ԵՐԳԻ ՄԸ ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆԸ
ՀԱԼԼԷԼՈՒՅԱ - ԼԷՈՆԱՐՏ ՔՈՀԵՆ (HALLELUJAH - LEONARD COHEN)
Երաժիշտները այս երգը կոչած են «ուշացած ազդեցութեամբ ձիւնագունդ»՝ համեմատելով այն ձիւնագունդին հետ, որ գլորուելով կը մեծնայ ու կը մեծանայ եւ վերջապէս, որպէս արդիւնք կը ստացուի այն, ինչ, որուն ոչ ոք կը սպասէր։ Այս երգի պարագային, ձիւնագունդի ազդեցութիւնը երկարեցաւ աւելի քան քսան տարի։
«Հալլէլույա» երգը կը պատկանի այն շարքին երգերու, որոնք սկիզբը ոչ մէկ տպաւորութիւն կը ձգեն ունկնդրին վրայ։ Այդ երգերը սովորաբար աւելի ականջահաճոյ կը դառնան տարիներ ետք, երբ նոր երգիչ մը նորովի ոճով կը կատարէ զայն։ «Հալլէլույա» երգը վերաերգուած է եւ ժապաւէններու մէջ գործածուած է այնքան շատ, որ անգամ մը նոր շարժանկարնի մը մասին գրախօսական գրելու ժամանակ գրողը նշած է. «Ժամանակն է առաջարկ ընել, որպէսզի այս երգը այլեւս ժապաւէններուն եւ բազմամաս ֆիլմաշարերու մէջ չօգտագործեն, որովհետեւ այլեւս ան-հընար է ամէն ժապաւէնի աւարտին լսել միեւնոյն երգը։ Ան կարծես դարձած է չգրուած օրէնք բոլոր սիրային մելոտը-րամաներու, նովելներու համար»։
«Մի քանի տարի առաջ, ես եւ իմ ընկերը՝ Պոպ Տիլըն սուրճ կը խմէինք Փարիզի մէջ։ Ան ինծի հարցուց, թէ որքա՞ն ժամանակ խլած է ինձմէ այս երգը գրելը։ Ես պատասխանեցի՝ երկու տարի։ Ի պատասխան, ես անոր հարցուցի, թէ որքա՞ն ժամանակ խլած է իրմէ «I and I» երգը։ Ան պատասխանեց՝ 15 վայրկեան։ Ես զարմանքէս քիչ մնաց աթոռէն իյնայի: Բայց այս ամէնուն մէջ ամենածիծաղելին այն էր, որ ես անոր ստած էի, որովհետեւ երգը գրելու համար ես ընդամէնը հինգ տարի տրամադրած եմ։ Եւ ես համոզուած եմ, որ 15 վայրկեանի մասին ինքն ալ ստեց, որովհետեւ վստահ եմ, թէ ան իրմէ խլած է ընդամէնը 5 վայրկեան», կը պատմէ Լէոնարտ Քոհեն։
Երգը գրելու համար Քոհեն տրամադրած է հինգ տարի, երկու հաստափոր տետրակ եւ բազմաթիւ անքուն գիշերներ։ Երգը աւարտելէ յետոյ, անոր մօտ պատրաստ էր խօսքերու ութսուն տուն, որոնցմէ ի վերջոյ մնացած է չորս տուն։ Երգի հիմքը կը կազմեն աստուածաշնչական նիւթեր, որոնք հանդիսացած են Քոհենի ներշնչանքի աղբիւրը։ «Հալլելույա» թարգմանաբար կը նշանակէ «Փառք Տիրոջ», սակայն երգը, անկախ իր բովանդակութենէն, հոգեւոր երգ չէ։ Քոհեն յաճախ իր ներշնչանքը քաղած է աստուածաշնչական նիւթերէ։
Երգը սկիզբին ոչ մէկ վերաբերմունք յառաջացուց հանդիսատեսին մօտ։ Ձայնագրող ընկերութեան ներկայացուցիչները երգի առաջին կատարումը լսելէ ետք, զայն անուանեցին «սաղմոս» եւ հրաժարեցան ձայնագրել անոր հիմնական ալպոմին մէջ, սակայն որոշ ժամանակ անց, մտափոխուելով, ձայնագրեցին։ Քոհեն զայն միշտ կը ներառէր իր համերգային երգացանկին մէջ, ամէն անգամ փոփոխելով տուներուն բովանդակութիւնը, յոյս ունենալով, որ հանդիսատեսը աւելի կը ջերմանայ երգին հանդէպ։ Հինգ տարուայ ապարդիւն չարչարանքէն ետք, անոր ընկերը՝ Պոպ Տիլըն կ՚առաջարկէ ընդգրկել զայն իր համերգային երգացանկին մէջ։ Այս քայլէն յետոյ որոշ հետաքրքրութիւն առաջացաւ երգին հանդէպ։
1994 թուականին, երգի թողարկումէն քանի մը տարի անց, երիտասարդ երգիչ Ճեֆ Պակլին զայն ներառեց իր «Grace» ալպոմին մէջ։ Անոր յուզական կատարման շնորհիւ երգը սկսաւ հնչել բոլորովին այլ կերպով եւ շատ արագ սիրուեցաւ ունկնդիրներուն կողմէն։ Այսպէսով երգը երկրորդ ծնունդ առաւ։ «Grace» ալպոմը տարիներու ընթացքին, դանդաղօրէն, աւելի ու աւելի հանրաճանաչութիւն կը հաւաքէր եւ 2002 թուականին, ձեռք բերաւ «Ոսկէ» տիտղոս։ «Հալլէլույա» երգն ալ, ձիւնագնդակի պէս մեծնալով, հասաւ իր արդիւնքին։ Այսօր ան ունի բազմաթիւ վերաերգուած տարբերակներ եւ կը հնչէ նկարահանուած բազմաթիւ շարժանկարներու մէջ։ Ան ընդգրկուած է նաեւ է Rolling Stone ամսագրի «500 մեծագոյն» երգերու շարքին մէջ։
ԱՆԱՀԻՏ ԿՕՇԿԱՐԵԱՆ
«Զարթօնք», Լիբանան