ՄԵՐ ԿՐԹԱԿԱՆ ԿԵԱՆՔԻ ՀԵՌԱՆԿԱՐՆԵՐԸ
Երբ որ «մեր» կ՚ըսենք՝ պէտք է հասկնալ Հիւսիսային Ամերիկան, որովհետեւ, տարբեր աշխարհամասերու մէջ հայ կրթական գործը ունի տեղւոյն յատուկ եզակի խնդիրներ. սակայն, բոլոր շրջաններուն համար հասարակ յայտարարը այն է, որ բոլորն ալ նահանջի մէջ են, յաճախ պատասխանատուները մատնելով յուսալքութեան:
Ամերիկայի մէջ հայ դպրոց ունենալու ծրագիրը երկար ատեն մնացած էր գաղութի հասողութենէն վեր: Սակայն, երբ սկսաւ Միջին Արեւելքէն հասնող գաղթականներու հոսանքը՝ ստեղծուեցաւ պատմական հազուագիւտ պատեհութիւն մը, որ միայն «սրբազան խենթեր»ու պիտի ընծայէր յաջողութեան գաղտնիքը: Առաջին «սրբազան խենթ»ը հանդիսացաւ դաստիարակ ու տեսանող Գաբրիէլ Ինճեճիկեան, որ թերահաւատներու դիմաց իրագործեց Քոլոմպոսի հաւկիթին հրաշքը: Անոր հետեւեցան ուրիշներ՝ տեսնելով որ անկարելի արկածախնդրութիւն մը չէր հայ դպրոցի իրականացումը Ամերիկայի ու Գանատայի ափերուն:
Դպրոցներու յաջողութիւնը ուղղակիօրէն աղերս ունի գաղթականական հոսանքներու մակընթացութեան եւ տեղատուութեան հետ:
Ներկայ շրջանին գաղթականական հոսանքը տեղատուութեան մէջ է՝ անդրադառնալով հայ դպրոցներու ճակատագրին վրայ:
Աւանդական ամերիկահայութեան հասողութենէն վեր մնացած է հայ կրթական կեանքի կազմակերպումը, եւ այդ պատճառով ալ չեն փորձուած ամենօրեայ դպրոցի ծրագիրները: Առաւելագոյնը՝ գոհացած են շաբաթօրեայ դասաւանդութիւններով, որոնք ժամանակի ընթացքին կորսնցուցած են իրենց հմայքը:
Ուրեմն, ամենօրեայ դպրոցը հանդիսացած է նոր գաղթականներու ծրագիրը, որուն իրագործումէն ետք ալ աւանդական գաղութը չէ ջերմացած անոր գաղափարին նկատմամբ, առաւելագոյնս մնալով սկեպտիկ, եթէ ոչ հակադրուող:
Ամերիկայի եւ Գանատայի հայ դպրոցները (անոնք որ դեռ կը շարունակեն իրենց գոյութիւնը) դէմ յանդիման կը գտնուին բազմաթիւ մարտահրաւէրներու:
Առաջին մարտահրաւէրը մրցակցութիւնն է տեղական հանրային ու մասնաւոր դպրոցներու հետ, որոնք անսահման հնարաւորութիւններ կը վայելեն՝ պիւտճէի, շէնքի, դաստիարակչական նիւթերու եւ համակարգչային սարքերու:
Ծնողները, որոնք մտահոգուած են իրենց զաւակներուն ապագայով՝ անմիջապէս կը կատարեն բաղդատութիւնը եւ արդէն պարզ կը դառնայ իրենց որոշումը: Միայն կրօնական հաւատքի հզօրութեամբ հայ կրթութեան փարած են այն ընտանիքները, որոնք հերոսաբար կ՚անտեսեն այդ բաղդատութիւնը:
Ապա կը ցցուին նոր մարտահրաւէրներ՝ պիւտճէ գոյացնելու, որակաւոր ուսուցիչներ գտնելու, դասագիրքեր պատրաստելու, տնօրէն գտնելու եւ ուսուցիչներու պատրաստութեան ծրագիրներ ստեղծելու եւ ֆինանսաւորելու:
Շատ մը ծնողներ ափսոսանքով կ՚անդրադառնան որ հայկական ամենօրեայ դպրոցին մէջ իսկ տղաքը կը խօսին անգլերէն եւ կ՚ուզեն անպայման հասկնալ անոր գաղտնիքը: Պատասխանը այն է, որ տղոց խաղի լեզուն անգլերէն է եւ անոնք բնական մղումով կը յարին անգլերէնին: Այսօր դաստիարակչական խաղերու բնագաւառը բազմամիլիոն տոլարի կարօտ ճարտարարուեստ մըն է: Քըրք Գրիգորեան 100 միլիոն տոլար յատկացուց իրագործելու համար «Խոստումը» ֆիլմը, որ Եղեռնի պատմութիւնը գեղար-ւեստականօրէն բարձրացուց համաշխարհային բեմ: Ո՞ւր է սակայն, յաջորդ Գրիգորեանը, որ պիտի գիտակցի մանկական դաստիարակչական խաղերու, գիրքերու եւ ֆիլմերու նշանակութեան եւ այդպիսի հսկայ գումար մը տրամադրէ անոր:
Այսօր հայերէնի ուսուցիչ գտնելը դարձած է անյաղթահարելի մարտահրաւէր մը. նախորդ սերունդի դաստիարակներուն անհետացումով հրապարակը կը մնայ անվարժ նորելուկներու, որոնք, այլապէս ալ դժուար կացութիւն ապրող դպրոցներէ ներս կը հրաւիրուին պաշտօնի: Տակաւին պիտի գտնուի՞ հաստատութիւն մը կամ բարերար մը, որ ունենայ տեսիլքը հայ ուսուցիչ պատրաստելու ծրագրին եւ կատարէ անհրաժեշտ ներդրումը:
Դասագիրքերը, իրենց հերթին, կը ներկայացնեն ուրիշ մարտահրաւէր մը: Ամերիկայի առաջին ամենօրեայ դպրոցները ապաւինած էին Սուրիոյ, Լիբանանի, Պոլսոյ կամ Վենետիկի մէջ պատրաստուած դասագիրքերուն: Սերնդափոխութիւնը եւ պայմաններու եղաշրջումները անգործածելի ընծայեցին իրենց դարը ապրած այդ գիրքերը: Աւելին՝ ամէն տեղական դպրոց հարկադրանքին առջեւ գտնուեցաւ իր համայնքի դիմագծութեան ու կարիքներուն համապատասխան գիրքեր օգտագործելու կամ՝ փնտռելու:
Օրինակ, Գանատայի եւ Արեւմտեան ափի դպրոցները ունեցան իւրայատուկ պահանջ, իսկ Միջին Արեւմուտքինը՝ այլ պահանջ: Մինչ առաջիններուն աշակերտները կու գան հայախօս ընտանիքներէ, իսկ Միջին Արեւմուտքի մէջ կու գան արդէն անգլիախօս ընտանիքներէ, պահանջը ստեղծելով շրջուած մեթոտի մը: Այսինքն, վերջին պարագային հայերէնը կ՚ընծայուի իբրեւ երկրորդ լեզու. ինչպէս բոլոր գաղթական զաւակներու կ՚ընծայուի ESL-ը, հայ դպրոցն ալ, անոր նմանողութեամբ, կ՚որդեգրէ ASL-ը (Armenian as a second language):
Դասագիրքերու պարագային շնորհաշատ գործ մը կը կատարէ Արեւմտեան ափին Կիլիկեան թեմը, պատրաստելով հայ լեզուի եւ հայոց պատմութեան դասագիրքեր, մանկավարժական հմուտ հիմքերով, հոգ չէ թէ որոշ կողմնակալութեամբ: Կիլիկեան թեմը ծուռ նստած՝ շիտակ կը գործէ: Տակաւին այսօր Կիլիկեան թեմի մը գոյութիւնը ժամանակավրէպ է եւ Հայաստանեայց Եկեղեցւոյ պառակտեալ վիճակը կը տեւականացնէ: Այսուհանդերձ, Կիլիկեան թեմի պատրաստած դասագիրքերը օգտագործողները երախտապարտ կը մնան զանոնք պատրաստողներուն: Անշուշտ, այդ թեմն ալ ունի ի՛ր աշխարհայեացքները, որոնք ցոլացում կը գտնեն այդ դասագիրքերուն մէջ. օրինակ, հայ գրականութեան նուիրուած դասագիրքերուն մէջ անյայտ գրչակներ յանկարծ կը բազմին Վարուժաններու եւ Սիամանթոներու կողքին, անտեսելով այլ մեծութիւններ, որոնք գիրքերու հեղինակներուն գաղափարական համակրութիւնը չեն վայելեր:
Միեւնոյն թերութեամբ վիրաւոր են նաեւ պատմութեան գիրքերը: Սակայն, ծով կարիքներու դիմաց՝ այդ վրիպումները պէտք է մնան շրջանցելի:
Կիլիկեան թեմի ղեկավարները գործնականօրէն ցոյց տուած են, որ կը հաւատան հայ դպրոցին եւ անոր կրթական առաքելութեան:
Էջմիածնական թեմը Ամերիկայի երկու ափերուն վրայ ալ, պատմականօրէն տէր չէ կանգնած հայ դպրոցին: Ի դէպ, ոսկեգմբէթ եւ քանդակազարդ եկեղեցիներն ու տաճարները կը գտնուին Էջմիածնական թեմէն ներս: Արեւելեան ափին վրայ գոյութիւն ունի Նիւ Եորքի Սրբոց Նահատակաց վարժարանը՝ յարակից եկեղեցւոյ շուքին տակ, որ երբեմն, իր շուքն անգամ կը զլանայ հայ դպրոցին: Արեւմտեան ափին վրայ Փասատինայի մէջ եկեղեցւոյ կից կը գործէ Ալֆրէտ եւ Մարկրէթ Յովսէփեան դպրոցը, առաւելաբար բարերաներու կամքով եւ տեղական նախաձեռնութեամբ գոյացած եւ ոչ անպայման՝ իբրեւ ծնունդ սկզբունքային նախաձեռնութեան մը:
Պիտի ուզէինք անպայման սխալած ըլլալ մեր այս հաստատումին մէջ:
Եթէ մեր վիպասան Րաֆֆին ողջ ըլլար, ի տես այս եկեղեցիներու շքեղութեան աւելի ամրապնդուած պիտի կառչէր իր սկզբունքներուն որ՝ եթէ հայը խաչերուն ու սկիհներուն յատկացուցած մետաղներուն փոխարէն զէնք դարբնէր՝ այսօր անկախ Հայաստան մը կ՚ունենայինք:
Թէեւ այսօր ունինք անկախ Հայաստան մը, որ անճար է այս դպրոցներու մարտահրաւէրներուն դիմաց:
Քառորդ դար մը առաջ հայ դպրոցը մամուլի եւ ազգային խօսակցութեանց մէջ հրատապ նիւթ մըն էր: Այսօր ընդհանուր լռութիւն մը եւ անտարբերութիւն կը տիրէ, հակառակ որ հայ կրթական կեանքը աւելի տագնապալի հանգրուանի մը հասած է:
Ներկայ հանգրուանին, անդրադառնալով կրթական կեանքի տագնապալի վիճակին՝ արդեօք ցաւոտ վէ՞րքի մը կը հպինք, թէ՝ խուլ ականջներու դիմաց կը թմբկահարենք ...:
Խմբագրական «Պայքար»ի, Պոսթոն