուծոյ, որովհետեւ ծնողները յարգել կը նշանակէ անոնց մէջ տեսնել Աստուծոյ պատկերը, այդ յարգանքը նախ սորվիլ ներկայ մարդկային ընտանիքին մէջ՝ զայն գործադրելու համար Աստուծոյ ընտանիքին մէջ:

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

•շար. 89

Վաղարշապատ

Երեքշաբթի, Ապրիլ 9, 2024