Հայերը Եւ Սուրիոյ Տագնապը
Թուիթըրի օգտատէրերէն մէկը, հաւանաբար բարկութեան մէկ պահուն, գրած էր, թէ յաղթանակէն ետք յեղափոխականները պիտի վտարեն հայերը Սուրիայէն՝ դէպի իրենց նախկին բնակավայրերը, որովհետեւ իրենց հետ չեն գործակցիր: Ան չէ նշած, թէ ո՛ւր, նկատի ունենալով, որ հայերը Սուրիոյ զաւակներն են, չէ՞ որ անոնք հոս ծնած են, Սուրիա ծնած են նաեւ անոնց հայրերն ու մեծհայրերը, եւ սերունդէ սերունդ յատկանշուած են իբրեւ այս երկրի հաւատարիմ, ազնիւ քաղաքացիներ:
Արաբ սիւննի մէկ բարեկամս, որ նաեւ ընդդիմադիր է, ընկերական խօսակցութեան մը ընթացքին՝ ակնարկելով, թէ կ՚ուզէ ինծի յիշեցնել մոռացութեան տուածս, ըսաւ.
-Ինչո՞ւ դուք՝ հայերդ, այսօր ալեւիներու կողմն էք, հակառակ անոր որ Սեֆերպերլիքին, երբ Սուրիա եկաք, սիւննիներն էին, որ ձեզ պատսպարեցին, պաշտպանեցին եւ օգնութեան ձեռք երկարեցին ձեզի:
Այս հարցումը զիս անակնկալի առջեւ չդրաւ, որովհետեւ նախապէս ալ ուրիշներու կողմէ լսած էի նման թիւրիմացութեան մասին: Կը պատասխանեմ.
-Մեր մշակոյթին մէջ տեղ չէ գտած եւ տեղ չունի ալեւիի, սիւննիի, քիւրտի, տիւրզիի կամ այլոց միջեւ խտրականութիւն դնելը, եւ որովհետեւ մեր դժբախտութեան օրերուն սուրիացի ժողովուրդին կեցուածքը մեզի՝ հայերուս հանդէպ, եղած է սուրիական պետութեան եւ կառավարութեան դիրքորոշման անդրադարձը՝ զօրակցութիւն մեզի, ուստի մենք բարոյական պարտք կը զգանք մեր երախտագիտութիւնը յայտնել Սուրիոյ ժողովուրդին, պետութեան եւ կառավարութեան, եւ մենք, որպէս մարմնացում այս արտայայտութեան, Հայաստանի Հանրապետութեան մայրաքաղաք Երեւանի ամենագեղատեսիլ վայրի մը մէջ կանգնեցուցինք յուշակոթող մը, զոր կոչեցինք «Հայ ժողովուրդին կողմէ երախտագիտութեան յուշարձան՝ արաբ ժողովուրդին»:
Արաբ բարեկամիս կ՚ըսեմ նաեւ, որ մենք միջամուխ չենք ըլլար եւ չենք միջամտեր մեր ապրած երկրի հարցերուն՝ որեւէ մակարդակի վրայ, բացի դրական, խաղաղութեան եւ կառուցողական մասնակցութենէ. այս իրականութիւնը կ՚ընդգրկէ այն բոլոր երկիրները, ուր հաստատուած են հայերը, մեր այս յատկանիշները ծանօթ են բոլորին: Երանի կարենայի քեզի ղրկել «Խորին շնորհակալութիւն արաբներուն» յօդուածս, որ հրապարակուած է «Հայաթ»ի մէջ, եւ որ յստակօրէն կ՚արտացոլացնէ հայ ժողովուրդին տածած սէրը՝ հանդէպ արաբ ժողովուրդին: Եթէ կարդացած ըլլայիք այս յօդուածս կը համոզուէիք մեր խօսքի անկեղծութեան եւ ձեզի հանդէպ ունեցած մեր լաւագոյն զգացումներուն: Կը փափաքէի, որ ձեզի հասնէր նաեւ «Հալէպեան լեզուով թուղթին յանձնուած «Տղա՛ք, Աստուծոյ սիրոյն վերջացուցէ՛ք այլեւս» յօդուածս, որուն խորհուրդը կ՚ամփոփուի հետեւեալ միտքին մէջ. եթէ պատերազմող կողմերէն մէկը, ուշ կամ կանուխ յաղթէ, ապա այդ յաղթանակէն քաղած շահերը երբեք պիտի չկարենան համապատասխանել անոնց փոխարէն վճարած իր մարդկային, քաղաքակրթական եւ մատղաշ սերունդներու երազներու կորուստներու պատճառած վնասին, պարզապէս այն պատճառով, որ ինք պարտութեան մատնած պիտի ըլլայ իր եղբայրը, եւ ոչ թէ թշնամին: Երանի կարդացած ըլլայիր նաեւ այլ յօդուածներս, ինչպէս «Սիրելիդ իմ Հալէպ»ը, յագեցած անկեղծ սիրով ու հաւատարմութեամբ՝ հանդէպ երկրիս, քաղաքիս եւ հանդէպ արաբ դրացիներուս ու ընկերներուս:
Թող ոեւէ մէկը չայպանէ մեզ կամ փորձէ ամբաստանել մեզ շինծու եւ ստոր մեղադրանքներով: Մենք անսխալական չենք եւ չենք յաւակնիր իբրեւ այդպիսին ներկայանալ. մենք ալ, ինչպէս դուք, ունինք մեր սխալ կամ ճիշդ արարքները, սակայն իրաւունք ունինք ակնկալելու մեր արաբ եղբայրներէն չխախտել արմատացած աւանդոյթներու սահմանները, չուրանալ մեզի հետ համակեցութեան բարիքները ու ապերախտ չգտնուիլ մեր դրական երկարատեւ գործունէութեան հանդէպ. նկատի ունիմ դիմատետրային այն բազմաթիւ արձագանգ-մեկնաբանութիւններն ու մամուլի մէջ լոյս տեսնող գրգռիչ աժան յօդուածները, որոնք կարծէք թէ կ՚աւելնան տնտեսական ամէն պայմաններու վատթարացման հետ:
«Օրիանթ» հեռատեսիլի կայանի տնօրէն Ղասսան Ապպուտ, Դիմատետրի իր էջին վրայ տեղադրած «Գաղթ դէպի Սուրիա» ակնարկին մէջ կ՚ըսէ. «Երբ գաղթական հայերն ու չէրքէզները եկան, արաբ սիւննի ժողովուրդը պատսպարեց եւ պաշտպանեց զանոնք, իր հողէն բաժին հանեց անոնց… այս գաղթականները երախտապարտ չգտնուեցան իրենց պաշտպան երկրին եւ ժողովուրդին հանդէպ…» եւ այլն, եւ այլն…: Յօդուածին մէջ հայերուն ուղղուած գլխաւոր մեղադրանքը, իմ համոզումովս, հետեւեալն է. «Հայերը իրենք զիրենք խելքով աւելի վեր կը դասեն մեզմէ, եւ երբ յեղափոխութիւնը սկիզբ առաւ, անոնք իրենց դրացիներուն դէմ զէնք բարձրացուցին, զինուորագրուեցան եւ մաս կազմեցին ցուցարարները ճզմող ջոկատներուն»:
Որպէս սուրիացի, յարգելով հանդերձ Ղասսան Ապպուտը ու մեկնելով պատասխանելու ազատութեան իրաւունքէն, նաեւ սրբագրելու միտումով՝ ես ինծի կ՚արտօնեմ պատասխանել հայերուն ուղղած անոր սխալ մեղադրանքներուն:
Ա. Թէ՝ «Հայերը իրենք զիրենք խելքով գերադաս կը համարեն». այստեղ պէտք է ճշդել, որ հայը իր հայրենիք պատմական Հայաստանի մէջ աշխատասէր վաճառական էր, բազմաթիւ արհեստներու եւ արդիւնաբերական ձեռնարկներու մէջ վարպետ արհեստաւոր, յատկութիւններ, որոնք գոյութիւն չունէին գոնէ այդ ժամանակաշրջանին օսմանցի թուրքերուն կողմէ բռնագրաւուած եւ ճնշուած Սուրիոյ մէջ:
Ղասսան Ապպուտ նաեւ կը թերագնահատէ հայերու բերած մասնակցութիւնը՝ ի նպաստ Սուրիոյ եւ մասնաւորապէս Հալէպի, երբ կ՚ըսէ. «Հայերը սովորական մեքենագէտներ են եւ կօշկակարներ…». հոս պարզ է եւ ցաւալի, որ ան միտումնաւոր կերպով կ՚անգիտանայ ռահվիրայ բժիշկ Ռոպէր Ճէպէճեանի արձանագրած նուաճումները ակնաբուժութեան մէջ, բժիշկ, որ այդ օրերու 42 հազար հիւանդներ բուժած է, նաեւ յայտնաբերած է մանուկներու գեղեցիկ դէմքերը աղաւաղող զզուելի «Հալէպի վէրք»ին պատուաստը, նոյն բժիշկ Ճէպէճեանը 1955 թուականին հիմնած է «Ապու Ալ Ալա՛ա Ալ Մա՛արի» կոյրերու օրինակելի դպրոցը եւ այլն:
Ճէպէճեանի նման տասնեակ հայ անձնաւորութիւններ ծնած են Սուրիոյ մէջ, ինչպէս ճանապարհաշինարար եւ հացահատիկներու ամբարներ կառուցող Եագուպեանները, իր ժամանակ ամենէն արդիական Ալթունեան հիւանդանոցի տէր բժշկապետ Ասատուր Ալթունեանը, վարպետ ոսկերիչները, վարպետ կաշեգործները, հիւսիս-արեւելեան Սուրիոյ՝ Մէսքէնէյի, Ռաս Ուլ Այնի, Հասաքէի եւ Գամիշլիի հացահատիկի վերաբերեալ գործն ու ընդհանրապէս երկրագործութիւնը զարգացնողները (Նազարեան ընտանիքը օրինակ), եւ այս ամէնը պարզապէս քանի մը օրինակներ են: Թերեւս Ղասսան Ապպուտ դարձեալ տեղեակ չէ, որ Սուրիոյ ֆութպոլի հաւաքականի տասնմէկ խաղացողներէն հինգը հայեր էին, եւ հայ Համազասպը իր ժամանակի Մարատոնան էր, եւ թէ անցեալ դարու քառասունականներուն եւ յիսունականներուն հայկական խումբեր՝ ՀՄԸՄ-ը եւ Վասպուրականը քանիցս Սուրիոյ ախոյեաններ դարձած էին:
Հայերը նաեւ զգալի համեմատութեամբ նպաստած են Սուրիոյ պետական տնտեսութեան, մանաւանդ արդիւնաբերական արհեստներու պարագային. անոնք արդի մեքենաշինական գործիքներ օգտագործողներու առաջիններէն էին. ինչպէս հաստոցներ, քերթիչներ, արդիւնաբերական արհեստներու արտադրիչներ, նաեւ հիւսուածեղէնի եւ բամպակեղէնի արտադրութեան, մետաղագործութեան, երկրագործութեան եւ այլ անհրաժեշտ սարքեր՝ այդպիսով երկրի տնտեսութեան խնայել տալով միլիառաւոր տոլարներ: Արժանի է նշել նաեւ հայերուն ներկայութիւնը սուրիական ընկերային կառոյցի գունապնակի բոլոր բնագաւառներուն մէջ՝ արուեստներու, գեղանկարչութեան, երաժշտութեան, թատրոնի, մարմնամարզանքի, գրականութեան, բժշկութեան եւ այլն:
Ակնյայտ է, որ հայերը օժտուած են կարգ մը գովելի յատկանիշներով - անոնց մօտ նկատելի է սէրը աշխատանքին հանդէպ, ինչպէս նաեւ նորարարութիւններուն ատակութիւնը, բծախնդրութիւնը. այս յատկանիշները բնածին առաւելութիւններ չեն, այլ աշխատանքով եւ տքնութեամբ շահուած ձեռքբերումներ, անհրաժեշտութեան ծնունդ: Կ՚արժէ յիշել, որ պատմականօրէն յայտնի է այն, թէ առհասարակ փոքրամասնութիւնները իրենց շրջապատէն կը զատորոշուին որոշ իւրայատկութիւններով, որոնք ձեւով մը կը միացնեն անոնց անդամները եւ կ՚ապահովեն անոնց գոյապահպանումը:
Իսկ ինչ կը վերաբերի հայերու զէնք վերցնելուն, ապա ըսենք, որ այս պարագան երկսայրի է. եթէ խօսքը կը վերաբերի սիոնականութեան դէմ Սուրիոյ բանակին կողմէ մղուած բոլոր պատերազմներուն մէջ հայ կամաւորներու եւ պարտադիր զինուորներու զէնք կրելուն, ապա այդ ճշմարտութիւն է, իսկ եթէ ըսել կ՚ուզուի, թէ հայերը իրենց դրացիներուն դէմ զէնք բարձրացուցած են, ապա այդ բացարձակ, ակներեւ նենգ եւ անհիմն զրպարտութիւն մըն է, եւ եթէ այսօրուան տիրող պայմաններուն մէջ ոեւէ հայու մօտ զէնք գտնուի ապա այդ միայն ու միայն ինքնապաշտպանութեան, իր պատիւին տէր կանգնելու, հօրենական եւ պապենական դարերով վաստակած նիւթական ու բարոյական ժառանգութիւններուն եւ արժէքներուն փրկութեան համար է, եւ այս մեր օրինաւոր իրաւունքն է, որուն համար մեղադրելի կամ այպանելի չենք եւ չենք կրնար ըլլալ:
ԿԻՐԱԿՈՍ ԳՈՒՅՈՒՄՃԵԱՆ
Թարգմանեց՝ ՄԱՆՈՒԷԼ ՔԷՇԻՇԵԱՆ
Քուէյթ, «Հայաթ», 20 Նոյեմբեր 2016