ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՆՈՐ ԿԱՌԱՎԱՐՈՒԹԵԱՆ ԿԱԶՄՈՒԹԻՒՆԸ Կ՚ՈՒՇԱՆԱՅ. ՊԱՏՃԱՌՆԵ՞ՐԸ

Վերջին օրերուն հետզհետէ աւելի թէժ քննարկումներու նիւթ սկսաւ դառնալ Լիբանանի նոր կառավարութեան կազմութեան հարցը։ Խնդիրը այն է, որ մէկ ամիս առաջ երկրի վարչապետ նշանակուած Սաատ Հարիրին ձգձգումներու կ՚ենթարկէ կառավարութիւնը կազմելու այդքան կարեւոր որոշումը։

Լիբանանցի ծանօթ լրագրող Նիքոլա Նասիֆ, որ այս նիւթին մասին բովանդակալից յօդուած մը հրապարակած է «Ալ Ախպար» պարբերականին մէջ՝ նկատել տուած է, որ կառավարութեան կազմութեան յետաձգումը ընդվզումի ալիք բարձրացուցած է խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի շրջանակներուն մօտ։ Ան այս առումով բովանդակալից զրոյց մը ունեցած է շիի Պըրրին հետ, որ իր կարգին յայտարարած է, թէ Հարիրի ինքնակամ կերպով «կը ձգձգէ» երկրին համար մեծ անհրաժեշտութիւն ներկայացնող խնդիրը։ Խորհրդարանի նախագահը նաեւ «բաց թեքստ»ով ըսած է, որ իր համբերութիւնը երկար չէ եւ կրնայ յառաջիկայ օրերուն հատնիլ։

Այստեղ տեղին է նշել, որ մասնաւորապէս Լիբանանի նման երկրի մը մէջ բաւական «թանկ» հաճոյք կը համարուի կազմել կառավարութիւն մը, որուն մէջ ներկայացուած պէտք է ըլլան երկրի քաղաքական հիմնական կողմերն ու քաղաքական «խաղ»ին մասնակից խմբաւորումները։

Համայնքային դրութեամբ կառավարուող եւ հակասութիւններու ու տարակարծութիւններու մէջ «թաղուած» երկրէն ներս կառավարութիւնը կը համարուի «համար մէկ» գործադիր մարմինը։ Կառավարութեան մէջ միայն վարչական որոշումներն ու ընկերային-տնտեսական օրէնքները չեն, որ կը մշակուին, այլ նաեւ հոն կը ձեւաւորուի ու կը հասուննայ երկիրը կառավարելու ընդհանուր դրոյթը։

Մէկ խօսքով՝ այդ կառավարութեան հիմերը պէտք է դրուած ըլլան այնպիսի հաւասարակշռութիւններու եւ փոխհասկացողութիւններու ընդհանուր պատուանդանի մը վրայ, որուն բոլոր մասնակիցները կարողանան իրենց խօսքը ըսել եւ յառաջ տանիլ Լիբանանի համար շատ յայտնի դարձած մօտեցում մը, որն է «ո՛չ յաղթող եւ ոչ ալ պարտուող» գործնական ընկալումը։

Ի դէպ, այս մօտեցումը նոր չէ, որ կը գործնականացուի։ Տարիներ տեւած Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի աւարտին, երբ բոլոր հիմնական «խաղացողներ»ը յօժարակամ կերպով համաձայնեցան մասնակցիլ Սէուտական Արաբիոյ Թաէֆ քաղաքին մէջ տեղի ունեցած համաժողովին (1989), որուն աւարտին ալ հոն կայացուած համաձայնութիւնը յայտնի դարձաւ, որպէս Թաէֆի համաձայնագիր, քաջ կը գիտակցէին, որ երկիրը իրողապէս «հիւանդ» է։ «Հիւանդ է» այն առումով, որ երկար տարիներ Լիբանանը կառավարող մարոնի համայնքը «ամէն բան իր ձեռքին մէջ առնելով» կարողացած էր ստեղծել մենատիրական իշխանութիւն։

Խօսեցանք «մարոնի» համայնքի երկիրը միանձնեայ կերպով կառավարելու դրոյթին մասին, սակայն այդ մէկը անպայման չի նշանակեր, որ քրիստոնեայ-մարոնիներու (հարկ է նշել, որ Լիբանանի նախագահը պարտաւոր է ըլլալ մարոնի համայնքի անդամ) գործած սխալներուն հետեւանքով է, որ բռնկեցաւ երկիրը արիւնագամ ըրած քաղաքացիական պատերազմը, սակայն ճշմարտացի է, որ այդ համայնքի ղեկավարութեան սխալներն ալ ծառայեցին, որ երկրին մէջ հորիզոնական բաժանում մը յառաջանայ։ Այս բոլորը նկատի առնելէ ետք լիբանանցի գործիչները լաւապէս ընկալած էին, որ պարտաւոր են հաւասարութեան տանող նոր ձեւաչափեր որդեգրել։ Ու Թաէֆի համաձայնութեան ամենէն գլխաւոր կէտը այն էր, որ երկրի երկրորդ հիմնական համայնք համարուող սիւննիները կը ստանային յաւելեալ իրաւունքներ։ Սիւննիներու վստահուած գերագոյն պաշտօնն էր երկրի վարչապետի պաշտօնը, որ սակայն մինչեւ Թաէֆի համաձայնագրին հրապարկումը ու համեմատելով երկրի գլխաւոր պաշտօն համարուող նախագահի պաշտօնին հետ, կը համարուէր «ստորադաս» պաշտօն մը։ Ու քանի որ Լիբանանը առաւելաբար շրջապատուած էր սիւննի տէրութիւններով, լիբանանցիք յարմար նկատեցին նոր հարթութեան մը վրայ դնել երկրի վարչապետի պաշտօնը։

Այստեղ անպայման հաշուի պէտք է առնել այն փաստը, որ Թաէֆի գագաթաժողի իրականացման համար մեծ եւ կենսական դեր կը կատարէր Սէուտական Արաբիան ու լիբանանեան հարցերու թագաւորութեան գլխաւոր «պատուիրակ» Ռաֆիք Հարիրին, որ նոյնպէս կը համարուէր այդ համաձայնութեան կնքահայրը, աւելի ուշ կը ստանձնէր Լիբանանի գլխաւոր կառավարիչի՝ վարչապետի պաշտօնը։ Հարիրի, որ մեծ ձեռնհասութեամբ կը վարէր այդ պաշտօնը, մեծ ճիգեր կ՚իրականացնէր, սիւննի աշխարհի «սիրտը շահելու», նաեւ ստորադասութեան բարդոյթ ապրող իսլամ լիբանանցիներուն հաւաստիացնելու, որ այլեւս ունին հաւասարազօր իրաւունքներ ու մարոնիները առաջուան նման միանձնեայ իշխանութիւն վարող համայնքը պիտի չդառնան։

ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ՆԵՐԿԱՅ ԴՐՈՒԹԻՒՆԸ

Եթէ խօսելու ըլլանք Լիբանանի ներկայի քաղաքական իրավիճակին մասին, ապա պիտի նկատենք, որ այսօր կազմուած ընդհանուր պատկերը ամբողջացած է վերջին գրեթէ տասը տարիներուն երկրի մէջ տեղի ունեցած զարգացումներուն հիման վրայ։

Անշուշտ նախկինին նման հորիզոնական բաժանում մը գոյութիւն չունի, սակայն յստակ է, որ քաղաքական ուժերու դերաբաշխումը հանգրուանած է նոր փուլ մը, որուն մէջ գլխաւոր խաղացողներ չկան, այլ կան համագործակցողներ...

Եթէ մօտիկ անցեալին Սուրիոյ իշխանութեանց դէմ եղող բոլոր խմբաւորումները մէկտեղուած էին ընդհանուր խորագրի մը տակ, որն էր «14 մարտ»ի քաղաքական ուժերը, ապա այսօր իրադրութիւնը բոլորովին այլ է։ Նոյնը կարելի չէ ըսել, այդ ուժերուն հակադարձելու համար ստեղծուած «14 մարտ»ի ուժերուն մասին, որոնք երեւութապէս որպէս կազմակերպուած ուժ գոյութիւն չունին, սակայն իրողապէս կը շարունակեն պահել ու պահպանել իրենց ներքին «օրկանիք» համագործակցութիւնն ու փոխհասկացողութիւնը։

Խնդիրը այն է, որ վարչապետ Սաատ Հարիրի, որ կը համարուէր «14 մարտ»ի քաղաքական ուժերուն հիմնական ուժանակը, մեծ «շրջադարձ» մը կատարելով նոր համաձայնութիւն մը գոյացուց, որուն շնորհիւ ալ Լիբանան շուրջ երեք տարի տեւած «պարապութենէ» ետք յաջողեցաւ Աունը ընտրել երկրի նոր նախագահ (2016)։

Հարիրիի բաւական «փրակմաթիք» մօտեցումին մէջ կ՚ուրուագծուէր, որ մարդը առաջուան քաղաքական հայեացքները չունի։ Ճիշդ է, երեւութապէս կը շարունակէ քննադատական սուրեր ուղղել Սուրիոյ կառավարութեան ու նախագահ Պեշար Էսատի հասցէին, սակայն ան «լռելեայն» եկած է այն եզրակացութեան, թէ առնուազն Լիբանանի ներքին կայունութիւնը ապահովելու եւ երկիրը կառավարելու համար պարտաւոր է լեզու գտնել «Հիզպուլլահ»ին հետ։

Այստեղ շատերը պիտի առարկեն, որ Հարիրի ուղղակիօրէն չի գործակցիր «Հիզպուլլահ»ին հետ ու անոր հիմնական յենարանն է՝ նախագահ զօրավար Աունն ու անոր առաջնորդած «Ազգային ազատ հոսանք» անունեալ քաղաքական ուժը։ Այո՛, ճիշդ է, այդպէս է, բայց այս մօտեցումը յառաջ քաշողները արագօրէն կը մոռնան, որ «Հիզպուլլահ»ին հետ անմիջական կապ ունեցող, անոր հետ լեզու գտնող ու յաճախ անոր «թելադրանքներ»ը կատարող ուժը նախագահ Աունն է։ Ու այս առումով ալ յստակ է, թէ այդ համաձայնութեան հիմքով է նաեւ, որ երկրի նախագահը կը հովանաւորէ Սաատ Հարիրիի անձնական ապահովութիւնը, բան մը, որ անոր հօր՝ վարչապետ Ռաֆիք Հարիրիի սպանութենէն ետք (2005) դարձած էր «գէշ երազ» մը՝ Լիբանանի այն ուժերուն ու յատկապէս վարչապետ Սաատ Հարիրիին համար, որոնք իրենց նախկին ղեկավարին սպանութեան հարցը կը բեռցնէին Էսատի ու «Հիզպուլլահ»ի որոշ ղեկավարներու ուսերուն։

Այս բաւականին «քրիթիք» իրադրութեան մէջ էր, որ Հարիրի որոշում կ՚առնէր ձեւով մը շեղիլ իր գլխաւոր ճանապարհէն ու թեքիլ դէպի նորը։

Անշուշտ այս մէկը գոհ պիտի չձգէր Սէուտական Արաբիան, որ ոչ միայն ուշի ուշով կը հետեւի ներլիբանանեան զարգացումներուն, այլ կը փորձէ ամէն կերպով պահել իր ազդեցութեան լծակները այդ երկրին մէջ։

Այս բոլորէն անդին այսօրուան ընդհանուր իրավիճակին մէջ յստակ է, որ մինչ սիւննիներու գլխաւոր առաջնորդը Սաատ Հարիրին է, անդին շիիներու պարագային եւ յատկապէս վերջին (6 մայիս) ընտրութիւններէն ետք սկսած է երեւելի դառնալ, որ յատկապէս «Հիզպուլլահ»ի եւ երկրի խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի հովանաւորութեան տակ եղող ուժերը արդէն իսկ մեծամասնութիւն մը կը կազմեն երկրի նոր ընտրուած խորհրդարանին մէջ։ Այս մասին ալ արդէն խօսած էր Իրանի «Ալ Քուտս» ջոկատի ղեկավար զօրավար Սուլէյմանին՝ նկատել տալով, որ իրենք յաղթանակ տարած են Լիբանանի մէջ եւ այսօր իրանամէտ ուժերուն խորհրդարանի մէջ ներկայութիւնը կը հասնի 74-ի։ Սուլէյմանիի այս խօսքը կը զայրացնէր երկրի «միւս թեւ»ին ներկայացուցիչները, որոնք անոր խօսքին մէջ Լիբանանէ ներս նիւթուած դաւեր կը տեսնէին։ Բացի «Հիզպուլլահ»էն, Հարիրիէն եւ Պըրրիէն, այսօր Լիբանանի մէջ կան երկու քրիստոնեայ հիմնական ուժեր, որոնք են «Լիբանանեան ուժեր»ն ու նախագահ Աունի փեսային գլխաւորած «Ազգային ազատ հոսանք» կուսակցութիւնը, որոնք կոչուած են կարեւոր դերի մը, որն է ապահովել երկրի ներքին ապահովութիւնը եւ դերաբաշխումը. մէկ կողմէ իրանցիներուն եւ միւս կողմէ՝ սէուտցիներուն համար։

Ու այս շրջագիծին մէջ սկսած է բաւական դժուարին դառնալ Հարիրիի նոր կառավարութիւն մը կազմելու «առաքելութիւն»ը։ Այն իմաստով, որ այդ կառավարութեան կազմութեան պարագային տեսանելի որեւէ սխալ կամ «սայթաքում» պիտի համարուի առկայ հաւասարակշռութիւններու իրական խախտում, որ կը վնասէ նախագահ Աունի ընտրութեամբ ընթացք առած «ո՛չ յաղթող, ոչ պարտուող» «խաղ»ին… Առանց որուն ալ Լիբանանի ընդհարման ուժանակի «պատրաստ» պատրոյգը կրնայ շատ արագ կերպով բռնկիլ։

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Երեւան

Երկուշաբթի, Յուլիս 9, 2018