ՀԱՐՑՈՒՄՆԵՐՈՒ ՊԱՏԱՍԽԱՆՆԵՐ ԱՌԱԿԱՑ ԳԻՐՔԷՆ ԵՒ ԲԱՑԱՏՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
Հարցում. Բան մը ուզելուն մէջ ի՞նչ է տարբերութիւնը անօրէնին եւ արդարին:
Պատասխան. Իմաստունը հետեւեալը կը գրէ այդ մասին. «Անօրէնը ամէն օր սաստիկ կը ցանկայ. իսկ արդարը կու տայ ու չի խնայեր» (Առ 21.26):
Անօրէնը, որովհետեւ այս աշխարհին կապուած է եւ կը կարծէ, թէ ամէն ինչ այս աշխարհով սահմանափակուած է, ապա անհագօրէն կը ցանկայ ունենալ ամէն ինչ: Որեւէ մէկ բան ունենալէ ետք ալ, ցանկութեամբ կ՚այրի, որպէսզի իր այդ ունեցածը աւելցնէ:
Մինչ արդարը, որ այն գիտակցութեան հասած է, թէ ինք պանդուխտ է այս աշխարհին վրայ եւ թէ իր հայրենիքը երկինքն է, ո՛չ թէ այստեղ, ապա աղքատ ալ ըլլայ ու առիթ ունենայ իր ունեցածով կիսուելու իր նմանին հետ, չի՛ խնայեր, ընդհակառակը, կու տայ՝ սրտանց կու տայ, առանց մտածելու, թէ յետոյ ինչ կը պատահի իր հետ: Յիշենք այրի կինը (տե՛ս Մր 12.41-44), որ իր ունեցածը նետեց տաճարի գանձանակին մէջ, որով եւ Տիրոջ դրուատանքին արժանացաւ. «Վստա՛հ գիտցէք, որ այս թշուառ այրին բոլորէն շատ դրամ նետած եղաւ գանձանակին մէջ, որովհետեւ միւսները իրենց աւելորդ գումարներէն նետեցին, մինչ անիկա, հակառակ չքաւոր ըլլալուն, ինչ որ ունէր՝ իր ամբո՛ղջ ապրուստը» (Մր 12.43-44):
Անօրէնին ցանկասիրութիւնը կու գայ իր կեանքին հետ անհաշտ ըլլալու հանգամանքէն: Որովհետեւ, ան իր կեանքին նպատակը չէ՛ գտած, չէ՛ հասկցած, կամ չէ՛ գիտակցած իր կոչումին, որով ինքզինք տուած է աշխարհի հաճոյքներուն եւ ունայնութիւններուն՝ անոնց մէջ բաւարարութիւն փնտռելով: Բնականաբար, նման մօտեցում մը կեանքին կորստաբեր է եւ այդ մօտեցումը տիրոջ դէպի կորուստ կը տանի:
Կեանքը հաճոյքներու եւ սին ցանկութիւններու մէջ չէ, ո՛չ: Կեանքը մարդուն տրուած է, որպէսզի ապրի՛ զայն: Ապրելու համար կարիքն ունի կեանքը պարգեւողին՝ Աստուծոյ, որպէսզի իր կեանքը լեցուն ըլլայ, արժէքաւոր ու նպատակադրուած ըլլայ: Առանց Աստուծոյ ապրուած կեանքը անիմաստ ու աննպատակ է:
Արդարը, արդարեւ, հասկցած է կեանքին գաղտնիքը եւ իր կեանքին Տէր ու Թագաւոր ընդունած է զԱստուած, որով վերածուած է հարուստի, որու գանձերը երբեք չեն սպառիր, ընդհակառակը, կ՚աճին ու կը բազմանան, որովհետեւ համտեսած է տալուն քաղցրութիւնը եւ զգացած է, թէ ինչպէս տալով ո՛չ թէ իր ունեցածը կը պակսի, այլ՝ օր օրի կ՚աւելնայ: Անդին, շատեր, որոնց բաժին կը հասնի իր տուածէն, անոնք եւս կը սկսին նոյն ուրախութեամբ եւ գոհունակութեամբ իրենց ունեցածէն տալ, որով կը սորվին գոհունակութեամբ ապրիլ եւ շնորհակալ ըլլալ իրենց ունեցածին համար:
Անօրէնը, սակայն, ագահութեան մարմաջէն մոլեգնած, ո՛չ իսկ կտոր մը հաց կու տայ իր մօտ եղող անօթեւանի մը, որ օրերէ ի վեր հաց չէ կերած: Ագահութիւնը, արդարեւ, մարդս կը վերածէ անբան անասունի մը, որ բացի իրմէ ուրիշ ոեւէ մէկուն մասին չի՛ մտածեր: Միայն կ՚ուզէ դիզել, կուտակել, շատցնել իր ունեցածը, առանց յագենալու, առանց կշտանալու:
Տէր Յիսուս ի պատասխան հետեւեալ հարցումին, թէ՝ «ի՞նչն է որ մարդս կ՚ապականէ». պատասխանած է. «Մարդուս սիրտէն [այսինքն՝ միտքէն] է որ կ՚ելլեն չար մտածումները.- Շնութիւն, պոռնկութիւն, գողութիւն, սպանութիւն, ԱԳԱՀՈՒԹԻՒՆ [ընդգծումը մե՛րն է], չարութիւն, նենգութիւն, գիջութիւն, չար նախանձ, հայհոյութիւն, ամբարտաւանութիւն, անզգամութիւն» (Մր 7.21-22):
Կը տեսնենք, ուրեմն, որ ագահութիւնը մարդս կ՚ապականէ, այլ խօսքով, կը խաթարէ իր մէջ եղող աստուածային պատկերը, աստուածային նմանութիւնը:
Սուրբ Յովհան Մանդակունի Հայրապետը ագահութիւնը կը նոյնացնէ արծաթսիրութեան, երբ կը գրէ. «Ի՞նչ է արծաթսիրութիւնը. արծաթսիրութիւնը՝ անհաւատութիւն, անյուսութիւն, անգթութիւն, անողորմութիւն, ԱԳԱՀՈՒԹԻՒՆ [ընդգծումը մե՛րն է], արհամարհութիւն, անբարի ստութիւն, անձնահաճութիւն, եւ Աստուծոյ պատուիրաններուն չնայիլ է»:
Իսկ Մատթէոս Ջուղայեցի Վարդապետը հետեւեալ ձեւով կը բացատրէ թէ, ո՛վ է արդարը եւ ո՛վ՝ անօրէնը:
* Սակայն գիտելի է, թէ ի՛նչ է արդարութիւնը եւ ի՛նչ է անօրէնութիւնը:
Գիտելի է, քանի որ արդար կը կոչուի ան, որ հաւասարապէս բաշխող է, որովհետեւ իմաստասէրն ալ այսպէս կը սահմանէ, ու այսպիսի արդարութիւնը առաջնորդներունն է, քանի որ պէտք է բոլորին նոյն ձեւով ընդունիլ՝ ե՛ւ աղքատին, ե՛ւ տնանկին, եւ ըստ իր կարելիութեան պատուել:
Երկրորդ՝ «արդար» կը կոչուի ան, որ խոհեմութիւն, ողջախոհութիւն եւ քաջութիւն ունի: Խոհեմ ո՛չ անասնականը կ՚ըսեմ, ինչպէս ուղտինը, այլ՝ բանականը, այսինքն՝ որ գիտնայ, թէ ինչպիսի օրեր են, մանաւանդ թէ օրուան խորհուրդը քննել եւ պահքերուն մեծութիւնը ճանչնալ: Նոյնպէս ողջախոհութիւնը, քանի որ այսօր պահք է, հրաման չունի իր մաքուր անկողինին մօտենալ, որպէսզի պոռնիկ չկոչուի՝ օրէնքը լուծելով: Նմանապէս զօրաւոր կ՚ըլլայ, որպէսզի զօրանայ աղօթքի ու ողորմութեան, ինչպէս նաեւ խոստովանութեան մէջ, այս բոլորէն ետք քրիստոնեան արդար կը կոչուի:
Երրորդ՝ «արդար» կը կոչուի ան, որ հոգիին բաժինը նոյնքանով կու տայ ինչպէս մարմինին, քանի որ եթէ հոգին կենդանի է, եւ ապա՝ մարմինն ալ [կենդանի է], որովհետեւ մարմինին կեանքը որոշ ժամանակ է, իսկ հոգիինը՝ յաւիտենական: Արդ, պէտք չէ ժամանակաւորը ապրեցնել եւ յաւիտենականը կորսնցնել:
Չորրորդ՝ «արդար» կը կոչուի ան, որ միջին ճանապարհով կ՚ընթանայ, ո՛չ աջ եւ ո՛չ ալ ձախ կը խոտորի, այսինքն՝ ո՛չ մարմնական մեղքերու մէջ իյնալ, որ է ձախ խոտորումը, որ է ագահութիւն, պոռնկութիւն, եւ այլն: Եւ ո՛չ ալ աջ, որ է հպարտութիւն, նախանձ, եւ այլն:
Հինգերորդ՝ «արդար» կը կոչուի ան, որ ինչ գործի որ կանչուած է, նոյնին մէջ կը մնայ եւ այնտեղէն չ՚ելլեր, ինչպէս որ եթէ քահանայ է, քահանայութեան մէջ մնալ: Նմանապէս եւ միւսները, քանի որ առաքեալը կ՚ըսէ. «Ինչ վիճակի մէջ էիք որ կանչուեցաք, նոյն վիճակին մէջ մնացէք» (տե՛ս Ա. Կր 7.20, 24):
Վեցերորդ՝ «արդար» կը կոչուի ան, որ թերացած չէ աստուածային բաներուն մէջ, այդ պատճառով աստուածային Գիրքը կ՚ըսէ. «Աբրահամ հաւատաց Աստուծոյ եւ այդ հաւատքը իրեն արդարութիւն սեպուեցաւ» (Ծն 15.6):
Եօթներորդ՝ «արդար» կը կոչուի ան, որ Աստուծոյ օրէնքներուն համար վրէժխնդիր է, ինչպէս Փենէհէսը (Տե՛ս Թւ 25), որ աստուածային օրէնքներուն համար սպաննեց Զամբրիին եւ Քասբիին, ինչպէս մարգարէն կ՚ըսէ. «Քաւեց ու մահը արգիլեց, եւ ատիկա իրեն համար արդարութիւն սեպուեցաւ» (հմմտ. Սղ 105.30-31):
Ութերորդ՝ «արդար» կը կոչուի ան, որ առանց աչառութեան եւ առանց կաշառքի դատաստան կը կատարէ, ինչպէս Տէրը կ՚ըսէ. «Երեւոյթներէն մի՛ դատէք, այլ արդար դատաստան կատարեցէք» (Յհ 7.24):
Իններորդ՝ «արդար» կը կոչուի եւ ան, որ ողորմած է, ինչպէս մարգարէն կ՚ըսէ. «Սփռեց ու աղքատներուն տուաւ, անոր արդարութիւնը յաւիտեան կը մնայ» (տե՛ս Սղ 111.9):
Տասներորդ՝ այս բոլորէն հեռու, Աստուած «արդար» կը կոչուի, ինչպէս մարգարէն կ՚ըսէ. «Արդար է Տէրը եւ արդարութիւնը կը սիրէ» (տե՛ս Սղ 9.8): Իսկ Անոր արդարութիւնը կ՚ըսէ, որ աստուածային բոլոր խօսքերը գործով կը պարունակէ իր սիրտին մէջ: Այս՝ այսքան:
Իսկ «անօրէն» կը կոչուի նախ ան, որ բնաւ օրէնքները չէ առած, ինչպէս կռապաշտներն ու այլազգիները, այդ պատճառով անօրէններ կը կոչուին:
Երկրորդ՝ «անօրէն» կը կոչուի ան, որ օրէնքները առած է բայց չի՛ կատարեր, եւ ասիկա աւելիով կը պատժուի քան միւսը, որովհետեւ առաքեալը կ՚ըսէ. «Աւելի լաւ կ՚ըլլար՝ որ անոնք բնաւ ճանչցած չըլլային արդարութեան ճամբան, քան թէ ճանչնային» (Բ. Պտ 2.21):
Երրորդ՝ «անօրէն» կը կոչուի ան, որ չարիք կը գործէ եւ չարիքներու մէջ անզեղջ մնալով՝ ողորմութիւն կը գործէ: «Որովհետեւ ոչ ոք կրնայ երկու տէրերու ծառայել» (Մտ 6.24), ըսաւ Տէրը, թէ՝ «ով որ մեղք կը գործէ, ծառայ է մեղքին» (Յհ 8.34), իսկ եթէ բարիով չարիք կը գործէ, առաւել կերպով կը դատապարտուի: Այդ պատճառով մարգարէն կ՚ըսէ. «Անօրէնը, որ պատարագ կը մատուցէ, այնպէս է, որ մէկը շուն կը մորթէ» (Ես 66.3):
Չորրորդ՝ «անօրէններ» կը կոչուին բոլոր չարիք գործողները, քանի որ ի՞նչ օգուտ անոնց օրէնքներէն, թէ շատ գրուած բաներ կան, որովհետեւ կամք չունին անոնց մօտենալու:
Հինգերորդ՝ «անօրէն» կը կոչուի ան, ոչ չի՛ կատարեր ու չի՛ սորվեցներ, ինչպէս Տէրը ըսաւ՝ «փոքր պիտի կոչուի» (Մտ 5.19), որ է՝ անօրէն, քանի որ ինչպէս ինք չի՛ կատարեր, այդպէս ալ ան որ անոր օրէնքները լսեց ու տեսաւ զինք, օրէնքը կը ձգէ ու անոր գործը տեսնելով՝ այն կը գործէ, քանի որ չի՛ կրնար խօսքով հակառակիլ օրինադիրին, որովհետեւ իր գործերը չար են, մանաւանդ՝ սաստել:
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
•շար. 101
Վաղարշապատ
Հարթակ
- 11/22/2024