ՀԱԼԷՊ. ՍՈՒՐԻՈՅ ՊԱՏԵՐԱԶՄԻՆ ԴԺՈՒԱՐ «ՊԱՏԱՌ»Ը

Հա­լէ­պի մէջ գրան­ցուող զի­նուո­րա­կան մար­տե­րը դար­ձեալ ստի­պե­ցին, որ Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րու Նա­խա­գահ Պա­րաք Օ­պա­մա ու ա­ւե­լի վերջ Ռու­սաս­տա­նի Նա­խա­գահ Վլա­տի­միր Փու­թին պատ­կե­րասփ­ռուած ե­լոյթ­նե­րով խօ­սին տե­ղի ու­նե­ցող ա­րագ զար­գա­ցում­նե­րուն մա­սին: Հա­լէ­պի մէջ ըն­թա­ցող ռազ­մա­կան գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րը նոր թափ կը ստա­նա­յին յատ­կա­պէս, երբ Սու­րիոյ կա­ռա­վա­րա­կան ու­ժե­րը  չորս տա­րուան յա­ճախ ան­դուլ ու շատ յա­ճախ ար­գելք­նե­րու դի­մաց յայտ­նուող ճի­գե­րէ ետք կրցան գրա­ւել Քաս­թե­լօ ճա­նա­պար­հի հա­տուա­ծը: Այդ ճամ­բան, որ վեր­ջին ա­միս­նե­րուն նաեւ ծա­նօթ էր որ­պէս «մա­հուան ճա­նա­պար­հ»՝ նեղ կա­ցու­թեան մէջ պի­տի մատ­նէր Հա­լէ­պի շրջա­կայ­քը գտնուող ար­մա­տա­կան բո­լոր ու­ժե­րը:

Թէեւ այդ պա­շար­ման օ­ղա­կը սպա­սե­լի էր, սա­կայն ընդ­դի­մա­դիր ջո­կատ­նե­րուն հա­մար կար այն մօ­տե­ցու­մը, որ Սու­րիոյ բա­նա­կը պի­տի չյա­ջո­ղի եր­կար ժա­մա­նա­կով իր տի­րա­պե­տու­թեան տակ պա­հել այդ հա­տուա­ծը:

Խնդի­րը ա­ւե­լիով կը բար­դա­նար, մա­նա­ւանդ, որ այդ ճա­նա­պար­հա­յին հա­տուա­ծին փա­կու­մով ընդ­դի­մա­դիր ու­ժե­րը կը զրկուէին ի­րենց հա­մար մէկ ու միակ շունչ տուող ճա­նա­պար­հէն: Ա­ռանց այդ հա­տուա­ծին ա­նոնք բնա­կա­նա­բար պի­տի իյ­նա­յին պա­շար­ման ծու­ղա­կին մէջ ու բո­լոր ի­մաստ­նե­րով բռնէին սպառ­ման ճամ­բան:

Գետ­նի վրայ իր ներ­կա­յու­թիւ­նը ռու­սա­կան օ­դու­ժին օգ­նու­թեամբ ա­ւե­լի ամ­րաց­նող Սու­րիոյ բա­նա­կը  Քաս­թե­լո­յի գրա­ւու­մէն օ­րեր անց կը գրա­ւէր նաեւ «Լայ­րա­մու­ն» ա­նու­նով յայտ­նի ճար­տա­րա­րուես­տա­կան ա­ւա­նը, ուր կը տի­րա­պե­տէր ընդ­դի­մա­դիր­նե­րու զէն­քի պա­հես­տա­նոց­նե­րուն, բայց մա­նա­ւանդ ձեռ­նա­շէն տար­բեր տե­սա­կի ար­կե­րու տաս­նեակ գոր­ծա­րան­նե­րու: Այս բո­լո­րէն ետք էր, որ քսա­նի հաս­նող ընդ­դի­մա­դիր զի­նուո­րա­կան խմբա­ւո­րում­ներ կը միա­ւո­րուէին եւ կը յայ­տա­րա­րէին «Հա­լէ­պի բաց­ման ճա­կա­տա­մար­տ­»ին մա­սին: Կը կա­տա­րուէին տաս­նեակ գրոհ­ներ եւ ընդ­դի­մա­դիր կայ­քէ­ջեր կը գրէին, որ մին­չեւ այս պա­հը կա­տա­րուած են չորս հիմ­նա­կան գրոհ­ներ:

Այդ ռազ­մա­կան գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րուն զու­գա­հեռ ընդ­դի­մա­դիր­ներ Իտ­լի­պի մէջ կը յա­ջո­ղէին վար առ­նել ռու­սա­կան ուղ­ղա­թիռ մը, ու ծանր պայ­ման­նե­րու տակ սպան­նել ուղ­ղա­թի­ռին մէջ ե­ղող հինգ ռուս բա­նա­կա­յին­նե­րը:

Ա­նոնք այդ­քա­նով չգո­հա­նա­լով «Եու­Թու­պ» ցան­ցին վրայ կը տե­ղադ­րէին ռուս զի­նուոր­նե­րուն դէմ ե­ղած ա­նի­րաւ ա­րարք­նե­րը եւ նոյ­նիսկ պա­տե­րազ­մա­կան կա­նոն­նե­րով ար­գի­լուած տե­սա­րան­նե­րը կը դառ­նա­յին հան­րու­թեան սե­փա­կա­նու­թիւն:

Մինչ այդ, Սու­րիոյ բա­նա­կը՝ միշտ ռու­սա­կան օ­դու­ժին օգ­նու­թեամբ ծան­րօ­րէն կը հա­րուա­ծէր «Ալ Հըք­մէ» վար­ժա­րա­նին մօտ ե­ղող հա­տուած­նե­րը եւ ուժ­գին հա­րուած կու տար տե­ղւոյն ընդ­դի­մա­դիր­նե­րուն: Ար­մա­տա­կան խմբա­­ւո­րում­նե­րը ի­րենց կար­գին կրա­կէ օ­ղա­կի տակ կ՚առ­նէին Հա­լէ­պի «Ալ Հա­մա­տա­նի­յէ» շրջա­նը, ուր մէկ շաբ­թուան ըն­թաց­քին զո­հե­րուն թի­ւը կը հաս­նէր վաթ­սու­նի. մե­ծաւ մա­սամբ՝ քա­ղա­քա­յին­ներ:

Մի­ջազ­գա­յին հան­րու­թիւ­նը, որ մինչ այդ բա­ւա­կա­նին հե­ռա­ցած էր Սու­րիոյ մէջ ե­ղած զար­գա­ցում­նե­րը քննար­կե­լէ, ա­հա­զանգ կը հնչեց­նէր կա­պուած՝ Սու­րիոյ կա­ռա­վա­րա­կան ու­ժե­րուն կող­մէ մե­ծաւ մա­սամբ սիւն­նի բնակ­չու­թիւն ու­նե­ցող շրջան­նե­րու պա­շար­ման: Մէ­կէ ա­ւե­լի ՄԱԿ-ի բարձ­րաս­տի­ճան պա­տաս­խա­նա­տու­ներ այդ մա­սին հա­ղոր­դագ­րու­թիւն­ներ հրա­պա­րա­կե­լով կը յայտ­նէին, թէ այդ շրջան­նե­րու բնա­կիչ­նե­րը յայտ­նուած են սո­վա­մահ ըլ­լա­լու վտան­գին տակ: Սու­րիոյ հար­ցե­րով ՄԱԿ-ի եւ Ա­րա­բա­կան Լի­կա­յի (Լի­կան, որ ա­նու­նը կայ կամ «ա­մա­նու­մ» չկայ) յա­տուկ բա­նագ­նաց՝ Ս­­թե­ֆան Տէ Միս­թու­րա­յի ա­ռա­ջին տե­ղա­կալ՝ Ռամ­զի Ըզ Ալ Տին լրագ­րող­նե­րուն կը յայտ­նէր, թէ ի­րենք շատ կա­րե­ւոր ճի­գեր կը գոր­ծադ­րեն Հա­լէ­պի մէջ վերս­տին հրա­դա­դար յայ­տա­րա­րե­լու հա­մար: Ըզ Ալ Տին նաեւ դի­տել կու տար, որ հա­կա­ռակ տագ­նա­պա­հար վի­ճա­կին, ի­րենք ի­րա­ւունք չու­նին յու­սալ­քուե­լու ու պէտք է ա­մէն ճիգ ի գործ դնեն յա­ջողց­նե­լու հա­մար հրա­դա­դա­րը:

Ի­րենց կար­գին մար­դա­սի­րա­կան բազ­մա­թիւ ա­ռա­քե­լու­թիւն­ներ կը յայտ­նէին, որ իշ­խա­նու­թեանց կող­մէ «պա­շար­մա­ն» տակ ան­ցած տասն­չորս շրջան­նե­րու անհ­րա­ժեշտ օ­ժան­դա­կու­թիւն­ներ ա­ռա­քուած են, բայց ռազ­մա­կան բարդ դրու­թեան հե­տե­ւան­քով օգ­նու­թիւն­նե­րը հա­սած են միայն չորս շրջան­նե­ր:

Զի­նուո­րա­կան գետ­նի վրայ կա­տա­րուող զար­գա­ցում­նե­րուն ա­ռըն­թեր Սու­րիոյ բա­նա­կին մէջ ծա­ռա­յող հայ զի­նուոր­նե­րու մա­սին ծանր լուր մը շրջա­նա­ռու­թեան մէջ կը դրուէր: Այս­պէս, ըստ «Ա­րե­ւել­ք» կայ­քէ­ջի Հա­լէ­պի աղ­բիւ­րին՝ բա­նա­կին մէջ ծա­ռա­յող եր­կու հայ զի­նուոր­ներ վի­րա­ւո­րուած են: Դէպ­քը տե­ղի ու­նե­ցած էր «Ալ Հըք­մէ» վար­ժա­րա­նին մօտ եւ մին­չեւ այս պա­հը այդ տղոց մա­սին յստակ տուեալ­ներ չկան: Մինչ Հա­լէ­պի «Գան­ձա­սա­ր» պար­բե­րա­կա­նը հայ­կա­կան լրա­տուա­կան ծա­ռա­յու­թիւն­նե­րէն կը խնդրէր լռու­թիւն պա­հել նման «անս­տոյ­գ» լու­րի մը վե­րա­բե­րեալ, ան­դին «Ա­րե­ւել­ք» կայ­քէ­ջը միշտ իր աղ­բիւր­նե­րուն յղում ը­նե­լով կը յայտ­նէր, որ զի­նուոր­նե­րէն մին վի­րա­ւո­րուած է, իսկ երկ­րորդ զի­նուո­րին մա­սին տե­ղե­կու­թիւն­ներ չկան: Նշեալ կայ­քէ­ջը նաեւ կը գրէր, որ մղուե­լով խորհր­դա­պա­հա­կան մօ­տե­ցու­մէ մը, ի­րենք ո­րո­շած են այս հանգ­րուա­նին զի­նուոր­նե­րուն ա­նուն­նե­րը չտալ: Տար­բեր մօ­տե­ցում­ներ կան այս խնդրին վե­րա­բե­րեալ, սա­կայն յստակ է նաեւ, որ Հա­լէ­պի հայ­կա­կան շրջա­նակ­նե­րը այս փու­լին ո­րո­շած են այս նիւ­թին մա­սին չար­տա­յայ­տուիլ:

Ա­մէն պա­րա­գա­յի ինչ որ ալ ըլ­լան վար­կած­նե­րը, հայ ան­հատ­նե­րու կամ զի­նուոր­նե­րու մա­սին նման ծանր լու­րեր լսե­լը ցնցիչ է բո­լո­րիս հա­մար: Սու­րիան ու մաս­նա­ւո­րա­պէս Հա­լէ­պը կը գտնուին պա­տե­րազ­մա­կան ա­մե­նէն ծանր փու­լի մը մէջ: Բազ­մա­թիւ վեր­լու­ծա­բան­ներ Հա­լէ­պի այս ճա­կա­տա­մար­տը կը հա­մա­րեն «մայր ճա­կա­տա­մար­տա­ց» ու յստակ է նաեւ, որ Հա­լէ­պի մէջ կա­րե­ւոր յաղ­թա­նակ տա­նող կող­մը (յաղ­թա­նա­կը պէտք է դնել չա­կեր­տի մէջ) վստա­հա­բար Սու­րիոյ յա­ռա­ջի­կայ լու­ծում­նե­րու հանգ­րուա­նին կա­րե­ւոր խօսք եւ ը­սե­լիք պի­տի ու­նե­նայ:

Գա­լով քա­ղա­քա­կան թա­տե­րա­բե­մին, պէտք է դի­տար­կել, որ այսօր Թուր­քիոյ Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գահ Րէ­ճէպ Թա­յէպ Էր­տո­ղա­նի եւ Ռու­սաս­տա­նի Նա­խա­գահ Վլա­տի­միր Փու­թի­նի մի­ջեւ սպա­սուած հան­դիպ­ման կա­րե­ւոր օ­րա­կար­գե­րէն մին պի­տի ըլ­լայ Սու­րիան: Թուր­քիոյ նա­խա­գա­հը երկ­րին մէջ ե­ղած ձա­խող յե­ղաշրջ­ման փոր­ձէն ետք ա­ռա­ջին ան­գամն է, որ նման գա­գա­թնա­յին հան­դիպ­ման մը պի­տի եր­թայ։ Էր­տո­ղան լաւ գի­տէ, թէ մա­նա­ւանդ այս փու­լին, Մոս­կուա­յի հետ խօ­սակ­ցու­թիւնն ու բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րը ի­րենց դրա­կան անդ­րա­դար­ձը կրնան ու­նե­նալ ո՛չ միայն Թուր­քիոյ, այլ՝ ամ­բողջ տա­րած­քաշր­ջա­նին հա­մար: Այս­տեղ չմոռ­նանք յի­շել, որ Մոս­կուա-Ան­գա­րա լա­րուա­ծու­թեան գա­գաթ­նա­կէ­տին հաս­նե­լուն մէջ մեծ դեր ու­նե­ցաւ Սու­րիոյ հար­ցին հան­դէպ եր­կու ղեա­վար­նե­րուն տար­բեր տե­սա­կէտ­նե­րը:

Ու ներ­կա­յիս եր­կու նա­խա­գահ­նե­րը լաւ կ­­՚ըմբռ­նեն, որ Սու­րիոյ տագ­նա­պին նման բարդ հար­ցի մը ա­ռջեւ ի­րենց կե­ցուածք­նե­րուն նոյ­նու­թիւ­նը կամ առ­նուազն կար­ծիք­նե­րու հա­մա­տե­ղու­մը դրա­կան մեծ ա­լիք մը պի­տի դառ­նայ եր­կու հիմ­նա­կան դե­րա­կա­տար­նե­րուն հա­մար: Հանգ­րուա­նի մը, ուր Միա­ցեալ Նա­հանգ­ներ ա­մէն օր ա­ւե­լիով կը խրի իր նա­խա­գա­հա­կան ընտ­րու­թեանց «տիղ­մի­ն» մէջ, շատ հա­ւա­նա­կան է, որ Ան­գա­րա եւ Մոս­կուա մտա­ծեն միա­սին նոր մօ­տե­ցում­նե­րով խօ­սիլ Սու­րիոյ ա­րիւ­նո­տած վէր­քին մա­սին:

Թէ ի՛նչ կ­­՚ըլ­լայ Սու­րիոյ նա­խա­գա­հին ճա­կա­տա­գի­րը, յստակ չէ: Թէ ի՛նչ հի­մունք­նե­րով կը վերսկ­սին Ժը­նե­ւի բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րը, դար­ձեալ յստակ չէ… Միայն մէկ բան պարզ է, որ գետ­նի վրայ շատ բան կրնայ փո­խուիլ Էր­տո­ղան-Փու­թին հան­դի­պու­մէն ետք:

Այս առ­ու­մով է նաեւ, որ Մոս­կուա նա­խա­ձեռ­նու­թիւ­նը վերց­նո­ղի իր հին-նոր դե­րը ստանձ­նե­լով պի­տի հաս­նի իր հին մու­րա­զին, որն է՝ խօ­սիլ սիւն­նի­նե­րուն հետ: Թուր­քիոյ նա­խա­գա­հը եւս կա­րե­ւոր ա­ռիթ ու­նի բո­լոր սիւն­նի­նե­րուն հա­մա­կար­գող ա­ռաջ­նոր­դը դառ­նա­լու:

Աս­կէ ան­դին այ­սօր նաեւ յստակ է, որ Հա­լէ­պի մէջ ըն­թա­ցող մար­տե­րուն բո­լոր կող­մե­րը անխ­տիր կը փոր­ձեն դրա­կան միա­ւոր­ներ կու­տա­կել:

Այդ միա­ւոր­նե­րը շու­տով կրնան քա­ղա­քա­կան խա­ղա­քարտի վե­րա­ծուիլ, պայ­մա­նաւ, որ Էր­տո­ղան-Փու­թին հան­դի­ման ա­ւար­տին սպի­տակ ծուխ բարձ­րա­նայ եւ դրա­կան նոր նշան­ներ ե­րե­ւին:

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Ե­րե­ւան

Երեքշաբթի, Օգոստոս 9, 2016