ԼԻԲԱՆԱՆԱՀԱՅ ԴՊՐՈՑ
Չորեքշաբթի, 27 յունիս 2018-ին, Հայկազեան համալսարանի «Heritage» պարտէզին մէջ տեղի ունեցաւ Հայկազեան համալսարանի եւ Գալուստ Կիւլպէնկեան հիմնարկի Հայկական համայնքներու բաժանմունքի համատեղ գործակցութեամբ կազմակերպուած «Լիբանանահայ վարժարաններու ուսուցիչներու մասնագիտական մշակումի ծրագիր»ի փակման պաշտօնական հանդիսութիւնը:
Հայկազեան համալսարանի «Շարունակական ուսումնառութեան կեդրոն»ի հովանիին տակ կազմակերպուած այս մասնագիտական մշակումի ծրագրի հիմնական նպատակն էր ամրապնդել հայկական վարժարաններու ուսուցիչներուն կարողականութիւնը՝ զանոնք նկատելով նոր սերունդին հետ ամենասերտ եւ անմիջական կապը: Լիբանանահայ 18 վարժարաններէ 120 ուսուցիչներ մաս կազմեցին մասնագիտական մշակումի այս ծրագրին, որ 9 ամիսներու ընթացքին 12 ծաւալուն նիւթերու եւ կրթութեան ոլորտի տարբեր մասնագէտներու դասախօսութիւններու եւ աշխատանոցներու ընդմէջէն մասնակիցներուն փոխանցեց մանկավարժութեան մէջ տեղ գտած նորամուծութիւններ՝ շեշտը դնելով դպրոցներէն ներս քննադատական մտածելակերպի ընդհանուր մշակոյթի մը ստեղծման եւ աշակերտներուն քով անոր զարգացման:
Փակման հանդիսութիւնը սկսաւ Լիբանանի եւ Հայաստանի Հանրապետութիւններու քայլերգներով, որմէ ետք բարի գալուստի խօսքով ներկաներուն դիմեց մասնագիտական ծրագրի պատասխնատու Գայիանէ Մածունեան: Ապա ծրագրի վարչական կազմի անդամներէն՝ Հայկազեան համալսարանի Մանկավարժութեան բաժանմունքի վարիչ Տքթ. Յակոբ Եագուպեան շնորհաւորեց ծրագիրը աւարտող ուսուցիչները եւ շեշտեց քննադատական մտածողութեան անհրաժեշտութիւնը ապագայ սերունդներու պատրաստութեան աշխատանքին մէջ՝ այս ծրագիրը համարելով միայն սկիզբը հսկայ աշխատանքի մը, որուն յաջողութեան արդիւնքին կարելի պիտի ըլլայ ստեղծել միջավայր մը, ուր պիտի դաստիարակուի ընկերութեան մէջ յանձնառու դերակատարութիւն ունեցող նոր սերունդ մը:
Տքթ. Եագուպեան նշեց, որ այս իսկ պատճառով ծրագրի շեշտը դրուեցաւ կրթական գործի ղեկավարութեան, ինքնութեան կազմաւորման, կրթական ծրագիրներու մշակման, արեւմտահայերէնի եւ այլ նիւթերու ուսուցման եւ սորվելու գործընթացներուն վրայ եւ այս բոլորը ապահովուեցան ուսումնասիրութիւններու վրայ հիմնուած առաջնորդութեամբ՝ Լիբանանէն եւ արտասահմանէն հրաւիրուած մասնագէտ եւ փորձառու դասախօսներու կողմէ:
Իր խօսքը ուղղելով դպրոցներու տնօրէններուն եւ ուսուցիչներուն՝ Եագուպեան ընդգծեց, որ զարթօնքի խիստ պահանջք ունեցող լիբանանահայ դպրոցէն եւ անոր կրթական համակարգէն ներս, որեւէ փոփոխութիւն կրնայ արդիւնաւէտ ըլլալ, եթէ իրենք համոզուին անոր կարեւորութեան եւ զինուին ըստ այդ՝ յուսալով կրթական պատասխանատուներու նեցուկը եւ անսակարկ քաջալերանքը մեր կրթական համակարգը հզօրացնելու եւ վաղուան պահանջներուն պատշաճեցնելու գործընթացին մէջ:
Տքթ. Եագուպեանի խօսքէն ետք կատարուեցաւ մասնագիտական մշակումի ծրագրին մասին պատմող տեսաերիզի ցուցադրութիւն, որուն մէջ մասնակից տարբեր դպրոցներէ ուսուցիչներ տուին ծրագրին մասին վկայութիւններ՝ հիմնական շեշտը դնելով անոր ընձեռած երկխօսութեան եւ գաղափարներու փոխանակման առիթին վրայ:
Այնուհետեւ ներկաներուն դիմեց Գալուստ Կիւլպէնկեան հիմնարկի Հայկական համայնքներու բաժանմունքի տնօրէն Տքթ. Ռազմիկ Փանոսեան՝ նկատել տալով, որ Կիւլպէնկեան հիմնարկութիւնը իր հիմնադրման օրէն միշտ օժանդակած է հայ դպրոցին եւ կրթութեան՝ 60-ական թուականներուն կեդրոնանալով դպրոցաշինութեան վրայ, որ անհրաժեշտ, բայց ոչ միակ գրաւականն է կրթութեան զարգացման համար: Տքթ. Փանոսեան շէնքերը համեմատեց առանց «միջուկի» կոթողներու, որոնք դպրոցի վերածելու գործին մէջ Կիւլպէնկեան հիմնարկութեան այսօրուան ղեկավարութիւնը շեշտը կը դնէ մարդուժ պատրաստելու եւ վերապատրաստելու վրայ:
Հիմնարկութեան մարդուժի կազմաւորումի գործին նաեւ կ՚աւելնայ մանկավարժական գործիքներու պատրաստման ծրագիրը, եւ այս բոլորը կը կատարուին՝ մեկնելով հիմնարկութեան սփիւռքակեդրոն քաղաքականութենէն եւ արեւմտահայերէնը այս քաղաքականութեան կորիզ նկատող յղացքէն: Տքթ. Փանոսեան շեշտեց, որ հիմնարկութիւնը յստակ տարբերակում կը դնէ հայերէնին եւ «հայեցի դաստիարակութեան» միջեւ եւ կ՚աշխատի որդեգրել այնպիսի ծրագիրներ, զորս լաւագոյնը կ՚արտացոլեն այս փիլիսոփայութիւնը եւ կը քաջալերեն լեզուի վերակենդանացումը տարբեր ոլորտներէ եւ մասնագիտական շրաջանակներէ ներս:
Տքթ. Փանոսեան շարունակեց իր խօսքը՝ հակիրճ ձեւով ներկայացնելով այս նպատակին ծառայող Գալուստ Կիւլպէնկեան հիմնարկութեան Հայկական համայնքներու բաժանմունքի ծրագիրները, որոնք կ՚ընդգրկեն դպրոցներուն տրամադրուող նիւթական նպաստներ, հայերէնը թուային աշխարհ ներածող տարբեր միջոցառումներ, ինչպէս՝ ելեկտրոնային գիրքեր եւ խելախօսի ու համակարգիչի համար ուղղագրական սրբագրիչը, նաեւ հայերէնով պատանեկան ու երիտասարդական «Զարմանազան» ճամբարը:
Տքթ. Փանոսեան անգամ մը եւս շեշտեց տեսաերիզին մէջ ուսուցիչներուն կողմէ կրկնուած ժամանակակից մօտեցումի եւ մեթոտաբանութեան, դպրոցներու համախմբումի եւ գործակցութեան եւ նման ծրագրի մը ազդեցութեան եւ շարունակականութեան կարեւորութիւնը: Ան իր խօսքի աւարտին շնորհակալութիւն յայտնեց Հայկազեան համալսարանի նախագահ վերապատուելի Տքթ. Փոլ Հայտոսթեանին, Հայկազեան համալսարանի «Շարունակական ուսումնառութեան կեդրոն»ի տնօրէն Սեպուհ Կիւրիւնլեանին, ծրագրի վարչական կազմի անդամներ՝ Հայկազեան համալսարանի Մանկավարժութեան բաժանմունքի վարիչ Տքթ. Յակոբ Եագուպեանին եւ նոյն բաժանմունքի դասախօս Շաղիկ Խիւտավերտեանին եւ ծրագրի պատասխանատու Գայիանէ Մածունեանին:
Հանդիսութեան վերջին խօսքը առաւ Հայակազեան համալսարանի նախագահ դոկտ. Փոլ Հայտոսթեան, որ այս ծրագրին նկատեց կարեւոր ներդրում՝ վերջերս փոթորկուած լիբանանահայ կրթական կեանքի վերակարգաւորման եւ անոր ապագայ քայլերու կազմակերպութեան մէջ: Ան շնորհակալութեան առաջին խօսքը ուղղեց Գալուստ Կիւլպէնկեան հիմնարկութեան Հայկական համայնքներու բաժանմունքի տնօրէն Տքթ. Ռազմիկ Փանոսեանին՝ գնահատելով հիմնարկութեան նիւթական եւ բովանդակալից ներդրումը աշխարհի հայկական համայնքներու, մասնաւորապէս Միջին Արեւելքի հայկական կրթական կառոյցներու գործունէութեան սատարման մէջ:
Վերապատուելի Հայտոսթեան շնորհակալութիւն յայտնեց նաեւ ծրագրի մասնակից 120 ուսուցիչներուն, որոնք, գիտակցելով մասնագիտական մշակումի կարեւորութիւնը, կրցան մէկդի դնել լիբանանեան կրթական դաշտի վերիվայրումները եւ հրաժարելով իրենց շաբաթօրեայ հանգիստէն՝ կանոնաւոր ձեւով մաս կազմեցին ծրագրին: Ան շարունակեց իր խօսքը յատուկ շնորհակալութիւն յայտնելով ծրագրին մասնակից դպրոցներու տնօրէններուն, որոնք իրենց դպրոցներէն ներս ստեղծեցին այնպիսի մթնոլորտ, որմէ քաջալերուեցան եւ առաւելագոյն ձեւով օգտուեցան իրենց ուսուցիչները, իրենց հերթին նոր ստացած գիտելիքները փոխանցելով իրենց գործընկերներուն: Ան շեշտեց, որ այն դպրոցները, որոնց տնօրէնները անձնապէս հետեւեցան այս ծրագրին եւ իրենց ուսուցիչներու մասնագիտական զարգացման ընթացքին կրցան ձեռք բերել ընդհանուր ներշնչում եւ աւելի շօշափելի արդիւնքներ:
Տքթ. Հայտոսթեան, իր հերթին շնորհակալութիւն յայտնեց Հայկազեան համալսարանի մէջ գործող տարբեր կողմերուն, մասնաւորապէս համալսարանի Մանկավարժութեան բաժանմունքին եւ «Շարունակական ուսումնառութեան կեդրոն»ին, ինչպէս նաեւ ծրագրի աշխատանոցները վարող դասախօսներուն, որոնք ուշի-ուշով հետեւեցան ծրագրի բովանդակութեան ընտրութեան, որակին եւ տեւական արժեւորումին:
Տքթ. Հայտոսթեան իր շնորհակալական վերջին խօսքը ուղղեց ծրագրի պատասխանատու Գայիանէ Մածունեանին, որուն բծախնդիր եւ հետեւողական աշխատանքին արգասիքը եղաւ ծրագրի հեզասահ ընթացքը:
Հանդիսութիւնը աւարտեցաւ Հայկազեան համալսարանի քայլերգի ունկնդրութեամբ, վկայագրերու յանձնումով եւ հիւրասիրութեամբ:
«Զարթօնք»
Լիբանան