ՄԵԿՆՈՒԹԻՒՆ՝ ՅՈՎՀԱՆՆԷՍԻ ԱՒԵՏԱՐԱՆԻՆ

ԳԼՈՒԽ Ա.

ՕՐԷՆՔՆԵՐՈՒ ՄԱՍԻՆ

Խօսք. «Օրէնքը Մովսէսի միջոցով տրուեցաւ» (Յհ 1.17):

Մեկնութիւն. Մովսէսն ու օրէնքը անցեալին պատուելի էին, բայց անոնք օրինակ էին. Մովսէս՝ Քրիստոսի, օրէնքը՝ Աւետարանին, իսկ ժողովուրդը՝ նոր եկեղեցիին:

Նախ, որովհետեւ այն՝ մարմնաւոր էր, իսկ այս՝ հոգեւոր: Երկրորդ, այն՝ մասնաւոր եւ անցաւոր, իսկ այս բոլորը՝ բոլոր ազգերուն եւ մնացական: Երրորդ, ան՝ մարգարէ, իսկ Սա՝ Աստուած: Չորրորդ, ան՝ օրինակ, իսկ Սա՝ ճշմարտութիւն:

Նոյնպէս մենք՝ Քրիստոսի անդամներ, իսկ անոնք՝ ժողովուրդ: Երկրորդ, անոնք՝ օրէնքով, իսկ մենք՝ շնորհքով: Երրորդ, անոնք՝ երկրի ժառանգորդ, իսկ մենք՝ երկինքի: Չորրորդ, անոնք՝ ծառաներ ու վարձկաններ, իսկ մենք՝ որդիներ: Ատոր համար կ՚ըսէ՝ պատկառեցէ՛ք, որովհետեւ պատկառիլը որդիներուն յատուկ է, իսկ երկիւղը՝ ծառաներուն եւ վարձկաններուն: Տակաւին այլ բաղդատութիւն հինին եւ նորին միջեւ տե՛ս Հարցմանց գիրքի վեցերորդ հատորի 70-րդ համարին մէջ:

Այսքանը առաջինը փոխը, մէկը չորս վկայութիւններէն, թէ Քրիստոս Աստուած է:

Առաջինը այս է. ով որ Աստուծմէ ծնած է հոգեւոր եւ յաւիտենական ծնունդով, Աստուած է, հետեւաբար Քրիստոս Աստուած է, որովհետեւ Հօրմէն ծնած է յաւիտեաններէն իսկ առաջ, ինչպէս Յովհաննէսը կ՚ըսէ. «Աշխարհի ստեղծագործութենէն առաջ գոյութիւն ունէր Բանը. Բանը Աստուծոյ հետ էր եւ Բանը Աստուած էր» (Յհ 1.1), եւ միւս ամբողջ աստուածաբանութիւնը անոր հետ կարգեց: Իսկ այստեղ երկրորդը կ՚ըսէ. մարգարէներու վկայութիւններուն համար, ինչպէս Եսային կ՚ըսէ. «Պատրաստեցէ՛ք Տիրոջ ճանապարհը» (Ես 40.3), իսկ Յովհաննէսը Տիրոջ գալստեան ձայնն ու կարապետը եղաւ:

ԹԷ ԱՍՏՈՒԱԾ Ի՛ՆՉՊԷՍ ԿԸ ՏԵՍՆՈՒԻ

Նախապէս Աւետարանիչը ցոյց տուաւ, թէ առաքեալները ինչպէս ճանչցան զՔրիստոս՝ շնորհքով լեցուն. այժմ ցոյց կու տայ, թէ ինչպէս ճանչցան զԻնք՝ ճշմարտութեամբ լեցուն, երբ կ՚ըսէ.

Խօսք. «Ոեւէ մէկը երբեք զԱստուած չէ տեսած» (Յհ 1.18):

Մեկնութիւն. Որովհետեւ առաքեալները զՔրիստոս ճշմարտութեամբ լեցուն է սորվեցան Քրիստոսէ, որ սորվեցուց անոնց աստուածային խորհուրդը, որու խորհուրդը ո՛չ ոք կրնայ ըմբռնել, եթէ ճշմարտութեամբ լեցուն չըլլայ, ատոր համար ըսաւ. «Ոեւէ մէկը երբեք զԱստուած չէ տեսած»: Այստեղ, այս ոեւէ մէկը կ՚առընէ ո՛չ միայն մարդոց համար, այլեւ՝ բոլոր ստեղծուածներուն համար, որովհետեւ մարդը բոլոր արարածներուն հետ կը համեմատէ, ինչպէս իմացումով՝ հրեշտակներուն, զգայութեամբ՝ անասուններուն, աճողութեամբ՝ բոյսերուն եւ տունկերուն: Այդ պատճառով մարդը երբեմն ստեղծուած անունով կ՚անունանուի, իսկ երբեմն ալ բոլոր ստեղծուածները մարդու անունով կը յիշատակուին, ինչպէս այստեղ. «Ոեւէ մէկը երբեք զԱստուած չէ տեսած», այսինքն՝ ոեւէ մէկ ստեղծուած չկրցաւ տեսնել՝ աստուածային էութիւնը ըմբռնելով, իսկ թէ որմէ՞ կ՚ըմբռնուի, ապա կ՚ըսէ՝ «բացի Միածինէն, որ Աստուած է եւ Հօրմէն անբաժան» (Յհ 1.18). այսինքն՝ Ան որ Հօր էակից ու համաբնութենակից է, Ա՛ն կրնայ ըմբռնել ու ճանչնալ զԱստուած՝ միացեալ մարդկութեամբ:

ԵՒ ԱՆ ՊԱՏՄԵՑ ՄԵԶԻ

Այսինքն՝ առաքեալներուն եւ միւս աշակերտներուն ուսցանելով Երրորդութեան խորհուրդն ու այլ բազմաթիւ բաներ, որ Մովսէս օրէնքն ու միւս մարգարէները այդպէս յայտնապէս չուսուցանեցին:

Այստեղ երեք հարցումներ կը ծագին.

Առաջին. Որովհետեւ Մովսէսը, Դանիէլը, Եսային եւ այլ մարգարէներ զԱստուած տեսան, իսկ այստեղ կ՚ըսէ. «Ոեւէ մէկը երբեք զԱստուած չէ տեսած» (Յհ 1.18):

Պատասխան. Այս մասին կ՚ըսենք, թէ Աստուծոյ բնութեան էութիւնը ոեւէ մէկը չտեսաւ, բայցի Միածինէն, իսկ մարգարէները զանազան կերպերով տեսան, ինչպէս Մովսէսը որպէս լոյս եւ հուր, Եղիան՝ որպէս օդ, Դանիէլը՝ որպէս հինաւուրց, նոյնպէս Եզեկիէլն ու Եսային՝ աթոռի վրայ նստած, եւ միւսները նմանապէս:

Երկրորդ. ուրիշներ կը տարակուսին, թէ այս կ՚ըսէ. «Ոեւէ մէկը երբեք զԱստուած չէ տեսած», նոյնպէս Պօղոսը [կ՚ըսէ]՝ «զոր մարդոցմէ ո՛չ ոք տեսած է եւ ոչ ոք ալ կրնայ տեսնել» (Ա.Տմ 6.16): Իսկ Օրէնքին մէջ կ՚ըսէ. «Մարդ չի՛ կրնար զիս տեսնել ու ապրիլ» (Ելք 33.20):

Հետեւաբար, ո՞չ ոք կրնայ զԱստուած տեսնել:

Պատասխան. Այս մասին կ՚ըսենք, նախ՝ բազմաթիւ վկայութեամբ, ինչպէս ինք՝ Աւետարանիչը աւետիս կու տայ, թէ՝ «...զԻնք պիտի տեսնենք Իր իսկութեան մէջ» (Ա.Յհ 3.2). Պօղոսը կ՚ըսէ. «Մենք այժմ զԱստուած կը տեսնենք աղօտ կերպով, կարծես հայելիի մը մէջէն. բայց երբ ամէն բանի կատարումը գայ՝ զԱյն պիտի տեսնենք դէմ առ դէմ» (Ա.Կր 13.12). հրեշտակներուն մասին Տէրը կ՚ըսէ. «...միշտ կը տեսնեն Իմ երկնաւոր Հայրս» (Մտ 18.10). եւ դարձեալ, թէ՝ «Ինքզինք երեւցուց անոր» (Հմմտ. Մր 16.14), եւ թէ՝ «պիտի տեսնեն Մարդու Որդին, որ երկինքի ամպերուն վրայէն կու գայ» (տե՛ս Մտ 24.30), եւ ուրիշ բազմաթիւ [վկայութիւններ], հետեւաբար՝ զԱստուած կը տեսնենք:

Երկրորդ. Վարդապետները կ՚ըսեն, թէ զԱստուած կը տեսնենք ինչքանով որ կրնանք տեսնել, այլ՝ ո՛չ թէ ինչպէս որ է Աստուած. ծովն ալ կը տեսնենք, սակայն ո՛չ ամբողջը. աթոռն ալ հիւսնը կը տեսնէ, սակայն ո՛չ թէ անոր ամբողջ զօրութիւնը:

Երրորդ. կ՚ըսեն, թէ այդ տեսութիւնը ըստ բնութեան կարգին չէ, այլ՝ ըստ Աստուծոյ շնորհին, ինչպէս կ՚ըսեն իմաստունները, թէ ամէն ինչ, որ սկսած է, պիտի վախճանի, սակայն թէ՛ հրեշակները եւ թէ հոգիները որովհետեւ անվախճան են, ո՛չ թէ ըստ բնութեան կարգի, այլ՝ ըստ Արարիչի կամքին: Նոյնպէս Աստուծոյ տեսութիւնը շնորհներու կարգին համաձայն է, որովհետեւ Աստուծոյ տեսութիւնը արքայութիւն է:

Չորրորդ. կ՚ըսեն, թէ սուրբերը հաւատքով եւ սրբութեամբ կը տեսնեն զԱստուած, ըստ այնմ՝ «սիրտով մաքուրները [սուրբերը] զԱստուած պիտի տեսնեն» (տե՛ս Մտ 5.8), սակայն անսուրբները [անմաքուրները] եւ անհաւատները երբեք զԱստուած պիտի չտեսնեն, ինչպէս հեթանոսները, որովհետեւ ոչինչ համարած են զԻնք:

Այսքանը երկրորդին համար:

Իսկ երրորդ. Կը տարակուսին, թէ ո՛չ ոք զԱստուած կը տեսնէ, ապա դուն ինչպէ՞ս ըսիր. «Աշխարհի ստեղծագործութենէն առաջ գոյութիւն ունէր Բանը» (Յհ 1.1), եւ այլն, եւ՝ «մենք տեսանք Անոր փառքը» (Յհ 1.14), եւ այլն:

Պատասխան. Կ՚ըսէ՝ Միածինը պատմեց մեզի, իսկ Սուրբ Հոգին՝ յայտնեց, Անկէ սորվեցանք եւ Անոր մասին խօսեցանք: Ապա յայտնի է, որ Երրորդական անձնաւորութիւնը, մէ՛կ բնութիւնը, Բանին մարդեղութիւնը եւ միւս բոլոր բաները Աւետարանը կը սորվեցնէ մեզի: Իսկ անոնք որոնք Աւետարանը չեն գիտեր, չեն ճանչնար զԱստուած գիտութիւնը:

ՄԻԱԾԻՆԻՆ ՄԱՍԻՆ

Միածին կ՚ըսուի բազմաթիւ պատճառներով. նախ՝ Միածին կ՚ըսուի, որովհետեւ Ի՛նք միայն համագոյ ծնողին ծնունդն է՝ ըստ այնմ. «Բանը սկիզբէն Աստուծոյ հետ էր» (տե՛ս Յհ 1.1), իսկ միւս բոլոր ծնողները ծնեալէն առաջ են:

Երկրորդ. որովհետեւ միայն Ինք Հօրմէն ծնած է անմայր՝ ըստ այնմ. «Հօրմէն ելայ եւ աշխարհ եկայ» (Յհ 16.28):

Երրորդ. որովհետեւ միայն Ի՛նք Հօրմէն ծնած է եւ եղբայր չունի, եւ քանի որ Հոգին ալ Հօրմէն է, սակայն բխում է եւ ո՛չ ծնունդ, ինչպէս վերը՝ վեցերորդ գլուխին մէջ ցոյց տրուեցաւ:

Չորրորդ. որովհետեւ միայն Ի՛նքն է անբաժանելի ծնունդ ծնող Հօրմէն, ըստ այնմ. «Բանը Աստուծոյ հետ էր» (Յհ 1.1):

Հինգերորդ. միայն Ի՛նքն է Հօր հետ համահաւասար ծնունդ, կատարելութեամբ, զօրութեամբ եւ իմաստութեամբ, ըստ այնմ. «Այնպէս՝ ինչպէս Հայրը զիս կը ճանչնայ եւ Ես՝ Հայրը» (Յհ 10.15):

Վեցերորդ. Ան է միայն անուր եւ աներբ ծնունդ, ինչպէս կ՚ըսէ. «Բոլոր բլուրներէն առած ծնաւ զիս» (հմմտ. Առ 8.25). եւ «Անոր անունը արեւէն իսկ առաջ է» (Հմմտ. Սղ 72.17):

Եօթներորդ. Ան է միայն միշտ եւ անդադար ծնունդ, որովհետեւ ինչպէս որ ո՛չ ժամանակի ընթացքին սկսաւ եւ ինչպէս որ ալ ժամանակ ընթացքին չի՛ դադրիր, այլ՝ ինչպէս լոյսը հուրէն միշտ եւ առանց հատնումի կը ծնի:

Ութերորդ. Ան միայն Հօրմէն ծնունդ է եւ երբեք չի՛ հայրանար, որովհետեւ Ինքնին չունի ծնունդ, ինչպէս Ինք՝ Հօրմէն:

Իններորդ. Միածին կ՚ըսուի ըստ մարմնաւոր ծննդեան, մօրմէն ծնած՝ առանց հօրի, ըստ այնմ ինչպէս հրեշտակը ըսաւ. «Ան, որ քեզմէ պիտի ծնի, Սուրբ Հոգիէն է» (տե՛ս Ղկ 1.35):

Տասներորդ. ոմանք կ՚ըսեն, թէ Քրիստոսի ծնած ժամանակ բոլոր ծնունդները արգիլուեցան, մինչեւ որ ծնաւ բոլոր ծնունդներու երկունքներուն բարձողը, որովհետեւ Ան բոլոր ծնունդներուն անդրանիկը կ՚ըլլար:

ԾՈՑԻ ՄԱՍԻՆ

Տեսանք, թէ ինչ կը նշանակէ «որ Աստուած է եւ Հօրմէն անբաժան [գրաբար՝ ի ծոց Հաւր]» (Յհ 1.18):

Ասիկա տասը պատճառի համար կ՚ըսենք. նախ՝ որովհետեւ ծոց մերձաւորութիւն կը նշանակէ, եւ մեր Տէրը կ՚ըսէ. «Հայրս Ինծի հետ է» (տե՛ս Յհ 14.11):

Երկրորդ. որովհետեւ ծոցը մարդէն անբաժանելի է, եւ մեր Տիրոջ մասին կ՚ըսէ, թէ «Բանը Աստուծոյ հետ էր» (Յհ 1.1):

Երրորդ. որովհետեւ ծոցը մարդուն էութենէն է, այդպէս ալ մեր Տէրը Հօր Աստուծոյ էութենէն է:

Չորրորդ. որովհետեւ ծոցը անյայտ է, եւ մեր Տէրը կ՚ըսէ. «Ո՛չ ոք կը ճանչնայ Որդին, բացի Հօրմէն, եւ ո՛չ ոք կը ճանչնայ Հայրը, բացի Որդիէն» (տե՛ս Յհ 8.19):

Հինգերորդ. որովհետեւ ծոցը մարմինին վրայ ուրիշէ մըն է ըստ իրին, սակայն անով մարդը կ՚երեւի. նոյնպէս այլ [ուրիշ] է Որդիին անձնաւորութիւնը, սակայն բնութիւնը Հօր հետ մէկ է, ըստ այնմ. «Հայր, փառաւորէ՛ Որդիր» (Յհ 17.1), որ ցոյց կու տայ անձերուն համաբնութիւնն ու առանձնաւորութիւնը:

Վեցերորդ. որովհետեւ երբ որ մարդը կամենայ, կը յայտնէ, ինչ որ ծոցին մէջ է, այդպէս ալ Աստուած, երբ կամեցաւ, Իր Որդին յայտնեց, որովհետեւ մինչեւ Բանին մարդեղութիւնը Երրորդութեան խորհուրդը ծածուկ էր:

Եօթներորդ. որովհետեւ ծոցը սիրտին մօտիկ է եւ առաւել սէրը ցոյց կու տայ, այդպէս ալ Հայրը կը սիրէ Որդին եւ ամէն ինչ ցոյց կու տայ Անոր:

Ութերորդ. որովհետեւ ինչ որ սիրտին մէջ կը ծնի, ծոցէն ծածուկ չէ, այդպէս ալ երկնաւոր Հայրը ոչինչ կը կատարէ առանց Որդիին, ըստ այնմ. «Ամէն ինչ Անով եղաւ» (Յհ 1.1), եւ թէ՝ «Ես Հայրը կը ճանչնամ» (տե՛ս Յհ 10.15):

Իններորդ. որովհետեւ նախ ծոցը կ՚երեւի եւ անով նոր ներքեւինները, այդպէս ալ Բանին միջոցով Հայրը ճանչցանք, որովհետեւ Ան Անոր էութեան պատկերն ու նկարագիրն է:

Տասներորդ. որովհետեւ ծոցը բոլոր բաներուն կրողն է, որ մարդը ունի, այդպէս ալ Հոգին, որ Հօրմէն կ՚ելլէ, Որդիին մօտ կ՚իջեւանի, եւ Անով [Որդիով] արարածներուն կը բաշխուի, եւ այս իսկ սորվեցուց Աւետարանը:

 

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

•շար. 10

Վաղարշապատ

Երեքշաբթի, Յուլիս 9, 2019