ՈՍԿԵՐԻՉՆԵՐՈՒ ՇՈՒԿԱՅ՝ ԱՌԱՆՑ ՈՍԿԻԻ

-Ո՞ւր էք ճանըմ... կը հեռաձայնեմ, կը հեռաձայնեմ մէկը չկայ..., առնող չկայ..., խէ՞ր է..., ինչպէ՞ս էք..., դո՛ւն ինչպէ՞ս եղար..., բժիշկդ ի՞նչ ըսաւ..., ձայն մը տուր..., մեղաաա՜յ..., այս քանի անգամ է..., վախցուցիք...:

Արագ մը կը վերցնեմ ընկալուչը:

-Հա՛, Անօ..., շուկայ գացած էինք..., «ոսկերիչներու շուկան», կը ներես...,

-Խէ՞ր է..., ո՞վ է ամուսնացողը..., մկրտուող կա՞յ.- կրկին կը լսեմ Անոյին շուարած ձայնը:

-Երկար պատմութիւն.- կ՚ըսե՛մ ու կը փորձեմ մտահոգ եւ հարցումներով լեցուն իր միտքը ձեւով մը լուսաբանել: Միտքս պարզել:

Անահիտն էր հեռաձայնողը, մեր ընտանիքին սրտակից բարեկամուհիներէն մէկը: Ինչպէս միշտ, գրեթէ ամէն օր եւ ամէն առիթով մեզի կը հեռաձայնէ, «հալ-քէֆ» կը հարցնէ: Մտահոգ է մեզմով եւ յատկապէս իմ հիւանդութեամբս:

Համեստօրէն ըսեմ, որ անցնող երկու եւ աւելի տարիներուն, այս անիծեալ «քորոնա» համաճարակն ու անակնկալ հիւանդութիւնս ինծի հետ իմ բոլոր հարազատներս ալ երկար «խաղցնելէ» ետք, կամաց մը հեռացած ըլլալով, բժիշկս ինծի արտօնութիւն տուած էր, որ ալ սկսիմ օթօ քշել: Ու այսպէս, այդ օր, առաջին անգամ ըլլալով, տէր եւ տիկին գնումի գացած էինք մօտակայ մարքէթ մը: Նաեւ ըսեմ, որ անօրինակ ծուլութեան մըն ալ վարժուած էինք: Եւ որովհետեւ տունէն իմ դուրս գալս անհնարին էր, ուստի տղաքս մեր կարիքները հոգացած էին մարքէթներէն ապսպրելով: Եւ ահա մէկ երկու ժամ ետք, մեր տան դրան առջեւ արդէն մեր ուզածները շարուած կ՚ըլլային: Հաւատացէ՛ք, այս ձեւով բոլորին նման, ամէնօրեայ սովորութիւններու գերին դարձած էինք: Ահա քեզի նոր կեանք եւ նոր կենցաղ: Ու այդ օր, իմ դուրս ելլելս, կարծես վերջ մը դրած էր այս մեր նոր «վարժութիւն-սովորութեան»:

Ապա մարքէթէն ներս, կամաց-կամաց շրջելով, մէկ առ մէկ աչքէ անցուցած էի ամէն բան: Ինծի համար մեծ անակնկալ էր իւրաքանչիւր ապրանքի, պտուղի, կանաչեղէնի եւ կամ տուփեղէնի գիներուն զգալի թանկացումը: Մարդիկ կարծես ոսկի է, որ կը ծախէին: Բոլոր ապրանքներուն սակերն ալ զարմանալի նոր «լայնք» մը ստացած էին: Մէկ խօսքով զգալի սղած, «մէկ տոլանոցը՝ երեքի վերածուած»:

Է՜հ, ո՞ւր կ՚ապրէինք: Հալէպի մեր «կիրակի» պազարին աչքը սիրեմ: Նոյնքան ալ Երեւանի հանրայայտ «Վերնիսաժ» շուկային: Հոն, առեւտուրի իբրեւ «օրէնք» սակարկութիւն կրնայինք ընել եւ ապա գնել:

Բայց հո՛ս, ի՞նչ կրնայինք ընել։ «Բաղնիքը մտնողը կը քրտնի», ըսած էին մեր մեծերը, եւ ճիշդ էին:

Ու նման մտածումներ վայրկեանին սկսած էին օրօրուիլ գլխուս մէջ: Այնպէս կ՚երեւէր, թէ ներկայիս ամենէն աժանը, մարդ արարածը դարձած էր եւ ոչ թէ մարքէթի պտուղն ու հացը, բանջարեղէնն ու ջուրը: Ամէն օր կը լսենք, կը կարդանք եւ կամ «թի վի»ի կայաններէն կը դիտենք, տեսակաւոր ոճիրներու եւ սպանութիւններու պատմութիւններ:

Գիտեմ, որ իւրաքանչիւրս կեանքի բեռ մը ունի իր շալակին: Ես ալ շատերու նման կը հաւատամ այս վարկածին: Բայց վերջապէս, ի՞նչ կը նշանակէր այսքա՜ն սղութիւն: Այս ձեւով ո՞ւր պիտի հասնէինք: Իբրեւ համեստ թոշակառուներ, ինչպէ՞ս պիտի կարենայինք ապրիլ: Ինչպէ՞ս մարդիկ նման աննախընթաց սղութեան պիտի դիմանային... հոս կամ այլ երկիրներ: Յստակ է, թէ փոխուած էր մեր բոլորին ապրելու, մտածելու եւ գոյատեւելու պայմանները: Անըմբռնելի ու խորհրդաւոր:

Վայրկեանի մը համար, մտովի կը փորձէի ես զիս համոզել: Կասկած չկար, որ աշխարհով մէկ կը թեւակոխէինք կամ արդէն իսկ՝ կեանքի տնտեսական նոր ու ծանր հանգրուան մը, որ լուրջ տագնապ մը ստեղծած է ամէն տեղ:

Ահա թէ ինչո՞ւ այդ օր տունէն իմ բացակայութիւնս «ոսկերիչներու շուկայ» մակդիր-բացատրութեամբ արդարացուցած էի մեր Անահիտին:

Այս մէկը ո՛չ Թումանեանի հեքիաթներէն մէկն էր եւ ոչ ալ՝ հայերէնի դասագիրքէ մը փրցուած էջ մը, այլ՝ մեր ներկայ իրական կեանքը ապրելու պատրանքներէն նմոյշ մը, որ իբրեւ յստակ իրականութիւն կ՚ապրէր ամէն տունէ ներս: Պարտադիր կ՚ընդունէինք սակերու անբնական ներկայ աճը: Գուշակ ըլլալու կարիքը չկար: Ուրիշ ելք չունէինք:

Ու «տխուր է մեր այս նոր իրականութիւնը», կ՚ըսեմ դարձեալ մտովի: Կեանքը արդէն իր խաղաղութիւնը կորսնցուցած էր, իսկ հիմա ալ՝ իր լրջութիւնը: Ամէն մարդ յիշողութեան գետին վրայ է, որ կը նաւարկէ, ու երանի կու տայ իր երէկին... իր մօտիկ եւ հեռու անցեալին: Կը կարծեմ, որ այս բոլորը արդիւնք են միջազգային խառնաշփոթ հարցերու ներկայութեան: Դրամի անկում: Պատերազմ: Անիշխանութիւն: Համաճարակ:

Ու թէեւ քաղաքական վերլուծող մը չեմ, բայց նաեւ ըսեմ տեսանելին. այսպէս ներքին հարցերու մէջ ճարճատող երկիր մը դարձած է մեր ապրած այս Ամերիկան: Անբնական: Գիտենք, որ իր կարգին, աշխարհն ալ հիւանդ է, ե՛ւ փոթորկոտ ե՛ւ յաճախ ալ արիւնալի կռուի դաշտ դարձած, ամէնօրեայ ծանր իր ցնցումներով, որոնք դժբախտաբար մեզ ալ շուարումի մատնած են:

«Ի՞նչ պիտի ըլլայ այս բոլորին վերջը», ես ինծի միշտ հարց կու տամ: Անորոշը մեզ ալ արդէն կլանած է: Որովհետեւ եթէ հո՛ս, այս երկրին մէջ, ազատ երկինքի տակ կ՚ապրինք, բայց ամենէն առաջ միտքս կու գայ մեր հայրենիքը, ուր բազմազան դէպքեր ամէն օր կը մրճահարեն եւ տակաւին՝ մեր բոլորին միտքերն ու հոգիները: Հո՛ն սպառնալիքները շատ են: Տեսանելի եւ վախազդու: Ամէն ինչ բարդ է ու գրեթէ աննախատեսելի: Ո՛չ ոք գիտէ, թէ վաղուան լոյսին հետ ի՜նչ ուրուականներ պիտի ծնին մեր հայրենի երկնակամարին վրայ, որովհետեւ արդէն աշխարհի մեծերու դէմքերուն վրայ դժոխքի կնիքը շատ յստակ գծագրուած է:

Ուստի, ինքնաբերաբար տրամադրութիւնդ քեզ տարբեր ուղիներ կ՚առաջնորդէ:

Սա մտածումները կ՚անցընէի մտքէս, երբ շուկայէն տուն դարձայ:

Երբեմն նման ճշմարտութիւններ ճակատաբաց պէտք է երեւան բերել, արեւու լոյսին յանձնել, որպէսզի մարդիկ կարենան զայն լաւապէս տեսնել: Ու փորձեցի մտքիս խաղաղութիւնը փնտռել, սենեակէս ներս առանձնանալով ու յանկարծ՝ մեր Անոյին հեռաձայնը:

Սակայն ըսէ՛ք, որո՞ւ դէմ բարձրացնել բողոքի դրօշը: Միամիտ պէտք է ըլլալ… Կարծես այլեւս կեանքը մխիթարական բան մը իսկ չունի: Անոր համար է, որ բոլորս ալ կը փորձենք ապրիլ քաղցրութիւնը մեր նախկին ու գեղեցիկ յուշերուն:

Այս բոլորը հանդարտ անկեղծութեանբ ըսի Անահիտին: Տողերս, շատ պարզ էին, եւ ոչ մէկ գաղտնիք պահած էի անոնց ետեւ:

Բայց հակառակ այս թափանցիկ իրականութեան, բոլորս ալ եթէ կ՚ուզենք շարունակել ապրիլ, շաբաթական կամ քիչ մը պակաս-քիչ մը աւելի դրութեամբ անպայման պիտի այցելենք «առանց ոսկիի» այդ «ոսկերիչներու շուկաները»: Ուզենք կամ ոչ: Ահա նոր ճգնաժամ:

ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ

Ուրբաթ, Յունիս 9, 2023