ՖՐՈՒՆԶԷ ԴՈՎԼԱԹԵԱՆ. ՇԱՐԺԱՆԿԱՐԻ ՄԵԾԱՏԱՂԱՆԴ ԲԵՄԱԴՐԻՉԸ
Օգոստոս 30-ին, 19 տարի առաջ, Երեւանի մէջ մահացաւ հայ բեմի եւ շարժանկարի տաղանդաւոր յառաջապահներէն բեմադրիչ Ֆրունզէ Դովլաթեան (1927-1997):
Հանդիսատեսին կողմէ մեծապէս սիրուած ու փնտռուած բեմադրիչ, բեմագրող եւ դերասան էր հայկական բեմարուեստի մեծատաղանդ վարպետը:
Մեր ժողովուրդի յիշողութեան մէջ միշտ վառ կը մնան Դովլաթեանի տաղանդին գեղարուեստական ուրոյն դրոշմը անմահացնող շարժանկարներն ու բեմական նուաճումները, ինչպէս՝ «Բարեւ, ես եմ», «Սարոյեան եղբայրներ», «Երեւանեան օրերի խրոնիկա», «Մենաւոր ընկուզենին», «Կարօտ» եւ միւս գործերը:
Իր ծննդեան 80-ամեակին եւ մահուան 10-ամեակին առիթով Հայաստանի Մշակոյթի նախարարութիւնը 2007-ը հռչակեց Դովլաթեանական տարի, որուն ընթացքին հայ բեմի վարպետին անունով կոչուեցաւ Երեւանի մէջ փողոց մը, հրատարակուեցաւ «Ֆրունզէ Դովլաթեան» մենագրութիւնը եւ «Ոսկէ ծիրան» փառատօնին կողմէ անոր արուեստին նուիրուեցաւ յատուկ անդրադարձ:
Պատգամ ունեցող եւ իր ժողովուրդին ուղին լուսաւորող արուեստագէտն է Դովլաթեան, որ սիրոյ, յիշողութեան եւ հայրենաբաղձութեան ամբողջ յուզաշխարհ մը բացաւ հայոց սերունդներուն առջեւ:
Ծնած էր 1927-ի Մայիս 26-ին, Կամօ, այժմ՝ Գաւառ: Հայրը եւ հօրաքոյրը սիրողական ներկայացումներ բեմադրող արուեստագէտներ էին գաւառական թատրոնին մէջ: Մանուկ տարիքէն սէրը՝ դէպի թատրոնն ու բեմական արուեստը, շեշտուած էր Ֆրունզէի մօտ. թատրոնի եւ բեմական արուեստի պաշտամունքը ընտանեկան ջերմ մթնոլորտ եղաւ եւ կազմաւորման միջավայր դարձաւ հետագայ մեծ արուեստագէտին համար: Եւ դիպուկ է մատնանշումը շարժանկարի քննադատ Սուրէն Յասմիկեանի, որ կ՚ընդգծէ, թէ՝ «առաջին մասնագիտութիւնը, որ շապիկի պէս կպել էր Դովլաթեանի մարմնին, դերասանն էր»:
Դովլաթեաններու ընտանիքը 30-ականներուն տեղափոխուած է Երեւան, ուր Ֆրունզէ ուսանեցաւ Կորքիի անուան դպրոցին մէջ՝ աշխոյժ մասնակիցը դառնալով աշակերտական մշտապէս գործող թատերական խմբակին:
Տակաւին տանհինգ տարեկան պատանի՝ ան նկարահանուեցաւ «Դաւիթ Բէկ» շարժանկարին մէջ՝ Մանսուր իշխանի դերով, ապա «Անահիտ»ի մէջ մարմնաւորեց արքայազն Վաչագանը:
Ֆրունզէի երազն էր ընդունուիլ Սունդուկեանի անուան թատրոնը, ինչ որ իրականացաւ 1942-ին, երբ ան միացաւ մայր թատրոնի դերասանական արուեստանոցին, որուն ղեկավարն էր Արմէն Գուլակեան: Գուլակեանի շունչին տակ թրծուեցաւ Դովլաթեանի դերասանական տաղանդը, եւ ան նկարահանուեցաւ շարք մը ուշագրաւ շարժանկարներու մէջ, որոնց շարքին՝ «Ինչո՞ւ է աղմկում գետը» (1958), «Բարե՛ւ, ես եմ» (1958): Այս վերջինի մէջ իր դերակատարութեան համար Ֆրունզէ Դովլաթեան հետագային, 1967-ին, արժանացաւ Խորհրդային Հայաստանի պետական մրցանակին:
1942-1953 թուականներուն Ֆրունզէ Դովլաթեան գործեց Երեւանի Գ. Սունդուկեանի անուան թատրոնին մէջ՝ իբրեւ դերասան: 1947-ին աւարտեց թատերական արուեստանոցը եւ նուիրուեցաւ դերասանութեան:
1950-ին «Այս աստղերը մերն են» թատերախաղին գլխաւոր դերերէն մէկուն՝ Հրայրի դերակատարման համար երիտասարդ դերասանը, քանի մը խաղընկերներու հետ, արժանացաւ Ստալինեան մրցանակի, որ անոր առջեւ բացաւ բարձրագոյն մասնագիտացման հետեւելու մեծ դուռը: Գնաց Մոսկուա եւ 1959-ին աւարտեց Մոսկուայի կինօինստիտուտի (ՎԳԻԿ) բեմադրական բաժանմունքը՝ աշակերտելով Սէրկէյ Կերասիմովին: Այդ շրջանին մասնակցեցաւ քանի մը վաւերագրական բարձրարժէք ժապաւէններու նկարահանման: Մոսկուայի մէջ իր նկարահանած «Մեր քաղաքի առաւօտը» շարժանկարը Վիեննայի փառատօնին արժանացաւ առաջին մրցանակի:
1959-1964 թուականներուն Ֆրունզէ Դովլաթեան աշխատեցաւ Մոսկուայի Կորքիի անուան շարժանկարի աշխատանոցի մէջ, ուր համաբեմադրութեամբ կեանքի կոչեց՝ «Ո՞վ է մեղաւոր» (1958), «Մեր քաղաքի առաւօտը» (1959), «Տիմա Կորինի քարիերան (ասպարէզը)» (1961) եւ «Առաւօտեան ձայներ» (1963) շարժանկարները: 1962-1964 թուականներուն Դովլաթեան եղաւ խորհրդային մեծազդեցիկ «Մոսֆիլմ» շարժանկարի աշխատանոցի բեմադրիչ:
Բայց հայ բեմի մեծ վարպետին սիրտը հայրենիքի կարօտով կ՚այրէր, եւ 1964-ին ան վերադարձաւ Երեւան, ուր մինչեւ վերջին շունչը եւ իր վախճանը իբրեւ բեմադրիչ գործեց «Հայֆիլմ»ի մէջ աւելի քան երեսուն տարի ստեղծագործելով եւ հայկական շարժանկարը նոր բարձունքի առաջնորդելով:
Ֆրունզէ Դովլաթեան յատկապէս հռչակուեցաւ «Սարոյեան եղբայրներ» շարժանկարի գեղարուեստական ղեկավարի իր հանգամանքով ու ստանձնած գլխաւոր դերակատարութեամբ՝ մարմնաւորելով կրտսեր եղբօր, յեղափոխական Հայկի դերը: Շարժանկարը օրին, Քիեւի մէջ, արժանացաւ խորհրդային համամիութենական բարձր մրցանակի, իսկ գլխաւոր դերակատարները՝ Հայաստանի պետական մրցանակի:
Շարժանկարի քննադատներուն վկայութեամբ, 1966-ին Ֆրունզէ Դովլաթեանի նկարահանած «Բարե՛ւ, ես եմ» շարժանկարը շրջադարձային կէտ հանդիսացաւ հայկական շարժանկարի պատմութեան մէջ՝ իբրեւ «արդիական թեմատիկայի իրացման նոր քայլ»: Շարժանկարին ցուցադրութիւնները մեծ յաջողութեան արժանացան ամբողջ Խորհրդային Միութեան տարածքին, ինչպէս նաեւ՝ Քաննի միջազգային փառատօնին:
1969-էն մինչեւ 1986-ը Ֆրունզէ Դովլաթեան եղաւ Հայաստանի Կինոմատոկրաֆիստներու միութեան վարչութեան առաջին քարտուղար, իսկ այնուհետեւ «Հայֆիլմ» շարժանկարի աշխատանոցի գեղարուեստական ղեկավար: 1994-ին ընտրուեցաւ նորաստեղծ Հայաստանի Թէքէեան մշակութային միութեան (ԹՄՄ) նախագահ:
Ան մահացաւ 1997-ի Օգոստոս 30-ին եւ յետ մահու պարգեւատրուեցաւ հայ մշակոյթի պետական բարձրագոյն՝ «Մովսէս Խորենացի» շքանշանով:
Հայ բեմի մեծ վարպետին յիշատակին նուիրուած այս հակիրճ վկայութիւնը կ՚արժէ եզրափակել պատգամ խտացնող անոր հետեւեալ խորհրդածութիւններով. «Արուեստագէտի խնդիրը պէտք է լինի քաղաքականութիւնը հասարակութեանը ներկայացնել ոչ մերկապարանոց, այլ՝ իբրեւ արուեստի գործ, որը որքան անկեղծ լինի ու պարզ, այնքան աւելի մնայուն ու ազդեցիկ կը լինի»:
«Հայերս յիշողութիւնների մէջ թաղուած ժողովուրդ ենք, բայց յուշարձան դարձնել այդ յիշողութիւնները՝ սառը, այսօրուան կեանքին ոչ մի կենսական թրթիռ չտուող, աններելի է»:
«Եթէ սէրը չլինի, ջրհեղեղ կը լինի, հոգեկան ջրհեղեղ»:
Ն. ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ