ՎՏԱՆԳԱՒՈՐ ԲԱՆԵՐՈՒ ՄԱՍԻՆ ԿԸ ԽՕՍԻ ՀԸՐՑԻ ՀԱԼԵՒԻՆ
Իսրայէլի քաղաքական հանրութեան համար ամենէն նշանակալից իրադարձութիւնը Հերցիլիա քաղաքին մէջ կայացած ամէնամեայ խորհրդաժողովն է (Իսրայէլի «Ազգային անվտանգութեան եւ դիմադրողականութեան» համաժողով)։ 2000 թուականէն ի վեր ամէնամեայ դրութեամբ գումարուող այս ժողովին ընթացքին կը ներկայացուին Իսրայէլը յուզող հարցերը եւ տարբեր երկիրներէ հրաւիրուած հրեայ մասնագէտներ ելոյթներով հանդէս կու գան: Անկասկած, որ այս տարուան յայտնութիւնը պէտք է համարել Իսրայէլի գաղտնի սպասարկութեան՝ «Մոսատ»ի ղեկավար Հըրցի Հալեւին, որ իր ելոյթով հանդիսացաւ այս տարուան ժողովին գլխաւոր «աստղ»ը: «Մոսատ»ի նախկին ղեկավարներուն համեմատ Հալեւի երիտասարդ առաջնորդ մըն է: Անոր մասին քիչ տեղեկութիւններ կը հրապարակուին ու մամուլի աշխարհին հանդէպ վերապահումներ ունեցող Հալեւի հազուագիւտ երեւումներ կ՚ունենայ: Նշեմ, որ Յունիսի 15-ին սկիզբ առած Հերցիլիոյ համաժողովին այս տարուան պատուոյ նախագահն էր հրեայ արմատներով Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց 56-րդ նախարար Հենրի Քիսինճըր: Ամերիկեան արտաքին քաղաքականութեան մէջ իր ուրոյն հետքը թողած Քիսինճըր բացումը կը կատարէր Հերցիլիոյ ժողովին ու խօսքով մը հանդէս գալով լուրջ մտավախութիւններ կ՚արտայայտէր Իսրայէլի ապագային մասին: Քիսինճըրի կարծիքով՝ Իսրայէլ այսօր կը համարուի Միջին Արեւելքի ամենէն ուժեղ տէրութիւններէն մին, բայց եւ այնպէս անոր ապագան վտանգուած է: Քիսինճըրի խօսքը եւ իսրայէլեան «Մոսատ»ի առաջնորդին խօսքը նոյն կիզակէտը ունին: Անոնք երկուքն ալ կը խօսին այսօր-ւան մասին ու խոր մտահոգութիւններ կ՚արտայայտեն Իսրայէլի դիմագրաւելիք ապագային հանդէպ: Երբ ապագայ կ՚ըսենք, պէտք է հասկնալ յառաջիկայ մի քանի տասնեակ տարիները, որոնք կրնան լուրջ փորձաքար դառնալ ցեղապաշտական հիմունքներով ստեղծուած Իսրայէլի պետութեան դիմաց:
Սոյն ժողովին Հալեւիի արտասանած խօսքը կը համարուի վաւերական մօտեցում մը, տրուած ըլլալով, որ քաղաքական գետնի վրայ նոր երեւացող այս պատասխանատուն առաջին անգամ ըլլալով այսքան երկար ելոյթ մը կ՚ունենայ ու մանրամասն դիտարկումներ կը կատարէ Իսրայէլի պետութեան ունեցած խնդիրներուն եւ շրջանային հիմնահարցերուն մասին:
Շատ մը իսրայէլացի վերլուծաբաններու կարծիքով՝ Հալեւի իր ելոյթով ու յատկապէս Հենրի Քիսընճիրի ներկայութեամբ ու անուղղակի «օրհնութեամբ» երկրի քաղաքական կեանք մտնելու իր վաւերաթուղթը ներկայացուց:
2015 թուականի Մարտին այս պաշտօնին նշանակուած Հալեւի ցարդ երկու անգամ այցելութիւն տուած է Միացեալ Նահանգներ ու շատ հաւանական է, որ յառաջիկային ան դառնայ Ամերիկայի «վազող ձին»:
Ներկայացնելով անոր արտայայտած գաղափարները՝ կարելի է հաստատել, որ Իսրայէլի համար այսօրուան դրութեամբ թիւ մէկ հակառակորդը լիբանանեան «Հիզպուլլահ»ն է: Այս մօտեցումը նորութիւն մը չէ, սակայն անոր արտայայտած գաղափարներուն մէջ նորութիւնը սիւննի կշիռ ներկայացնող երկիրներուն ու յատկապէս Սէուտական Արաբիոյ հետ նոր կամուրջներ նետելու պատրաստակամութիւնն է: Նոյնիքն Հալեւի դրական խօսած է Սէուտական Արաբիոյ նոր թագաւորին մասին նշելով, որ Սըլման թագաւոր կը փորձէ նոր հայեցակարգով ղեկավարել երկիրը ու դառնալ չափաւորական սիւն-նիներուն ձայնը:
Եթէ համարենք, որ այս մօտեցումը նորութիւն է, պէտք է նաեւ ըսենք, որ մէկէ աւելի շրջանային գաղտնի սպասարկութիւններ զեկոյցներ կը պատրաստեն այն մասին, որ պաշտօնական Թել Աւիւ թաքուն յարաբերութիւններ կը մշակէ սիւննի չափաւորական երկիրներու հետ: Այդ չափաւորական երկիրներու պարագլուխը անշուշտ Սէուտական Արաբիան է: Հալեւի սակայն բեմէն Ռիատի իշխանութեանց դրական միաւորներ տալով՝ արդէն իսկ կը միտի պաշտօնականացնել հաւանական համագործակցութեան մը ընդհանուր խաղատոմսը:
Թէ ի՛նչ հետեւանքներ կ՚ունենայ այդ համագործակցութիւնը Իսրայէլի ներքին քաղաքական կեանքին վրայ պարզ չէ, սակայն յստակ է, որ Իսրայէլի ապագայ թիրախը ո՛չ թէ Կազզէն ղեկավարող «Համաս»ն է, այլ՝ Լիբանանի «Հիզպուլլահ»ը: Արտաքին նեցուկով հզօր դարձած լիբանանեան այս կուսակցութիւնը իսրայէլացիներուն համար «գերագոյն չարիք» է ու անոր դէմ սիւննի ղեկավարութեան ունեցած ատելավառ զգացումները նոյնպէս, որոշ գետին մը կը հարթեն Իսրայէլ-Ռիատ համագործակցութեան մը առջեւ: Անշուշտ, որ այդ համագործակցութիւնը սնունդ պիտի ստանայ «թշնամիիս թշնամին, իմ բարեկամս է» սկզբունքէն:
Ճիշդ է, որ տակաւին կանուխ է այդ համագործակցութեան մասին խօսիլ, բայց եւ այնպէս Միջին Արեւելքի մէջ ընթացող դէպքերը կրնան նոր զարգացումներու դուռ բանալ: Չմոռնանք, որ սիւննի աշխարհը մեծ վրդովմունք կ՚ապրի «Հիզպուլլահ»ի կեցուածքներէն յատկապէս Սուրիոյ դէպքերուն եւ Նախագահ Պեշար Էսատին ցոյց տրուած զօրակցութեան վերաբերեալ: «Հիզպուլ-լահ» ոչ միայն քաղաքականապէս կը զօրակցի Էսատին, այլ դարձած է այդ պատերազմի որոշիչ օղակներէն մին: Իսրայէլեան գաղտնի սպասարկութեան կարծիքով՝ անցնող տարիներուն «Հիզպուլլահ» Սուրիոյ մէջ կորսնցուցած է իր զինեալներէն 1500-ը եւ այդ մէկը կը համարուի ուժգին հարուած մը շիի կազմակերպութեան:
Հետեւաբար, որեւէ ծանր պատերազմի մը պարագային շատ հաւանական է, որ Իսրայէլ տարբեր որակի նեցուկ ստա-նայ սիւննի արաբներէն: Այդ նեցուկը պայմանաւորուած չէ զինուորական օժանդակութիւններով: Ու պէտք չէ մոռնալ, որ 2006 թուականին Լիբանանի դէմ շղթայազերծուած պատերազմի ամենէն թէժ պահերուն Ռիատ եւ Արաբական ծոցի երկիրներ միահամուռ կերպով «տէրութիւն» ըրին «Հիզպուլլահ»ին եւ Լիբանանին, ու այսօր որեւէ տրամաթիք իրադարձութեան առընթեր անոնք առնուազն պատրաստ չեն նոյնը ընել ու շատ հաւանական է, որ չգոհանան Իսրայէլին «լուռ նեցուկ» մը ցուցաբերել ու անցնին «Հիզպուլլահ»ի դէմ բաց ճակատումի:
Հետաքրքրական է, Հալեւիի մօտեցումներուն մէջ խօսք կայ եւրոպական ընտանիքին մասին: Ան բառացիօրէն կը դիտարկէ, որ յաջորդ պատերազմը պիտի չըլլայ սահմաններու պատերազմ, այլ պիտի ըլլայ կրօններու պատերազմ: Ան նաեւ կ՚ըսէ, որ արեւմտեան աշխարհին եւ Եւրոպային առջեւ այսօր ծառացած խնդիրները կարելի է համարել վերջին տարիներու համար աննախընթաց եւ բարդ խնդիրներ: «Այլեւս չկան սեւ ու սպիտակ ճատրակի օրէնքներով ընդհարումներ, աշխարհը փոխուած է, կան տարբեր երանգներ եւ բախման տարբեր օրէնքներ, այսօր աշխարհը նոր փուլ մը կը մտնէ եւ ապագան պիտի ըլլայ ոչ թէ սահմաններու վրայ եղած պատերազմ, այլ կրօնական մեծ պատերազմներու ականատեսը պիտի դառնանք»: Հալեւի մէկ կողմէ կրօնական պատերազմներու մասին կը խօսի եւ միւս կողմէ կ՚աւետէ Իսրայէլ-սիւննի աշխարհ հաւանական դաշինքի մը ստեղծման մասին: Ասկէ տասն տարի առաջ նման հեռանկարի մը մասին խօսողները ցնորած կը համարուէին, իսկ այսօր շատ հաւանական է, որ շահերու հանդիպման կէտի մը շուրջ համաձայնած, երէկուան թշնամի ուժերը դառնան հաւատարիմ դաշնակիցներ:
Իսրայէլացի պատասխանատուն, իր խօսքը կ՚ուղղէ Եւրոպային ու կը զգուշացնէ կրօնական պատերազմէ մը, որուն առաջին նախանշանները արդէն իսկ կ՚երեւին Փարիզի, Պրիւքսէլի եւ Պերլինի մէջ:
Ու մտահոգիչ է նաեւ, որ ցարդ երեւցածը պատերազմի ուրուականն է, հապա ի՞նչ պիտի ըլլայ այդ ցամաքին վիճակը, երբ կրօնական պատերազմը համատարած երեւոյթ դառնայ ու հար-ւածէ ամէնուրեք:
Արաբ-իսրայէլեան նեղ անցքով տեղ հասած ու ատելութեամբ եւ արիւնով ճամբայ կտրած քաղաքակրթութիւններու հակամարտութիւնը կը փորձէ նոր ուրուագծումներով գլուխ ցցել:
Ու շատ հաւանական է, որ Պաղեստին-Իսրայէլ հակամարտութիւնը փոխէ իր դիմագիծը եւ այսօրուան աշխարհը տանի նոր բեւեռացումի, որուն երկու ծայրերը բռնուած պիտի ըլլան՝ մէկ կողմէն արմատական իսլամի եւ միւս կողմէ՝ ծայրայեղ քրիստոնեայ ընկալումներ ունեցող եւ արեան ծարաւի ամբոխներու կողմէ:
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Երեւան