ԹՐԱՄՓԻ ԽԺԱԼՈՒՐ… «ՏՐԱՄ»ՆԵՐԸ

Աշխարհը կ՚եռեւեփի։

Չկայ ցամաքամաս մը, տարածաշրջան մը, ուր անապահովութիւնն եւ անհանդարտութիւնը տիրապետող գործօններ չըլլան, առաւել կամ նուազ չափերով ու տարողութիւններով։

Ցուրտ պատերազմի օրերը յիշեցնող, նոյնիսկ գերազանցող տագնապները արդէն ցոյց կու տան, թէ ամբողջական խաղաղութեան եւ ապահովութեան մասին խօսիլը կամ մտածելը, զուր անհեթեթութիւն է, անիմաստ ինքնախաբկանք։

Բնական է, քաղաքական եւ ապահովական այս ելեւէջները ինքնըստինքեան չեն առաջանար, ոչ ալ փոքր պետութիւններ կրնան ուժը ունենալ, հոս ու հոն ցնցումներ առաջացնելու։

Մեծն Միջին Արեւելքի ծրագրի ծնունդէն (ու նոյնհետայն վիժումէն) ետք, որուն չարայուշ սուրհանդակը հանդիսացաւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախկին արտաքին գործոց նախարարուհի՝ Խանըմ Քոնտոլիզա Ռայս (Քոնտօ), արդէն յստակ էր, որ մեծ դաւադրութիւն մը կը հիւսուէր արաբական աշխարհին դէմ, իբր թէ անոր երկիրներու բռնատէրերը հաշուեյարդարի ենթարկելու եւ անոնց վարչակարգերը լուծարքի ենթարկելու, արաբ ժողովուրդները «փրկել»ու համար անոնց ճիրաններէն։

Առաջին հարցումը, որ կը ծագի, ո՞վ տուած է Ամերիկային հաւատաքննիչի կամ ոստիկանապետի տխրահռչակ պաշտօն։

Երկորդ՝ ինչո՞ւ անոր «նախանձախնդրութիւն»ը, օրին, չարժանացաւ այլ մեծապետական երկիրներու հաւանութեան, հոգ չէ թէ՝ անոնցմէ ոմանք յետագային միացան Պուշի արկածախնդրութեան եւ ապիկարութեան։

Երրորդ՝ նաֆթի կամ Ծոցի տէրութիւնները, ինչո՞ւ նոյն ճակատագրին չարժանացան, երբ ամենէն աւելի անոնց մօտ կար մենատիրական բռնութիւններու թագաւորական-իշխանական վարչաձեւ։

Չորրորդ՝ Միացեալ ազգերու կազմակերպութիւնը (ՄԱԿ), որուն գերագոյն պարտականութիւնն ու պարտաւորութիւնն էր աշխարհի բարօրութիւնն ու բարեկեցիկութիւնը, ինչո՞ւ բաւականացաւ միայն հանդիսատեսի դիտողականութեամբ։

Հինգերորդ՝ Միջին Արեւելքը կայունացնելու սին պատրուակներու մերկացումէն ու բացայայտումէն ետք, համաշխարհային ընտանիքը, ինչպէ՞ս ընկալեց եւ հակազդեց ամերիկեան հերթական «պլէօֆ»ներուն։

Ի վերջոյ, ինչպէ՞ս կ՚ըլլայ որ արեւու պէս յստակ ահաբեկչական վոհմակներու պատրաստութիւնն ու կազմակերպումը թափ կ՚առնեն միջազգային գաղտնի սպասարկութիւններու հովանաւորութեամբ, «Քայիտայ»էն (Պըն Լատեն) մինչեւ «Տաէշ», «Ճըպհէթ Նուսրա» եւ բազմաթիւ լրացուցիչ ահաբեկչական խմբակցութիւններ ու շարժումներ, որոնք՝ իրենց բարբարոսական արարքներէն «բաժին» ալ հանեցին (ու կը հանեն), զիրենք խնամած ու սնուցած կողմերուն։

Դժբախտաբար, այս բոլորին «շան գլուխ»ը թաղուած է Ուաշինկթընի մէջ (անշուշտ, Արեւմուտքի եւ աւատապետական արաբ կարգ մը երկիրներու մեղսակցութեամբ), սկսած կրտսեր Պուշի այլանդակութիւններէն, անցնելով Պարաք Օպամայի անողնաշարութիւնները, հասնելով մինչեւ այժմու հիսթերիկ նախագահ Տրամփը։

Երկրորդ նախագահին նկատմամբ կային յոյսեր, որ Ամերիկան դուրս կու գայ աւազախրումէ, սակայն, նոյն ձախաւերութիւնները, տարբեր հարթակներով, շարունակուեցան եւ աւերներ գործեցին։

Երրորդ նախագահը, իր այլամերժութիւններով, բռնազբօսիկութիւններով, քինախնդրութիւններով, մեծամտութիւններով ու պոռոտախօսութիւններով, եկաւ «լիմոն քամել»ու բոլորին վրայ, աւելի շիկացնելով ոչ միայն արտաքին աշխարհը, այլեւ՝ ներամերիկեան հասարակական, քաղաքական, տնտեսական կեանքը։

Սակայն, մեզ հետաքրքրողը, այս պարագային, արտամերիկեան թրամփեան քաղաքականութիւնն է, յատկապէս Սուրիոյ մէջ եւ «Տաէշ» ի նկատմամբ։

Կար տպաւորութիւն, որ Թրամփ այս փշոտ թղթածրարներու նկատմամբ կրնար ցուցաբերել սուր եւ ազդեցիկ քաղաքականութիւն (՞), մանաւանդ որ՝ իր նախորդը եւ անոր արտաքին գործոց նախարարուհին (Հիլըրի Քլինթըն), ընդունած էին, որ «Տաէշ»ը իրենց սիրասուն ծնունդն է։

Բայց ի՞նչ։ Թրամփ ամէն տեսակի լարախաղացութեան դիմեց, մերթ «Տաէշ»ը մաքրելու, մերթ ահաբեկիչները հարուածելու, մերթ համագործակցելու Ռուսաստանի հետ։

Սակայն, գետնի վրայ, ոչինչ կատարուեցաւ ու փոխուեցաւ, բացի, դերասանական կամ բեմադրական անհամոզիչ շարժերէ, որովհետեւ, Թրամփի եւ անոր վարչախումբի գլխաւոր նպատակն էր (ու է՛), ինչպէ՞ս կարելի է Ռուսաստանը տկարացնել, անկիւնաւորել ու հեռացնել սուրիական հողերէն։

Բազմաթիւ անգամներ ձախողեցան այդ ճիգերը, վիժեցան այդ ծրագիրները ու բացայայտուեցան այդ միտուները, Ամերիկան աւելի վարկաբեկելով. մանաւանդ այդ ընթացքին, յայտնի դարձաւ անոր կողմնակալ մասնակցութիւնը հակամարտութեան մէջ, զինեալ ու զինամթերք տրամադրելով ահաբեկիչներուն, յաճախ երկրորդ կողմի միջոցով (օրինակ՝ Քաթար), գործնական ոչ մէկ դրական դերով գործելով, բացի, իր խօսքային յայտարարութիւններով, լոզունգային արտայայտութիւններով, մկանային ցուցադրութիւններով, քաղաքական որձեւէգութիւններով ու զինուորական ոտնձգութիւններով հանդէս գալով։ Թրամփի սպառնալիքները Հիւսիսային Քորէայի, Իրանի Իսլամական հանրապետութեան, Սուրիոյ եւ Իրաքի դէմ, ի՞նչ ցոյց կու տան կամ ինչո՞վ կը նը-պաստեն աշխարհի խաղաղութեան, նոյնիսկ՝ Ամերիկային եւ ամերիկացի ժողովուրդին։

Պատժամիջոցները բոլոր անոնց դէմ, որոնք Թրամփի կամ Ամերիկայի հետ չեն (ո՛չ դէմ), ի՞նչ կը նշանակեն արդեօք եւ կարելի՞ է այդ անբարտաւանութեամբ եւ անպատկառութեամբ դառնալ աշխարհի «մեծամեծներու մեծամեծը»։

Ցաւալին այն է, որ Արեւմուտքը կամ արեւմտեան երկիրները, որոնք եւս մեծ պետական դիրքեր ունին, տակաւին չեն կրցած լրիւ թօթափուիլ ամերիկեան բարդոյթէն դուրս գալու ցնորքէն, ի վիճակի չեն թրամփներուն ըսելու. «enough is enough», այսինքն՝ կը բաւէ աշխարհը ալեկոծէք, ձեր սանձատիրական ու բռնատիրական մոլուցքներով։

Աւելի ցաւալին արաբական աշխարհի ուշակորոյս եւ անողնաշար դիրքորոշումն է, որ իր բոլոր «հաւկիթները դրած է մէկ կողովի մէջ» (Ամերիկա), ի դիմաց իր անսպառ հարստութիւններուն, ուղղակիօրէն թէ անուղղակիօրէն, արաբական աշխարհի միասնութեան, ամբողջութեան ու հզօրութեան դէմ կանգնելով։

Բնական է, այս ոլորապտոյտներուն մէջ, Ամերիկան կը փորձէ լաւագոյն ձեւով «ճիրիտ խաղալ», այնքան ատեն որ, քիչ մը ամէն տեղ ունի վարձկաններ կամ գործակալներ, իւրայիններ կամ հետեւորդներ։

Այդուահանդերձ, յստակ է, որ Ամերիկան, ինչպէս մօտիկ անցեալին, նաեւ ներկայիս, ձախողած է իր փորձութիւններուն մէջ, հոգ չէ թէ կը մնայ ջուրին երեսը, իր խոստումներով ու սպառնալիքներով, իր միջամտութիւններով եւ օժանդակութիւններով, իր դրական թէ ժխտական արարքներով, իր տաք ու պաղ ջերմաստիճաններով։

Օգտուո՞ղը այս խառնափնթորէն։

Գերազանցապէս Իսրայէլն է, իր զանազան ազդեցութիւններով եւ գործունէութիւններով, իր խայտաբղէտ դերակատարութիւններով եւ առընչութիւններով, որոնք բոլորն ալ կը ծառայեցնէ, Ամերիկայի միջոցով, իր հզօրութեան եւ աշխարհաքաղաքական գործօնները եւ արաբական աշխարհի գէթ կարեւոր մէկ հատուածը պահելու գրգռիչ մթնոլորտի մէջ։

Արդեօք հարցադրելի չէ՞ թէ ռուսական կայսրութեամբ հզօր դաշնային գերպետութիւնը, իր նախագահով ու պետական աւագանիով, առանց յաւակնութեան, իր արտաքին քաղաքականութեան մէջ կը մնայ հաւասարակշիռ, հանդարտաբարոյ ու հանրամատոյց, մինչ՝ նոյնքան մեծ միւս գերպետութիւնը՝ Ամերիկա, իր նախագահով ու պետական աւագանիով, կը մնայ յափշտակիչ, խանգարիչ եւ ապակողմնորոշիչ, աշխարհը մատնելով տարբեր ու նորանոր փորձանքներու։

Ի հարկէ, մեր նպատակը երբեք բաղդատական ընել չէ, ասոր կամ անոր հաշուոյն, բայց իրաւունք ալ չկայ համակերպելու որեւէ մէկ կողմի հիւանդկախ քաղաքականութեան, ոչ ալ ականատեսելու որեւէ կողմի սայթաքումները։

Միւս հարցումը, որ չարչրկէ կամ կը մտահոգէ շատերը, Թրամփը՝ իր այս ուռուցիկ փչիկութեամբ, արդեօք պիտի կարենա՞յ իր նախագահական ժամանակաշրջանը շարունակել կամ ամբողջացնել, երբ ամերիկացի ժողովուրդն ալ, կամայ թէ ակամայ, լռելեայն թէ բարձրաձայն, իր դժգոհութիւնը կը յայտնէ, որ անիկա ոչ մէկ ձեւով կը գոհացնէ ամերիկացիները, որոնք անստուգութեան մատնուած են, իսկ ինք՝ անտարբերութեամբ եւ անփութութեամբ, կը շարունակէ իր «հէ՜յ ջանը» երգել, «Թրամփեան խժալուր տրամ»ի (թմբուկ) հնչեղութեամբ ու լսողութեամբ, բայց մանաւանդ՝ խժալուրութեամբ։

ՊԱՐՈՅՐ Յ. ԱՂՊԱՇԵԱՆ

«Պայքար», Պոսթոն

Շաբաթ, Սեպտեմբեր 9, 2017