ՄԵԿՆՈՒԹԻՒՆ՝ ՅՈՎՀԱՆՆԷՍԻ ԱՒԵՏԱՐԱՆԻՆ

ԳԼՈՒԽ Զ.

ԹԷ ՊԱՀՔԻՆ ՁՈՒԿԸ Ո՛Չ ՈՒՏԵԼԻ Է

Եւ վա՜յ կ՚ըսեմ որովայնամոլ ֆռանկներու ազգին, որ բոլոր պահքերը անխտիր ձուկով կը լուծեն, որոնց աստուածը իրենց որովայնն է եւ ձեռքը՝ մեղքերուն ամօթը ու պատճառ կը դառնան մեղքերու պատճառներու՝ անօրէնութիւններ գործողները:

Նախ՝ թէ Քրիստոս երբ հացն ու ձուկը բազմացուց, Զատիկը մօտիկ էր: Այս մասին կ՚ըսենք, թէ հրեաներուն մօտ նախ Զատիկն էր եւ ապա՝ բաղարջակեր պահքը: Յայտնի է, թէ ուտիք էր, որ ձուկը բաժնեց: Դարձեալ, Իր քառասունին [փորձութեան] ձուկ չկերաւ, եւ մենք Քրիստոսի քառասունը կը պահենք ու ո՛չ թէ՝ հրեաներունը:

Երկրորդ՝ կ՚ըսեն, թէ Քրիստոս Վերնատան մէջ ձուկ կերաւ, [հետեւաբար] այդ օրը [Աւագ հինգշաբթի] պէտք է ձուկ ուտել: Կ՚ըսենք, թէ Վերնատան մէջ Հինը կատարեց՝ մինչեւ Իր մարմինը բաշխեց ու Նոր Օրէնքը դրաւ եւ Հինին պարտական չենք, ապա թէ ոչ, Վերնատան մէջ գառնուկ ալ կերաւ, դուն ալ կե՛ր պահքի ընթացքին:

Երրորդ, կ՚ըսեն, թէ յարութենէն ետք աշակերտներուն հետ ձուկ կերաւ, երբ կայծերուն վրայ խորոված ձուկը տեսան եւ հաց ու օրը չորեքշաբթի էր եւ հինգշաբթի օր համբարձաւ:

Կ՚ըսենք, թէ կրկնակի սուտ եւ նոր աւետարան. նախ՝ որովհետեւ յարութենէն ետք պահք չէր, այլ՝ Զատիկ, մինչ Փեսան իրենց հետ էր, ինչպէս որ Ինք հրամայեց (Մտ 9.15): Եւ կրկին սուտ, որովհետեւ ուր որ ձուկը կերան Գալիլիայի մէջ՝ Տիբերական ծովուն եզերքը, [որ] չորս օր[եայ ճանապարհով] հեռու էր Երուսաղէմէն եւ Ձիթենեաց լեռնէն, ուրկէ Քրիստոս համբարձաւ: Ուստի յայտնի է, որ ո՛չ թէ չորեքշաբթի կերաւ ձուկը, այլ՝ անցնող կիրակին: Եւ միւս բաները՝ ձուկերուն եւ հացերուն մասին կը գտնես Հարցմանցին մէջ, ութերորդ հատորին քսանիններորդ համարին մէջ:

Այսքանը այս մասին:

Խօսք. «Յիսուս երբ գիտցաւ թէ պիտի գան զԻնք բռնութեամբ [թագաւոր ընելու]» (Յհ 6.15):

Մեկնութիւն. Ասով Քրիստոս մեզի երկու օրինակ ցոյց կու տայ. նախ՝ ժամանակաւոր պատիւներէն փախչիլ, ինչպէս Ինքզինք չարչարանքներուն տալով, օրինակ տուաւ մեզի չարչարանքներ ընդունելու: Երկրորդ՝ օրինակ կու տայ, որովհետեւ չմնաց այնքան, որ հասնէին Իր մօտ, այլ՝ նախապէս փախչեցաւ, ատով ցուցնելով, թէ եթէ մէկը կ՚ուզէ ինքն իր անձը մեղքի պատճառէն պահել, նախքան փորձութեան գալը պէտք է, որ փախուստ տայ ատկէ: Իսկ դարձեալ (Յհ 6.15) ըսելը ցոյց կու տայ, թէ նախապէս լերան գագաթն էր ու դաշտ իջաւ եւ կերակրեց ժողովուրդը, ու երբ ուզեցին թագաւոր ընել զԻնք, դարձեալ լեռ բարձրացաւ, աղօթելու, ինչպէս Մատթէոսը կ՚ըսէ:

ԹԷ ՔՐԻՍՏՈՍ ՉՈՒԶԵՑ ԹԱԳԱՒՈՐԵԼ

Այստեղ երկու հարցում կ՚ըլլայ.

Առաջին. Թէ Քրիստոս ինչո՞ւ թագաւորութիւն չուզեց, եւ այն, թէ սեփական թագաւորութիւն ունէր, ինչպէս Պիղատոսին ըսաւ. «Ատոր համար ծնած եմ ու ատոր համար աշխարհ եկած եմ» (տե՛ս Յհ 18.37):

Պատասխան. Վարդապետները կ՚ըսեն՝ ութ պատճառի համար:

Նախ՝ որովհետեւ Ան Աստուած էր եւ ամէն բանի Տէր, վայել չէ մէկ ազգի համար թագաւոր ըլլալ, ինչպէս կայսր մը մէկ գաւառի համար թագաւոր ընել:

Երկրորդ՝ ըստ Քրիստոսի թագաւորութեան որակին, որովհետեւ Անոր թագաւորութիւնը հոգեւոր էր եւ յաւիտենական, վայել չէր Իրեն մարմնաւոր եւ անցաւոր թագաւոր ըլլալ:

Երրորդ՝ հրեաներու կարծիքին համար, որովհետեւ հացին համար կամեցան թագաւոր ընել զԻնք եւ ոչ թէ ճշմարիտ հաւատքով, քանի որ որովայնամոլներ էին, կը կամենային առանց աշխատելու ուտել: Եւ յայտնի է, թէ երբ կշտացան, անցած շաբաթ չէին ըսեր իրեն կամ հակառակ Մովսէսին, այդ պատճառով վայել չէր Անոր այդպիսի թագաւոր ըլլալ, որ որկորսրտութեան [որկրամոլութեան] պատճառով էր, ինչպէս կ՚ըսէ. «Գացէք ու կորստական կերակուրը մի՛ փնտռէք» (տե՛ս Յհ 6.27):

Չորրորդ՝ խաղաղութեան համար չթագաւորեց, որպէսզի աշխարհի մէջ խռովութիւն չըլլայ, որովհետեւ կայսրը, Հերովդէսը եւ քահանայապետը բոլորն ալ պիտի բարկանային:

Հինգերորդ՝ որպէսզի մարգարէներուն գրածները չաղարտուէին, որ Ան հեզ ու խոնարհ Թագաւոր գուշակեցին եւ ո՛չ թէ՝ բռնաւոր (հմմտ. Զք 9.9: Առ 29.22):

Վեցերորդ՝ որպէսզի մեր քրիստոնէութեան օրէնքը չարհամարհուի այլազգիներէն, թէ բռնութեամբ եւ իշխանութեամբ ունին եւ ոչ՝ անձնիշխան կամքով, ինչպիսին է Մահմէտի օրէնքը, որ սուրով սկսաւ, սուրով կը մնայ եւ սուրով կ՚աճի:

Եօթներորդ՝ որովհետեւ Ինք եկած էր մեզի աղքատութիւն, հեզութիւն եւ խոնարհութիւն ուսուցանելու, ինչպէս կ՚ըսէր՝ «եթէ քեզ ապտակեն» (Մտ 5.39), եւ այլն: Հետեւաբար, պէտք չէր մարմնական փարթամութիւն ընդունիլ:

Ութերորդ՝ կրնայ միտք ըսուիլ, որովհետեւ Քրիստոս խաչով ու չարչարանքով կը կամենար մարդկային ազգը ազատել, եւ եթէ ըստ մարինի թագաւորած ըլլար, հրեաները կը վախնային զրպարտել կամ Անոր վրայ ձեռք բարձրացնել:

Այսքան առաջինին:

Երկրորդ հարցում. Ապա ինչո՞ւ համար մարգարէները ըսին թէ Թագաւոր է, ինչպէս Դաւիթին ըսաւ. «Քու որովայնիդ պտուղէն մէկը քու աթոռիդ վրայ պիտի նստեցնեմ» (Սղ 132.11), եւ թէ «խնդրէ՛ Ինձմէ ու հեթանոսները քեզի ժառանգութիւն պիտի տամ» (Սղ 2.8). իսկ Երեմիան կ՚ըսէ. «Դաւիթի արդարութեան Շառաւիղը պիտի յարուցեմ, որ իրաւունքով պիտի թագաւորէ ամբողջ երկրի վրայ» (տե՛ս Եր 23.5):

Պատասխան. Կ՚ըսենք, թէ մարգարէութեան Գիրքերուն մէջ բազմաթիւ են վկայութիւնները Քրիստոսի թագաւորութեան մասին, հոգեւոր եւ մարմնաւոր: Ըսաւ, հրեշտակը պիտի տայ Անոր Դաւիթին աթոռը ու անվախճան պիտի թագաւորէ Յակոբի տան վրայ: Այս մասին նախապէս չէին գիտեր, ինչպէս Սողոմէն կը խնդրեն իր որդիներուն համար՝ Իր աջ ու ձախ կողմերը նստեցնել Իր թագաւորութեան մէջ: Առաքեալներն ալ չէին գիտեր, երբ հարցուցին. «Տէ՛ր, արդեօք հիմա՞ է ժամանակը երբ պիտի վերականգնես Իսրայէլի թագաւորութիւնը:

Յիսուս պատասխանեց.

-Դուք չէք կրնար գիտնալ ժամերն ու ժամանակները, որ Հայրը Իր իշխանութեամբ որոշած է» (Գրծ 1.6-7):

Խօսք. «Երբ երեկոյ եղաւ, աշակերտները նաւ մտան» (տե՛ս Յհ 6.16-17):

Մեկնութիւն. Ասով կը յայտնէ աշակերտներուն սէրը Քրիստոսի նկատմամբ, որովհետեւ գիշերով նաւ մտան ու կը փնտռէին զԻնք, որովհետեւ երբ աղօտացաւ իրենց տեսութենէն ու իրենց հետ չեկաւ, այդ պատճառով ուզեցին ծովին միւս կողմը երթալ:

Խօսք. «Ծովը սաստիկ հովէն կ՚ալեկոծէր» (Յհ 6.18):

Մեկնութիւն. Այս եւս աշակերտներուն սէրը կը ցուցնէ, որովհետեւ ո՛չ գիշերը եւ ո՛չ ալ ծովուն ալեկոծութիւնը արգիլեց զանոնք:

ԱՍՊԱՐԷԶԻ1 ՄԱՍԻՆ

Խօսք. «Հազիւ քսանհինգ կամ երեսուն ասպարէզ նաւարկած էին» (Յհ 6.19)2:

Մեկնութիւն. Ծովուն խորշ եւ խութ եզերքին համար կ՚ըսէ քսանհինգ կամ երեսուն. ըստ երկրաչափական արհեստին հինգ ոտքը մէկ քայլ կ՚ընեն իսկ հարիւրքսանհինգ քայլը՝ մէկ ասպարէզ, իսկ ութ ասպարէզը՝ մէկ միլ, իսկ երկու միլը մէկ ֆրսանկ է: Ասով յայտնի է, թէ քսանհինգ ասպարէզը երեք միլ եւ մէկ ասպարէզ է:

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

•շար. 55

Վաղարշապատ

1 Երկարութեան չափ, որ հաւասար է 625 ոտնաչափի = 184.97 մ (Ռուբէն Սերոբի Ղազարեան։ Երեւանի Համալսարանի Հրատարակչութիւն, Երեւան, 2000, էջ 187):

2 Արեւմտահայերէնի թարգմանութեան մէջ այսպէս կը կարդանք. «Աշակերտները հազիւ հինգ կամ վեց քիլօմեթր նաւարկած էին»:

Երեքշաբթի, Յունիս 9, 2020