ՍԵՆԵԱԿ ՄԸ ԵՒ ՍԵՆԵԱԿՆԵՐ
Սենեակները հին ու նոր. սենեակները՝ որոնք մեր պատմութեան զարգացման հետ կառուցած ենք եւ որոնց մէջ կը ծնինք ու կ՚ապրինք եւ անոնցմէ կը հեռանանք...
Հին կրնայ համարուիլ մեր գոյութիւնը եւ մեր անցած գոյութենական ճամբան երկար, ակօսուած անապատներով, դաշտերով, անտառներով եւ բնութեան հետ, իսկ ետքը ակամայ եւ կամաց-կամաց հեռանալով անոնց գիրկէն՝ քաղաքներով ու շէնքերով մտած ենք սենեկայնութեան մէջ եւ տուները եղած են ամենախոր վայրերը՝ աղբիւրացնելով անձին, ընտանիքին եւ ընկերութիւններուն ինքնութիւնները: Տնային դարձանք մենք շինութիւններով, լայն ու նեղ սենեակները ու մեծ շինութիւնները ներսակայնութիւններ սարքեցին մեզի համար, մեր մաս ըլլալու տենդը փոխելով անշարժ մեծ երկիր-մոլորակին հետ: Մենք վերջին հազարամեակներուն վերածուեցանք սենեկայիններու:
Սենեակներուն մեր գիտակցութիւնը ծլարձակեցաւ ու բացուեցան աշխարհն ու տիեզերքը իրենց ամէն ինչով: Հոն հորիզոնէ եւ տարածքէ հեռու համարուած բոյն դրաւ մեր տեղայնութիւնն ու տեղը, մեր ինքնութիւնն ու նուաճումները եւ մեր յաւերժական անկատար ծրագիրները:
Այո՛, տեղածին է մարդկութիւնը նոյնիսկ իր մեծ երկիր մոլորակով. այո, մեթաֆիզիք է մարդկութիւնը իր հաւաքական ու անհատական մակարդակներով եւ ատկէ բխած կեդրոնակերտումով ու տեւական կեդրոնա-արձակումով: Ես կամ ու կ՚ապրիմ -կամ մենք կանք ու կ՚ապրինք-, ուրեմն տիեզերքի կեդրոնն ենք, նոյն համաշխարհայնացումէն ու ամենահասանելիութենէն սեռած (անդադար կերտել լիակատար բացուածութիւնը, որպէսզի մեր կեդրոնականութիւնը շողայ, կանգի, հասնի ու նուաճէ…): Համաշխարհայնացումն ու համատիեզերացումը իրենց հետ եկած տարածք ու հորիզոն «բանալու» մեծ ու փոքր մղուածութիւններով, մեթաֆիզիքի մէկ ու մեծ երեւոյթն են, որոնք կը բխին նախ մեր մէջէն, ետքը կը կայանան մեր հաւաքագրկող ու ուրիշի վերածող՝ նոյն մեր դիտմամբ ու հայեցակարգով:
Մարդկութիւնը չէ եղած հաշտ եւ ահռելի ատելութիւն արտադրած է մշտապէս, իսկ մարդկութեան կերտումը ինչքան ալ գիտութեամբ փորձուած է անարատուիլ ու կայանալ, այն տիւ ու տեւաբար զուգորդուած է «մենք» մը կերտելու հետ, որ պէտք է հալեցնէ եղած կամ ապագային կազմուող «մենքերը»: Հոս հաւանաբար կրնանք գտնել պատերազմներու պատճառները, միւս մենքերը ներկայացնելու մենքական մեծ եւ երբեմն նոյնիսկ տիեզերաբար արդարացուած մարդկայինով մը:
Շատ բան նուաճած է մարդկութիւնը, բայց իր գիտական ու ընկերային հիմքը մնացած է պարփակումը. ամէն ինչով պարփակում ու հասանելիութիւն, նոյնիսկ այդ ճամբուն ոչնչացնելով միւս մարդկութեան շերտերը: Ժողովուրդներ պատերազմած ու ցեղասպանած են զիրար «մեծ թուացող» ծրագիրներու համար ու «կերտելու մարդկութիւն մը կամ մարդկութիւններ», որոնք յաճախ չկան կա՛մ երեւելի չեն բոլորին կամ նոյնիսկ զայն «ստեղծողին», բայց այս բոլորի կողքին մեր համայնական ու վերջնական մարդկային կերպարի ստեղծումը չէ տուժած, քանի այդ կերպարի սնանումը նոյն մեր մեթաֆիզիքական էոյթէն կը բխի, որ կը հունաւորէ կամ կ՚ուղենշէ համաշխարհայնացման տենդն ու գործակատարումը:
Ինչքան մարդկութիւնը գիր, գրականութիւն, արուեստ ու գիտութիւն ստեղծեց մտածելով տարածքին մասին, սենեակները մեզ գերեցին ու շաղախուեցաւ անոնց հետ մեր մարդկայնական ամէն տեսակի ընկալումներն ու ապրումները, ըմբոշխնումներն ու առաքելակերտումները: Սկսած սիրոյ ու սեռի գործադրումներէն, վերջացած հիւանդանոցներու խնամքներով, երազուած հանրաշարժներու-շոգեկառքերու-օդանաւներու քապիններով, հասնելով նախագահական ժողովներու տրամադրութիւններուն՝ սենեակներն ու անոնցմով տրուած թեւերը նոյն իրենց տեղը, միջոցի տարածքն ու սահմանները շրջանցնելու ջանքին մէջ կարօտներու յաւերժական կահաւորուած գերեվարուածութիւն մը ստեղծեցին սենեկայնութեան հանդէպ:
Սենեակներն ու անոնց ապրուածութեան հիմնաւորումները ստեղծեցին՝ ներսային ու դրսային տիեզերական յարութիւնները, որոնք կը վերածուին պարզ քունի կամ զարթնումի մը բոլորիս քով անխտիր:
Անվերջ են մարդկային վերակերտուածութիւնները եւ անոնց մէջ սենեակները կանգուն են, իբրեւ տեղ ու տեղաքանդող, իբրեւ կեանք ու յաւերժութիւն:
Տեսականօրէն մենք բոլորս մաս ենք, բայց տարուածութեան մէջ ընթացքին կը մտածենք մասէն դուրս ըլլալու շուրջ ալ եւ հասնելու իւրայատկութեան մը, որ նոյն եղած ու չըլլալիք ժամանակին ալ անվերջ հաստատազննումն է:
Անձնականացումը, անձնակերտումն ու անոր ընդմէջէն հաւաքականութեան մը հասնիլը՝ մարդկային մեծ ու տարրական առաքելութիւններէն են, որոնք կը սնանեն ամենահին գաղափարախօսութիւններ, ուրկէ կը սկսին ուղղորդուած կամ ինքնածին աշխարհները, նաեւ միաբեւեռման ու պահի կերտումի տեսակաները:
Ինչքան մեծնայ մարդկութիւնը իր ոգեղէնութեամբ ու տեսակով, այնքան ճանաչելի կը դառնան իրեն համար իր ընդհանրականութիւնններն ու առաքելութիւնները, ապա կը նուաճուի ժամանակը: Ո՞վ կը մեծցէ մարդկութիւնը, ո՞վ է անոր ամենամեծ խթանն ու կերտիչը, դժուար է ըսել, քանի յարափոփոխ կրնայ համարուիլ անոր նպատակները եւ դժուար է հաստատել մարդկութեան վերջնական նպատակը՝ գոյութեան աղբիւրի իւրացման կողքին, որ միշտ մնացած է ոգեղէն ու տեսական: Այո, մարդկութեան կերտումը կրնայ համարուիլ ամենագայթակղիչը կերտումներէն, բայց այդ մէկը պարզ է, որ անհասանելի է եւ ժամավաճառային իր բոլոր փորձերով եւ տեղ մըն ալ շահադիտական կը մնայ անոր գործառոյթը: Հաւանաբար, ամենալիակատար ու մեծ էոյթը մարդկային հաւաքական հոգիին նոյն մարդկայինի փնտռտուքի եւ սլացութիւն կերտելու կողքին, յայտնաբերումն ու հասանումն է: Գիտութեան եւ շատ մը բանալիներով մարդկութեան նպատակը կրնայ համարուիլ տիեզերքը անվերջ յայտնաբերելը եւ դժուար է հոն հարցերը ընկերաբանականօրէն տեսնել կամ քաղաքական պատմագիտութեամբ դասել: Եթէ կայ մարդկային հաւաքականութիւն, ուրեմն սենեակներու, տեղերու կողքին կայ անեզրութեան հասնելու, անեզրութիւններ ապրելու անսասան կամքը:
Տեքարթեան «մենք կը մտածենք ուրեմն կանք»ը սենեակներու մէջ աւելի կը թեւածէ: Ճամբաներու վրայ, եկեղեցիներու, մզկիթներու... եւ ամէնուրեք մենք մեր մէջ տեւաբար չենք կրնար զգալ կեանքը իբրեւ ամենամեծ ըմբոշխնում ու գերագոյն հաճոյք, եթէ չըլլան մեր խտացումները, մեր սենեկային եզրայանգումները, մեր քուներն ու երազները, նոյն մեր կառուցած տուներուն մէջ: Անոնք հրաշափառ կ՚առասպելացնեն մեր հոգին մեր աչքին առջեւ եւ կ՚առաքեալացնեն մեր պատմութիւնը, որ կը կերտուի առաւել չափով մեր ապրուստէն վեր, մեզ մեր միջոցով կողքականացնող մեր կամքի, ցուցմունքի եւ մեր անվերջ հեռացումի-վերադարձի մեծ ու էական խաղի-տառփանքին հետ, որ նոյնպէս մեզ մեր ընդմէջէն կը մարդացնէ կամ կը կերտէ:
ՏԻԳՐԱՆ ԳԱԲՈՅԵԱՆ
Երեւան
Հարթակ
- 11/30/2024